Աստուած չի՛ կարծրացներ մարդուն սիրտը

Աստուած «որուն որ ուզէ՝ կ՚ողորմի եւ որուն որ սիրտը կարծրացնել ուզէ՝ կը կարծրացնէ» (Հռ․ 9.18)։ Ոմանք հիմնուելով այս համարին վրայ, կ՚ուսուցանեն որ Աստուած որուն որ փրկել կ՚ուզէ՝ կը կակուղցնէ անոր սիրտը եւ ապաշխարութեան արցունք կը շնորհէ անոր, իսկ որուն որ կորսնցնել կ՚ուզէ՝ կը կարծրացնէ անոր սիրտը։ Նման բացատրութիւն մը հեռո՛ւ է ճշմարիտ ըլլալէ։ Պօղոս եւ Պետրոս կ՚ուսուցանեն որ Աստուած քաղցրութիւն եւ համբերատարութիւն կը ցուցաբերէ մեր նկատմամբ որպէսզի մեզ ապաշխարութեան բերէ (Հռ․ 2.4 Հմմտ Բ.Պտ․ 3.9)։ Անկարելի է որ Աստուած չողորմի մէկու մը որ իր ողորմութեան կ՚ապաւինի։

«Որուն որ սիրտը կարծրացնել ուզէ՝ կը կարծրացնէ»։ Աստուած իսկապէս կը կարծրացնէ՞ մարդուն սիրտը։ Աստուած երբեք չի՛ կարծրացներ մարդուն կակուղ սիրտը, ո՛չ ալ կը դառնացնէ քաղցրութեամբ լեցուն հոգի մը։ Ելից գիրքին մէջ կը կարդանք որ երբեմն Փարաւոն կարծրացուց ինքնիր սիրտը (Ել․ 8.32) եւ երբեմն ալ Աստուած ի՛նք կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը (Ել․ 10.20)։

Աստուած չկարծրացուց Փարաւոնին սիրտը։ Աստուած պարզապէս Փարաւոնին սիրտին կարծրութիւնը օգտագործեց իր ծրագիրը իրականացնելու համար։ Մէկը կրնայ չարիք մը ընել մեզի եւ Աստուած կրնայ օգտագործել այդ չարիքը եւ անկէ հոգեւոր օրհնութիւն մը քաղել մեզի համար, բայց այդ չի՛ նշանակեր որ Աստուած ի՛նքն է այդ չարիքը ընողը կամ ընելու արտօնութիւնը տուողը։

Աստուած կրնայ թոյլ տալ որ կարծր սիրտ ունեցող մը պահէ իր սիրտին կարծրութիւնը, այդպէս ընելուն պարագային, կարծէք Աստուած ի՛նք կը նկատուի պատճառը անոր սիրտին կարծրութեան։ «Կարծէք» կ՚ըսեմ, որովհետեւ իրողութիւնը այդպէս չէ։ Աստուած ինքզինք չի ճանչցներ մէկու մը որ չ՚ուզեր զինք ճանչնալ։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել» (Հռ․ 1.28)։ Ըստ այս համարին, անոնք որոնք «չուզեցին զԱստուած ճանչնալ», Աստուած անոնց է որ թոյլ տուաւ որ «իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել»։ Կարելի՞ բան էր որ Աստուած անարգ միտքերու անձնատուր դարձնէ այնպիսի մարդիկ՝ որոնք զինք ճանչնալ կ՚ուզեն։

Երբ դէմ դնենք Սուրբ Հոգիին՝ ան կը հեռանայ մեզմէ (Ա.Թգ․ 16.14)։ Եթէ խաւարի գործեր կատարենք, անշուշտ որ Աստուած իր լոյսը պիտի չշողացնէ մեր վրայ։ Եթէ մեր սիրտը կամաւորապէս կարծրացնենք, բնականօրէն մեր սիրտին մէջ աստուածադիր գորովի եւ գութի ամէն զգացում պիտի չքանայ։ Նոյնը չպատահեցա՞ւ Փարաւոնին հետ։ Ան կամաւորպէս չկարծրացո՞ւց իր սիրտը։ Թէպէտ Փարաւոն կարծր սիրտ մը ունէր, բայց այդ բոլոր նշաններն ու հրաշքները որոնց ականատեսը եղաւ, իրեն համար առիթ մը չէի՞ն դառնալու Աստուծոյ։ Փարաւոն օգտագործե՞ց առիթը։ Հետեւաբար, «Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը» բացատրութիւնը, պարզապէս կը նշանակէ, որ Աստուած թոյլ տուաւ որ ան շարունակէր իր կարծր եւ կամակոր ընթացքին մէջ մնալ։

«Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր եւ ականջները ծանրացուր ու անոր աչքերը գոցէ, որպէսզի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ եւ սիրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի» (Ես․ 6.10)։ Դարձեալ, անոնք որոնք կը հաւատան որ Աստուած որու որ չ՚ուզեր փրկել՝ կը կարծրացնէ անոր սիրտը, այս համարը կը վկայակոչեն։ Սա ողջմիտ մարդու տրամաբանութիւն չէ։

Ո՞վ է ան՝ որուն Աստուած «չ՚ուզեր» կամ «չի՛ կրնար» փրկել։ Կարելի՞ բան է որ Աստուած կարծրացնէ մեր սիրտը, ի՛նք՝ որ խոստացաւ ըսելով. «Ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ» (Եզ․ 36.26)։ Կարելի՞ բան է որ Աստուած ուրախանայ սիրտի կուրութիւն տալով մեզի, ի՛նք՝ որ տրտմեցաւ մեր սիրտի կուրութեան համար (Մր․ 3.5)։ Կարելի՞ բան է որ սկիզբէն որոշած ըլլայ թէ որոնք պիտի չփրկուին, ի՛նք՝ որ աշխարհի սկիզբէն պատրաստած է երկինքի արքայութիւնը մարդոց համար (Մտ․ 25.34)։

Աստուած կը հրամայէ Եսայի մարգարէին որ աստուածպաշտութիւն քարոզէ։ Բնական է որ նման քարոզ մը աստուածապաշտ ըլլալ չուզողի մը սիրտը աւելի՛ կը կարծրացնէ։ Մեղքով թմրած եւ մեղկացած մարդիկ երբ լսեն արթնութեան կոչեր աւելի՛ «կը քնանան» ու կը թմրին։ Ո՞ր խաւարասէր մարդը լոյսի մասին դասախօսութիւն կ՚ուզէ լսել։ Ո՞ր չարագործ մարդը բարեգործութեան մասին ճառ կը սիրէ լսել։ Ո՞ր ժլատ մարդ ինքնիր ունեցածը եւ ինքզինք յանձնելու կոչ կ՚ուզէ լսել։

Ինչպէս եթէ Ֆիզիքապէս անօթի եղող մեր «թշնամին» կերակրենք «անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր» դիզած կ՚ըլլանք (Առ․ 25.21-22), այնպէս ալ եթէ Աստուծոյ խօսքը քարոզենք Աստուծոյ թշնամի եղող մարդոց, զանոնք դատապարտութեան տակ դրած կ՚ըլլանք։  Երբ ճշմարտութիւնը քարոզենք մարդոց, անոնք պատասխանատու կը դառնան իրենց անձերուն, որովհետեւ եթէ ընդունին ճշմարտութիւնը՝ կ՚ազատին (Յհ․ 8.32), իսկ եթէ մերժեն զանիկա՝ կը կորսուին (Հռ․ 2.8)։

Երբ դարձի գալու կոչ կ՚ուղղենք մէկու մը որ դարձի գալ չ՚ուզեր, խորքին մէջ անոր պատիժը աւելի՛ անտանելի դարձուցած կ՚ըլլանք։ Երբ «Բացէ՛ք ձեր հոգեւոր աչքերը» կ՚ըսենք այնպիսի մարդոց, որ բնա՛ւ չեն հետաքրքրուած հոգեւոր կեանքով, կարծէք մե՛նք է որ գոցած կ՚ըլլանք անոնց աչքերը։ «Կարծէք» կ՚ըսեմ, որովհետեւ երբ ճշմարտութիւնը կը հռչակենք, ձեւով մը անոնց աչքերուն գոց ըլլալուն իրողութիւնն է որ բացայայտած կ՚ըլլանք։ Սիրելի՛ բարեկամ, ինչպէս արեւէն միայն լոյս դուրս կ՚ելլէ, այնպէս ալ մեր քաղցր Տիրոջմէն միայն քաղցրութիւն դուրս կ՚ելլէ։ Աստուած չի՛ խստացներ մարդուն սիրտը։ Ուրեմն, մի՛ խստացներ սիրտդ ըսելով. «Աստուած կը խստացնէ մարդուն սիրտը»։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

06.06.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․