Գործածենք այն ինչ որ ունինք

Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք» (Հռ․ 12.6)։ Եթէ մարդիկ անդրադառնան այս իրողութեան, անոնք պիտի դադրին զիրար բամբասելէ եւ մեղադրելէ։ Յաճախ մարդիկ իրենք զիրենք կը բաղդատեն ուրիշներու հետ եւ կ՚ակնկալեն ուրիշներէն ընել այն՝ ինչ որ իրենք կ՚ընեն։

Մէկը կրնայ լաւ քարոզիչ մը ըլլալ, ուրիշ մը կրնայ վարչական կարողութիւններով օժտուած ըլլալ։ Ո՛չ քարոզիչը պէտք է մեղադրէ վարչական կարողութիւններ ունեցող մարդը՝ լաւ քարոզիչ չըլլալուն համար, եւ ո՛չ ալ վարչական կարողութիւններ ունեցող մարդը պէտք է այպանէ քարոզիչը՝ վարչական կարողութիւններէ զուրկ ըլլալուն համար։ Անոնք որոնք ծառայելու շնորհքը ունին թող ծառայեն առանց բամբասելու իրենց սենեակները քաշուած եւ ստեղծագործող մարդիկը, եւ փոխադարձաբար։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունինք՝ պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ։ Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է՝ պէտք է ծառայենք։ Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք՝ պէտք է ուսուցանենք։ Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէտք է յորդորենք։ Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ։ Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի։ Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ» (Հռ․ 12.6-8)։

Առաքեալը այստեղ մէկ տեսակ պարգեւի մասին չէ որ կը խօսի, այլ տեսակ-տեսակ պարգեւներու մասին։ Եթէ տեսակ-տեսակ պարգեւներ կան, ուրեմն տեսակ-տեսակ կարողութիւններով օժտուած մարդիկ կան։ Եւ եթէ տեսակ-տեսակ կարողութիւններով օժտուած մարդիկ կան, ուրեմն մենք իրաւունք չունինք պահանջելու ուրիշներէն որ մեզի նմանին եւ մեր ունեցած կարողութիւնները յայտնաբերեն իրենց անձերուն վրայ։

Ինչպէս թուզ բերող ծառը չի կրնար մեղադրել որթատունկը թուզ չբերելուն համար, այնպէս ալ մարդիկ պէտք չէ մեղադրեն ուրիշները եթէ երբեք անոնք իրենց նոյն պարգեւները կամ ձիրքերը չունին։ Ամէն մարդ որոշ պարգեւ մը, ձիրք մը կամ կարողութիւն մը ունի տրուած իրեն Աստուծոյ կողմէ։ Մարդ իրաւունք չունի անտեսելու իր ունեցած պարգեւներն ու ձիրքերը եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու իր չունեցածին վրայ։    

Երբեմն մարդիկ այնքա՛ն կը մտածեն իրենց չունեցածին մասին որ իրենց ուշադրութենէն կը վրիպի իրենց ունեցածը։ Ճիշդ է որ Աստուած իր ստեղծած մարդը օժտած է զանազան պարգեւներով ու կարողութիւններով, բայց միւս կողմէն, անուրանալի է որ Աստուած ամէն մէկ մարդու կեանքին մէջ դրած է տեսակ-տեսակ պակասութիւններ,  տկարութիւններ  եւ  կարիքներ,  որպէսզի  մարդիկ սորվին օգտուիլ իրարմէ։ Իւրաքանչիւր մարդ եթէ փորձէ գործածել աստուածատուր  իր  պարգեւները,  մարդոց  կեանքին  մէջ  գոյութիւն ունեցող շատ մը նեղութիւններ կը վերնան, պակասութիւններ կը լրացուին, կարիքներ կը գոհացուին եւ խոչընդոտներ կը վերցուին։

Ո՛չ ոք կրնայ բոլորովին անկախ ապրիլ ուրիշներէն։ Իւրաքանչիւր մարդ թէ՛ տալիք ունի մարդոց եւ թէ՛ առնելիք։ Աստուած մեզ այնպէս ստեղծած է որ մենք կախեալ ըլլանք իրարմէ։ Օրինակ, հարուստն ու աղքատը փոխադարձաբար իրարու պէտք ունին։ Աղքատը պէտք ունի հարուստին օգնութեան որպէսզի կարենայ իր մարմնաւոր պէտքերը գոհացնել, իսկ հարուստը պէտք ունի աղքատին որպէսզի անոր օգնելով, կարենայ հոգեկան գոհունակութիւն եւ գոհացում ձեռք ձգել։

Բարօր ու յաջողութեամբ լի կեանքի մը տիրանալու համար՝ մարդիկ իրարու կարիքը ունին։ Ո՞ր մարդուն յաջողութիւնը կախեալ չէ ուրիշէն։ Ո՞ր մարդուն ուրախութիւնը կախեալ չէ ուրիշէն։ Ո՞վ կրցած է գիտնական ըլլալ առանց ուսումնասիրելու կեանքն ու գործը այլ գիտնականներու։ Ո՞վ կրցած է իշխող կոչուիլ առանց շուրջը ունենալու իշխուող դասակարգը։ Մարդիկ իրարմով է որ կը բարձրանան, իրարմով է որ կը հարստանան, կը զօրանան ու դժուարութիւններ կը նուաճեն։

Երբ կը խօսինք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւներուն, կարողութիւններուն եւ այլ տեսակի շնորհքներուն մասին, չենք կրնար չմտաբերել Քրիստոսի եկեղեցին։ Առաքեալին վերոյիշեալ խօսքը առնչութիւն ունի բոլոր մարդոց հետ, բայց յատկապէս սերտ աղերս ունի Քրիստոսի եկեղեցիին հետ։

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կան հոգեւորապէս խակերը, որոնք կարիքը ունին հոգեւորապէս հասուն հաւատացեալներու յորդորներուն։ Կան տկարները, որոնք պէտք ունին մեր զօրակցութեան եւ գօտեպնդիչ ներկայութեան։ Կան հիւանդները, որոնց պէտք է այցելութիւն տալ եւ հոգ տանիլ։ Կան սգաւորները, որոնց մխիթարութեան պէտք է փութանք։ Կան հոգեւորապէս տգէտները, որոնց պէտք է առաջնորդել աստուածգիտութեան։ Կան անփորձառուները, որոնք կարիքը ունին մեր փորձառութեան։

Ամէն մէկ մարդ բայց մասնաւորաբար ամէն մէկ քրիստոնեայ պատասխանատու է Աստուծոյ առջեւ իրեն շնորհուած պարգեւներուն եւ այլազան ձիրքերուն համար։ Յիսուս կը պատմէ թէ «մարդ մը կար, որ երբ ուրիշ երկիր պիտի երթար, կանչեց իր ծառաները եւ անոնց յանձնեց իր ստացուածքը որ շահարկեն։ Համաձայն անոնց կարողութիւններուն, մէկուն տուաւ հինգ հարիւր ուսկի դրամ, միւսին՝ երկու հարիւր եւ ուրիշի մը՝ հարիւր» (Մտ․ 25.14-15)։

Հինգ եւ երկու հարիւր ոսկի դրամ ունեցողները իրենց դրամները շահարկութեան դրին եւ աւելին շահեցան, իսկ հարիւր ոսկի դրամ ունեցողը դատապարտուեցաւ եւ «չար ու ծո՛յլ ծառայ» կոչուեցաւ իրեն տրուած գումարը շահարկութեան դրած չըլլալուն համար (Մտ․ 25.25- 27)։ Յստակ է որ ոսկի դրամները Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած զանազան պարգեւներն են։ Աստուածատուր այդ պարգեւները իր եւ ուրիշին բարիքին համար չօգտագործող մարդը «չար ու ծո՛յլ ծառայ» մըն է Քրիստոսի իսկ բառերով։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

26.03.25

Տոնացույց 2025

ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւրբՇբթԿիր
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930    
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․