Մակերեսայինէն դէպի խորը իջնել

Աստուծոյ մարդուն կեանքը մակերեսային չէ՛ ու չի՛ կրնար ըլլալ: Սուրբ Հոգիին պարգեւած կեանքը խորունկ եւ խորհրդաւոր կեանք մը կըլլայ: Աստուծոյ Հոգին կօգնէ մեզի ամենօրեայ աճ արձանագրելու մեր հոգեւոր կեանքին մէջ: Սուրբ Հոգիով է որ օր ըստ օրէ կը խորանանք մեր աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան մէջ, մեր հաւատքին եւ հաւատարմութեան մէջ։

Աստուած խորունկութեան Աստուած է: Աստուած չի՛ սիրեր մակերեսայնութիւնն ու ծանծաղութիւնը: Աստուած խոր սէր ըլլալով, կը սպասէ, որ մեր սէրն ու կապուածութիւնը իրեն՝ ըլլան խոր սիրոյ արտայայտութիւն: Եթէ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ անհուն չըլլար՝ ան անհունապէս իր սիրելի Որդին մեզի համար խաչ պիտի չբարձրացնէր:

Աստուծոյ սէրը չափ չունի որովհետեւ Աստուած ի՛նք չափ չունի:

Անչափն Աստուած անչափօրէն կը սիրէ մեզ: Անչափօրէն մեզ սիրողը անչափօրէն պէտք է սիրուի մեր կողմէ։ Նման սէր մը մակերեսային չի՛ կրնար ըլլալ: Անչափ սէրը խորունկ սէրն է: Մակերեսային սիրով մը զԱստուած սիրող մարդը զԱստուած անարգած կըլլայ։

Աստուածաշունչը լի է օրինակներով որոնք մեզ կը հրաւիրեն հրաժարելու մակերեսայինէն եւ իջնելու դէպի խորը։ Յիշենք անոնցմէ միայն հինգը եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարենք անոնց շուրջ։

1-  Աստուած Մովսէսին կերեւի «անկէզ մորենիին» պատկերով։ Երբ Մովսէս նշմարեց որ մորենին կրակով կը վառէր բայց չէր սպառեր, ինքնիրեն ըսաւ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր»: Երբ Աստուած տեսաւ որ Մովսէս «անկէզ մորենին» տեսնելու կու գար, անոր ըսաւ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս,» եւ անիկա պատասխանեց. «Ահա հոս եմ» (Ել 3.2-4):

Մովսէս տարօրինակ բան մը տեսաւ եւ ուզեց գիտնալ թէ ի՞նչ էր իր տեսածը: Տեսնելով եւ դիտելով միայն չգոհացաւ: Միայն տեսնելն ու դիտելը մակերեսայնութիւն է, կրաւորականութիւն է: Իր տեսածին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ: «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ»: Զօրաւոր փափաք մը ունեցաւ գիտնալու իր տեսածին մասին։ Դէպի առջեւ գնաց: Մօտեցաւ «անկէզ մորենիին»:

Աւելի խորը իջաւ:  Մակերեսայինէն դէպի խորը իջնելու, խորքը ճանչնալու, խորհուրդը գիտնալու սքանչելի օրինակ մը չէ՞ ասիկա:

Առաջին անգամ հոս էր որ Աստուած Մովսէսին հանդիպեցաւ:

Աստուած ուզեց հանդիպիլ Մովսէսին, բայց միաժամանակ Մովսէս ի՛նք նաեւ ուզեց հանդիպիլ իրեն: Մենք ալ Մովսէսի նման չե՞նք ուզեր քիչ մը առջեւ երթալ «մեծ տեսարանը» տեսնելու համար: Մեծ սէր եւ մեծ սիրտ ունեցողնե՛րը միայն Աստուծոյ «մեծ տեսարանը» կրնան տեսնել: Առանց «քիչ մը աւելի առջեւ» երթալու կարելի չէ հանդիպիլ Աստուծոյ: Մովսէս «քիչ մը աւելի առջեւ» երթալու փափաք ունէր։

Աստուած մեր առջեւն է իր «մեծ տեսարանով» բայց մենք է որ չենք տեսներ կամ տեսնել չենք ուզեր: Մեղքը կը կուրցնէ մարդ արարածը: Խնդրենք Աստուծմէ որ մեր աչքերը բանայ որպէսզի տեսնենք զինք մեր կեանքերուն մէջ, տեսնենք իր սքանչելիքները, իր օրհնութիւնները, իր փառքն ու գեղեցկութիւնը, իր զօրութիւնն ու զօրակցութիւնը, իր գործն ու գործակցութիւնը, տեսնենք մեզի համար իր ըրածները, իր պարգեւածները, իր պատրաստածները: Այս բոլորը կը կազմեն Աստուծոյ «մեծ տեսարանը»։ Նման տեսարանի մը ականատես վկաները չենք կրնար ըլլալ եթէ երբեք «քիչ մը առջեւ երթալու» փափաք չունինք։ Մովսէս չըսաւ. «Հիմա կենամ…», այլ «Հիմա երթամ…»։ Իր տեղը կեցող մարդը պիտի զրկուի Աստուծոյ «մեծ տեսարանը» տեսնելու պարգեւէն։

2-  «Քիչ մը աւելի խորը տար նաւակը եւ ձուկ որսալու համար ձեր ուռկանները նետեցէ՛ք» (Ղկ 5.4) հրահանգեց Քրիստոս Պետրոսի։ Այս համարը մակերեսայինէն «քիչ մը աւելի խորը» երթալու գեղեցկագոյն օրինակն է։ Ինչպէս Պետրոս երբ աւելի խորը տարաւ նաւակը՝ արդիւնքի հասաւ, այնպէս ալ մենք մեր հաւատքի եւ սիրոյ «նաւակները» քիչ մը աւելի խորը պէտք է տանինք որպէսզի առատ արգասիք ձեռք ձգենք: Պետրոս առաքեալ եւ ուրիշներ, որոնք ճարտար ձկնորսներ էին, ամբողջ գիշեր մը փորձած էին ձուկ բռնել, եւ սակայն, չէին յաջողած բան մը բռնել, բայց երբ Քրիստոս միջամտեց՝ մեծ քանակութեամբ ձուկ բռնեցին, «այնքան որ իրենց ուռկանները կը պատռէին» (Ղկ 5.6): Մե՛նք ալ չխնդրե՞նք Քրիստոսի միջամտութիւնը մեր կեանքի նաւակէն ներս:

Սիրելի՛ ընթերցող, Քրիստոս նոյն խօսքը այսօր քեզի ալ կըսէ. «Քիչ մը աւելի խորը տար նաւակդ եւ ձուկ որսալու համար ուռկանդ նետէ»: Եթէ երբեք կուզես որ քու ալ պարապ ուռկանդ պատռելու չափ լեցուի, հնազանդէ՛ իրեն ինչպէս Պետրոս առաքեալ հնազանդեցաւ: Ի միտ առ որ երբ Քրիստոս միջամտէ քու կեանքէդ ներս՝ ուռկանդ միշտ լեցուն պիտի ըլլայ: Մի՛ վախնար քիչ մը աւելի խորը երթալու։ Քրիստոս քեզ առանձին չի ղրկեր եւ պիտի չղրկէ «քիչ մը աւելի խորը»: Քրիստոս Պետրոսն ու իրեն հետ եղողները առանձին չղրկեց «քիչ մը աւելի խորը»: Ան անոնց հետ գնաց։

Անհամար են Աստուածաշունչի մէջ այն համարները որոնք ցոյց կու տան թէ երբ Աստուած ոեւէ մէկը առաքելութեան մը ղրկէ՝ կընկերանայ անոր։ Աստուած մակերեսային կեանք վարող մարդուն չընկերակցիր: Շատե՜ր աշխատանք կը տանին արքայութեան ժառանգորդները դառնալու համար, բայց քիչեր զայն պիտի ժառանգեն (Ղկ 13.24): Այդ քիչերուն աշխատանքը խորք ունեցող աշխատանք է: Որքա՜ն կը պատշաճի մարգարէին խօսքը անոնց՝ որոնց աշխատանքը խոր հաւատքի արդիւնք չէ. «Աշխատանք թափեցին, բայց օգուտ պիտի չտեսնեն» (Եր 12.13):

3-  Քրիստոս արգիլեց շատախօսութիւն ընել աղօթքի ընթացքին եւ թելադրեց մտնել մեր սենեակները, գոցել դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթել մեր երկնաւոր Հօր (Մտ 6.6-7): Մեր սենեակները մտնելը, սիրտով աղօթելն է, աղօթական մեր կեանքին մէջ խորանալն է։ Քրիստոս շրթներուն մակերեսայնութենէն սիրտի խորը իջնելու կոչ է որ կուղղէ մեզի: Խորունկ աղօթքները սիրտի եւ սիրոյ խորերէն բխող աղօթքներն են եւ ո՛չ թէ մեր շրթներէն:

Սիրտի խորերէն չաղօթող մարդուն վերաբերեալ, Սուրբ Գիրքը կըսէ. «Դուն անոնց բերնին մօտ ես բայց անոնց սիրտէն հեռու ես» (Եր 12.2): Այս խօսքը ցոյց չի՞ տար որ Աստուած կը զզուի մակերեսայնութենէն: Մեր սենեակները մտնելը եւ դուռը գոցելն ու աղօթելը, Աստուծոյ հետ մենիկ պահ անցընելու եւ իր սիրոյն մէջ խորանալու հոյակապ հրաւէր մըն է: Իսկ Աստուծոյ հետ մենիկ պահ անցընել փափաքիլը ինքնին խոր սիրոյ վկայութիւն մըն է: Նման մենիկ պահերն են որ մեզ կ առաջնորդեն խորապէս ճանչնալու զԱստուած:

Անհամար է թիւը այն մարդոց որոնք առանձնութեան մէջ Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ աւելի սիրած եւ կապուած են անոր։

4-  Քրիստոս ներկայացուցած ատեն սերմնացանին առակը, կըսէ. «Հատիկներէն ոմանք ժայռոտ տեղ ինկան, ուր շատ հող չկար, եւ քանի հողը խորունկ չէր՝ անմիջապէս բուսան. բայց երբ արեւը ելաւ՝ այրեցան, եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ չորցան» (Մտ 13.5-6): Պէտք չկայ մասնագէտ երկրագործ ըլլալու գիտնալու համար, թէ խորունկ հողի մէջ չինկած սերմը դատապարտուած է անպտուղ մնալու: Խորունկ հողի մէջ ինկած սերմերն են որ զօրաւոր արմատներ կունենան եւ պտուղ կու տան, «ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ՝ վաթսուն եւ կամ երեսուն» (Մտ 13.8):  Այս  առակը  մեր  հաւատքին  մէջ  խորանալու  եւ  զօրեղապէս արմատանալու կոչ մը չէ՞ որ կուղղէ մեզի: Ինչպէս հողին մակերեսին վրայ մնացող սերմը մարդոց ոտքի կոխան եւ կամ թռչունի կեր կըլլայ, այնպէս ալ իրենց հաւատքի սերմերը մակերեսին վրայ ձգողները, Սատանային ու անոր չար ոգիներուն համար կեր կը դառնան:

Խորունկ հաւատքը չէ՞ որ կրնայ լեռները տեղափոխել (Մտ 17.20): Խորունկ հաւատքը չէ՞ր որ աջակողմեան աւազակին դիմաց բացաւ դրախտին դուռը (Ղկ 23.43): Քանանացի կնոջ խորունկ հաւատքին պատճառով չէ՞ր որ բժշկուեցաւ անոր աղջիկը (Մտ 15.28)։ Խորունկ հաւատքը չէ՞ որ թթենին արմատախիլ ընելով ծովուն մէջ կը տնկէ (Ղկ 17.6): Տակաւին, Աբրահամին պատրաստակամութիւնը իր որդին զոհելու խորունկ սիրոյ արդիւնք չէ՞ր: Յովսէփին համբերատար եւ ներողամիտ կեցուածքը ամէն տեսակի անիրաւութեանց դիմաց խոր սիրոյ եւ հաւատքի արտայայտութիւն չէ՞ր։ Մովսէս խորապէս զԱստուած սիրելուն համար չէ՞ր որ յաճախ կառանձնանար Աստուծոյ հետ։ Դաւիթին պայքարիլը Գողիաթին դէմ Աստուծոյ հանդէպ խոր վստահութեան ապացոյց մը չէ՞ր: Յոբին տոկալը ամէն տեսակի կորուստի խոր հաւատարմութեան ու հաւատքի արդիւնք չէ՞ր: Այրի կինը իր ամբողջ ապրուստը դրաւ գանձանակին մէջ (Ղկ 21.4). ասիկա Աստուծոյ հանդէպ խոր հաւատքի եւ վստահութեան զարմանալի վկայութիւն մը չէ՞ր:

Ինչպէս զօրաւոր փոթորիկին դիմաց խորունկ արմատներ չունեցող ծառը չի կրնար կանգուն մնալ, այնպէս ալ զօրաւոր փորձութիւններու դիմաց, կը գայթին այն հաւատացեալները որոնք խոր հաւատքի տէր մարդիկ չեն։ 5- Անդրէաս եւ Յովհաննէս եկան Յիսուսի եւ հարցուցին. «Ռաբբի՛, ո՞ւր կը մնաս»: «Եկէք եւ տեսէք», պատասխանեց Յիսուս։ «Անոնք գացին եւ տեսան թէ ո՛ւր կը մնար, եւ այդ օրը անոր մօտ մնացին» (Յհ 1.38-39):

Աշակերտները հարցում հարցնելու սիրոյն չհարցուցին Յիսուսի թէ ո՛ւր կը բնակէր։ Վստահ եղէք որ եթէ հարցում հարցնելու սիրոյն հարցուցած ըլլային, Յիսուս անոնց պիտի չըսէր. «Եկէք եւ տեսէք»:

Հարցում հարցնելու սիրոյն հարցում հարցնելը մակերեսայնութիւն է: Աշակերտներուն նման մենք ալ չե՞նք հետաքրքրուած թէ Յիսուս «ո՞ւր կը մնայ»: Եթէ իսկապէս հետաքրքրուած ենք Քրիստոսով եւ անոր «բնակութեան վայրով», անպայման պիտի լսենք Քրիստոսի հրաւէրը. «եկէք եւ տեսէք»: Եթէ աշակերտներուն հարցումը խոր եւ անկեղծ հետաքրքրութեան արդիւնք չըլլար, անոնք մակերեսային պատասխան մը ստացած պիտի ըլլային, եւ ո՛չ թէ «եկէք եւ տեսէք»-ի կոչ մը, որ խորագոյն սիրոյ արտայայտութիւն էր:

Աստուածասէր մարդը պէտք է հրաժարի մակերեսայնութենէն ու տափակութենէն։ Ինչ որ կընենք պէտք է խոր սիրոյ եւ հաւատքի արտայայտութիւն ըլլայ, այլապէս, ոչինչով պիտի օգտուինք: Ծոմապահութի՞ւն է որ կընենք, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք անոր խորունկութեան վրայ եւ ո՛չ թէ տեւողութեան: Ողորմութի՞ւն է որ կու տանք, պէտք է գիտնանք որ Աստուած (միայն) մեր տուածին քանակին չէ որ կը նայի, այլ նաեւ մեր տուած եղանակին: Յիշեցէ՛ք որ Աստուած ընդունեց այրի կնոջ երկու լուման (Ղկ 21.1-4), մինչ Անանիայի եւ Սափիրայի տուած մեծ գումարը՝ մերժեց (Գրծ 5.1-5): Ընդունեց մաքսաւորին կարճաբան աղօթքը, իսկ Փարիսեցիին երկարաբան աղօթքը՝ մերժեց (Ղկ 18.9-14): Ընդունեց Աբէլն ու անոր ընծան, իսկ Կայէնն ու անոր ընծան՝ մերժեց (Ծն 4.4-5):

Սիրելի՛ ընթերցող, ի՛նչ տեսակի բարի գործ ալ ընենք՝ անոր մէջ դնենք սէր եւ սիրտ: Աստուած չուրախանար երբ մեծ գործեր ընենք, այլ երբ փոքր գործեր մեծ սիրով ընենք: Ինչ որ խորք չունի՝ իմաստ չունի, իսկ ինչ որ իմաստէ զուրկ է՝ ժամանակաւոր է:

Մէկդի թողունք մակերեսայնութիւնը, որպէսզի չըլլայ թէ մեզի պատշաճեցուի մարգարէին խօսքը. «Բոլոր սիրտով ինծի չդարձաւ, հապա ստութեամբ դարձաւ» (Եր 3.10):  Ողբալի բա՛ն է ստութեամբ դառնալ ճշմարիտ Աստուծոյ:

Եկէ՛ք իջնենք խորը մեր սիրտերուն, հոն՝ զԱստուած փնտռելու, գտնելու, անոր հետ հաշտութիւն կնքելու, անով ուրախանալու եւ անոր ուրախութիւնը դառնալու հիմա ու յաւիտեան։ Ամէն:

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

17.09.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․