Կրօնքը մեր ազատութիւնը չի՞ կաշկանդեր երբ օրէնքներ կը սահմանէ

Երբեմն մարդիկ առարկութիւն կընեն ըսելով.- «Կրօնքները օրէնքներ եւ պատուիրաններ կը սահմանեն, այս արդեօք ազատութեան կաշկանդում չի՞ նշանակեր»։ Այս խօսքը օրէնքի, կարգ ու կանոնի ներկայութիւնը չսիրող մարդու խօսք է։ Օրէնքը սիրող ոեւէ մարդ նման խօսք չըսեր։ Աստուած օրէնքներ կը սահմանէ ո՛չ թէ մեր ազատութիւնը կաշկանդելու համար, այլ պահպանելու համար զայն։

Հոն ուր օրէնք չկայ, հոն ուր կարգ ու կանոն չկայ, հոն միայն անկարգութիւնն ու անկանոնութիւնը կրնան տիրել: Իսկ հոն ուր անկանոնութիւնը կը տիրէ, հոն չի՛ կրնար ազատութիւն ըլլալ:

Անկանոնութիւնը կը կաշկանդէ մարդուն ազատութիւնը։ Միթէ խաւարի գործեր գործողները չե՞ն որ կատեն լոյսը (Յհ 3.20)։ Միթէ օրինազանց մարդիկը չե՞ն որ կանհանգստանան օրէնքի, կարգ ու կանոնի ներկայութենէն, եւ կը փափաքին զանոնք վերցուած տեսնել։

Ինչպէս կառավարութեան կողմէ հաստատուած օրէնքները սիրելի են արդար մարդուն համար, այնպէս ալ Աստուծոյ պատուիրանները սիրելի են Սուրբ Հոգիով արդարացած մարդուն համար: Դարձեալ, ինչպէս ստահակ մարդիկն են որ կը սոսկան կառավարութեան կողմէ հաստատուած օրէնքներէն, նոյնպէս ալ չարագործ մարդիկն են, որ կը նեղանան Աստուծոյ պատուիրաններէն։ Առաքեալն ալ նոյն բանը կը հաստատէ երբ կըսէ. «Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն։ Դուն կուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ։ Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես» (Հռ 13.3 Հմմտ Ա.Պտ 2.14)։

«Մի՛ գողնար» պատուիրանը գողցողին ուղղուած է եւ ո՛չ թէ չգողցողին: Չգողցող մարդը «մի՛ գողնար» պատուիրանէն չանհանգստանար: Պատուիրանները մեր հանգիստին համար են եւ ո՛չ թէ մեր հանգիստը խանգարելու համար: Հոգեւոր մարդը իր հանգիստն ու խաղաղութիւնը կը գտնէ Յիսուսի սիրոյ պատուիրաններուն մէջ: Ո՞վ է այն աշխատունակ եւ նախանձելի վարք ու բարք ունեցող աշակերտը որ կատէ իր դպրոցին օրէնքները եւ կընդվզի անոնց դէմ։ Ինչպէս աշխատունակ աշակերտին համար հաճոյք է իր դպրոցին օրէնքներուն հնազանդիլը, նոյնպէս ալ իր քրիստոնէական հաւատքին մէջ աշխատասէր եղող մարդուն համար հաճոյք է Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդիլը։

Երբ մայր մը իր զաւակին քանի մը պատուէրներ կու տայ, արդեօք անոր ազատութիւնը կաշկանդելո՞ւ համար կու տայ։ Երեւակայեցէք պահ մը որ մայր մը իր անչափահաս զաւակներուն ազատութիւն տար իրենց ուզածը ընելու տան մէջ, չէ՞ք կարծեր որ այդ տունը կրնար կործանիլ քանի մը օրէն: Ի՞նչ պիտի ըլլար դպրոցի մը վիճակը եթէ երբեք տնօրէնը միայն երկու օրուայ համար ամէն տեսակի ազատութիւն տար ուսանողութեան:  Ի՞նչ  պիտի  ըլլար  զինուորական  բանակի  մը ճակատագիրը եթէ երբեք ո՛չ մէկ օրէնքի ենթակայ ըլլար: Աղէտաբեր կացութիւն մը պիտի չտիրէ՞ր։ Կարգ ու կանոն չունեցող նման բանակի մը կարելի՞ է վստահիլ քաղաքի մը պաշտպանութիւնը կամ գրաւումը:

Ինչպէս թշնամիին համար դիւրին է կարգ ու կանոնի չհետեւող բանակ մը պարտութեան մատնել, այնպէս ալ շատ դիւրին է Սատանային համար յաղթել այն քրիստոնեաներուն, որոնք Աստուծոյ սիրոյ պատուիրանները բեռ կը նկատեն։ Երբ բանակ մը իր անօրէնութեամբ իր եւ իր քաղաքին կորստեան պատճառ կը դառնայ, ո՞ւր մնաց  իր ազատութիւնը: Կրնա՞ք պատկերացնել թէ ի՞նչ պիտի ըլլար վիճակը համալսարանի մը, ընտանիքի մը, եկեղեցւոյ մը, հաստատութեան մը, կազմակերպութեան մը, կամ որեւէ բանի մը որ օրէնք չունենար:

Եթէ երբեք մարդը վայրենի եւ անօրէն դարձած է հակառակ որ գոյութիւն ունին օրէնքներ, պատուիրաններ, կարգ ու կանոն, ամէն տեղ եւ ամէն բանի համար, հապա ի՞նչ պիտի ըլլար մարդկութեան վիճակը եթէ այդ բոլորը չըլլային: Ի՞նչ պիտի ըլլար մարդոց ճակատագիրը եթէ երբեք քանի մը ժամուան համար դատարաններն ու դատաւորները, ոստիկաններն ու ոստիկանատուները մէջտեղէն վերցուէին, եւ ազատութիւն տրուէր մարդոց իրենց ուզածը ընելու այդ քանի մը ժամուան ընթացքին:

Ինչո՞ւ համար չենք մեղադրեր պետական կառոյցները եւ բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններն հաստատութիւնները որոնք կարգ ու կանոններ կը սահմանեն, օրէնքներ կը ճշդեն իրենց եւ ժողովուրդին համար:  Օրինակ, ինչո՞ւ չենք  քննադատեր  մարդասպանութիւնը դատապարտող օրէնքը: Ինչո՞ւ չենք այպաներ պետութիւնները իրենց համար անձնական սահմանադրութիւններ կազմելնուն համար: Ինչո՞ւ չենք մեղադրեր մեր նման մարդը որ օրէնքներ կը սահմանէ եւ կը մեղադրենք անմեղն Աստուած օրէնքներ սահմանած ըլլալուն համար։ Միթէ օրէնսդիրն Աստուած իրաւունք չունի՞ օրէնք, կարգ ու կանոն սահմանելու: Աստուած իր ստեղծած աշխարհին համար իրաւունք չունի՞ օրէնքներ ճշդելու: Աստուած իր ստեղծած մարդուն համար պատուէրներ կամ թելադրութիւններ չի՞ կրնար ընել կամ պէտք չէ՞ ընէ: Անարգելք կերպով գործող Աստուծոյ համար արգիլուա՞ծ է չարիքը արգիլող օրէնքներ սահմանելու։

Ամէն բան որ օրէնքի համաձայն կընթանայ աւելի արդիւնաւէտ եւ ապահով կը դառնայ: Բնութիւնը անգամ իր օրէնքները ունի: Օրինակ, օրէնքը կը պահանջէ որ ծառ մը որպէսզի աւելի արգասաբեր ըլլայ պէտք է տնկուած ըլլայ պարարտ հողի մէջ. եթէ ժայռանման հողի մը մէջ տնկուած ըլլայ, չի՛ կրնար սպասուած արդիւնքը տալ։ Գիտենք որ Լուսինը Երկրին շուրջ կը թաւալի մօտաւորապէս 27 օրուայ ընթացքին։ Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ երբեք Լուսինը Երկրին շուրջ թաւալէր 127 օրուայ ընթացքին փոխանակ 27 օրուայ ընթացքին։ Նման պարագայի մը, մեզմէ ո՞վ կը մեղադրէ Լուսինը կարգապահ ըլլալուն համար։ Կարելի է օրինակները բազմացնել։

Շատ մը պարագաներու մէջ օրէնքին կը հետեւինք կամայ թէ ակամայ, իսկ երբ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն մասին է խօսքը, ապշեցուցիչ յանդգնութեամբ մը կըսենք. «Աստուած մեզ ազատ ստեղծեց: Ուզենք իր օրէնքները կը պահենք, չուզենք՝ չենք պահեր: Աստուած բան մը չի՛ պարտադրեր մեզի»:

Այսպէս կըսենք եւ մենք մեզի թոյլ կու տանք անպատասխանատու վերաբերմունք ցուցաբերելու Աստուծոյ հաստատած օրէնքներուն նկատմամբ։

Աստուծոյ օրէնքը խախտող մարդը կրնա՞յ նաեւ խախտել իր անձին եւ իր ընտանիքին կապուած օրէնքները: Ո՞վ է այն մայրը որ օրէնքը խախտելով իր մէկ ամսու զաւակին միս կը կերցնէ: Ո՞վ է այն արեւահար մարդը որ կիզիչ արեւին տակ կենալ կը սիրէ: Երկու պարագաներուն ալ, մայրը իր զաւակին կեանքը իսկ արեւահարը ինքնիր կեանքը խնայելու համար, կասկած չկայ որ պիտի նախընտրեն օրէնքին կառչած մնալ: Ինչո՞ւ համար մարդիկ իրենց եւ իրենց պարագաներուն երկրաւոր կեանքը փրկելու համար օրէնքին կը կառչին, իսկ երբ իրենց յաւիտենական կեանքին եւ Աստուծոյ պատուիրանները պահելու մասին ըլլայ խօսքը, անոնք կըսեն. «Աստուած մեզի ազատութիւն տուած է իր պատուիրանները պահելու կամ ոչ»։

Այսպէս արտայայտուողներ թող գիտնան որ Աստուծոյ կողմէ իրենց պարգեւուած ազատութեամբ կը խոցոտեն Աստուծոյ սիրտը։ Երեւակայեցէք պահ մը որ մարդու մը նուէր մը տուած ենք եւ այդ մարդը մեզմէ առած նուէրը մեր երեսին կը նետէ։ Մեզմէ ո՞վ անհանգիստ պիտի չըլլար նման պարագայի մը։ Ճի՛շդ է որ Աստուած ազատ կամք տուած է մեզի, եւ սակայն, կը յիշեցնէ մեզի ըսելով.- «Ձեր ազատութիւնը չարիք գործելու պատրուակ թող չդառնայ» (Ա.ՊՏ 2.16)։ Չարիք գործող մարդը երբեք ալ ազատ չի՛ կրնար ըլլալ:

Մեղքի ստրուկ դարձած մարդը ո՛չ ազատ է եւ ո՛չ ալ Ազատարարին զաւակ։ Իրական ազատութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ ըլլալն ու ապրիլն է: Տէր Յիսուսէն հեռացողը ազատութենէն է որ հեռացած կըլլայ: Մեր ազատութիւնը պատճառ պէտք է ըլլայ որ Աստուծոյ մօտենանք եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ հեռանանք: Ազատութիւն չէ այն ազատութիւնը որ մեզ կը հեռացնէ մեր Ազատարարէն։ Աստուծոյ կամքին կատարումը մեր ազատ կամեցողութեան գաղափարին չի՛ հակասեր։

Ոմանք կանգ կառնեն Աստուծոյ հետեւեալ խօսքին վրայ.- «Երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի, ուրեմն կեանքը ընտրեցէք որպէսզի ապրիք» (Բ.Օր 30.19) եւ կառարկեն, որ Աստուած իր այս խօսքով ընտրելու կարելիութիւն է որ կը պարգեւէ մեզի։ Ճի՛շդ է որ Աստուած իր այս խօսքով ընտրելու կարելիութիւն է որ կը պարգեւէ մեզի, բայց միւս կողմէն, կոչ կընէ ընտրելու այնինչ որ ի նպաստ մեզի է. «Կեանքը ընտրեցէք որպէսզի ապրիք»։ Մահուան ճամբան ընտրողը չի՛ կրնար ըսել թէ ինք կապրի։ Ո՞ւր կը մնայ մեր հոգեւոր եւ յաւիտենական ազատութիւնը երբ կամովին մահուան ճամբան կընտրենք։ Մենք չենք ստեղծուած մահուան համար, այլ յաւիտենական կեանքին համար։ Եթէ երբեք ընտրենք բան մը որուն համար չենք ստեղծուած, կը կորսնցնենք մեր ազտութիւնը։ Թէ ի՞նչ բանի համար ստեղծուած ենք, Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ ըսելով. «Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնն ենք մենք, քանի Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք. ստեղծուած՝ կատարելու համար այն բարի գործերը, որոնց համար Աստուած սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէսզի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը» (Եփ 2.10)։

Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ երբեք Յիսուս Քրիստոսով դարձած ես Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնը, անոր օրէնքներուն մէջ թշուառութիւն չէ որ պիտի տեսնես, այլ հրաշքներ (Սղ 119.18)։ Ճի՛շդ է որ Քրիստոսով մենք դարձանք շնորհքի որդիներ, բայց շնորհքի որդիներ ըլլալ չի նշանակեր զանց ընել Աստուածադիր օրէնքներն ու պատուիրանները։ Օրէնքը խախտողը՝ անպատուած կըլլայ զԱստուած (Հռ 2.23)։ Թէ՛ օրէնքներն ու թէ՛ շնորհքը Աստուծոյ կողմէ տրուած են։

Անոնք զիրար չեն հակասեր։ Աստուած ինքզինք հակասած կըլլայ եթէ երբեք զիրար հակասող երկու բաներ պարգեւէ մարդկութեան։

Որպէսզի դադրինք Աստուծոյ պատուիրաններն ու օրէնքները բեռ նկատելէ, պէտք է ընդունինք Քրիստոսի փրկութեան շնորհքը մեր սիրտերուն մէջ, որովհետեւ Քրիստոսի շնորհքն է որ Աստուծոյ պատուիրանները մեղրէն աւելի անոյշ (Սղ 119.103) եւ ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրելի կը դարձնէ (Սղ 119.127)։

Աստուծոյ Սուրբ Հոգիէն չվերածնած մարդը չի կրնար Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն կեանք մը ապրիլ, ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կըսէ. «Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք» (Եզ 36.27)։ Աստուծոյ օրէնքները պահելը կը դառնայ կարելի ու մանաւանդ արդիւնաւէտ միայն ա՛յն ատեն, երբ Սուրբ Հոգիով բնակուած ենք։ Ոչինչով կօգտուինք մեր օրինապահութենէն եթէ երբեք չենք վերածնած Սուրբ Հոգիէն։ Հարկաւ այս չի նշանակեր որ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուող մարդը ենթակայ է Օրէնքին։ Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Եթէ Դուք Սուրբ Հոգիով կառաջնորդուիք՝ կը նշանակէ թէ այլեւս Օրէնքին ենթակայ չէք» (Գղ 5.18)։ Մեր ըսել ուզածը հետեւաբար այն է, որ Սուրբ Հոգիին մարդը եղողը միաժամանակ օրէնքի մարդ կըլլայ, առանց սակայն Օրէնքին գերին դառնալու։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

09.10.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․