«Բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի»

«Բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի» (Մտ․ 25.36)։ Ի՞նչ են այն բանտերը որոնց մէջ անհամար թիւով մարդիկ կ՚ապրին։

  1. Մեղքի բանտը։ Ան որ Քրիստոսով չէ ազատագրուած իր մեղքերուն կապանքներէն՝ բանտարկեալ մըն է։ Սողոմոն կ՚ըսէ. «Չարագործը… իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի» (Առ․ 5.22)։ Դարձի չեկած մարդը՝ կապուած մարդ է։ Քրիստոս ի՛նքն է արձակիչն ու ազատարարը մարդկային ցեղին (Յհ․ 8.36)։ Բանտարկեալներուն այցելելը հետեւաբար, երթալ եւ գտնելն է բոլոր այն մարդիկը՝ որոնք կ՚ապրին մեղքի կեանք մը եւ զանոնք Քրիստոսի խաչին առաջնորդել։
  2. Յուսահատութեան բանտը։ Ամենագէշ բանը որուն մարդը կրնայ հանդիպիլ յուսահատութեան բանտն է։ Իր յոյսը կորսնցուցած մարդը՝ կը կորսնցնէ նաեւ իր աշխատելու եռանդը, պայքարելու ոգին, յառաջանալու փափաքը, լաւ ապագայի մը հասնելու տեսիլքը, բան մը իրագործելու երազը։ Յուսահատութեամբ լեցուած մարդը՝ նեղութեանց դիմաց ընկրկող, ճկող, նահանջող եւ պարտուող մարդն է։

Այս բոլորին մէջ ամենավատը այն է, որ յուսահատ մարդը կը կորսնցնէ նաեւ վերականգնելու եւ Աստուծոյ դառնալու ամէն իղձ եւ տրամադրութիւն, ինչպէս եղաւ պարագան Յուդայի եւ Երուսաղէմի բնակիչներուն (Եր․ 18.12)։ Աստուածատուր մեր կոչումն է այցելել յուսահատութեան բանտը ինկած մարդիկը եւ յոյսով գօտեպնդել զանոնք եւ յիշեցնել անոնց որ «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ․ 5.5)։

3. Մահուան բանտը։ Մահէն վախցող մարդիկը կարելի է բաժնել երկու խումբի.- (1) Մահէն կը վախնան անոնք՝ որոնք Քրիստոսի արիւնով իրենց մեղքերուն համար թողութիւն չեն գտած եւ (2) անոնք՝ որոնք չունին մահուան ճշգրիտ իմացութիւնը։ ԶԱստուած եւ մահը չճանչցողը բնականօրէն կը վախնայ անոնցմէ։ Անորոշ եւ մթին բաները միշտ կը մտահոգեն մարդ արարածը։

Քրիստոսով Աստուծոյ հետ հաշտուածներուս պաշտօնն է՝ «որ այս հաշտութիւնը պատգամենք բոլոր մարդոց» (Հռ․ 5.19) եւ յիշեցնենք անոնց, որ հաւատացեալ մարդը պէտք չունի վախնալու մահէն, որովհետեւ երբ ան իր աչքերը փակէ երկրի վրայ՝ ինքզինք իսկոյն կը գտնէ Քրիստոսի ներկայութեան մէջ, յաւիտենապէս ապահով։ Այս իմաստով, բանտին մէջ եղողներուն այցելել, կը նշանակէ օգնութեան ձեռք երկարել մեր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն եւ ազատագրել զանոնք մեղքի ու մահուան բանտէն, վախի եւ կասկածամտութեան բանտէն, յաւիտենական դատապարտութեան եւ կորստեան բանտէն։ Սիրելի՛ ընթերցող, անհաշիւ է թիւը իրական բանտարկեալներուն եւ հոգեւոր իմաստով բանտարկեալներուն։ Իբրեւ Ազատարարին զաւակը, քու կոչումդ է ճշմարիտ ազատութեան փողը հնչեցնող զինուոր մը ըլլալ։ Մարդիկ պէ՛տք ունին նման Քրիստոսաւէտ զինուորներու։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

25.04.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․