«Բարեկա՛մ, ասոր համա՞ր եկար»

«Բարեկա՛մ, ասոր համա՞ր եկար» (Մտ 26.50)։ Այս խօսքը Յիսուս ըսաւ Յուդա Իսկարիոտացիին, որ եկած էր համբոյրով մը զինք մատնելու իր թշնամիներուն ձեռքը։ Յուդային ուղղուած այս խօսքը՝ ուղղուած է նաեւ պատմութեան եւ այսօրուան բոլոր Յուդաներուն։ Այսօր, մեր կեանքին մէջ կան Յուդաներ որոնք կամովին կամ ուրիշին կողմէ ղրկուելով՝ կ՚երթան այսինչ կամ այնինչ հոգեւոր եղբօր կամ քրոջ մօտ իբրեւ լրտես, տեսնելու ու գիտնալու համար թէ ի՛նչ կը խօսուի եւ ի՛նչ կ՚ըսուի Աստուծոյ խօսքին քարոզութեան եւ պաշտամունքի ընթացքին։ Ես չէ հարկաւ որ այդպիսիները լրտես կը կոչեմ, այլ Աստուածաշունչը։

Պօղոս առաքեալ խօսելով կեղծ քրիստոնեաներու մասին, կ՚ըսէ. «Թլփատութիւն պահանջողները քանի մը կեղծ քրիստոնեաներ էին, որոնք հաւատացեալներու շարքերուն մէջ սպրդած էին՝ Յիսուս Քրիստոսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու եւ մեզ Մովսիսական օրէնքներու ծառայութեան մէջ պահելու համար» (Գղ 2.4)։ Թլփատութիւնը օրէնք էր Եբրայեցիներուն համար։ Տուեալ համարին համաձայն, լրտեսուողները չթլփատուող նորադարձ քրիստոնեաներն էին, որոնք կը լրտեսուէին թլփատուող կեղծ քրիստոնեաներու կողմէ։ Անոնք որոնք իսկապէս կ՚ընդունէին Աստուծոյ փրկութեան շնորհքը եւ կը դառնային շնորհքի զաւակներ, Աստուծոյ զաւակներ, երբե՛ք կարիքը չէին զգար թլփատուելու եւ կարեւոր չէին նկատեր թլփատուիլը։ Առաքեալը կը հաստատէ թէ «իսկական թլփատութիւնը սրտի՛ թլփատութիւնն է» (Հռ 2.29)։ Թլփատութիւն պահանջողները «օրէնքի գործադրութեան կառչած» մարդիկն էին, իսկ թլփատուիլ մերժողները՝ Աստուծոյ շնորհքին կառչած մարդիկն էին։

Ոչինչ փոխուած է պատմութենէն։ Եթէ նայինք այսօրուան մեր կեանքին, կը տեսնենք, թէ մեր շուրջ կան կեղծ քրիստոնեաներ, որոնք, որպէս թէ օրէնք քարոզելու ելեր են, մինչդեռ իրենք անօրէն եւ ապօրէն մարդիկ են։ Այդպիսի մարդիկ, իբրեւ լրտես կ՚երթան կամ կը ղրկուին շնորհքի զաւակներուն մօտ որպէսզի անոնց «օրէնք քարոզեն», եւ կամ անոնց ուշադրութեան յանձնեն թէ օրէնքէն դուրս բաներ կ՚ընեն։ Լրտեսութիւնն ալ օրէնքէն դուրս բան մը չէ՞, մանաւանդ եթէ երբեք ատիկա Աստուծոյ զաւակներուն ծուղակ լարելու միտումով կ՚ըլլայ։

«Բարեկա՛մ, ասոր համա՞ր եկար»։ Եթէ Յուդան չար միտումով մը մօտեցած չըլլար Յիսուսի՝ Տէրը այս հարցումը պիտի չուղղէր իրեն։ Յուդայի ուղղուած հարցումը ցոյց կու տայ թէ ան չար նպատակով մը մօտեցած էր Յիսուսի։ Նոյն այս հարցումը ուղղուած է բոլոր անոնց՝ որոնք չար միտումով ու նպատակով կ՚երթան կամ կը ղրկուին հոգեւոր մարդոց մօտ։ Անոնք որոնք չար միտումով, այսինքն՝ սխալ բան մը տեսնելու ակնկալութեամբ կ՚երթան անոնց մօտ, այդպիսիները աղօթք ու պաշտամունք եղած ատեն, ո՛չ միայն Աստուծոյ օրհնութիւնը չեն վայելեր եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին հպումը չեն զգար, այլ ընդհակառակը, առաւել թշնամացած Սուրբ Հոգիին՝ տուն կը դառնան։ Ինչպէս բժիշկի մօտ գացող հիւանդը, բուժուելու ակնկալութեամբ եւ յոյսով պէտք է երթայ որպէսզի բժշկուի, այնպէս ալ եթէ մէկը Սուրբ Հոգիով օծուն եւ լեցուն մարդու մօտ երթայ, պէտք է հոգեւոր արթնութիւն եւ նորոգութիւն ապրելու վառ յոյսով երթայ, որպէսզի Սուրբ Հոգին զայն առաջնորդէ հոգեւոր նորոգութեան եւ այլակերպութեան։

Հոգեւոր կեանք ապրող եւ ապրիլ յանձնարարող անհատներ միշտ ժողովրդականութիւն վայելող անհատներ եղած են. եւ անոնք մի՛շտ ալ հալածուած են զանազան կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կողմէ։ Նոյնը պատահեցաւ Քրիստոսի։ Ի ծնէ կոյրին բժշկութիւնը (Յհ 9), ինչպէս նաեւ Ղազարոսի յարութիւնը (Յհ 11), պատճառ եղան որ Յիսուսի հետեւորդներուն թիւը մեծապէս շատնայ։ Յիսուսի նոյն այս հետեւորդներն էին որ փառաբանական բացագանչութիւններով դիմաւորեցին Յիսուսը երբ ան յաղթականօրէն Երուսաղէմ մտաւ։ Այս տեսնելով, Փարիսեցիները իրարու ըսին. «Կը տեսնէ՞ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. ահա ամբողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի» (Յհ 12.19)։ Այս բառերը ցոյց կու տան թէ մենք «բան մըն ալ չենք կրնար ընել» անոնց դէմ՝ որոնք Աստուծոյ օծեալ զաւակներն են, եւ թէ չենք կրնար արգիլել մարդոց որ հետեւին Աստուծոյ օծեալ զաւակներուն։

Փարիսեցիները նախանձի եւ եսասիրութեան պատճառով էր որ սպաննեցին Յիսուսին։ Անոնք երբ տեսան որ իրենց հետեւորդներուն թիւը հետզհետէ կը նուազէր, իսկ Յիսուսի հետեւորդներուն թիւը հետզհետէ կ՚աճէր, գրգռուեցան եւ սկսան մտածել Յիսուսը մէջտեղէն վերցնելու մասին։ Այսօր մեր կեանքին մէջ չկա՞ն մարդիկ որոնք երբ կը տեսնեն թէ մէկու մը հետեւորդներուն թիւը կ՚աճի՝ կը փորձեն հալածել զինք եւ իր հետեւորդները։

Հոգեւոր մարդուն հալածող մարդը՝ Սուրբ Հոգիին է որ հալածած կ՚ըլլայ։ Երբ Պօղոս կը հալածէր քրիստոնեաները՝ Քրիստոս երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը հալածես զիս» (Գրծ 9.4)։ Այլուր Յիուս կ՚ըսէ. «Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն» (Յհ 15.20)։ Ան որ Աստուծոյ մարդուն դէմ կը խօսի, ո՛չ միայն Աստուծոյ դէմ խօսած կ՚ըլլայ, այլ նաեւ հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ։ Երբ Ահարոն եւ Մարիամ խօսեցան իրենց եղբօր՝ Մովսէսին դէմ, Աստուած քովը կանչել տուաւ Ահարոնն ու Մարիամը եւ անոնց ըսաւ. «Իմ ծառայիս Մովսէսին դէմ խօսելու ինչո՞ւ չվախցաք». Աստուած բորոտութեամբ պատժեց Մարիամը (Թւ 12.8, 10)։

Հոգեւոր մարդոց քով իբրեւ լրտես ղրկուածները հոգեւորապէս կոյր կ՚ըլլան, եւ ուստի՝ անկարող տեսնելու ճշմարտութիւնը։ Ասիկա պատճառ կ՚ըլլայ որ միայն սուտը փոխանցեն անոնց՝ որոնք զիրենք ղրկած են։ Ստախօս մարդիկ Աստուծոյ մարդոց մասին թող կարծիք չտան եւ ո՛չ ալ զանոնք դատեն։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

24.01.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․