Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը Քրիստոսի խորախորհուրդ մարդասիրութեան բացառիկ եւ բացարձակ արտայայտութիւնն է։ Քրիստոս երկինք համբարձաւ, բայց իր մարմինն ու արիւնը թողուց երկրի վրայ՝ երկիրը երկնայնացնելու, օրհնելու, պաշտպանելու, արգասաբեր դարձնելու եւ երկինք առաջնորդելու։ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը երկինքն ու երկիրը իրարու կը կապեն։ Երկնաւորն ու երկրաւորը իրարու հետ յարաբերութեան մէջ կը պահեն։
Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալը Աստուծոյ մէջ խորանալ է, դէպի աստուածայինը խոյանալ է, Աստուծոյ սրբութեամբ սրբուիլ է, ամենակալին ձեռքերուն յանձնուիլ է, մեր սիրտերուն վրայ Քրիստոսի իշխանութիւնը ճանչնալ է, մեր հոգիներուն մէջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գոյացնել է, մեր միտքերուն մէջ մեղքի հուրը շիջեցնել է, մեր միտքերուն վահանուիլն է Չարին արձակած նետերուն դիմաց։ Տակաւին, Տէր Յիսուսի մարմինն ու արիւնը ճաշակելը՝ Աստուծմով պարուրուիլ է, Սուրբ Հոգիով նորոգուիլ է, Քրիստոսի սիրոյ թեւերուն տակ ապաստան գտնել է, մեր երկնաւոր Հօր մտերմութիւնը վայելել է, Բարձրեալը բարձրացնել եւ Բարձրեալին կողմէ բարձրացուիլ է, Հրեշտակներուն կողմէ երանուիլ է, երկինքի իւղով օծուիլ է, Աստուծոյ մէջ, Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ հետ առանձնանալ է։
Տէր Յիսուս լոկ ուտելիք կամ խմելիք չէ։ Սուրբ Հաղորդութիւնը պարզ մարդոց կը տրուի, բայց պարզ բան մը չէ։ Ան Սուրբ Հոգիին բուրմունքն է մեր ներսիդին։ Ամենասուրբ Երրորդութեան փառքին եւ զօրութեան, իմաստութեան եւ սրբութեան հանգչումն է մեր վրայ։ Մեր սիրտերուն տաճարացումն է։ Մեր հոգիներուն կենսաւորումն է։ Յաւիտենական այլակերպութեան նախաքայլն է։ ԶԱստուած ստանալն ու շալկելն է։ Աստուծոյ զօրութեան պատգամաբերը դառնալն է։
Սուրբ Հաղորդութեամբ Տէր Յիսուսի սէրը կը հոսի մեր կեանքերուն մէջ, եւ իր մարդասիրութեան նման մարդասիրութիւն մը կ՚ունենանք, իր անկեղծութեան նման՝ անկեղծութիւն մը, իր քաղցրութեան նման՝ քաղցրութիւն մը։ Ինչպէս զուլալ ջուրով լեցուած բաժակը տարբեր եւ գերազանց արժէք ունի քան տղմոտ ջուրով լեցուած բաժակը, այնպէս ալ Սուրբ Հաղորդութեան ճամբով աստուածորդիով լեցուած մարդը, տարբեր է եւ տարբեր պէտք է ըլլայ աշխարհի մարդէն։
Կեանքի Հացէն ճաշակելն ու կենսատու Արիւնը ըմպելը՝ յաւիտենական կեանք ունենալ է (Յհ․ 6.54), Աստուծոյ մէջ բնակիլն ու Աստուծոյ բնակարան դառնալ է (Յհ․ 6.56), յարութեան համար նախապատրաստուիլ է (Յհ․ 6.54), Քրիստոսով ապրիլ (Յհ․ 6.57) ու անմահանալ է (Յհ․ 6.50)։ Երբ կը հաղորդուինք անմահ եւ անմահարար Աստուծոյ մարմինով եւ արիւնով՝ անոր անմահութիւնը կ՚անցնի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, եւ մենք կը դառնանք անմահ որդիները անմահ Աստուծոյ։
Քրիստոս իր մարմինն ու արիւնը բնորոշէ իբրեւ ճշմարիտ կերակուր եւ ճշմարիտ խմելիք (Յհ․ 6.55)։ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը յագեցում կը շնորհեն Ճշմարիտին եւ ճշմարտութեան ծարաւը ունեցողներուն։ Ճշմարիտ կեանքի որոնիչներուն համար ան ճշմարիտ կեանք պարգեւող հացն է։ «Ես եմ կենդանի հացը` որ երկինքէն իջած է» (Յհ․ 6.51)։ Երկնաէջ Հա՛ցը միայն կրնայ կեանք պարգեւել մարդուն հոգիին եւ կշտացնել զանիկա։
Հաղորդուիլը յաւիտենական կեանքին փափաքը մեր ներսիդին բորբոքել է։ Ինչպէս ծառին վրայ հաստատուած ճիւղը կ՚ըմպէ ծառէն եկած ամբողջ հարուստ աւիշը, այնպէս ալ երբ Քրիստոսի մարմինով եւ արիւնով կը հաղորդուինք՝ Քրիստոսի կեանքը եւ Քրիստոս իբրեւ կեանք կը հոսի մեր անձերուն մէջ՝ մեր հաւատքի երակներուն ճամբով։
Սուրբ Հաղորդութեամբ Տէր Յիսուս Քրիստոսի բարեգործ ձեռքերուն նման ձեռքեր կ՚ունենանք։ Ձեռքեր՝ որոնք կրնան հասնիլ տառապեալին, օգնել՝ անկեալին, գրկել՝ մերժուածը եւ տալ՝ կարօտեալին։ Սուրբ Հաղորդութեամբ Տէր Յիսուսի մշտաշարժ ոտքերուն նման ոտքեր կ՚ունենանք։ Ոտքեր՝ որոնք կ՚առաջնորդեն եւ կ՚առաջնորդուին դէպի Կատարեալն ու կատարելութիւնը, դէպի Ճշմարիտն ու ճշմարտութիւնը։
Սուրբ Հաղորդութեամբ Տէր Յիսուսի բերանին նման բերաններ կ՚ունենանք։ Բերաններ՝ որոնք կը վկայեն Մեծ Վկայեալին համար, կը պատմեն անոր անպատմելի գործերուն մասին, անիծողը՝ կ՚օրհնեն, հալածողին համար՝ կ՚աղօթեն։
Սուրբ Հաղորդութեամբ Տէր Յիսուսի աչքերուն նման աչքեր կ՚ունենանք։ Աչքեր՝ որոնք մարդուն մէջ Աստուծոյ գուրգուրանքին կարօտ մարդը կը տեսնեն։ Աչքեր՝ որոնք կը տեսնեն՝ անտեսուածը, կը նշմարեն՝ աննշմարը։
Որքա՜ն անմեղ եւ իրատես պիտի ըլլան մեր հայեացքները երբ Աստուած ըլլայ անոնցմով նայողը։ Որքա՜ն մաքուր պիտի ըլլան մեր ձեռքերը երբ աստուածորդին ըլլայ անոնցմով գործողը։ Որքա՜ն արագագնաց պիտի ըլլան մեր ոտքերը բարեգործութեան ճամբուն վրայ երբ Քրիստոս ըլլայ անոնցմով քալողը։
Երբ կը ճաշակենք Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը, Անհունն Աստուած մուտք կը գործէ հունաւորներուս սիրտէն ներս։ Հաղորդուիլը՝ սահմանաւորներուս անսահմանօրէն բացուիլն է Անսահման Աստուծոյ առջեւ։ Հաղորդուիլը՝ ժամանակաւորներուս լուծուիլն Անժամանակին մէջ եւ երկրաւորներուս պատուաստուիլն է Երկնաւորին վրայ։
Սիրելի՛ ընթերցող, հաւա՛տք ունեցիր սիրտիդ մէջ երբ կը մերձենաս Տիրոջ մարմինին եւ արիւնին, եւ ան պիտի փոխէ կեանքդ, պիտի նորոգէ սիրտդ, պիտի կենդանացնէ հոգիդ եւ պիտի լուսաւորէ միտքդ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից