26 Փետրվար, Եշ, Մեծ պահքի ԺԱ օր
Յիսուս ո՛չ մեր դրամին պէտք ունի եւ ո՛չ ալ մեր օգնութեան։ Անոր սպասածը մեզմէ ո՛չ զոհն է եւ ո՛չ ալ ողորմութիւնը։ Ի՛րն է աշխարհը իր ամբողջ լիութեամբ (Սղ 24.1)։ Ի՛նքն է ճշմարիտ նուիրատուն եւ պարգեւատուն մարդկային ցեղին։ Ասիկա պատճառ մը չէ սակայն, որ չմտածենք իրեն նուէր մը տալու մասին։ Ինծի համար շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ թէ Յիսուսի ծննդեան երկու հազար ամեակին առիթով, քանի՛ անձեր խորհեցան նուէր մը տալ իրեն։
Թէ ի՞նչ նուէր կրնանք տալ մեր Փրկիչ Աստուծոյն՝ Աստուած ի՛նքն է որ կը ճշդէ այդ մէկը ըսելով. «Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի տուր» (Առ 23.26)։ Ուշագրաւ է որ Աստուածաշունչին մէջ բնա՛ւ չենք կարդար որ Աստուած մարդէն իր սիրտէն զատ ուրիշ բան կը պահանջէ։ Ո՛վ բարեկամ, երբեք խորհա՞ծ ես թէ ինչո՛ւ Աստուած քու սիրտդ կը պահանջէ քեզմէ։ Աստուած քու բարիքիդ համար է որ սիրտդ կը պահանջէ քեզմէ։ Աստուած գիտէ որ դուն չես կրնար տէր կանգնիլ քու սիրտիդ այնքան ատեն երբ սիրտդ քեզի կը պահես։ Աստուծոյ տրուած սիրտ մը ապահով կ՚ըլլայ առ յաւէտ։ Աստուած պատասխանատուութիւնը ունի տէր կանգնելու այն սիրտին որ իրեն կը յանձնուի։
Աստուծոյ վստահող եւ զայն սիրող մարդը չի՛ կրնար իր սիրտը անոր չտալ։ Ո՞վ է այն մարդը որ իր սիրելիներէն միայն առնելու մասին կը մտածէ։ Մենք մեր սիրելիներէն առնելէ աւելի անոնց տալու մասին չե՞նք մտածեր։ Եթէ իսկապէս կը սիրենք զԱստուած, իրմէ առնելէն աւելի իրեն տալու մասին պէտք է մտածենք. տալու մեր սիրտը, մեր սէրը, մեր հոգին, մեր ապրումներն ու զգացումները, մեր ժամանակն ու եռանդը։ Աղօթքով Աստուծոյ տրամադրութեան տակ դնենք մեր կարողութիւններն ու զօրութիւնը, մեր փափաքներն ու ծրագիրները, մեր շնորհքներն ու ձիրքերը, մեր երազներն ու տեսիլքները։
Ան որ զՔրիստոս իր կեանքին գանձն ու գանձապահը կը նկատէ՝ չի՛ կրնար ինքզինք չյանձնել անոր։ Երանի՜ անոր որ զՔրիստոս կը համարէ իր սիրտին հարստութիւնը եւ իր հոգիին ուրախութիւնը։ Երանի՜ անոր որ զՔրիստոս կը նկատէ իր միտքին լոյսը եւ զինք ապրեցնող ապրումը։ Երանի՜ անոր որ զՔրիստոս դարձուցած է իր ամենաջերմ փափաքը եւ իր ամենավառ ցանկութիւնը։ Երանի՜ անոր որուն նպատակը Յիսուսի սէրը տարածելն է ամենուրեք, ամէն գնով, ամէն մարդու։
Մե՛նք ալ արժանի կը դառնանք այս երանի-ներուն եթէ թոյլ տանք որ Աստուած դառնայ բնակիչը մեր սիրտերուն։ Երբ Աստուած է բնակիչը մեր սիրտերուն, հոն կ՚ըլլայ գութ ու գորով, սէր եւ ներում, լոյս եւ տաքութիւն։ Մեր սիրտերը կը տաքնան երբ սիրոյ յարաբերութեան մէջ կ՚ըլլան Աստուծոյ հետ։ Մեր հոգիները կը բիւրեղանան երբ Աստուծոյ Հոգին է անոնց մէջ ապրողն ու ներգործողը։ Մեր միտքերը կը լուսաւորուին երբ լոյսի արարիչին մասին կը խորհին։ Ինչպէս պաղն ու խաւարը կը շրջապատեն արեւէն հեռացող մարդը, այնպէս ալ Աստուծմէ հեռու եղող սիրտը կ՚ըլլայ պաղ եւ խաւար։
Աստուծմէ զատ ո՛չ ոք կրնայ մեզ լուսաւորել, որովհետեւ Աստուծմէ զատ ո՛չ ոք կրնայ մեղքի մութը փարատել։ Մի՛այն Աստուած մեզ ներքնապէս կրնայ փոխել, որովհետեւ մի՛այն Աստուած մեզ ներքնապէս կը ճանչնայ։ Ա՛ն է որ մեր սիրտերուն «կը նայի» (Ա.Թգ 16.7), մեր երիկամունքները կը քննէ (Սղ 7.9)։ «Չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի։ Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ։ Եւ անոր է որ հաշիւ պիտի տանք» (Եբր 4.13)։ Այո՛, հաշի՛ւ պիտի տանք Աստուծոյ, եթէ մեր սիրտը չտանք իրեն։
Եթէ սիրտը Աստուծոյ տալը՝ Աստուծոյ վստահիլ եւ ապաւինիլ է, ապա ուրեմն, սիրտը Աստուծոյ չյանձնելը՝ Աստուծոյ հանդէպ անվստահութիւն տածել է։ Աստուծոյ վստահող եւ զԱստուած իր հարստութիւնը նկատող մարդը ամո՛ւր պէտք է փարի Աստուծոյ։
«Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.21)։ Մեր սիրտը իրաւունք չունի որեւէ տեղ ըլլալու բայց միայն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Քանի որ Աստուա՛ծ է ստեղծիչն ու Փրկիչը մեր սիրտին, ուրեմն, մի՛այն Աստուած պէտք է ըլլայ անոր բնակիչը։ Աստուած հաշի՛ւ պիտի պահանջէ բոլոր անոնցմէ, որոնք իրենց սիրտի հոգեւոր պահանջքին չե՛ն անսար եւ Աստուծոյ չե՛ն դառնար։ Մեր սիրտը կոչ կ՚ուղղէ մեզի դառնալու Աստուծոյ. մենք իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու այդ կոչին դիմաց։
Աստուած իրաւունք ունի անհանգստանալու երբ իր բնակութեան համար ստեղծուած մեր սիրտը չար ու պիղծ ոգիներով բնակուած կը տեսնէ։ Ան իրաւունք ունի բարկանալու երբ արարուածը Արարիչէն աւելի՛ կը պատուենք։ Աստուած ստեղծեց մարդուն սիրտը եւ ուզեց որ անիկա իր փառքով լեցուն տաճար մը ըլլայ եւ ո՛չ թէ մեղքի անարգանքով համակուած կռատուն մը։ Ո՞վ կրնայ պահանջել Աստուծմէ չխռովիլ ի տես կռատուն դարձած մարդուն սիրտին։ Աստուած ամբողջական իրաւունքը ունի խռովելու երբ կը տեսնէ իր զաւակները հեռու խաղաղութենէն եւ խաղաղութեան Իշխանէն։
Սիրելի՛ ընթերցող, չորցած փայտի կտոր մըն է մարդուն սիրտը որ Ահարոնի գաւազանին նման կրնայ ծաղկիլ եւ յաւիտենական կեանքին համար պտուղ բերել երբ հաստատուի Քրիստոս-որթատունկին վրայ։ Տարտարոս մըն է մարդուն սիրտը որ կրնայ մեղքի խաւարը փարատող բոցաճաճանչ արեգակի մը վերածուիլ երբ բացուի խաչին լոյսին առջեւ։ Սգատուն մըն է մարդուն սիրտը որ կրնայ զԱստուած փառաբանող հարսնարանի մը փոխուիլ եթէ յարուցեալ Փեսան հոն մուտք գործէ։
Եթէ կ՚ուզես սիրտդ վերածել ծաղկող գաւազանի, բոցաճաճանչ արեգակի եւ հարսնարանի, յիշէ որ Աստուած քեզմէ աշխատանք չ՚ուզեր, այլ՝ փափաք, պատրաստութիւն չ՚ուզեր, այլ՝ պատրաստակամութիւն։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից