Դարձի եկած մը կրնա՞յ իր փրկութիւնը կորսնցնել

Դարձի եկած մը կրնա՞յ իր փրկութիւնը կորսնցնել։ Գտնելու համար այս հարցումին ճշգրիտ պատասխանը, նախ պէտք է փորձենք գտնել պատասխանը ուրիշ մէկ հարցումին.- կարելի՞ է դէմ դնել Աստուծոյ շնորհքին թէ ոչ։ Ե՛ւ Աստուածաշունչը ե՛ւ մարդկային փորձառութիւնը ցոյց կու տան, որ այո՛, կարելի է դէմ դնել Աստուծոյ շնորհքին։ Փրկութեան հրաւիրող Աստուծոյ շնորհքը անդուլօրէն կը գործէ բոլոր մարդոց մէջ, եւ սակայն, անուրանալի է որ մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իրենց ապրած կեանքով Աստուծոյ շնորհքին դէմ է որ կը դնեն։ Եթէ երբեք կարելի է դէմ դնել Աստուծոյ շնորհքին, ուրեմն, կարելի է նաեւ, որ դարձի եկած մը իր փրկութիւնը կորսնցնէ։

Աստուածաշունչին մէջ ունինք համարներ ինչպէս նաեւ մարդոց օրինակներ, որոնք կը հաստատեն մեր ըսածը։ Ամէնէն ցայտուն օրինակը Դեմասի օրինակն է։  Բ.Տմ․  4.10-ին  մէջ  կը  կարդանք.  «Դեմասը այս աշխարհը նախընտրելով՝ զիս լքեց եւ Թեսաղոնիկէ գնաց»։  Պօղոս առաքեալ Դեմասը կը յիշէ իբրեւ իր գործակիցը (Փլմ․ 24 հմմտ․ Կղ․ 4.14)։

Ահաւասիկ մէկը, որ լքեց աշխարհը եւ հետեւեցաւ Քրիստոսի, եւ ապա դարձեալ լքեց զՔրիստոս եւ հետեւեցաւ աշխարհին։ Մէկը, որ Քրիստոսի աւետարանը տարածելու աշխատանքին մէջ դարձած էր հաւատարիմ գործակիցը Պօղոսի, ճանչցած ու ապրած          էր        ճշմարտութիւնը,     եւ վերստին անկէ հեռացած։ Սա իրողութիւնը չա՞պացուցաներ որ դարձի եկած մը կրնայ վերստին իր փրկութիւնը կորսնցնել։

Եթէ անկարելի ըլլար որ զՔրիստոս ճանչցող մը վերստին հեռանար Քրիստոսէ, այդ պարագային Սուրբ Գիրքին մէջ պէտք չէ գտնէինք հետեւեալ հաստատումը. «Անոնք որոնք մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալով՝ աշխարհի պղծութիւններէն անգամ մը հեռանալէ ետք վերստին նոյն պղծութիւններուն մէջ կիյնան, անոնց վիճակը նախկինէն շատ աւելի գէշ կըլլայ։ Աւելի լաւ կըլլար՝ որ անոնք բնաւ ճանչցած չըլլային արդարութեան ճամբան, քան թէ ճանչնալէ ետք՝ հեռանային իրենց աւանդուած սուրբ պատուիրանէն։ Ինչքան անոնց կը պատշաճին Առակաց գիրքին սա ճշմարիտ առածները.  շունը իր փսխածին կը դառնայ. իսկ միւսը՝ խոզը որքան ալ լուաս՝ տիղմին մէջ կը թաւալի» (Բ.Պտ․ 2.20-22)։

Բնագիրին մէջ գործածուած «ճանչնալ» բառը տեսական ճանաչողութեան ակնարկութիւն չէ։ Մեկնիչներ միաձայնութեամբ կը հաստատեն, որ «ճանչնալ»            բառին համար գործածուած Յունարէն «էբիկնօսիս» բառը «ամբողջական ճանաչողութիւն» իմաստը ունի։ Ուրեմն, այստեղ բնագիրը կակնարկէ այնպիսի մարդոց, որոնք խորապէս ճանչնալէ ետք զՔրիստոս եւ ընդունելէ ետք զայն իբրեւ Փրկիչ, անոր հետ սերտ եւ ջերմ յարաբերութիւն մշակելէ ետք, դարձեալ հեռացան անկէ։

Նոյն «ճանչնալ» «էբիկնօսիս» բառը գործածուած կը գտնենք Եփ․ 4.13, Կղ․ 2.2, Հռ․ 1.28, Ա.Տմ․ 2.4-ին մէջ։ Յիշենք ասոնցմէ միայն առաջինը. «Մինչեւ բոլորս հասնինք հաւատքի ամբողջական միութեան եւ Աստուծոյ Որդիին ճանաչողութեան. այսինքն՝ մինչեւ հասնինք հաւատքի չափահասութեան, Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան» (Եփ․ 4.13)։ Շատ հետաքրքրական է, որ այստեղ, Աստուծոյ Որդին ճանչնալ, կը նշանակէ հասնիլ հաւատքի չափահասութեան եւ դառնալ Քրիստոսի կատարեալ նմանութիւնը։ Ի՞նչ ցոյց կու տայ այս իրողութիւնը։ Ցոյց կու տայ, որ Բ.Պտ․ 2.20-22-ը կը խօսի այնպիսի մարդոց մասին, որոնք հասնելէ ետք հաւատքի չափահասութեան եւ դառնալէ ետք Քրիստոսի կատարեալ նմանութիւնը, կամաւորաբար վերստին լքեցին զՔրիստոս։ Հիմա դո՛ւք ըսէք, սիրելի՛ ընթերցողներ, դարձի եկած մը կրնա՞յ իր փրկութիւնը կորսնցնել, Քրիստոսի արիւնող արդարացած մարդ մը կրնա՞յ դարձեալ հեռանալ իր արդարութենէն։

Աստուա՛ծ կու տայ պատասխանը այս հարցումներուն ըսելով. «Եթէ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու ամբարիշտին ըրած բոլոր գարշութիւններուն պէս անօրէնութիւն գործէ, պիտի ապրի՞։ Անոր ըրած արդար գործերէն ո՛չ մէկը պիտի յիշուի. անիկա իր ըրած յանցանքին ու գործած մեղքին համար պիտի մեռնի» (Եզ․ 18.24)։ Այս համարը ցոյց չի՞ տար որ Քրիստոսով արդարացած մարդը վերստին կրնայ հեռանալ իր արդարութենէն։ Շատ մարդիկ կան որոնք հաւատքի գալէ եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդակից դառնալէ ետք, նախընտրած են վերստին աշխարհի հաղորդակցութեան վերադառնալ։

Այս իրողութիւնը չէ՞ որ մատնանիշ կընէ Պօղոս առաքեալ երբ կըսէ. «Անոնք որ անգամ մը լուսաւորուելով մկրտուելէ, երկնային պարգեւները վայելելէ, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից դառնալէ, Աստուծոյ բարի խօսքը ճաշակելէ եւ հանդերձեալ աշխարհի  սքանչելիքներուն  նախաճաշակը առնելէ ետք՝ իրենց հաւատքը կը լքեն, այդպիսիները կարելի չէ երկրորդ անգամ ապաշխարութեան բերել» (Եբր․ 6.4-6)։ Այս համարը շատ յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ ոեւէ մարդ փրկութեան պարգեւը ընդունելէ ետք, կրնայ վերստին զանիկա կորսնցնել եթէ երբեք լքէ իր հաւատքը։ Նման պարագայի մը, «մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կըլլայ» (Մտ․ 12.45 Հմմտ․ Ա.Պտ․ 2.20)։

Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Այլեւս Քրիստոսի մաս կը կազմենք, եթէ մինչեւ վերջ անխախտ պահենք սկիզբէն մեր ձեռք բերած վստահութիւնը» (Եբր․ 3.14)։ Ի՞նչ է այստեղ ուսուցուածը։ Ուսուցուածը այն է, որ ոեւէ մէկը որ կը դառնայ Քրիստոսի եւ կը վստահի անոր, այլեւս Քրիստոսի մաս կը կազմէ։ Տուեալ համարին մէջ սակայն բառ մը կայ որ պէտք չէ վրիպի մեր ուշադրութենէն։ Այդ բառը «եթէ» բառն է։ «Եթէ մինչեւ վերջ անխախտ պահենք…»։ Քանի որ «եթէ»ի հարց մը կայ, կը նշանակէ որ կարելիութիւնը կայ կորսնցնելու մեր փրկութիւնը։ «Եթէ»-ին ներկայութիւնը թոյլ չի՛ տար որ մենք զմեզ ապահովագրուած նկատենք։

Նոյն իմաստն ու նշանակութիւնը ունի Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի» (Մտ․ 10.22)։ Ո՞վ է որ պիտի փրկուի. ան՝ որ մինչեւ վերջը դիմանայ։ Բայց ո՞վ կրնայ ըսել որ ինք մինչեւ վերջը պիտի դիմանայ։ Դարերու ընթացքին, անհամար թիւով հաւատացեալներ յարուցուող նեղութիւններուն դիմաց՝ հեռացան քրիստոնէական իրենց հաւատքէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ Պօղոս կըսէ. «Չըլլայ որ ոեւէ մէկը իր համոզումներուն մէջ խախտի ներկայ նեղութիւններուն պատճառով» (Ա.Թս․ 3.3)։ Այլուր, կըսէ. «Ով որ կը կարծէ թէ կանգուն է՝ թող զգոյշ ըլլայ որ չիյնայ» (Ա.Կր․ 10.12)։ Առաքեալը պիտի չզգուշացնէր հաւատացեալ մարդը իյնալէ եթէ երբեք իյնալու կարելիութիւնը միշտ բաց չըլլար անոր առջեւ։

Հոս կուզեմ անդրադառնալ շատ կարեւոր կէտի մը։ Քրիստոնէական եկեղեցին կուսուցանէ որ Աստուած մարդուն ազատ կամք տուած է։ Այս ուսուցումը կը հաստատուի Բ.Օր․ 30.19-ի վրայ որ կըսէ. «Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէսզի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ»։ Ինչո՞ւ յիշեցի այս մէկը։ Ի՞նչ կապ ունի «ազատ կամք» հասկացողութիւնը զՔրիստոս ճանչնալուն եւ զանիկա վերստին ուրանալուն հետ։ Շատ սերտ կապ ունի։

Աշխարհի մէջ ապրող ամէն մէկ մարդ էակ կրնայ իր սիրտը բանալ Քրիստոսի առջեւ եթէ ուզէ։ Կարեւոր ճշմարտութիւնը որ մեր միտքէն պէտք չէ վրիպի հետեւեալն է. մարդ արարծը իր ազատ կամեցողութեամբ կրնայ Քրիստոսի գալ եւ իր ազատ կամեցողութեամբ կրնայ դարձեալ հեռանալ Քրիստոսէ։ Դարձի եկող մարդը չի կորսնցներ իր ազատ կամեցողութեան պարգեւը։ Քանի որ մարդը ազատ կամք ունի իր դարձի գալէն առաջ եւ քանի որ դարձի գալէն ետք կը շարունակէ պահել իր ազատ կամքը, ուրեմն, Քրիստոսէ հեռանալու վտանգը միշտ ի զօրու է։ Ոմանք կը հաստատեն որ ճշմարտապէս դարձի եկած եւ Քրիստոսի սէրը ըմբոշխնած մարդը չի կրնար հեռանալ Քրիստոսէ։ Այս խօսքը մարդուն զգացումին արտաբերումը եղող խօսք մըն է։ Որքան ալ թուի որ գեղեցիկ խօսք մըն է ատիկա, սակայն, չի դադրիր Սուրբ Գիրքի ուսուցման հակառակ ըլլալէ։ Եթէ երբեք դարձի եկող մարդ մը կորսնցնէր իր ազատ կամքը, այդ պարագային միայն կարելի պիտի ըլլար ըսել, որ զՔրիստոս ճշմարտապէս ճանչցող մը չի կրնար վերստին հեռանալ Անկէ։ Ընթերցող եղբայր, Աստուածաշունչը կը հաստատէ, որ Սուրբ Հոգին կրնայ իջնել մեր վրայ, եւ սակայն, մեր անհնազանդութեան պատճառով կրնայ վերստին հեռանալ մեզմէ։ Յիշեցէք որ իջաւ Սաւուղին վրայ (Ա.Թգ․ 10.10) եւ վերստին հեռացաւ անկէ (Ա.Թգ․ 16.14)։ Տրուեցաւ մարդուն (Ծն․2.7 Հմմտ․ Յոբ 27.3) եւ դարձեալ առնուեցաւ անկէ (Ծն․ 6.3)։ Իջաւ Սամփսոնի վրայ եւ զօրացուց զանիկա (Դտ․ 13.24-25, 14.6) եւ վերստին լքեց զայն (Դտ․ 16.20)։ Կրնանք ուրախացնել զԱստուած (Ես․ 62.5), ուրախանալ Աստուծմով (Սղ․ 40.16, 70.4), բայց նաեւ կրնանք տրտմեցնել զայն, ահա թէ ինչո՛ւ Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար» (Եփ․ 4.30 Հմմտ․ Ես․ 63.10)։ Կրնանք լեցուիլ Սուրբ Հոգիին կրակով (Գրծ․ 2.3-4), եւ կրնանք միաժամանակ մարել Սուրբ Հոգիին կրակը մեր մէջ (Ա.Թս․ 5.19)։ Ի՞նչ ցոյց կու տան այս բոլոր համարները։ Ցոյց կու տան, որ մարդը կրնայ դարձի գալ Աստուծոյ, նորոգուիլ անոր Հոգիով, եւ սակայն, վերստին հեռանալ անկէ «երբ նեղութեան եւ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուի» (Մտ․ 13.21)։

Միայն նեղութիւնը չէ որ մեզ կրնայ հեռացնել Քրիստոսէ, այլ նաեւ յանձնապաստանութիւնը։ Փրկութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է (Եփ․ 2.8)։ Ոմանք հաւատքով եւ Աստուծոյ շնորհքով այդ պարգեւը ստանալէ ետք վերստին զանիկա կը կորսնցնեն, որովհետեւ անոնք սկզբնական շրջանին իրենց հաւատքի կեանքը կը սկսին ապրիլ Աստուծոյ վստահելով, բայց ժամանակի ընթացքին, հետզհետէ կը սկսին աւելի իրենց կատարած գործերուն ապաւինիլ քան Սուրբ Հոգիին ամենօրեայ ներգործութեան։

Այդպիսիները կը մոռնան, որ Աստուած իրենց Սուրբ Հոգին շնորհեց Աւետարանի պատգամին հաւատալնուն համար եւ ո՛չ թէ Օրէնքը գործադրելնուն համար (Գղ․ 3.5 Հմմտ․ Ա.Կր․ 15.2)։

Առաքեալը կը յանդիմանէ այդպիսիները ըսելով. «Սուրբ Հոգիով նոր կեանք սկսելէ ետք այժմ Օրէնքին պահանջքներո՞ւն կը դառնաք» (Գղ․ 3.3)։ Եթէ դարձի եկած մըն ես, զգոյշ եղիր այս ծուղակէն մէջ իյնալէ։

Ապաւինիր խաչին վրայ Քրիստոսի կատարած քաւութեան «գործին» փոխանակ պարծենալու ողորմելի գործերովդ։ Աշխարհի մէջ ո՛չ ոք կրցած է փրկութեան պարգեւը ստանալ շնորհիւ իր սեփական գործերուն (Եփ․ 2.9)։ Աստուած ի՛նքն է որ մեզ «կարդարացնէ իր ձրիօրէն պարգեւած շնորհքովը, Քրիստոս Յիսուսի փրկագործութեան միջոցաւ» (Հռ․ 3.24, Հմմտ․ Եփ․ 1.7, Գրծ․ 16.31, Բ.Կր․ 5.21, Ա.Պտ․ 1.18-19, Հռ․ 4.16) եւայլն։

Եթէ սիրտիդ դուռը բացած ես Քրիստոսի առջեւ եւ հնազանդութիւն ուխտած ես իրեն, շարունակէ հնազան մնալ իրեն, որպէսզի հեռու մնաս փրկութիւնդ կորսնցնելու վտանգէն։ Եթէ Քրիստոսի կամքին հնազանդիլ փափաքող մըն ես, մի՛ մտահոգուիր որ կրնաս փրկութիւնդ կորսնցնել։

Բայց զգո՛յշ եղիր որ չնմանիս այն մարդուն որ թագաւորին բանակին զինուորագրուելէ ետք, սկզբնական շրջանին երկիւղածութեամբ կը սկսի հնազանդիլ անոր կամքին, բայց հետզհետէ կը սկսի ինքնանկախօրէն գործելու յանդգնիլ։ Այսպիսիներուն համար Սուրբ Գիրքը կըսէ. «Անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին» (Ես․  63.10)։

Անհնազանդութիւնը ապստամբութիւն է Աստուծոյ դէմ։

Անհնազանդութիւնը մեզ կ առաջնորդէ ամբողջական սպառումի (Յես․ 5.6)։ Դարձի եկած հաւատացեալը չի՛ կրնար իր փրկութիւնը կորսնցնել եթէ երբեք Աստուծոյ հնազանդ հոգի մը ունի։

Հետեւաբար, հնազանդէ՛ Աստուծոյ եւ խոնարհէ՛ անոր ձեռքին տակ, եւ դուն առ յաւէտ      ապահով պիտի ըլլաս, եւ հեռու փրկութիւնդ կորսնցնելու վտանգէն։

 

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

14.08.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․