Աստուծոյ կանխագիտութիւնը չօգտագործենք Աստուծոյ դէմ

Ոմանք կը տրամաբանեն ըսելով. «Քանի որ Աստուած ամենագէտ ու կանխագէտ է, ուրեմն, ոչինչ կրնայ պատահիլ առանց իր գիտութեան»։ Սկզբունքով մենք համաձայն ենք որ ոչինչ կրնայ պատահիլ առանց Աստուծոյ գիտութեան։ Այլապէս, եթէ աշխարհի մէջ որեւէ բան կրնայ պատահիլ առանց Աստուծոյ գիտութեան, Աստուած պիտի դադրէր ամենագէտ եւ նախագէտ Աստուած ըլլալէ։

Առողջ տրամաբանութիւն ունեցող մարդը սակայն, չ՚ընդունիր որ տեղի ունեցող չարիքները Աստուծոյ կամքով է որ տեղի կ՚ունենան։ Նախ յստակ տարբերութիւն պէտք է դնել Աստուծոյ կանխագիտութեան եւ կամեցողութեան միջեւ։ Գիտնալը ուրիշ բան է, կամենալը՝ ուրիշ բան։ Աստուած սկիզբէն գիտէ թէ ի՛նչ չարիքներ պիտի պատահին, բայց այդ չի՛ նշանակեր որ ի՛նք կը կամենայ անոնց պատահումը։

Ենթադրեցէք պահ մը որ երկու տարեկան փոքրիկ մը իր տան դռնէն փողոց ելածին պէս, մեքենայ մը ճզմեց զայն։ Ո՞վ կը յանդգնի ըսել որ գորովագութն Աստուած ի՛նքն էր որ կամեցաւ փոքրիկին այդ ձեւի մահը։ Եթէ մենք որ չար ենք՝ գիտենք բարին կամենալ եւ գործել, մեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի բարին կը կամենայ եւ կը գործէ (Հմմտ․ Մտ․ 7.11)։

Ոմանք կրնան մտածել որ Աստուած սկիզբէն գիտէր որ այդ երկու տարեկան փոքրիկը պիտի ճզմուէր, հետեւաբար, ինչո՞ւ չփրկեց ու չազատեց զայն։ Թէ Աստուած սկիզբէն գիտէր՝ կասկած չունինք, քանի որ ան կանխագէտ Աստուած է։ Բայց զգո՛յշ ըլլանք սիրելիներ։ Աստուծոյ կանխագիտութիւնը պէտք չէ օգտագործենք Աստուծոյ դէմ։ Պէ՞տք է զԱստուած մեղադրենք իր կանխագէտ ըլլալուն համար։ Աստուծոյ կանխագիտութիւնը երբե՛ք զԱստուած պատասխանատու չի՛ դարձներ պատահող չարիքներուն։

Փոխանակ Աստուծոյ վրայ յարձակելու եւ մեր ձայնը անոր դէմ բարձրացնելու, նախ փորձենք արկածին պարագաները քննել։ «Աստուած ինչո՞ւ փոքրիկը չազատեց» ըսելու փոխարէն, հարց տանք նախ, թէ «ինչո՞ւ փոքրիկին մայրը ուշադրութիւն չդարձուց անոր։ Ինչո՞ւ դուռը փակ չպահեց։ Ինչո՞ւ մեքենավարը տունին դուռին առջեւէն արագօրէն անցաւ։ Ինչո՞ւ աւելի ուշադրութեամբ չքշեց»։

Քանի որ Աստուած սկիզբէն գիտէ ինչ որ պիտի պատահի, այդ չի՛ նշանակեր որ ի՛նքն է պատճառն ու պատասխանատուն ամէն բանի որ կը պատահի։ Խօսինք օրինակներով։ Աստուած սկիզբէն գիտէ որ ամբարիշտ եւ անօրէն մարդը եթէ դարձի չգայ՝ առ յաւէտ պիտի կորսուի։ Բայց անոր սկիզբէն գիտնալը զինք յանցաւոր չի դարձներ։

Եսայի մարգարէն կ՚ըսէ. «Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տիրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր… վասնզի անիկա առատապէս կը ներէ» (Ես․ 55.7)։ Եթէ երբեք ամբարիշտ եւ անօրէն մարդը կը մերժէ ընդառաջել Աստուծոյ այս հրաւէրին՝ ի՛նք կը դառնայ պատճառն ու պատասխանատուն ինքնիր կորստեան եւ ո՛չ թէ Աստուած։ Ո՞վ կրնայ արգելք հանդիսանալ մարդուն եթէ ան ուզէ հրաժարիլ իր ամբարշտութենէն։

Մարդը կատարեալ ազատութիւնը ունի ընդառաջելու Աստուծոյ փրկութեան հրաւէրին եւ կամ մերժելու զանիկա։ Աստուած մարդուն ազատ կամք շնորհած եղաւ երբ անոր առջեւ դրաւ կեանքի ու մահուան ճամբան (Բ.Օր․ 30.19)։ Այնքան ատեն որ երկու ճամբայ կայ մարդուն առջեւ դրուած, մարդը իրաւունք չունի մեղադրելու զԱստուած իրեն պատահող դժբախտութեանց համար։

Մարդիկ աստուածապարգեւ իրենց ազատութիւնը չարաչար օգտագործեցին եւ կ՚օգտագործեն։ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ձեր ազատութիւնը չարիք գործելու պատրուակ թող չդառնայ» (Ա.Պտ․ 2.16)։ Երբ մէկուն կը յանձնարարենք որոշ բան մը չընել եւ ան մեզի կ՚ըսէ. «Ես ազատ եմ, կ՚ուզեմ՝ կ՚ընեմ, չեմ ուզեր՝ չեմ ըներ», եւ չարիք կը գործէ ու ապա չարիքի կը հանդիպի. ասոր համար պէ՞տք է մեղադրենք զԱստուած։ Պէ՞տք է այպանենք զԱստուած աղէտի մը համար որ մարդոց ազատ կամեցողութեան չարաբար օգտագործման արդիւնքն է։ Ինչպէս շատ բաներ կան որոնց նախքան պատահիլը մենք կրնանք գիտնալ, բայց այդ բնա՛ւ մեզ անոնց պատահումին պատասխանատուն չեն դարձներ, այնպէս ալ Աստուած սկիզբէն գիտէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի, բայց այդ չի նշանակեր որ ի՛նքն է պատճառը անոնց պատահումին։

Օրինակ, Աստուած սկիզբէն չէ՞ր գիտեր որ Ադամ եւ Եւա անհնազանդ պիտի ըլլային իրեն։ Սկիզբէն չէ՞ր գիտեր որ Կայէն պիտի սպաննէր Աբէլը, չէ՞ր գիտեր որ Սոդոմն ու Գոմորը պիտի կործանէին, չէ՞ր գիտեր որ Յովսէփ պիտի չարչարուէր իր եղբայրներուն ձեռքով, չէ՞ր գիտեր որ Դաւիթ պիտի հալածուէր Սաւուղին կողմէ, չէ՞ր գիտեր որ Սամփսոն դժբախտ մահով մը պիտի մահանար, չէ՞ր գիտեր որ Յովհաննէս Մկրտիչ պիտի գլխատուէր Հերովդէս չորրորդապետին հրամանով, չէ՞ր գիտեր որ իր միածին Որդին պիտի մատնուէր Յուդա Իսկարիոտացիին ձեռքով, չէ՞ր գիտեր որ Ստեփանոս պիտի քարկոծուէր իր ազգակիցներուն կողմէ, չէ՞ր գիտեր որ Յակոբոս սրամահ պիտի ըլլար Հերովդէս Ագրիպպաս Ա.ի կողմէ։

Աստուած այդ բոլորը սկիզբէն գիտէր ըսելով, արդեօք ի՞նք պէտք է նկատուի պատճառն ու պատասխանատուն այդ բոլորին։ Աստուած գիտէր այդ բոլորը, այո՛, բայց ինք չէ՛ր կամեցողն ու կատարողը այդ բոլորը։ Անոնք որոնք կ՚ուսուցանեն որ Աստուած իր ազատ կամքով նեղութիւն կու տայ մարդոց, անոնք կը հակասեն Աստուածաշունչին որ կը հաստատէ որ «Աստուած իր կամքովը նեղութիւն չի տար ու մարդու որդիները չի տրտմեցներ» (Եր․ 3.33)։

Սիրելի՛ս, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը եթէ Աստուած կանխագէտ Աստուած չըլլար։ Ան սկիզբէն գիտնալով մեզի պատահելիք չարիքները, իր հզօր բազուկով կը խափանէ անոնցմէ շատերը եւ կամ ալ կ՚օգտագործէ զանոնք մեր փրկութեան համար։ Ուստի, շնորհակալ ըլլանք որ Աստուած կանխագէտ է եւ ո՛չ թէ այպանենք զինք իր կանխագիտութեան համար։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

28.04.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․