13 Դեկտեմբեր, Շբ
Ի՞նչ կը նշանակէ «Ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի» (Մր 10.21) խօսքը: Խաչը շալկելով խաչեալին հետեւիլը տկարութիւն եւ վեհերոտութիւն չէ ինչպէս ոմանք կը կարծեն։ Խաչը շալկելը տկար եւ վեհերոտ մարդու գործ չէ: Խաչը կրնան շալկել միայն անոնք՝ որոնք զօրաւոր են իրենց հաւատքին մէջ, իրենց նկարագիրին եւ կեցուածքին մէջ: Առաքելութի՛ւն է խաչը կրել: Հերոսութի՛ւն է խաչը շալկել։
Սիրելի՛ ընթերցող, խաչը առնելն ու խաչեալին հետեւիլը, պատերազմի յայտարութիւն է Սատանային դէմ: Անոր դիմաց ճակատ բանալ է: Անոր մարտահրաւէր կարդալ է: Խաչի կեանքը պայքարի կեանք է: Պայքար, սուտին եւ ստութեան հօրը դէմ: Պայքար, մեղքին եւ անոր ծնողին դէմ: Պայքար, Քրիստոսի թագաւորութեան տարածման ի խնդիր: Պայքար, Աստուծոյ անուան փառքին ու փառաւորումին համար: Մանաւանդ, պայքար, մեր նմանին փրկութեան համար։
«Ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի»։ Խաչը շալկելն ու Քրիստոսի հետեւիլը, խաչով իրագործուած փրկութեան աւետիսը տարածելն է ամենուրեք։ Իրաւ քրիստոնեան պարտի Քրիստոսի օգնականն ու գործակիցը ըլլալ: Իսկ Քրիստոսի գործակիցը ըլլալ, կը նշանակէ Քրիստոսի գործը յառաջ տանիլ: Աստուած «Քրիստոսի միջոցաւ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց եւ նաեւ պաշտօն տուաւ մեզի՝ ուրիշներն ալ հաշտութեան բերելու» (Բ.Կր 5.18): Աստուծոյ հետ հաշտուելով մեր պարտականութիւնը իր աւարտին չի հասնիր, ընդհակառակը, ատիկա կը կրկնապատկուի եւ նոր թափ կը ստանայ։ Աստուծոյ հետ հաշտուիլն ու ուրիշները հաշտութեան բերելը՝ խաչը առնելն ու Քրիստոսի հետեւիլ է: Քրիստոսի նուիրուողը՝ մարդոց փրկութեան աշխատանքին է որ նուիրուած կ՚ըլլայ։
«Ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի»։ Կարելի է «ինծի» բառին փոխարէն դնել «սիրոյս» բառը եւ այդպէս կարդալ. «Ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ սիրոյս»։ Խաչին խորհուրդը յաւերժական եւ յաւերժացնող սիրոյ խորհուրդ է։ Խաչին խորհուրդը բիւրեղ եւ բիւրեղացնող սիրոյ խորհուրդ է։ Խաչեալին սիրող սիրտն ու հոգին պէտք է ունենալ խաչին խորհուրդը ըմբռնելու համար։ Անոնք որոնք խաչեալին սիրոյ եւ պատրաստակամութեան ոգին չունին, անոնք չեն կրնար ուրախութեամբ կրել խաչը։
Քրիստոս սիրեց, անոր համար խաչուեցաւ. խաչուեցաւ, որովհետեւ սիրեց։ Սէ՛րն է որ Յիսուսը խաչ բարձրացուց մեզի համար, եւ սէ՛րն է, որով մենք կրնանք խաչ բարձրանալ Յիսուսի համար։ Կարիքը ունինք նո՛յն այդ սիրոյն որ ազատ Յիսուսը խաչեալ Յիսուսի վերածեց, որպէսզի նո՛յն այդ սիրոյ զօրութեամբ, ազատ թողուած մեր մարմինները խաչեալ մարմիններու վերածենք։
Հետեւաբար, «Ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի» խօսքով, Քրիստոս խաչակրութեան կոչ մը չէ՛ որ կ՚ուղղէ մեզի, այլ խաչասիրութեան: Խաչեալը չսիրողը չի՛ կրնար անոր խաչը շալկել եւ հետեւիլ անոր։ Խաչը առնելն ու Քրիստոսի հետեւիլը սիրոյ նշան է: ԶՔրիստոս սիրող մա՛րդը միայն կրնայ իր խաչը առնելով Քրիստոսի հետեւիլ։ Խաչին կողմէ շալկուողնե՛րը միայն կրնան խաչը շալկել։ Խաչէն օրհնութիւն ստացողնե՛րը միայն կրնան Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ զԱստուած իբրեւ օրհնութիւն տանիլ օրհնակարօտ մարդկութեան:
Խաչը շալկելն ու Քրիստոսի հետեւիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Յիսուսի սէրը եւ Յիսուս իբրեւ սէր տանիլ աշխարհին: Խորքին մէջ, խաչը շալկել կը նշանակէ խաչեալը շալկել։ Արդարեւ, Քրիստոս շալկող ու շալկուող Աստուած է։ Քրիստոս կրող ու կրուող, սիրող ու սիրուող Տէ՛ր է։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ Քրիստոսի ձեռքը պէտք է ըլլայ։ Ձեռք մը, որ բռնելով կարսուածին ու մոլորածին ձեռքէն զայն կ՚առաջնորդէ յաւիտենական փրկութեան նաւահանգիստ։
Քրիստոս ունեցաւ երկու խաչակիցներ (Մտ 27.38)։ Մին անոնցմէ խնդրեց Քրիստոսէ զինք ազատել խաչէն, իսկ միւսը՝ զինք արժանացնել երկինքի թագաւորութեան։ Առաջինը կարծէք մերժեց խաչակից մնալ Քրիստոսի, իսկ երկրորդը՝ նախընտրեց խաչակից մնալ, որպէսզի փառակից եւ ժառանգակից դառնար անոր։ Ի՞նչ կը սորվինք այս իրողութենէն։ Կը սորվինք այն, որ ամէն մարդ խաչ մը ունի իր կեանքին մէջ, ըլլայ անիկա հաւատացեալ թէ անհաւատ։ Ո՛չ հաւատացեալը կրնայ խուսափիլ խաչէն եւ ո՛չ ալ անհաւատը։
Քանի որ ամէն մարդ այսպէս թէ այնպէս շալկելիք խաչ մը ունի, աւելի լաւ չէ՞ խաչուիլ խաչեալին սիրոյն համար քան խաչել խաչեալին սիրտը։ Կա՛մ այն է որ խաչակից պիտի ըլլանք Քրիստոսի, եւ կամ այն է, որ խաչահանները պիտի ըլլանք Քրիստոսի։ Պօղոս առաքեալ ընտրեց առաջին ուղին։ Ան «Քրիստոսի հետ խաչին վրայ» մեռաւ (Գղ 2.20)։
Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռնողները անոնք չեն՝ որոնք երկրորդ անգամ ըլլալով իրենք զիրենք կը խաչեն։ «Երկրորդ» բացատրութիւնը գործածեցի, որովհետեւ առաջին անգամ մենք խաչուեցանք Քրիստոսի հետ (Հռ 6.6)։ Երբ Քրիստոս դէպի Գողգոթա կ՚երթար, իր մէջ եւ իր հետ ունէր համակ մարդկութիւնը, ուրեմն, երբ ան խաչուեցաւ, մարդկային ցեղն ալ հետը խաչուեցաւ։ Խորքին մէջ, Քրիստոսի խաչելութիւնը, մարդուն մէջ մեղաւոր մարդուն խաչելութիւնն էր։
Քրիստոս չ՚ուզեր որ իրեն համար խաչուինք, այլ կ՚ուզէ որ մեղքերով խաչուած մը մեղքի խաչէն վար իջեցնենք։ Ան չ՚ուզեր որ իրեն համար սգանք եւ լանք (Ղկ 23.28), այլ կ՚ուզէ որ զինք մերժողներուն համար արցունք թափենք, եւ աշխատինք զանոնք իրե՛ն բերել։ Հետեւաբար, «Քրիստոսի հետ խաչին վրայ» մեռնիլը վերստին խաչ բարձրանալը չէ, այլ ամբողջութեամբ Աստուծոյ կամքին յանձուիլ է, որպէսզի մեր ճամբով ան կարենայ իր կամքը ի գործ դնել։
Առաքեալը նախընտրեց Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռնիլ, իսկ դուն սիրելի՛ բարեկամ, ի՞նչ կը նախընտրես. Քրիստոսի համար մեռնի՞լ, թէ զՔրիստոս «մեռցնել»։ Քրիստոսի լո՞ւծը դառնալ, թէ՝ լծակիցը։ Քրիստոսի դէմ ապստամբո՞ղ մը ըլլալ, թէ՝ Քրիստոսի ապաստանող մը։
Տակաւին, խաչը շալկելով Քրիստոսի հետեւիլը, աղօթելն է կեանքին համար անոնց՝ որոնք մեր կեանքը խլել կը ցանկան: Բաղձալն է յաջողութիւնը անոնց՝ որոնց բաղձանքը մեզ անյաջող տեսնելն է: Ուրախացնելն է անոնց՝ որոնց ուրախութիւնը մեզ տրտմած գտնելն է: Ի վերջոյ, զոհուիլն է անոնց համար՝ որոնք մեզ զոհել կ՚ուզեն իրենց անձնական ամենաչնչին շահին համար։ Չե՛նք կրնար այս բոլորը ընել եթէ չունինք խաչեալին մեծ սէրը։
Ո՞րն է մեծագոյն սէրը։ «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յհ 15.13)։ Քրիստոս ինքզինք զոհեց մեզի համար, ո՛չ միայն անոր համար որ մեծագոյն սէր մը ունէր մեզի հանդէպ, այլ նաեւ ու մանաւանդ անոր համար, որ մեզ նկատի ունէր իբրեւ իր մեծագոյն սէրը։
Սիրելի՛ ընթերցող, Յիսուսի սիրոյն դառնալ ուզողներուն ո՞վ պիտի ըլլայ առաջնորդ։ Արքայութեան անդամագրուիլ փափաքողներուն ո՞վ պիտի ըլլայ օգնական։ Ո՞վ նեցուկ պիտի ըլլայ իյնալու վրայ եղողներուն։ Ո՞վ վստահութիւն պիտի ներշնչէ կասկածամտութեամբ Քրիստոսի խաչին մօտեցողներուն։ Ո՞վ պիտի գօտեպնդէ վերականգնելու յոյսը կորսնցուցած մարդիկը։ Ո՞ւր են անոնք, որոնք խաչին վրայ իրագործուած փրկագործութեան աւետիսը պիտի տարածեն ամենուրեք եւ ամէն մարդու։ Ո՞ւր են անոնք, որոնք Աստուծոյ սէրը պիտի տանին Աստուծոյ սիրով եւ Աստուծոյ սիրոյն համար ստեղծուած տառապեալ մարդկութեան։ Ո՞վ պիտի սորվեցնէ մարդոց իրենց ուշադրութիւնը դէպի երկի՛նք դարձնելու, երկինքի՛ն նայելու, երկինքի՛ն մասին մտածելու, երկի՛նքը բաղձալու։
Աստուծոյ կողմէ կոչուածներուս կոչումը չէ՞ այս բոլորը ընելը։ Խաչեալ Յիսուսը սիրողներուս կոչումը չէ՞ Յիսուսի պէս եւ Յիսուսի սիրով սիրել Յիսուսէ հեռու եղողները, որպէսզի կարենանք զանոնք Յիսուսի սիրոյն մօտեցնել։ Այո՛, մեր կոչումն է այդպէս ընել, որովհետեւ «խաչդ առ եւ ետեւէս եկուր» մարտակոչին ընդառաջողները, կը դառնան Աստուծոյ գործակիցները։ Չկա՛յ աշխարհի մէջ մարդ մը որ ապրած ըլլայ փրկութեան ուրախութիւնը եւ չուզէ զանիկա բաժնել ուրիշներուն հետ։ Աստուած փրկութեան պարգեւը չի շնորհեր անձնասէր մարդոց։
Աստուած ինչ պարգեւ ալ տայ մեզի, մի՛շտ նկատի կ՚ունենայ մեր շրջապատը։ Ան մեզմով պակաս մը գոցել կ՚ուզէ։ Խաչով լուսաւորուած մարդուն պարտականութիւնն է, նայիլ իր չորս դին եւ փորձել գտնել այն պակասը, որ Աստուած կը փափաքի լեցնել իրմով։
Ինքնիր պակասութիւնը Աստուծմով լեցուցած մարդը, պէտք է յորդի ու շողայ, պէտք է ժայթքէ ու ցայտէ, որպէսզի ամէ՛ն մարդ, ամենուրեք, գիտնայ որ աստուածապարգեւ կեանքը լեցո՛ւն կեանք է, իրակա՛ն կեանք է, յաւիտենակա՛ն կեանք է։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից