Չպայքարինք մեր նմաններուն դէմ

Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր ամէն բան պայքարով յատկանշուած է։ Բոլորը կը պայքարին։ Ոմանք կը պայքարին իրենց հայեացքները սեւեռած երկինքի արքայութեան եւ անոր Արքային, ուրիշներ կը պայքարին իրենց շրջապատին արքաները դառնալու համար։ Ոմանք կը պայքարին իրենց նմաններուն դէմ, ուրիշներ՝ իրենց նմաններուն համար։ Ոմանք կը պայքարին իրենց զաւակներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու համար, իսկ ուրիշներ՝ կը զգուշանան Քրիստոսէ՝ զայն նկատելով «կեանքեր պահանջող բռնակալ» մը։

Ի՛նչ ալ ըլլան պայքարելու դրդապատճառները՝ մէկ բան որոշ է, որ իւրաքանչիւր մարդ մղելիք պայքար մը ունի, բայց ուշադիր պէտք է ըլլայ թէ որո՛ւ դէմ եւ ի՛նչ բանի համար կը պայքարի։ Մարդը մարդուն դէմ պէտք չէ պայքարի։ Մարդուն դէմ պայքարող մարդը Քրիստոսի արիւնին դէմ է որ մեղանչած կ՚ըլլայ։ Ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ մարդիկ պայքարէին քու որդիիդ արիւնով ազատագրուած ծառաներուդ դէմ։ Նման ծառաներ քու որդիիդ արեան գինը պիտի չնկատէի՞ր։ Անոնց դէմ մղուած պայքարը քեզի դէմ մղուած պիտի չսեպէի՞ր։ Նոյնը չէ՞ Աստուծոյ պարագան, որ մեզ՝ իր ծառաները, ազատագրեց իր Որդիին արիւնով, մեր հոգիներուն թշնամիին՝ Սատանային ձեռքէն։ Հետեւաբար, պէ՞տք է կռուինք իրարու դէմ եւ վշտացնենք զիրար։

Աստուած մարդը ստեղծեց իրեն համար, բայց միաժամանակ զանիկա ստեղծեց իր նման մարդուն համար, որպէսզի օգնական եւ կարեկից ըլլայ անոր։ Աստուած իւրաքանչիւր մարդ որ լոյս աշխարհ կը բերէ, կը բերէ՝ անով պակաս բան մը ամբողջացնելու համար իր շրջապատին մէջ։ Եթէ Աստուած իւրաքանչիւր մարդ որոշ նպատակի մը համար է որ գոյութեան կը բերէ, այդ կը նշանակէ որ իր նմանին դէմ մարտնչող մարդը՝ Աստուծոյ նպատակին դէմ է որ մարտնչած կ՚ըլլայ։

Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ որ «մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն… դէմ» (Եփ 6.11-12)։ Մեր նմանները պատերազմակիցներ պէտք է նկատենք եւ ո՛չ թէ մրցակիցներ։ Թշնամիներու կամ թշնամութիւններու կրնանք հանդիպիլ, բայց ի մտի պէտք է ունենանք, որ այդ բոլորին ետին կանգնողը եւ այդ բոլորը ծրագրողն ու հրահրողը Սատանան է եւ ո՛չ թէ մարդը։ Պայքարը չարիք ծրագրողին դէմ է որ պէտք է մղուի եւ ո՛չ թէ չարիքին զոհ գացողին՝ մեր նմանին դէմ։ Իսկ չարիք ծրագրողը չար Սատանան ի՛նքն է։

Այն պայքարը որ մարդիկ իրարու դէմ կը մղեն, եթէ Սատանային դէմ մղեն՝ զանիկա ջարդ ու փշուր պիտի ընեն։ Թշնամութեան վերջ դնելու համար Սատանային դէմ է որ պէտք է կռուինք։ Ինչպէս տեղատարափ անձրեւէն փախելու համար հովանոցի մը կը դիմենք եւ ո՛չ թէ կ՚աշխատինք անձրեւը դադրեցնել, նոյնպէս ալ փոխանակ մեզի դէմ թշնամութիւն անձրեւողներուն դէմ կռուելու, փորձենք ապաստան գտնել Քրիստոսի խաչին ներքեւ։ Սատանան մեր եղբայրներուն դէմ կը պատերազմի։ Հետեւաբար, մեր եղբայրներուն դէմ պատերազմիլը՝ Սատանային կամքը կատարել է, անոր գործակից դառնալ է։

Քրիստոսի եկողը Քրիստոսէ պիտի սորվի սիրել թշնամին բայց ատել թշնամութիւնը։ Քրիստոնեայ մարդը ջանալու է թշնամութիւնը մէջտեղէն վերցնել եւ ո՛չ թէ թշնամին։ Քանի՞ անգամներ առիթը ընծայուեցաւ Դաւիթին սպաննելու իրեն թշնամութիւն ընող Սաւուղը, բայց չսպաննեց։ Երբ Սաւուղ Դաւիթի ձեռքը ինկաւ եւ Դաւիթի ընկերը՝ Աբեսսա, ուզեց զանիկա սպաննել, Դաւիթ ըսաւ անոր. «Մի՛ մեռցներ զանիկա. ո՞վ կրնայ Տիրոջ օծեալին վրայ ձեռք բարձրացնել եւ անպարտ ըլլալ» (Ա.Թգ 26.8-9)։ Դաւիթին կեցուածքը կատարելապէս վեհանձն եւ մեծահոգի մարդու կեցուածք էր։ Դաւիթ իր պաշտօնակից Սաւուղը, «Տիրոջ օծեալը» կոչեց։ Իսկ մենք մեր պաշտօնակիցներն ու գործակիցները ի՞նչ կը կոչենք, ինչպիսի՞ բառերով կ՚որակենք զանոնք։

Սիրելինե՛ր, ամէն անգամ երբ մենք զմեզ ուրիշը խոցոտելու տրամադրութեան դէմ յանդիման գտնենք, կամ ամէն անգամ երբ մեզի թշնամութիւն ընողները մեր ձեռքերուն մէջ իյնան եւ առիթը ներկայանայ անոնց վնաս հասցնելու, Դաւիթի նման վեհանձնութիւնը ունենանք ըսելու. «Ո՞վ կրնայ Քրիստոսի արիւնով սրբուած ու փրկուած մարդու վրայ ձեռք բարձրացնել, ո՞վ կրնայ Սուրբ Հոգիին տաճարը սրբապղծել, ո՞վ կրնայ Աստուծոյ տունը քանդել եւ անպարտ մնալ»։

Դաւիթ ամէն ճիգ թափեց Սաւուղին թշնամական վերաբերմունքին լուծում մը գտնելու, բայց բնա՛ւ ճիգ չթափեց զայն սպաննելու։ Հիւանդութեան առաջքը առնելու համար կարելի՞ է հիւանդին կեանքին վերջ դնել։ Կամ աղքատութիւնը մէջտեղէն վերցնելու համար աղքա՞տը մէջտեղէն կը վերցնենք։ Քրիստոս խաչին վրայ եղած ատեն կրնար բնաջնջել զինք խաչողները։ Ան ո՛չ միայն չբնաջնջեց զանոնք, այլեւ անոնց արարքը տգիտութեան վերագրեց. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34)։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ զինք խաչողներուն արարքը տգիտութեան վերագրել, ինչպէս ըրաւ մեր Տէրը։ Ամէն անգամ երբ մարդիկ խոցոտեն մեզ, քաջութիւնը ունենանք ըսելու. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն»։

Հետեւաբար, ասկէ ետք, ո՛չ միայն չպայքարինք մեզի չարիք եւ վնաս հասցնողներուն դէմ, այլեւ աղօթենք անոնց համար, սիրենք զանոնք եւ ներում հայցենք Աստուծմէ անոնց համար։ Պատրա՛ստ ըլլանք գրկելու մեզ ոտնակոխ ընողները։ Պատրա՛ստ ըլլանք նեցուկ կանգնելու մեզի դէմ պայքարողներուն՝ երբ անոնք իյնան իրենց զօրութենէն եւ լքուին իրենց զօրավիգ կանգնողներէն։ Ի վերջոյ, պատրա՛ստ ըլլանք ժպտադէմ ներկայանալու մեզի խոժոռադէմ ներկայացողներուն, որպէսզի անոնք տեսնեն մեր մէջ Անտեսանելիին ներկայութիւնը, Բարձրեալին բացառիկ գեղեցկութիւնը եւ փարին իրեն եւ դառնան իրեն նման՝ մարդուն համար պայքարողներ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

21.02.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․