24 Մարտ, Բշ, Մեծ պահքի ԻԲ օր

«Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը»

Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը» (Յհ․ 10.11)։ Իրաւ հովիւը մէկիկ-մէկիկ կը ճանչնայ իր ոչխարները իրենց անուններով (Յհ․ 10.3)։ Քրիստոս իրա՛ւ հովիւ է, որովետեւ մեզ կը ճանչնայ մեր տկարութիւններով, խեղճութիւններով, թերութիւններով եւ առաւելութիւններով: Իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ գիտէ թէ ի՛նչ բաներու կարիքը ունինք, ի՛նչ բաներէ կը վախնանք, ի՛նչ բաներ կը փափաքինք, ի՛նչ բաներ մեզ կը մտահոգեն ու կը տագնապեցնեն, ի՛նչ բաներէ պէտք է ազատինք կամ կ՚ուզենք ազատիլ:

Քրիստոս ի՛նքն է մեր իսկական հովիւը, որովհետեւ մեզ կը ճանչնայ մեր իսկութեան, բնութեան եւ ինքնութեան մէջ: Ան գիտէ որ մեր ինքնութիւնը երկնային ծագում ունի։ Քանի որ մեզ կը ճանչնայ՝ ուրեմն կրնայ մեզ հասկնալ, եւ քանի որ մեզ կը հասկնայ՝ ուրեմն կրնայ մեզ բուժել։ Ինչպէս հիւանդին հիւանդութիւնը ճանչցող բժիշկը միայն կրնայ զանիկա բուժել, այնպէս ալ մեր հոգիներուն ցաւը ճանչցող Տէր Յիսուսը միայն կրնայ հոգեկան անդորրութիւն եւ հանգիստ պարգեւել մեզի։

Ան իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ թոյլ չի տար որ կարօտութեան մէջ իյնանք. «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» (Սղ․ 23.1)։ Խօսքը հարկաւ նիւթական կարօտութեան մասին չէ, այլ՝ հոգեւոր։ Քրիստոս կը կշտացնէ իր ոչխարներուն հոգիները, կը յագեցնէ անոնց սիրտերուն ծարաւը։ Ան զանոնք կ՚առաջնորդէ դէպի խոտաւէտ արօտավայրեր, դէպի հանդարտ ու զուլալ ջուրեր (Սղ․ 23.2)։

Այո՛, ան մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի խոտաւէտ արօտավայրեր եւ ո՛չ թէ խոտազուրկ արօտավայրեր, հանդարտ ջուրերու քով եւ ո՛չ թէ մրրկայոյզ ջուրերու քով։ «Խոտաւէտ արօտավայրերը» կը ներկայացնեն աստուածատուր այն օրհնութիւնները, պարգեւներն ու շնորհքները, որոնցմով Աստուած կը զարդարէ իր հետեւորդներուն հոգիները։ Իսկ «հանդարտ ջուրերը» կրնան պատկերացնել երկու բան. առաջին.- այն ներքին խաղաղութիւնը որ Յիսուս կը շնորհէ իր հետեւորդներուն մնայուն  կերպով,  բայց  մանաւանդ  երբ  փորձանքի  հանդիպին,  եւ երկրորդ.- ուշագրաւ իրողութիւն է որ ոչխարները կը վախնան ուժգնութեամբ հոսող ջուրին մօտենալ եւ խմել անկէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ հովիւը կը ջանայ «հանդար ջուրերու քով» առաջնորդել զանոնք։

Ինչպէս հովիւ մը չի ծիծաղիր իր ոչխարին վրայ ու չ՚այպաներ զայն իր վախկոտութեան համար, այնպէս ալ Քրիստոս, նկատի կ՚առնէ մեր տկարութիւնները եւ երբեք չ՚ստիպեր որ դիմակալենք փորձութիւններ որոնք մեր կարողութենէն վեր են (Ա. Կր․ 10.13)։ Ան երբեք մեզ չ՚առաջնորդեր խռովայոյզ ջուրերու քով, այսինքն հոն՝ ուր ահ ու սարսափ առթող երեւոյթներ կան։ Քրիստոս մեզ «հանդար ջուրերու քով» կը տանի, այսինքն՝ մեր կարողութեան համեմատ կը վերաբերի մեր հետ։

Երբ նեղութեան մէջ իյնանք մարդիկ կը լքեն մեզ, բայց Քրիստոս իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ եթէ «մահուան շուքի ձորին մէջ» անգամ իյնանք՝ տէր կը կանգնի մեզի եւ կը պաշտպանէ իր «ցուպով» ու «գաւազանով» (Սղ․ 23.4)։ Ցուպն ու գաւազանը խորհրդանիշ նկատուած են երեք բաներու. առաջին.- կը խորհրդանշեն այն պաշտպանութիւնը որ Քրիստոս կը շնորհէ մեզի երբ աղէտներու հանդիպինք։ Ինչպէս հովիւներ միշտ իրենց հետ կ՚ունենային գաւազաններ, իրենք զիրենք եւ իրենց ոչխարները պաշտպանելու համար յարձակող գազաններու դիմաց, այնպէս ալ Քրիստոս մեզ կը պաշտպանէ սատանայական ամէն տեսակի յարձակումներու դիմաց։

Երկրորդ.- ուրիշներ ցուպ ու գաւազան բառերուն ետին, կ՚ուզեն տեսնել Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւուած Չարին գլուխը ջախջախելու իշխանութիւնն ու զօրութիւնը։ Երրորդ.- ցուպն ու գաւազանը նաեւ նշանակ նկատուած են աստուածային առաջնորդութեան։ Աստուած գիտէ որ մարդ արարածը կեանքի այս քաոսին մէջ պէտք ունի իր առաջնորդութեան, ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս կը հաստատէ թէ ինք անձամբ մեզ կ՚առաջնորդէ (Յհ․ 10.4)։ Եւ պատահական տեղեր չէ որ կ՚առաջնորդէ, այլ «արդարութեան ճամբաներու մէջ» (Սղ․ 23.3)։ Ան սխալ ճամբաներէ եւ դէպի սխալ ճամբաներ չ՚առաջնորդեր, այլ դէպի արդարացում, յաղթանակ, աստուածպաշտութիւն եւ սրբութիւն։

Շատ մը կենդանիներ եթէ կորսնցնեն իրենց տէրը՝ կրնան տուն վերադառնալ։ Նոյնը չէ պարագան ոչխարին։ Ոչխարը եթէ կորսնցնէ իր հովիւը եւ չլսէ անոր ձայնը, անկարելի է որ կարենայ տուն դառնալ։ Սա ցոյց կու տայ որ եթէ Քրիստոս մոլորած ոչխարներս չփնտռէ, չգտնէ ու դէպի տուն չդարձնէ՝ մենք չենք կրնար մեր սեփական ճարտարութեամբ ու միջոցներով դառնալ Աստուծոյ։ Այս իրողութիւնը կը պարզուի նաեւ կորսուած ոչխարին առակին մէջ. «Չ՚ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն» (Ղկ․ 15.4)։ Այո՛, Քրիստոս կ՚երթայ ամէն մէկ կորսուած մարդու ետեւէն եւ չի դադրիր զայն փնտռելէ մինչեւ որ գտնէ զայն։

Քրիստոս իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ ինչ որ ըսաւ, տուաւ ու պիտի տայ՝ իրաւ է։ Ան իրաւամբ իրա՛ւ է, որովհետեւ «իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» (Յհ․ 10.11): Մարդիկ իրենք զիրենք կը զոհէին իրենց չաստուածներուն համար, մինչ մեր Աստուածը՝ Քրիստոս, ինքզինք զոհեց մեզի համար: Պատմութեան ընթացքին ո՞ր չաստուածը զոհուած է իր հետեւորդներուն համար։

Քրիստոս իր սեփական արիւնով ձեռք ձգեց հովուապետութեան իր պաշտօնը (Եբր․ 13.21)։ Ան եղաւ այն իրա՛ւ հովիւը, հովիւը այն բոլոր հովիւներուն, որ ո՛չ միայն իր կեանքը զոհեց ոչխարներուս համար, այլ՝ ինքզինք դարձուց մեր կեանքը:

Քրիստոս մեզ պաշտպանելու եւ ազատելու համար գայլերէն, յանձն առաւ իբրեւ անպաշտպան ոչխար յանձնուելու անոնց ճիրաններուն (Յհ․ 10.11-15): Երբ նման փառաւոր ու մեծ Աստուած մը ունինք Տէր Յիսուսի նման, ինչո՞ւ կը տնտնանք եւ ի՞նչ կը սպասենք, իսկոյն Դաւիթի նման մեր հոգիները անոր ձեռքը յանձնենք (Սղ․ 31.5), որպէսզի հովիւի պէս արածէ մեզ եւ առաջնորդէ կեանքի աղբիւրի կենսատու ջուրին, եւ Աստուած մեր աչքերէն ամէն արցունք սրբէ (Յյտ․ 7.17)։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

17.03.25

Տոնացույց 2025

ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւրբՇբթԿիր
     12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31      
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․