Երբեմն մարդիկ կը յաւակնին ըսելու թէ բոլոր կրօնքներուն ճամբաներն ալ Աստուծոյ կառաջնորդեն։ Այս խօսքը ճշմարիտ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մենք միայն Քրիստոսով «գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը» (Ա.Կր․ 1.30)։ Մէ՛կ Փրկիչ կայ, եւ հետեւաբար, փրկութեան մէ՛կ ճամբայ կայ միայն։ Աստուծոյ գալու համար Քրիստոսէ զատ ուրիշ ճամբայ կամ ուրիշ միջոց չկա՛յ, որովհետեւ «աշխարհի մէջ միակն է անիկա, որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի անոր անունով կարենանք փրկուիլ» (Գրծ․ 4.12)։ Ուրիշի մը անունով չենք կրնար փրկուիլ, որովհետեւ Քրիստոսէ զատ ուրիշ մէկը իր արիւնը չթափեց մեր փրկութեան համար։ Քրիստոս մեր կեանքին դիմաց բացուած բազմաթիւ ճամբաներուն շարքին այլ ճամբայ մը չէ։ Քրիստոս փրկութեան առաջնորդող ճամբաներէն մէկը չէ, այլ մէկ եւ միակ ճամբան է։ Քրիստոս չըսաւ. «Ես ճամբայ մըն եմ», այլ՝ «Ես եմ ճամբան»։ Ի՛նքն է միակ ճամբան սիրոյ եւ սրբութեան։ Ի՛նքն է միակ ճամբան փառքի եւ փրկութեան։ Ի՛նքն է միակ ճամբան հաւատքի եւ յաղթութեան։ Ի՛նքն է միակ ճամբան կեանքի։
Բոլոր կրօնքներուն հիմնադիրները քարոզեցին գերեզմանէն անդին գոյութիւն ունեցող կեանքին մասին, բոլոր հիմնադիրները ճամբաներ որոնեցին, ճշդեցին ու առաջարկեցին մոլորած մարդկութեան համար՝ որպէսզի կարենային յաղթանակ տանիլ մահուան բերած սարսափին վրայ, բայց միայն մէ՛կ հոգի՝ Քրիստոս ի՛նք, գերեզման տարուելէ ետք՝ վերադարձաւ գերեզմանէն, վերադարձաւ կենդանացած ու կենդանացնող Աստուած իբրեւ, եւ ատով իսկ ան դարձաւ միակ ճամբան յարութեան ու կեանքի, միակ ճամբան անմահութեան ու յաւիտենականութեան։
Աշխարհի պատմութիւնը կերտող մարդիկ խօսեցան տեսակ-տեսակ ճամբաներու մասին, բայց անոնցմէ ո՛չ ոք համարձակեցաւ ինքզինք «ճամբայ» կոչել, Քրիստոս սակայն, առաջնորդը աշխարհի պատմութեան, չխօսեցաւ ճամբու մը կամ ճամբաներու մասին, այլ ինքզինք հռչակեց իբրեւ ճամբայ, եւ անով իսկ ստիպեց աշխարհի բոլոր մարդոց, խօսելու իր մասին եւ զինք ներկայացնելու իբրեւ Ճամբան բոլոր ճամբաներուն, Ճամբան բոլորին՝ մեծին ու փոքրին, հարուստին ու աղքատին, հանրածանօթին եւ անծանօթին։
Աստուած անսահմանօրէն սիրեց մեզ, ահա թէ ինչո՛ւ ան չուզեց մեր փրկութիւնը վստահիլ հրեշտակի մը, մարգարէի մը, կամ առաքեալի մը, այլ ուզեց ինք անձամբ գալ եւ մեզ առաջնորդել փրկութեան։ Հրեշտակները կաշխատին փրկութեան ճամբուն մէջ պահել մեզ, բայց իրենք չեն ո՛չ փրկութեան ճամբան եւ ո՛չ ալ փրկութեան առաջնորդող ճամբան։ Քրիստոս ի՛նքն է հաւատացեալին փրկութեան ճամբան եւ ճամբորդակիցը։ Քրիստոս ի՛նքն է փրկութեան առաջնորդող ճամբան եւ ի՛նքն է ճամբան որուն կառաջնորդուինք մենք՝ փրկուածներս։ Քրիստոս մեզ իր անձով եւ իր անձին կառաջնորդէ։ Քրիստոս մեզ իր անձին քաշելէ ետք՝ կը ներկայացնէ մեզ մեր երկնաւոր Հօր։
Քրիստո՛ս է երկինք առաջնորդող ճամբան։ Առանց Քրիստոսի մենք չենք կրնար մեր երկնաւոր Հօր գալ։ Ան ըսաւ. «Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ․ 14.6)։ Իսկ Պօղոս հաստատեց թէ Քրիստոս «կրնայ վերջնականապէս փրկել անոնք՝ որոնք իր միջոցաւ Աստուծոյ կու գան» (Եբր․ 7.25)։ Որդիին միջոցաւ Հօրը եկողը՝ պատուած կըլլայ Որդին։ Փրկութեան տարբեր ճամբայ փնտռողը՝ անպատուած կըլլայ Աստուծոյ Որդին, իսկ Աստուծոյ Որդին անպատուողը՝ չի փրկուիր։
Քրիստոս խաչին վրայ իր թափած արիւնով դարձաւ միակ ճամբան երկրաւորները դէպի երկինք առաջնորդող։ Երկնաւոր Սրբարանին ճամբան Քրիստոսի արիւնով բացուեցաւ (Եբր․ 9.12)։ Քրիստո՛ս է ճամբան Աստուած եւ մարդ հաշտութեան։ Քրիստոսի անձին մէջ է որ Աստուած եւ մարդ իրարու հանդիպեցան ու փարեցան։ Մարդ ու Աստուած երբեք պիտի չկրնային ու չեն կրնար իրարու հանդիպիլ առանց Քրիստոսի միջամտութեան ու միջնորդութեան։
Սուրբերն ու հրեշտակները նաեւ կրնան բարեխօսել եւ միջնորդել մեզի համար մեր երկնաւոր Հօր առջեւ, բայց անոնք Աստուծոյ ցոյց տալիք բան մը չունին, սակայն Քրիստոս ցոյց կու տայ Աստուծոյ իր վէրքերն ու խոցերը ու կը պահանջէ անկէ որ քաւութիւն շնորհէ զղջումի եւ ապաշխարութեան կեանք ապրողներուն։ Այո՛, Քրիստոս մարդոց համար քաւութիւն պահանջող մըն է եւ ո՛չ թէ խնդրող մը։
Սուրբեր եւ հրեշտակներ մարդոց համար քաւութիւն չեն պահանջեր, այլ կը խնդրեն։ Քաւութիւն կրնայ պահանջել ա՛ն միայն որ Աստուծոյ արդարութեան պահանջքը գոհացուց, իսկ Աստուծոյ արդարութեան պահանջքը լրացնողը Քրիստոս ի՛նք եղաւ։ Աստուծոյ արդարութիւնը կը պահանջէր որ արիւն թափուէր մեղքի ջնջումին համար։
Ոմանք հարց կու տան ըսելով. «Եթէ Քրիստոս ի՛նքն է ճամբան, հապա ինչո՞ւ այնքան խոչընդոտներու կը հանդիպինք»։ Սա խօսքով մենք Քրիստոսէ պահանջած կըլլանք բան մը որ ինք չխոստացաւ։ Ան չխոստացաւ մեզի հեզասահ եւ անփորձանք կեանք մը, բայց խոստացաւ հոգեւոր յաղթանակներով ու նուաճումներով լեցուն կեանք մը։
«Յաղթանակ» եւ «նուաճում» բառերը կը պարզեն այն՝ որ մենք հոգեւոր պայքարի մէջ ենք։ Հոգեւոր պայքարի մէջ եղող մէկը խոչընդոտներու ներկայութեան պէտք չէ զարմանայ։
Քրիստոս եւս ծանր պահերէ անցաւ։ Ան սակայն իր ուշադրութիւնը չկեդրոնացուց Գողգոթայի նեղ ճամբուն վրայ, այլ կեդրոնացուց այդ ճամբուն աւարտին յարութեան բոցկլտացող լոյսին վրայ, որովհետեւ յարութեան այդ լոյսին մէջ ան տեսաւ յարութիւնն ու յաղթանակը ամբողջ մարդկութեան։ Մե՛նք ալ սիրելիներ, մեզ շրջապատող տառապանքներուն մէջ լոկ տառապանք չտեսնենք, այլ այդ տառապանքին ետին կանգնող յաւիտենական կեանքն ու աստուածային օրհնութիւնները տեսնենք։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից