Հետաքրքրական է որ Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ քաղաքը «յաղթական մուտք» կը կոչուի։ Հետաքրքրական է անոր համար որ Յիսուս պատերազմական կառքի մէջ նստելով չէր որ մտաւ Երուսաղէմ, ո՛չ ալ ձիու վրայ հեծնելով, որ կրնար բանակով պատերազմի գալու տպաւորութիւնը ձգել, այլ ան նստաւ իշու մը աւանակին վրայ (Մտ 21.7, Զք 9.9)։ Աւանակին վրայ նստիլը խորհրդանիշ էր խաղաղութեան եւ հաշտութեան։ Այս իմաստով, աւանակին վրայ նստելով Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ կողմէ հրաւէր մըն էր ուղղուած Երուսաղէմի բնակիչներուն եւ ամբողջ հրեայ ժողովուրդին դարձի գալու եւ իր Որդիին ճամբով խաղաղութեան եւ հաշտութեան դաշինք կնքելու իր հետ։ Չմոռնանք նաեւ որ Քրիստոսի ոտքերուն առջեւ տարածուած ձիթենիի ճիւղերը նաեւ հաշտութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ էին։ Պատրա՞ստ ենք ձիթենիի ճիւղով ընդառաջ ելլել Քրիստոսի։ Այլ խօսքով, պատրա՞ստ ենք հաշտութեան ձեռք երկարելու անոր։
Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ հաշտեցնելու համար անոր բնակիչները մեր երկնաւոր Հօր հետ։ Փարիսեցիները սակայն որոնք Քրիստոսը օրհնաբանող ամբոխին կ՚ընկերանային՝ մերժեցին Քրիստոսապարգեւ հաշտութիւնը։ Աստուծոյ Որդիին ճամբով Աստուծոյ հետ հաշտուիլ մերժողները դատաստանի ենթակայ կ՚ըլլան։ Հետաքրքրական է ի մտի ունենալ որ եթէ երբեք մէկ կողմէն իշու կամ իշու աւանակին վրայ նստելով քաղաք մը մտնելը խաղաղութեան ու հաշտութեան նշան էր, միւս կողմէն սակայն, պէտք չէ մոռնանք որ իշու կամ իշու աւանակին վրայ նստելով քաղաք մտնելը դատաստանի նշան էր նաեւ։ Յիշենք որ Իսրայէլի դատաւորները երբ քաղաք մը պիտի երթային որոշ հարցի մը վերաբերեալ դատաստան ընելու՝ իշու կամ իշու մը աւանակին վրայ նստած կ՚երթային (Դտ 5.10, 10.4)։ Ի՞նչ հոգեւոր դաս կարելի է սորվիլ սա իրողութենէն։ Հոսկէ կը սորվինք այն՝ որ երբ Յիսուս հաշտութեան եւ խաղաղութեան ձեռք կ՚երկարէ դէպի մարդը, տուեալ մարդը Աստուծոյ դատաստանին ենթակայ եղած կ՚ըլլայ եթէ մերժէ Քրիստոսի առաջարկած հաշտութիւնը։ Ահա թէ ինչու չհաւատացող մարդուն վերաբերեալ կ՚ըսուի որ «արդէն իսկ դատապարտուած է» (Յհ 3.18)։
Աստուած եւ մարդ հաշտութիւնը չէր կրնար իրականանալ եթէ Քրիստոս իր արիւնը չթափէր խաչին վրայ։ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կեանքի կոչուեցաւ երբ Քրիստոս իր կեանքը զոհեց մեզի համար։ Քրիստոսի թագաւորութիւնը աշխարհային բնոյթ չունեցաւ եւ չունի (Յհ 18.36)։ Ան չէր ուզեր աշխարհասէր մարդոց վրայ թագաւոր ըլլալ։ Ահա թէ ինչո՛ւ երբ հինգ հազարին կերակրումը տեղի ունեցաւ եւ երբ կերակրուողներէն ոմանք փորձեցին բռնութեամբ թագաւոր ընել զինք՝ ան փախաւ անոնցմէ (Յհ 6.15)։ Ան նոյնիսկ խստիւ պատուիրեց իր աշակերտներուն չպատմել ուրիշներուն թաբօր լերան վրայ այլակերպութեան ժամանակ իր անձին վրայ տեսնուած աստուածային փառքին մասին։ Ան յաճախ խուսափեցաւ իբրեւ թագաւոր կամ իբրեւ Մեսիա ճանչցուելէ կամ ծափահարուելէ։ Բայց հիմա, իր երկրաւոր կեանքի աւարտին՝ Կիրակի օր՝ Ծաղկազարդին, ան որոշեց իբրեւ թագաւոր ու Մեսիա մուտք գործել Երուսաղէմ. «Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (Մտ 21.5)։ Քրիստոս շատ լաւ գիտէր որ այս ձեւի իր մուտքը Երուսաղէմ, դէպի խաչ ու մահ պիտի առաջնորդէր զինք։
Տուեալ մարգարէութիւնը արձանագրուած է Զաքարիայի մարգարէութեան մէջ. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար ու Փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ» (Զք 9.9)։ Յատկանշական է ներկայութիւնը "ուրախացի՛ր" եւ "ցնծութեամբ աղաղակէ՛" բառերուն։ Երբ Քրիստոս Երուսաղէմ մտաւ՝ ամբողջ քաղաքը ուրախութեամբ լեցուեցաւ։ Հոն ուր Քրիստոս մուտք գործէ՝ հոն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնն է որ մուտք կը գործեն։ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ միշտ ուրախութիւն կայ (Սղ 16.11)։ Ամենակարողէն մենք ուրախութիւն է որ կը ստանանք (Յոբ 22.26)։ Ուրախութիւնը քրիստոնեայ մարդուն զօրութիւնն է։ Ուրախութենէ զուրկ հոգի մը՝ զօրութենէ զուրկ հոգի մը կ՚ըլլայ։ Նո՛յնը կը հաստատէ Նեհեմիա մարգարէն. «Տիրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է» (Նե 8.10)։ Սատանան կը յաջողի մեր զօրութիւնը խլել մեր ձեռքէն՝ եթէ երբեք յաջողի մեր ուրախութիւնը խլել։
Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները չէին որ ուրախացան Քրիստոսի մուտքով։ Ուրախացողները եղան անոնք՝ որոնք մնայուն կերպով կը սպասէին ու կը փնտռէին Աստուծոյ խոստացեալ ազատարար Մեսիան։ Սա ցոյց կու տայ, թէ ոեւէ մարդ որ կը փնտռէ Քրիստոսը եւ կը գտնէ՝ ուրախութեամբ կը լեցուի։ Քրիստոսի մասին լսելը կամ կարդալը՝ ժամանակաւոր ուրախութիւն կու տայ մեր սիրտերուն, իսկ Քրիստոսը մեր սիրտերուն մէջ ընդունիլը՝ յաւիտենական ուրախութիւն։
Ունենալու համար մեր սիրտերուն մէջ երկնային անբացատրելի ուրախութիւն մը եւ լեցնելու համար մեր հոգիները Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեամբ՝ կարիքը ունինք Սուրբ Հոգիէն ծնելու։ Այս ինչ կամ այն ինչ մեղքէն հրաժարիլը մեզ ներքին ուրախութեան եւ խաղաղութեան չ՚առաջնորդեր։ Մեզ ներքին ուրախութեան առաջնորդողը մեր վերածնունդն է։ Բարեգործները իրենք նաեւ կ՚ապրին ներքին ուրախութիւն մը եւ գոհունակութիւն մը, բայց այդ ուրախութիւնը յաւիտենական չ՚ըլլար։ Բարեգործ մարդը չէ որ պիտի կարենայ կանգնիլ Աստուծոյ առջեւ, այլ Քրիստոսով արդարացած մարդը։
Բարեգործութիւնը արժէք կը ստանայ միայն այն ատեն երբ Աստուծոյ յանձնուած ըլլանք։ Աստուծոյ չյանձնուած բարին գործելը՝ աւելորդ է։
Յիսուս Երուսաղէմ մտնելէ ետք, մտաւ նաեւ Երուսաղէմի սիրտը հանդիսացող Աստուծոյ տաճարը։ Տաճարը Աստուծոյ եւ իր զաւակներուն տունն է։ Տանտէրը իր տունը դարձաւ եւ զայն պղծուած ու աղտոտած գտաւ։ Տաճարին Տէրը բարկացաւ եւ տաճարէն «դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ՚ընէին. եւ լումայափոխներուն սեղաններն ու աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց» (Մտ 21.12)։
Յիսուս բարկացաւ տաճարի շրջափակին մէջ աղաւնի եւ այլ կենդանիներ ծախողներուն, ո՛չ միայն անոր համար որ անոնք իրենց ներկայութեամբ տգեղցուցած ու հմայքը կորսնցուցած էին տաճարին ու անոր շրջափակին, այլեւ մանաւանդ անոր համար, որ ան անոնց մօտ տեսաւ անհոգութիւն եւ անտարբերութիւն հանդէպ Աստուծոյ եւ աստուածայինին։ Զոհի համար կենդանիներ ծախողներն ու գնողները հաւասարապէս մոռցած էին առաջնահերթը։ Քրիստոսի համար առաջնահերթը Աստուծոյ աղաւնի, ոչխար կամ արջառ ընծայելը կամ զոհելը չէր եւ չէ, այլ մեր սիրտերն ու հոգիները յանձնելը։
Աստուծոյ յանձնուիլը զոհողութիւն է այո՛, բայց զոհողութիւն է ո՛չ թէ անոր համար որ կը զրկուինք կեանքի տեսակ-տեսակ հաճոյքներէն, այլ անոր համար՝ որ Աստուծոյ յանձնուող մարդը՝ կոչում եւ պարտականութիւն կը ստանայ Աստուծմէ ուրիշները իրեն բերելու։ Աստուծոյ յանձնուիլը երբեք հաճոյքներէն զրկուիլ չի նշանակեր։ Աստուծոյ հետ ըլլալն ու ապրիլը մեծագոյն հաճոյքն է։ Առանց զոհողութեան չենք կրնար ուրիշները Քրիստոսի բերել։ Ոեւէ մէկը թող չկարծէ որ եթէ Աստուծոյ յանձնուի՝ զոհողութիւն կամ բարիք ըրած կ՚ըլլայ Աստուծոյ, ընդհակառակը, ան զոհ ըլլալէ ազատած կ՚ըլլայ։
Քրիստոսի բծախնդրութիւնը իր Հօրը տունը մաքուր տեսնելու պէտք չէ՞ սարսափեցնէ անոնց՝ որոնք դեռ կը շարունակեն եկեղեցին պղծել։ Այսօր եկեղեցիներուն շրջափակին մէջ կամ նոյնինքն եկեղեցւոյ մէջ աղաւնի ծախողներ չկան, բայց կան մարդիկ որոնք աղաւնիի մորթով գայլեր են «որոնք հաւատացեալներու շարքերուն մէջ սպրդած» են՝ «Յիսուս Քրիստոսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու… համար» (Գղ 2.4)։ Այսօր եկեղեցիներու մուտքին դրամափոխներու սեղաններ չկան, բայց եկեղեցւոյ գրկին մէջ կան այնպիսի՛ դրամասէրներ որոնք Յիսուսի իսկ բառերով՝ եկեղեցին «աւազակներու որջի վերածած» են (Մտ 21.13)։ Ան այսօր եւս կ՚ուզէ մաքրուած տեսնել Աստուծոյ եկեղեցին. մաքրուած մարդկային ամէն տեսակի հաշիւներէ ու շահերէ։
ԶԱստուած սիրո ղ մարդը՝ Աստուծոյ եկեղեցին ալ պէտք է սիրէ ու պատուէ։ Մենք անպատուած կ՚ըլլանք զԱստուած եւ իր Տունը երբ իր ներկայութեան կը կանգնինք ֆիզիքապէս բայց հոգեպէս ու մտապէս այլուր կը թափառինք։ Աստուծոյ համար իսկական տաճարը մեր սիրտն է եւ ո՛չ թէ քարեղէն կառոյցը։ Եթէ ան ուզեց մաքուր տեսնել նիւթական եկեղեցին, որքա՜ն աւելի պիտի ուզէր մաքուր տեսնել իր ճշմարիտ բնակավայրը՝ մեր սիրտը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից