21 Հունիս, Շբ
Աններողամիտ մարդը ո՛չ միայն իր նմանը կը կապէ եւ կը կաշկանդէ, այլեւ՝ ինքզինք։ Զուր տեղ չէ որ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ինչ որ կապէք երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակէք երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ» (Մտ․ 18.18)։ Երբ կը ներենք մէկու մը որ մեզի դէմ յանցանք գործած է եւ մեր սիրտը խորապէս վիրաւորած է՝ ազատ արձակած կ՚ըլլանք զինք եւ մենք զմեզ։
Ինչպէս ազատ չարձակուող բանտարկեալը չի՛ կրնար իր ազատութիւնը առնել, այնպէս ալ մեր կողմէ չներուած մարդը չի կրնար ազատ եւ հանգիստ զգալ։ Պէտք է նկատի առնել, սակայն, որ չներելը` որքան անհանգիստ եւ բանտարկուած վիճակի մէջ կը պահէ մեր եղբայրը, նոյնքան ալ անհանգիստ եւ բանտարկուած վիճակի մէջ կը պահէ մեզ։
Ներող մարդը մնայուն կերպով խաղաղութեամբ համակուած կ՚ըլլայ։ Ան որ կը մերժէ ներել, մի՛շտ պրկուած եւ լարուած, մի՛շտ գրգռուած եւ խռոված վիճակի մէջ կ՚ըլլայ։ Չներող մարդը ո՛չ միայն ինք անձնապէս խռովութեամբ լի կ՚ըլլայ, այլ նաեւ իր ներկայութիւնը խռովութիւն տարածող ներկայութիւն կ՚ըլլայ։
Ինչ ցաւալի երեւոյթ է հանդիպիլ այնպիսի՛ քրիստոնեաներու որոնք քիչ մը նախանձի համար, չնչին հաշիւներու համար, կը զլանան ներում շնորհել իրենց եղբօր կամ քրոջ։ Այսպիսի մարդոց սրտին մէջ ատելութեան մաղձը աւելի՛ մեծ է քան Քրիստոսի սէրը։ Այսպիսիները կը թունաւորեն իրենք իրենց կեանքը եւ իրենց նմաններուն կեանքը։ Ո՛չ իրենց անձերուն հանգիստ կը շնորհեն եւ ո՛չ ալ ուրիշին։ Այսպիսիներ, ատելը աւելի՛ դիւրին կը գտնեն քան սիրելը, քինախնդիր ըլլալը աւելի՛ հաճելի կը նկատեն քան ներողամիտ ըլլալը։ Այսպիսիներուն համար, ներողամտութիւնը պարտութեան նշան է, ահա թէ ինչո՛ւ չեն ուզեր ներել։ Մէկը որուն սրտին մէջ Քրիստոսի շնորհքին լոյսը չէ ծագած՝ ո՛չ միայն չ՚ուզեր ներել, այլեւ չի՛ կրնար ներել իր նմանին։ Աստուծոյ կողմէ մեր գործած մեղքերուն համար քաւութիւն ստանալը անբացատրելի խաղաղութեամբ կը լեցնէ մեր սիրտը։ Նման խաղաղութեամբ լեցուած մարդը չի՛ կրնար չներել։ Աստուծոյ կողմէ ներուած մարդը սիրով եւ ուրախութեամբ կը ներէ իր հակառակորդներուն։
Ան որ չի ներեր իր եղբօր՝ ապացուցած կ՚ըլլայ որ ինք Աստուծոյ կողմէ ներում չէ ստացած, եւ հետեւաբար, Աստուծոյ զաւակը չէ։ Աստուծոյ զաւակը դարձած մարդը, իր նմանը եղբայր եւ քոյր կը նկատէ եւ ո՛չ թէ մրցակից եւ թշնամի։
Ներողամտութիւնը լաւագոյն ճամբան է թշնամի մը բարեկամի վերածելու։ Ինչպէս մէկը չի կրնար կրակին վրայ քարիւղ նետելով կրակը շիջեցնել, այնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ թշնամիին թշնամութիւն ընելով վերջ դնել թշնամութեան։ Թշնամութիւնը թշնամութեամբ փոխարինող մարդը կը նմանի անոր, որ կը փորձէ ածուխով մուրին սեւութիւնը մաքրել։ Վերջ դնելու համար թշնամութեան պէտք է սկիզբ դնել բարեկամութեան։ Թշնամին չներող մարդը թշնամիին հաւասարած կ՚ըլլայ։
Խորքին մէջ, չներող մարդը Քրիստոսի է որ թշնամութիւն ըրած կ՚ըլլայ, որովհետեւ փակած կ՚ըլլայ այն ճամբան որ կրնայ մեղաւոր մարդը առաջնորդել Քրիստոսի։ Երբ ներողամտութիւն, ազնուութիւն եւ քաղցրութիւն կը ցուցաբերենք մեզ չսիրողներուն նկատմամբ, առիթ մը տուած կ՚ըլլանք իրենց ճանչնալու Քրիստոսի սէրն ու քաղցրութիւնը։
Պատմութիւնը կը վկայէ որ անհաշիւ թիւով մարդիկ դարձի եկած են Քրիստոսի պարզապէս որովհետեւ հանդիպած են ներողի մը։ Յիշեցէք Քրիստոսի խաչակիցը եղող աջակողմեան աւազակին պարագան։ Ան ականատես եւ ականջալուր եղած էր թէ ինչպէս Քրիստոս կը խնդրէր իր Հօրմէն ներել անոնց՝ որոնք զինք խաչեցին (Ղկ․ 23.34)։ Աւազակին սիրտը ճմլուեցաւ երբ Քրիստոսի մօտ ա՛յսքան ներողամտութիւն տեսաւ եւ իսկոյն դարձի եկաւ։
Յաճախ ըսուած է որ «Վեհանձն մարդը չի կրնար չներել»։ Վերածնած քրիստոնեայ մարդը, սակայն, պէտք է ներէ ո՛չ թէ որովհետեւ իր վեհանձնութիւնը ա՛յդ է որ կը պահանջէ իրմէ, ո՛չ թէ որովհետեւ իր հոգիին խաղաղութիւնը ա՛յդ է որ ընել կը թելադրէ իրեն, այլ որովհետեւ Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներած է իր անհամար մեղքերը։ Աստուծոյ ներումին արժանացած մարդը եթէ չներէ իր նմանին, օր մը Քրիստոսի կողմէ պիտի լսէ հետեւեալ խօսքը. «Չա՛ր ծառայ, ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի։ Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցայ» (Մտ․ 18.32-33)։
Աստուծոյ ողորմութեամբ փրկուածներուն երբեք չի վայելեր անողորմ ըլլալ։ Մեր անողորմութիւնը զԱստուած եւս անողորմութեան կը մղէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Եթէ մարդոց չներէք իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեր յանցանքները» (Մտ․ 6.15)։ Այս խօսքը թող մեզի այն տպաւորութիւնը չտայ որ Աստուծոյ շնորհած ներումը պայմանաւորուած է մեր շնորհած ներումով։
Աստուած կը ներէ մեզի առանց սպասելու որ մենք ներենք իրարու։ Աստուած կը ներէ մեզի Քրիստոսի՛ սիրոյն եւ ո՛չ թէ մեր ցուցաբերած ներողամտութեան սիրոյն։ Բայց կարեւոր է յիշել, որ եթէ շարունակենք աններողամտութիւն սնուցանել մեր սիրտերուն մէջ, Աստուած վերստին պիտի արձանագրէ մեր պարտամուրհակներուն մէջ մեր բոլոր այն մեղքերն ու յանցանքները որոնք ջնջած էր իր Որդիին միջոցաւ։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կղ․ 3.13, Եփ․ 4.32)։ Պէտք է անսահմանօրէն ներենք իրարու, որովհետեւ Քրիստոս անսահմանօրէն ներեց մեզի։ Չըսե՛նք ինչպէս ուրիշներ կ՚ըսեն. «Բաներ կան կը ներուին, իսկ բաներ ալ կան որ չեն ներուիր»։ Քրիստոսի սէրը ունեցող մարդուն համար չկա՛յ մեղք մը որ չի ներուիր։ Ունի՞ս նման սէր։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից