Հարստութիւնը անէ՞ծք, թէ՝ օրհնութիւն

Հարստութիւնը կը դառնայ անէծք երբ մեր օրհնութիւնը անոր մէջ կը տեսնենք։ Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Տիրոջ օրհնութիւնն է որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ» (Առ․ 10.22)։ Տուեալ համարին մէջ երկու հիմնական ճշմարտութիւններ կան որոնց նշումը կ՚արժէ.

Առաջին.- «Տիրոջ օրհնութիւնն է որ հարստութիւն կու տայ» խօսքով, հեղինակը ըսել կ՚ուզէ, որ հարստութիւնը Աստուծոյ օրհնութեան արդիւնքն է եւ ո՛չ թէ օրհնութիւնը հարստութեան արդիւնքը։ Եթէ երբեք մենք նիւթապէս աղքատ ենք այդ չի՛ նշանակեր որ զուրկ ենք Աստուծոյ օրհնութենէն։ Աստուծոյ օրհնութիւնը կրնայ հաւասարապէս ներկայ ըլլալ թէ՛ աղքատ եւ թէ՛ հարուստ մարդուն կեանքին մէջ։ Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելելը պայմանաւորուած չէ մեր աղքատ կամ հարուստ ըլլալով։ Եթէ երբեք մենք Աստուծոյ կապուած մարդիկ ենք, ո՛չ հարստութիւնը կրնայ մեզ հեռացնել Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելելու պարգեւէն եւ ո՛չ ալ աղքատութիւնը։

Երկրորդ.- «Անոր (հարստութեան) հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ Կարեւոր ճշմարտութիւն մը կայ թաքնուած այս բառերուն ետին զոր պէտք է հանդէս բերել։ Կան մարդիկ որոնք այն սխալ համոզումն ու տպաւորութիւնը ունին, ըստ որուն, Աստուած չ՚ուզեր որ մարդիկ վայելեն իրենց ունեցած հարստութիւնը եւ ուրախանան անով։ Վերոյիշեալ բառերը կու գան հերքելու այս համոզումն ու տպաւորութիւնը։

Աստուած կ՚ուզէ որ վայելենք իր տուած հարստութիւնը եւ ուրախ կեանք մը ապրինք, բայց ան չ՚ուզեր որ մեր կեանքին վայելքն ու ուրախութիւնը տեսնենք նիւթական հարստութեան մէջ։ Ո՞վ է այն հայրը որ չ՚ուզեր իր զաւակը հանգիստ եւ ուրախ կեանք մը ապրի։ Եթէ երբեք երկրաւոր հայրեր իրենց զաւակներուն համար կը ցանկան երջանկութեամբ լի կեանք մը, որքա՜ն աւելի Աստուած որ երջանկութեան աղբիւրն ու նոյնինքն երջանկութիւնն է, կը ցանկայ մեզի համար լաւն ու գեղեցիկը։

Աստուած չ՚ուրախանար երբ մեր ուրախութեան աղբիւրը նիւթական հարստութիւնը նկատենք։ Իր յոյսը հարստութեան վրայ դնողը ո՛չ միայն անարգած կ՚ըլլայ զԱստուած, այլ աստուածացուցած կ՚ըլլայ իր հարստութիւնը։ Նիւթական հարստութիւնը ինքնիր յոյսը նկատող մարդը խորքին մէջ անյոյս մարդ է, եւ մնայուն կերպով իյնալու եւ կործանելու մտավախութիւնը կը կրծէ իր միտքը։

Սողոմոն կ՚ըսէ. «Իր հարստութեան վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, բայց արդարները կանաչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին» (Առ․ 11.28)։ Սողոմոնին ըսել ուզածը այն է, թէ անոնք որոնք իրենց յոյսը կը դնեն Աստուծոյ վրայ՝ անոնք արդար են եւ արժանի յաւիտենական կեանքը ժառանգելու։ Այստեղ յիշուած «կանաչ տերեւը» խորհրդանիշ է կեանքի՝ յաւիտենական կեանքի։ Յաւիտենական կեանքին ժառանգորդները պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք իրենց յոյսը կը կապեն այդ կեանքին Տիրոջ եւ տուիչին՝ Քրիստոսի։ Նիւթական հարստութիւնը ժամանակաւոր հանգամանք ունի։ Ահա թէ ինչո՛ւ բնագիրը կը հաստատէ թէ «իր հարստութեան վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ…»։

Հաստատեցինք թէ Աստուած կ՚ուրախանայ երբ վայելենք իր պարգեւած հարստութիւնը, բայց ասիկա բնականօրէն ճշմարիտ է միայն այն մարդոց պարագային՝ որոնք Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած են իրեն հետ։ Աստուծոյ համար առաջնահերթը հոգեւոր հարստութիւնն է, այլ խօսքով՝ փրկութիւնն է։ Փրկութիւնը ձգելով հարստութեան ետեւէն վազելը կը տրտմեցնէ զԱստուած։ Աստուծոյ պահանջքն է որ նախ խնդրենք որ իր արքայութիւնը գայ եւ աշխատինք իր կամքը կատարել, ապա ան պէտք եղած հարստութիւնը եւ աւելի՛ն պիտի տայ մեզի (Մտ․ 6.33)։

Կան շատ մարդիկ որոնք ամէն գնով կ՚աշխատին նիւթական հարստութիւն դիզել, եւ սակայն, չեն յաջողիր։ Աստուած ի՛նքն է որ երբեմն թոյլ չի տար որ կարենանք հարստութիւն հաւաքել, որովհետեւ ան գիտէ որ հարստութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ո՛չ միայն զինք մոռնանք, այլեւ ուրանանք։ Ահա թէ ինչո՛ւ Սողոմոն կ՚ըսէ. «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ, որպէսզի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ ու "Տէրը ո՞վ է" ըսեմ։ Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ եւ գողութիւն ընեմ եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ» (Առ․ 30.8-9)։

Հեղինակը այստեղ կը խօսի այն երկու վտանգներուն մասին որոնց կրնայ հանդիպիլ հարուստ մարդը իր հարստութեան պատճառով եւ աղքատ մարդը իր աղքատութեան պատճառով։ Ի՞նչ են այդ վտանգները։ Հարուստին պարագային վտանգը այն է, որ ան անգամ մը որ հարստութեան տէր դառնայ, կրնայ այլեւս Աստուծոյ կարիքը չզգալ, եւ նոյնիսկ կրնայ պահ մը մտածել թէ ինք ամէն ինչ ունի իր ձեռքին մէջ եւ թէ կրնայ ընել այն ինչ որ կը կամենայ, իսկ աղքատին պարագային վտանգը այն է, որ ան իր կրած աղքատութեան պատճառով կրնայ «Աստուծոյ անունը պարապ տեղ իր բերանը առնել», այսինքն՝ կրնայ տրտնջալ եւ դժգոհիլ Աստուծոյ դէմ եւ զինք մեղադրել մարդոց միջեւ խտրութիւն դնողի մը յանցանքով։

Քիչ չէ թիւը այն մարդոց որոնք կը յայտարարեն որ Աստուած խտրութիւն կը դնէ մարդոց միջեւ, մէկուն առատօրէն տալով, իսկ ուրիշի մը՝ բնա՛ւ չտալով։ Այսպիսի յայտարարութիւն ընողներ Աստուծոյ անունը պարապ տեղ իրենց բերանը առնողներ են։

Ճի՛շդ է որ «աղքատացնողն ու հարստացնողը, ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է» (Ա.Թգ․ 2.7), եւ ճի՛շդ է որ առանց Աստուծոյ կամքին ո՛չ ոք կրնայ հարստանալ կամ աղքատանալ եւ կամ միջակ մակարդակի վրայ մնալ, բայց մէ՛կ բան յստակ պէտք է գիտնալ, որ Աստուած երբեք չ՚արգիլեր որ մարդը հարստանայ եթէ երբեք գիտնայ որ այդ մարդը հարստանալէ ետք պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իրեն։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

13.05.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․