28 Հունվար, Դշ. Առաջավորաց Պահքի Գ օր
Տարօրինակ պէտք է թուի այս յօդուածին վերնագիրը բոլոր անոնց համար՝ որոնք կ՚ապրին աճապարանքով եւ աճապարողներով լեցուն այս աշխարհին համար։ Մեզի՝ վերանորոգուած քրիստոնեաներուս համար, «աճապարել» բառը գոյութիւն պէտք չէ ունենայ կեանքի բառարանին մէջ։ Ինչպէս Աստուած ո՛չ մէկ բանի մէջ կ՚աճապարէ, այնպէս ալ Աստուծոյ զաւակները, թող բանի մը մէջ չաճապարեն։ Աճապարանօք կատարուած գործին կամ աճապարանօք առնուած որոշումին մէջ, ոչ միշտ, բայց ընդհանրապէս, Սատանան իր մատը կ՚ունենայ եւ մեզ կ՚առաջնորդէ սխալ գործ կատարելու եւ սխալ որոշում առնելու։ Աստուածաշունչը կու տայ աճապարանօք կատարուած գործերու եւ աճապարանօք առնուած որոշումներու օրինակներ, որոնք սխալ արդիւնքի յանգեցան։ Փարիսեցիները աճապարեցին երբ «ժողովարանէն դուրս դրին» ի ծնէ կոյրը (Յհ 9.34)։ Անոնք իրաւունք չունէին զայն ժողովարանէն դուրս դնելու, առանց լսելու վկայութիւնը զինք Բժշկողին։ Իրենց առած որոշումին պատճառով, լսեցին Յիսուսէն դատապարտիչ հետեւեալ խօսքը. «Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կ՚ուրնան» (Յհ 9.39)։
Երկրորդ օրինակ մը։ Անանիայի եւ Սափիրայի մահը իրենց առած արագ որոշումին հետեւանքն էր։ Անոնք տեսնելով որ շատեր իրենց ունեցած արտերն ու տուները կը ծախէին եւ դրամը առաքեալներուն կը յանձնէին, որոշեցին իրե՛նք եւս նոյնը ընել, բայց այդ ընելու իրենց դրդապատճառը ուղիղ չէր։ Անոնք պէտք էր քանի մը օր մտածէին եւ ո՛չ թէ ներշնչման եւ խանդավառութեան մէկ պահուն նման որոշում առնէին։ Երբ կը դիտենք առաքեալներուն վերաբերմունքը, կը տեսնենք որ անոնք եւս շատ մը պարագաներու աճապարեցին, բայց Յիսուս չքաջալերեց անոնց վերաբերմունքը։ Երեք տարիներ ժամանակ խլեց որ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցնէ թէ ինչպէս պէտք է վերաբերին, գործեն ու խորհին։ Ան երեք տարիներ շարունակ հաւատքով թրծեց ու քաջալերեց զիրենք։ Երբեմն ալ յանդիմանեց ու սաստեց։
Անոնք Յիսուսի խաչուելէն իսկ առաջ զինք յաջորդելու միտումներ ցոյց տուին, անհաւատ քաղաքներուն վրայ երկինքէն վար կրակ բերել առաջարկեցին, Քրիստոսէ պահանջեցին որ իր թագաւոր ըլլալը յայտնէր աշխարհին, իրեն համար մեռնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին, զինք չուրանալ երդուեցին, եւ այս բոլորը արագ որոշումի արդիւնք էին։ Յիսուս չքաջալերեց իրենց այս կեցուածքներէն որեւէ մէկը։
Յիսուս երբ գործ մը յանձնէ իր զաւակներուն, կ՚ուզէ որ իր զաւակները արագօրէն պատրաստակամութիւն յայտնեն, բայց չ՚ուզեր որ արագօրէն գործի նետուին։ Ան կ՚ուզէ որ մենք աղօթքով ժամանակ անցնենք հետը եւ խնդրենք իր գործակցութիւնն ու առաջնորդութիւնը՝ իր կողմէ մեզի յանձնուած գործը լաւագոյնս կատարելու համար։
Ուստի, ո՛չ մէկ բանի մէջ աճապարենք, այլ ամէն բան դնենք Յիսուսի ձեռքին մէջ։ Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի (Ժղ 3.1)։ Ժամանակէն առաջ կատարուած գործ մը արդիւնաբեր չ՚ըլլար։ Ան որ կը փորձէ գործ մը կատարել իր ժամանակէն առաջ, կը նմանի այն մարդուն որ ծառի մը պտուղները կը հաւաքէ անոնց խակ եղած ատեն։ Ինչպէս ժամանակէն առաջ քաղուած պտուղը օգուտէն աւելի կրնայ վնաս բերել, այնպէս ալ ժամանակէն առաջ կատարուած գործ մը, աւելի վնասաբեր կ՚ըլլայ քան օգտաբեր։
Փափաքի'նք սրբանալ բայց չաճապարենք։ Կրնայ պատահիլ որ աշխարհային կեանք ապրող անձ մը փափաք յայտնէ դարձի գալու Աստուծոյ։ Աստուած կը գնահատէ նման փափաք եւ կը զօրակցի նորադարձին։ Բայց չմոռնանք որ Աստուած չ՚ակնկալեր որ նորադարձը շուտով եւ մէ՛կ անգամէն սրբուի իր մեղքերէն եւ սուրբ մը ըլլայ։
Նորադարձը ինք եւս նման բան պէտք չէ ակնկալէ ինքնիր անձէն։ Ճիշդ է որ ճշմարիտ ապաշխարութիւն ապրող անձ մը կ՚ուզէ մէ՛կէն փոխուիլ եւ բոլորովին նոր անձ մը ըլլալ եւ նոր կեանք մը ապրիլ, բայց ատիկա անկարելի է, եւ այդպիսի բան Աստուած չ՚սպասեր ու չի պահանջեր մեզմէ։ Ինչպէս խակ պտուղը ժամանակ կ՚ուզէ որպէսզի հասուննայ երկնաէջ անձրեւով, ցօղով ու ջերմութեամբ, այնպէս ալ հոգեւորապէս խակ մարդը, ժամանակ կ՚ուզէ որպէսզի աճի իր հաւատքին ու հոգեւորութեան մէջ՝ Աստուծոյ շնորհքով եւ առաջնորդութեամբ։
Ես անձնապէս ինկած եմ եւ կ՚իյնամ հոգեւորապէս շուտ աճիլ փորձելու սխալին մէջ։ Երկար ատեն ծոմ կը պահենք, կ՚աղօթենք, կ՚աղաչենք եւ կը կարծենք որ ատոնք պիտի օգնեն մեզի շուտով աճելու հոգեւորապէս։ Գրիչ մը հետեւեալը ըսած է. «Աստուած ինչպէս ժամանակ կը տրամադրէ կաղնիի ծառ մը հասունցնելու համար, այնպէս ալ ժամանակ կը յատկացնէ սուրբ մարդ մը իրագործելու համար»։
Սիրելի՛ հոգեւոր եղբայր եւ քոյր, բոլորս ալ կ՚ուզենք սուրբ կեանք մը ապրիլ եւ բոլոր տեսակի մեղքերէ ու տկարութիւններէ սրբուիլ։ Բայց պէտք է յիշենք որ չկա՛յ յանկարծակի սրբացում, չկա՛յ ակնթարթային փոփոխութիւն։ Սրբուիլն ու սրբացումը ժամանակ կը պահանջեն։ Փոփոխութիւնը աստիճանական կերպով տեղի պիտի ունենայ։
Ինչպէս եթէ մէկը աճապարէ մուրճի արագ հարուածներով անտաշ քարը տաշել եւ անկէ դուրս բերել մարդու մը կերպարանքը, կրնայ ամբողջութեամբ փճացնել քարի կտորը, այնպէս ալ, եթէ Աստուած փորձէ անդուլօրէն փորձութեանց եւ փորձառութեանց քուրայէն անցնել մեզ՝ շուտով մեզ սուրբ ընելու համար, մենք կրնանք յաւիտենապէս կորսուիլ։
Աստուծոյ թոյլ տուած ամէն մէկ փորձութիւնը մեզ քայլ մը միայն կ՚աճեցնէ մեր հոգեւորութեան մէջ։ Եթէ Աստուած ուզէ մեզ շուտով աճեցնել, ան պէտք է թոյլ տայ որ բոլոր տեսակի փորձութիւնները մէ՛կ անգամէն մեր գլխուն թափին։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ դիմանալ նման բանի։ Այդ ընելով, Աստուած մեզ սրբութեան չ՚առաջնորդեր, այլ՝ կործանումի։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից