Ինկածը դատապարտելով զայն վերականգնել չենք կրնար

Եղբայրնե՛ր, եթէ պատահի որ մէկը որեւէ յանցանքի վրայ բռնուի, դուք՝ որ Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուիք՝ պէտք է հեզութեամբ զայն ուղիղ ճամբու բերէք» (Գղ․ 6.1)։

Շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ արձանագրուած այս բառերը ա՛յնքան այժմէական են որքան երբ գրուեցան։ Մարդ չկա՛յ որ յանցանք չի գործեր։ Ոմանք կը գործեն եւ կը բռնուին, իսկ ոմանք ալ կը գործեն եւ չեն բռնուիր։ Առաքեալը Սուրբ Հոգիով առաջնորդուողներուն կը թելադրէ հեզութեամբ ճամբու բերել յանցանքի վրայ բռնուող մարդը։

Շատ քիչ կը հանդիպինք հեզութեամբ ուրիշները ճամբու բերող մարդոց, որովհետեւ քիչ է թիւը այն մարդոց՝ որոնք Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուին։ Ընդհանրապէս մարդիկ բռնի ուժով կը փորձեն ուղղութեան բերել ուրիշը։ Բռնութիւն եւ բռնակալութիւն բանեցնողը, չի կրնար Աստուծոյ զաւակը ըլլալ, որովհետեւ հոն «ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է» (Բ.Կր․ 3.17)։

Վա՛յ եկեր է եթէ յանցանք գործող մէկը իյնայ Աստուծմէ չվախցող եւ Սուրբ Հոգիով չառաջնորդուող մարդոց ձեռքը։ Անոնք իրենց կծու եւ բարկ լեզուով ա՛յնքան սուր կերպով կը քննադատեն, կը բամբասեն եւ կը չարախօսեն զայն, այն տպաւորութիւնը տալով իրենց շուրջիններուն, որ իրենց գլխաւոր նպատակը յանցագործը առաջնորդելն է դէպի ամբողջական խորտակում եւ կործանում։

Այսպիսի մարդիկ Սատանային պաշտօնեաներն ու կամակատարներն են։ Սատանային յատուկ գործելակերպն է յարձակիլ յանցագործին վրայ եւ ջանալ զայն ճզմել։ Սատանան կը փորձէ յանցագործը համոզել որ իր գործած յանցանքը ահաւոր եւ աններելի յանցանք մըն է, որպէսզի զայն առաջնորդէ դէպի կատարեալ յուսալքութիւն։ Սատանան շատ լաւ գիտէ որ եթէ կրցաւ յանցագործ մարդը մղել յուսալքութեան՝ անոր համար վերականգնելու յոյս չի մնար։

Երբ յանցագործը հանդիպի հարուածի մը, Սատանան կը ջանայ իսկոյն ուրիշ հարուած մը եւս հասցնել անոր, որպէսզի ան առիթը չունենայ ինքզինք գտնելու եւ ինքնագիտակցութեան գալու։ Այս երեւոյթը ինծի կը յիշեցնէ կռփամարտիկներու կռուաձեւը։ Երբ կռփամարտիկներէն մին յաջողի բռունցքի ջախջախիչ հարուած մը հասցնել հակառակորդին եւ երբ նշմարէ արեան հետք անոր երեսին վրայ, ո՛չ միայն չի գթար, այլ ընդհակառակը, իսկոյն իրերայաջորդ հարուածներով կ՚աշխատի անոր ցաւին վրայ ցաւ եւ խոցին վրայ խոց աւելցնելով, զինք տապալել միանգամընդմիշտ։

Եթէ երբեք կռփամարտիկը իր մրացակիցին դէմքին վրայ յոգնածութիւն նկատէ, աւելի՛ կատաղօրէն կը յարձակի անոր վրայ, առիթ չտալու համար անոր ինքզինք գտնելու եւ վերստին բռնցքահարելու։ Իր յանցագործ եղբայրը քննադատող եւ պախարակող մարդը արիւնռուշտ կռփամարտիկէն ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունի։ Դատապարտիչ լեզու ունեցողները նաեւ, կռփամարտիկներու նման չեն գթար եւ չեն խղճար երբ կը տեսնեն իրենց եղբայրը կամ քոյրը վիրաւոր եւ ցաւի մէջ, ընդհակառակը, իրենց բերանները լայն բանալով կ՚ըսեն. «Աստուած գիտէ թէ ի՛նչ մեղք գործած է որ այս բոլորը իր գլխուն եկան»։ Այսպիսիները չեն գիտակցիր թէ իրենք մահացո՛ւ մեղք է որ կը գործեն երբ իրենց նմանը մեղապարտ եւ յանցապարտ կը հռչակեն։ Այսպիսիներուն եղբայրակործան վերաբերմունքը անհունօրէն կը վշտացնէ Աստուծոյ սիրտը։ Պօղոս առաքեալ «զայն ուղիղ ճամբու բերէք» բառերով կը յանձնարարէ մեզի որ մեր նմանները վերականգնեցնող մարդիկ ըլլանք եւ ո՛չ թէ զգետնող մարդիկ։ Աստուծոյ կա՛մքն է որ իւրաքանչիւր մարդ վերականգնեցնող, վերազօրացնող, եւ իր եղբօր թեւ ու թիկունք կանգնող մարդ ըլլայ։

Եթէ երբեք իւրաքանչիւր մարդ որ լոյս աշխարհ կու գայ, փորձէ վիշտ մը կամ թշուառութիւն մը վերացնել այս աշխարհէն, ես կը հաւատամ, որ ամէն տեսակի դժբախտութիւն կը վերնայ այս աշխարհէն եւ աշխարհ կը լեցուի խաղաղութեամբ եւ երջանկութեամբ։ Դժբախտաբար սակայն, մարդիկ վիշտն ու թշուառութիւնը հալածելու փոխարէն, վշտահարներն ու թշուառներն են որ կը հալածեն։ Ո՛չ ոք թշուառները հալածելով կրնայ վերջ դնել թշուառութեան։ Ինչպէս մէկը կրակին մէջ փայտ նետելով չի կրնար կրակը շիջեցնել, այնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ դատապարտութեան փայտահարումներով ուղղութեան բերել իր նմանը։

Երբեմն կը հանդիպինք քննադատող, բամբասող ու մեղադրող մարդոց, որոնք սակայն իրենք զիրենք աւելի սրբագրող, ուղղութեան բերող եւ ճշդող կը կոչեն քան մարդակործան էակներ։ Այսպիսիներուն կը յիշեցնեմ որ քննադատութիւնը անուղիղ բան մըն է։

Անուղիղ միջոցներով չենք կրնար ուրիշները ուղղութեան հրաւիրել։ Թերիները մատնանշելով մէկը չի՛ կրնար այլոց մղել իրենց դերակատարութեան։ Ուրիշներուն սխալները մատնացոյց ընելով չենք կրնար զիրենք սրբագրել։ Կոշտ վերաբերմունք եւ կծու լեզու ունեցող մարդը չի կրնար այլոց ճամբու բերել։ Ահա թէ ինչո՛ւ առաքեալը կ՚ըսէ. «Պէտք է հեզութեամբ զայն ուղիղ ճամբու բերէք»։ Գոռոզ մարդը չի կրնար իր նմանը խոնարհութեան առաջնորդել։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Անոյշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ»։ Կարելի բան չէ որ դառն լեզու մը յաջողի Քրիստոսի քաղցրութեան վկան դառնալ։

Մենք չենք զարմանար երբ աշխարհով առաջնորդուող մարդոց մօտ գտնենք աւերիչ լեզու եւ կորստաբեր վարուելակերպ, բայց կը զարմանանք երբ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուող հաւատացեալներու մօտ գտնենք այդպիսի լեզու եւ վարուելակերպ։

«Եթէ պատահի որ մէկը որեւէ յանցանքի վրայ բռնուի»։ Խօսքին շրջագիծը կը պարզէ որ առաքեալը հոս յանցանք գործող հաւատացեալ եղբօր մը մասին է որ կը խօսի եւ ո՛չ թէ պատահական մէկու մը մասին։ Ան կը յանձնարարէ որ հաւատքի մարդը մեղքի մէջ ինկած իր հաւատակից եղբօր նկատմամբ աստուածահաճոյ վերաբերմունք ունենայ եւ օգնէ իրեն ձերբազատելու մեղքի ճիրանէն։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

27.05.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․