11 Ապրիլ, Ուր, Մեծ պահքի Խ օր

«Ե՛ս եմ կեանքի հացը»

Ե՛ս եմ կեանքի հացը» (Յհ․ 6.48)։ Քրիստոս ի՛նքն է յաւիտենական կեանք ու մնայուն կենսունակութիւն պարգեւող հացը։ Ի՛նքն է ներքին խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն շնորհող հացը։ Ի՛նքն է մեր առջեւ բազմահազար օրհնութեանց ու պարգեւներու դուռը բացող հացը։ Ի՛նքն է մեզ զօրութեամբ ու արիութեամբ լեցնող հացը։ Ի՛նքն է մեզի վստահութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչող հացը։ Ի՛նքն է երկինքի դուռը բացող եւ երկինքը կշտացնող հացը։ Ի՛նքն է մեր հոգիները լիացնող միակ հացը։ Առանց Քրիստոս-հացին դատա՛րկ է երկինքը։ Առանց Քրիստոս- հացին աղքա՛տ ու անօթի՛ է մարդկութիւնը։ Երկինք երկնաէջ Հացով է հարուստ։ Երկիր երկնաէջ Հացով է օրհնեալ ու սրբեալ։ 

Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Առանց Աստուծոյ մենք չենք կրնար, իսկ առանց մեզի Աստուած ի՛նք պիտի չընէ»։ Օգոստինոսի այս կարճ, եւ սակայն իմաստալից բառերը օգտագործելով, կրնանք ըսել, թէ առանց երկնքի միջամտութեան, առանց երկնաէջ անձրեւին ու երկնապարգեւ արեւին, մէկ խօսքով, առանց Աստուծոյ՝ մենք չենք կրնար հաց պատրաստել, եւ առանց մեզի ու մեր գործակցութեան, Աստուած ո՛չ թէ չի կրնար, այլ չ՚ուզեր հաց պատրաստել ու չի պատրաստեր։

Ինչպէս  հացագործին աշխատանքին յաջողութիւնը կախեալ է

երկնաէջ անձրեւէն ու երկնապարգեւ արեւէն, այնպէս ալ մեր հոգեւոր կեանքին աճումն ու զարգացումը, կախեալ է երկնաէջ հացէն՝ Քրիստոսէ (Յհ․ 6.51)։ Հացագործը իր ամբողջ յոյսը կը դնէ երկնքին վրայ։ Ան գիտէ որ առանց երկնքին դատապարտուած է ձախողութեան եւ սնանկութեան։ Ուստի, երբ Քրիստոս ինքզինք հաց կը կոչէ, իրականութեան մէջ, մեր անձերուն իր Անձէն կախեալ ըլլալն է որ կը հրապարակէ։

Քրիստոս ինքզինք հաց կոչելով՝ կապ մըն է որ ստեղծած կամ հաստատած կ՚ըլլայ երկնքին ու երկրին միջեւ։ Ինչպէս նիւթական հաց պատրաստողները իրենց հայեացքը մի՛շտ դէպի երկինք կը սեւեռեն, այնպէս ալ աննիւթական Հացը փնտռողները, իրենց հայեացքը պէտք է Քրիստոսի վրայ սեւեռեն։

Ան ինքզինք հացի նմանցնելով, խորքին մէջ ինքզինք յայտարարած կ՚ըլլայ մեր կեանքին ամէնէն կենսական բանը։ Մարդուն Ֆիզիքական գոյութեան պահպանման համար՝ անհրաժեշտութիւն մըն է նիւթական հացը, իսկ մարդուն հոգեւոր կեանքին պահպանման համար՝ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է աննիւթական Հացը՝ Քրիստոս։ Առանց Քրիստոսի մարդը սովամահ կ՚ըլլայ հոգեւորապէս։ Մի՛այն Քրիստոս կրնայ կշտացնել Աստուծոյ բնակութեան համար ստեղծուած մեր սիրտը։

Նիւթական հացն ու նիւթական ամէն բան սահմանուած են կորսուելու։ Անոնք որոնք նիւթականին ու նիւթական հացին փնտռտուքը իրենց համար դարձուցած են առաջնահերթութիւն՝ անոնք եւս սահմանուած են կորսուելու, որովհետեւ եթէ անցաւոր բաներու կապենք մեր յոյսը՝ մենք ալ անոնց հետ կ՚անցնինք ու հետք չենք ձգեր։ Ահա թէ ինչո՛ւ Յիսուս ըսաւ. «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ» (Յհ․ 6.27)։

Քրիստոս հարկաւ չի պատուիրեր որ չաշխատինք բնական հացին համար. անոր ըսածը այն է՝ որ մեզի համար առաջնահերթը պէտք չէ ըլլայ աշխարհայինը, այլ՝ աստուածայինը։ Կորստական ուտելիքը սահմանուած է կորսուելու։ Կորստական ուտելիք ըսելով միայն հացը չենք հասկնար, այլ ամէն բան որ աշխարհէն կու գայ եւ մեր հոգին կը սպաննէ։ Կորստական ուտելիք են փառքն ու մեծութիւնը, հարստութիւնն ու այլազան գանձերը, դիրքն ու աթոռները։ Ասո՛նք նաեւ սահմանուած են փճանալու ու փճացնելու։ Երբեմն մարդիկ այսպիսի բաներ կը փնտռեն ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս անօթի մը հաց պիտի փնտռէր։

Քրիստոս կը թելադրէ չվազել գնայունին, անկայունին, անորոշին, անապահովին, խաբուսիկին, անարժէքին եւ մեզ արժեզրկողին ետեւէն։

«Ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ»։ Այն կերակուրը Քրիստոս ի՛նք կու տայ բոլոր փափաքողներուն. կերակուր մը՝ «որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ»։

Ինչ որ Քրիստոս տայ մեզի յաւիտենական են ու յաւիտենական պիտի մնան։ Յաւիտենական են անոր  տուած  խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը, հանգիստն ու անդորրութիւնը, յաղթանակն ու մեծութիւնը, սէրն ու սրբութիւնը։ Մենք Քրիստոս-հացով է որ կը մեծնանք ու կը սրբուինք։ Քրիստոս-հացով է որ կը գեղեցկանանք ու կը փառաւորուինք։ Քրիստոս-հացով է որ կը դառնանք անմահ զաւակները անմահ Աստուծոյ։

Այս իրողութիւնը մենք չէ որ կը հաստատենք Քրիստոսի վերաբերեալ, այլ մեր երկնաւոր Հայրը ինք. «Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ»։ Քրիստոսի կատարած բոլոր հրաշքները ու խօսած բոլոր խօսքերը, ցոյց կու տան որ «Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ»։ Մկրտութեան պահուն Սուրբ Հոգիին էջքը Յիսուսի վրայ եւ Աստուծոյ երկնաբուղխ վկայութեան ձայնը անոր համար, կ՚ապացուցանեն որ «Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ»։

Երբ Քրիստոս կը յայտարարուի իբրեւ Փրկիչը աշխարհի ու ճշմարիտ ազատարարը մեղաւոր մարդկութեան, սա ինքնին ապացոյց մըն է որ «Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ»։ Երբ Քրիստոս կը ծանուցուի «Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդ» իբրեւ (Ա. Տմ․ 2.5), եւ երբ կը հաստատուի թէ մեր «Հօրը քով բարեխօս ունինք միակ Արդարը՝ Յիսուս Քրիստոսը» (Ա. Յհ․ 2.1), սա անհերքելի վկայութիւն մըն է որ «Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ»։ Սիրելի՛ ընթերցող, «Լայն բաց քու բերանդ» եւ զանիկա Աստուած ի՛նք պիտի լեցնէ. պիտի լեցնէ իր Որդիին անմար կրակով, անոր հրաբխային սիրով, եւ անոր կարեկցող հոգիով։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

24.03.25

Տոնացույց 2025

ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւրբՇբթԿիր
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930    
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․