8 Փետրվար, Սուրբ Ծննդյան Դ կիրակի
Եթէ մայրեր ու հայրեր խոնարհութիւնը ունենան քիչ մը ականջ տալու իրենց մանկիկներուն, շատ բան պիտի սորվին անոնցմէ։ Առաջին հերթին պիտի սորվին անկեղծութիւն եւ ճշմարտախօսութիւն։ Մանուկ մը երբեք սուտ չի խօսիր եթէ մայրը անոր չսորվեցնէ ստախօսութիւն ընել։ Անգամ մը ուզեցի տուն մը այցելել. երբ հոն հասայ եւ դուռը զարկի, 5-6 տարեկան մանուկ մը դուռը բացաւ։ Հարցուցի եթէ երբեք մայրը ներսն էր։ Մանուկը պատասխանեց ըսելով. «Մայրս ըսաւ որ եթէ մէկը հարցնէ իմ մասիս՝ ըսէ թէ տունը չեմ»։ Դարձեալ հարց տուի ըսելով. «Ուրեմն տունը չէ՞ մաման»։ Մանուկը ըսաւ. «Տո՛ւնն է, բայց ըսաւ որ մէկու մը չըսեմ»։
Հետաքրքրական էր մանուկին անկեղծութիւնը։ Սիրելի՛ մայրեր, ինչո՞ւ խաթարենք մեր մանուկներուն կեանքը, ստութեան սերմեր սերմանելով անոնց սրտի պարարտ հողին մէջ։ Մտածեցէք թէ քանի՜ քանի՜ անգամներ ձեր մանուկներուն սորվեցուցած էք սուտը, կեղծիքը, անիրաւութիւնը, դիմակ գործածելը։
Ինչո՞ւ չփորձէք հետեւիլ անոնց անմեղունակ եւ անկեղծ կեցուածքին, եւ անոր փոխարէն, կը ստիպէք անոնց ընդօրինակելու ձեր նկարագիրը, ձեր օրինակն ու վերաբերմունքը։ Ինչո՞ւ անհանգիստ կ՚ըլլաք երբ անոնք ձեզ խաբեն եւ անհանգիստ չէք ըլլար երբ դուք անոնց խաբել կը սորվեցնէք։ Անոնց կողմէ ձեր խաբուիլը, զանոնք ձեր խաբելուն հետեւանքը չէ՞։
Մանուկները Աստուծոյ խօսնակներն են։ Չստիպենք անոնց ընել ու ըսել այն ինչ որ սխալ է։ Անոնք յաճախ մեզ կը յանդիմանեն իրենց անկեղծ եւ անխարդախ արտայայտութիւններով։ Երբ յանդիմանուինք անոնց անկեղծ մէկ վերաբերմունքէն կամ արտայայտութենէն, չընդվզինք, չբարկանանք, չվիրաւորուինք, եւ չպախարակենք զանոնք։ Եթէ յանդիմանենք կամ պատժենք զանոնք իրենց անկեղծ մէկ վերաբերմունքին կամ արտայայտութեան համար, լաւ գիտնանք, որ կործանած կ՚ըլլանք անոնց ներսիդին սրբութեան ամէն փափաք, շիջեցուցած կ՚ըլլանք անկեղծութեան ամէն նշոյլ, անոնց մաքրութեան աղտոտութիւն խառնած կ՚ըլլանք, եւ անոնց վեհութեան՝ վատութիւն։
Մանուկները անկեղծութեան գանձարան են, հոն կեղծիք չխառնենք։ Անոնք Աստուծոյ բնակարան են. հոն սատանաներ չմտցնենք։ Վստահութեամբ լի սկիհներ են. հոն կասկածամտութիւն չներմուծենք։ Վարդաստան ու ծաղկաստան են. հոն փուշ ու տատասկ չտնկենք։ Մաքուր երկինք են. զանոնք սեւ ամպերով չծածկենք։ Զուլալ ջուր են. զանոնք չպղտորենք։ Սիրոյ աղբիւր են. զանոնք դառնաբուղխ չդարձնենք։ Հրեշտակ են, զանոնք հրէշի չվերածենք։
Յարգելի՛ մայրեր, երբ դժուարութեան մէջ էք, նայեցէ՛ք ձեր մանուկներուն դէմքին։ Հոն պիտի տեսնէք քաղցր ժպիտ մը. ժպիտ մը՝ որ կը լուծէ ամէն դժուարութիւն եւ խաղաղութիւն կը շնորհէ ձեզի։
Երբ յուսահատութեան ու յուսալքութեան անդունդին եզերքը կը գտնուիք, ձեր հայեացքները ուղղեցէք ձեր մանուկներուն աչքերուն, եւ հոն պիտի տեսնէք յոյսի ջահը մշտավառ։
Երբ կասկածամտութիւնը կը տանջէ ձեզ, ձեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցէք ձեր մանուկներուն վրայ, եւ դուք անոնց մէջ պիտի
գտնէք վստահութեան զօրաւոր շունչ մը, որ ձեզ պիտի զօրացնէ։
Երբ անապահով զգաք, յիշեցէք թէ ինչպէս ձեր մանուկները իրենք զիրենք ապահով կը զգան երբ դուք իրենց հետ էք, եւ անոնցմէ սորվեցէք ապահով զգալ՝ քաջ գիտնալով որ Աստուած ձեզի հետ է։
Յիսուս ուզեց որ մանուկներուն նմանինք։ Մանուկներուն նմանիլ, կը նշանակէ վստահիլ Աստուծոյ ինչպէս մանուկները իրենց ծնողներուն կը վստահին։ Մանուկներուն մօտ մենք չենք գտներ անվստահութիւն հանդէպ իրենց ծնողներուն եւ անոնց խօսքերուն ու խոստումներուն։ Մանուկներ ամրօրէն կառչած կը մնան իրենց ծնողներուն կատարած խոստումներուն եւ յաճախ զանոնք կը յիշեցնեն անոնց։ Մանուկներուն ճիշդ այս վերաբերմունքն է որ Յիսուս կ՚ուզէ որ մենք ընդօրինակենք։ Ան կ՚ուզէ որ հաւատանք իր խօսած խօսքերուն եւ ամուր կառչած մնանք իր տուած խոստումներուն, եւ պահանջենք իրմէ անոնց կատարումը։
Հետեւեալ դրուագը կը պարզէ որ Աստուած կը խօսի մանուկներուն ճամբով ո՛չ միայն անոնց ծնողներուն, այլեւ գիտնական դասակարգին։ Օր մը մեծանուն գիտնական՝ Վօլթէր, կը պտըտէր Վէրնէի պարտէզին մէջ։ Քալած ատեն, հանդիպեցաւ փոքրիկ աղջկան մը որ Սուրբ Գիրք կը կարդար եւ անոր հարցուց. «Աղջիկս, կը տեսնեմ որ ջանասէր մէկն ես. ըսէ՛ ինծի, քրիստոնէականդ լաւ գիտե՞ս»։ Աղջիկը փոխանակ պատասխան տալու թեթեւ մը ժպտաց։
Վօլթէր քմծիծաղով աղջկան ծառ մը ցոյց տուաւ եւ ըսաւ. «Աղջիկս եթէ ինծի ըսես թէ Աստուած ո՞ւր է, կամ ցոյց տաս տեղ մը ուր Աստուած ներկայ է, քեզի այս ծառին ամբողջ պտուղները պիտի տամ»։ Աղջիկը պահ մը շուարեցաւ թէ ի՛նչ պատասխան պիտի տար, բայց ապա դառնալով պարոն գիտնականին, ըսաւ. «Պարոն գիտնական, եթէ դուք ինծի ցոյց տաք տեղ մը ուր Աստուած ներկայ չէ, ես ձեզի այս պարտէզին ամբողջ ծառերուն ամբողջ պտուղները պիտի տամ»։
Վօլթէր պապանձեցաւ եւ ոչինչ կրցաւ պատասխանել։ Ան իսկոյն հեռացաւ աղջիկէն խոշոր-խոշոր քայլերով։ Վօլթէր որ իր ժամանակին մեծագոյն գիտնականն էր՝ համր դարձաւ փոքրիկ աղջկան մը դիմաց։ Աստուած ի՛նքն էր որ խօսած էր փոքրիկ աղջկան միջոցաւ, դարձի գալու առիթ մը տուած ըլլալու համար Վօլթէրին եւ պատմութեան բոլոր Վօլթէրներուն։ Նայի՛նք մեր շուրջ, վստահաբար հոն կան մանուկներ որոնց ճամբով Աստուած պիտի գայ յիշեցնելու մեզի որ ինք ամէն տեղ է։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից