Այրի կինը դարձաւ Յիսուսի ուշադրութեան առանցքը

Կարեւոր չէ Աստուծոյ համար թէ դուն ո՛վ ես, ի՛նչ դիրքի վրայ կը գտնուիս, ի՛նչ կարողութիւն եւ ո՛րքան դրամ ունիս։ Աստուծոյ համար արժէք ներկայացնողը այս բոլորը չեն, այլ դո՛ւն ես։ Աստուած քեզմով հետաքրքրուած է, որովհետեւ քեզ կը նկատէ իր Որդիին արեան գինը։ Ո՞վ էր այրի կինը եւ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէր ան ընկերութեան կեանքին մէջ։ Ո՞վ հետաքրքրուած էր իրմով, ո՞վ զինք կը յիշէր ու ուշադրութիւն կը դարձնէր իրեն։ Յիսուսէն զատ ուրիշ ոչ ոք ուշադրութիւն դարձուց իրեն։

Այն մարդիկը որոնց մենք կ՚անտեսենք, որոնց բնա՛ւ ուշադրութիւն չենք ընծայեր ու արժէք չենք տար, ճիշդ այդպիսիներն են որ յաճախ Յիսուսի ուշադրութեան, սիրոյն եւ հետաքրքրութեան առարկան կ՚ըլլան։ Մարդիկ ուշադրութիւն չեն դարձներ աղքատներուն։ Մէկը չի նայիր եկեղեցւոյ պնակին մէջ անոնց նետած պզտիկ գումարներուն։ Մէկը չի խօսիր անոնց մասին։ Մէկը չի գնահատեր զիրենք ինչպէս ըրաւ Քրիստոս այրի ու աղքատ կնոջ։ Մարդիկ աւելի կը նային մեծ գումարներ տուողներուն եւ զանո՛նք է որ կը պատուեն։

Յիսուս սակայն պատուեց ու մեծարեց այրի կինը։ Այրի կինը ո՛չ հարստութիւն ունէր եւ ո՛չ ալ փառք, ո՛չ դիրք ունէր եւ ո՛չ ալ իրեն համար ծափահարողներ։ Այս բոլորը չունէր։ Բայց ունէր աւելի կարեւոր բաներ. ունէր գութ ու գորով, ունէր հաւատք ու վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ։ Քրիստոս ճի՛շդ այդպիսի մարդիկ է որ կը փնտռէ ու կը գնահատէ. Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ու վստահութիւն ունեցող մարդիկ, Աստուծոյ յուսալ ու ապաւինիլ գիտցող մարդիկ։

Եթէ ան հաւատք ու վստահութիւն չունենար Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ՝ ան իր ամբողջ ունեցած գումարը պիտի չնետէր տաճարին գանձանակին մէջ։ Յիսուս վկայեց որ «բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց» (Ղկ 21.4)։

Ունենալ  հարիւր լումայ եւ տաճարի գանձանակին մէջ նետել անոնցմէ երկուքը միայն՝ մեծ արժէք մը չի ներկայացներ։ Բայց ունենալ երկու լումայ միայն, եւ զանոնք նետել տաճարի գանձանակին մէջ՝ մե՛ծ արժէք կը ներկայացնէ Աստուծոյ համար։ Տրուածը արժէք կը ստանայ եւ կը գնահատուի Աստուծոյ կողմէ, համեմատաբար տուողին ունեցածին։ Եթէ տուողը ունի հարիւր հազար տոլար եւ եկեղեցիի մը նորոգութեան համար կը նուիրէ հազար տոլար՝ ան իր աւելորդէն է որ նուիրած կ՚ըլլայ։ Այրի կինը սորվեցուց մեզի տալ երբ մենք ենք կարօտ եւ օգնել երբ մենք օգնութեան պէտք ունինք։ Ընդհանրապէս մարդիկ կը խոստանան ուրիշներուն օգնել եւ բարերարութիւններ ընել, այն պարագային միայն երբ հարստանան։ Այրի կինը սակայն չսպասեց հարստանալու որպէսզի իր լուման նետէր տաճարի գանձանակին մէջ։

Ուշադրութիւն դարձնենք երկու բառերու։ Ղուկաս կը հաստատէ թէ երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը գտնուէր եւ «իր շուրջը կը դիտէր, տեսաւ մեծահարուստներ, որոնք իրենց նուէրները կը նետէին տաճարի գանձանակին մէջ։ Երբ տեսաւ աղքատ այրի մըն ալ, որ երկու լումայ նետեց գանձանակին մէջ, ըսաւ իր աշակերտներուն. "վստահ գիտցէք, որ այդ աղքատ այրին բոլորէն աւելի նետեց գանձանակին մէջ"» (Ղկ 21.1-3)։ Յիսուս այստեղ կը ներկայացուի իբրեւ «դիտող» ու «տեսնող»։ Այս երկու բառերը կը պարզեն, որ Յիսուս նկատի կ՚առնէ բոլոր այն բարերարութիւնները, անոնք ըլլան մեծ թէ փոքր, որոնք մարդիկ կ՚ընեն եկեղեցիին, հոգեւոր կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ աղքատներուն։ Ոչինչ կը վրիպի Աստուծոյ ուշադրութենէն։ Աստուած ծարաւ մարդուն տրուած պարզ գաւաթ մը ջուրը անգամ նկատի կ՚առնէ եւ անոր փոխարէն վարձատրութիւն կը խոստանայ (Մտ 10.42)։

Եթէ Յիսուս նկատի կ՚առնէ բոլոր մարդոց բարերարութիւնները, այդ պարագային, ինչո՞ւ նկատի չառաւ տաճարի գանձանակին մէջ հարուստներուն նետած գումարները նաեւ։  Խորքին մէջ, Յիսուս գանձանակին մէջ հարուստներուն նետած գումարներն ալ նկատի առաւ, բայց զանոնք նետողները վարձատրութեան արժանի չգտաւ, որովհետեւ ան մեր տուածին չափին չէ որ կը նայի միայն, այլ նաեւ մեր տուած եղանակին ու նպատակին։ Մարդիկ կան որոնք մեծ գումարներ կը նուիրեն եկեղեցիին, կամ որոշ կառոյցի մը, ո՛չ թէ սակայն Աստուծո՛յ փառքին համար, այլ իրե՛նց փառքին համար։ Անոնք կը նուիրեն, որովհետեւ կ՚ուզեն որ ամէն մարդ իրենց մասին խօսի, կ՚ուզեն մարդոց փառաբանութեան առարկան դառնալ։ Գանձանակին մէջ մեծ գումարներ նետող հարուստներն ալ այս մարդոց շարքին կը պատկանին։

Շատ քիչ կը գտնենք մեծահարուստ մարդիկ, որոնք յօժարին բարերարութիւն կատարել, առանց փափաքելու որ իրենց անունները խոշոր-խոշոր գիրերով գրուին հոս ու հոն։ Այդպիսի մարդոց համար բնա՛ւ կարեւորութիւն չի ներկայացներ որ իրենց անունները գրուա՞ծ են Կենաց Գիրքին մէջ թէ ոչ։ Իրենց համար կարեւորը իրենց անուններուն գրուիլն է շէնքի մը, կառոյցի մը, եկեղեցիի մը, դպրոցի մը պատին վրայ։ Յիսուս նկատի կ՚առնէ գաղտնաբար եւ ո՛չ ինքնացուցադրութեան համար կատարուած բարերարութիւնները միայն, ինչպէս նկատի առաւ այրի կնոջ գաղտնաբար կատարած նուիրատուութիւնը։ Եթէ մարդիկ ողորմութիւն կամ նուիրատուութիւն ընեն մարդոց կողմէ փառաբանուելու նպատակով, Աստուծմէ ո՛չ մէկ վարձատրութիւն պիտի ստանան, որովհետեւ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը» (Մտ 6.2)։ Յիսուս ըսել կ՚ուզէ, թէ ով որ մարդոց կողմէ փառք ստանալու համար է որ ողորմութիւն կ՚ընէ, եւ ընելէ ետք՝ կը ստանայ փառք ու պատիւ, ալ իրեն տրուելիք ուրիշ վարձատրութիւն չի մնար։ Աստուած չի փառաւորեր մէկը որ մարդոց կողմէ տրուած փառքը աւելի՛ կը նախընտրէ, քան՝ Աստուծմէ տրուած փառքը (Յհ 12.43)։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

22.01.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․