«Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Ղկ 10.27)։ Կարելի՞ բան է սիրել մեր նմանը մեր անձին պէս։ Քրիստոս երբե՛ք անկարելի բան չպահանջեց մեզմէ։ Ան բնա՛ւ անիրագործելի եւ անգործնական պատուիրան մը չսահմանեց։ Պէտք չէ մոռնանք որ երբ Աստուած պատուիրան մը կու տայ, այդ պատուիրանը ի գործ դնելու կարողութիւն ալ կը պարգեւէ։ Ասիկա Աստուծոյ գործելակերպն է։ Բնա՛ւ չէ պատահած որ Աստուած պարտականութիւն մը յանձնած ըլլայ մէկու մը, եւ սակայն, զլացած ըլլայ անոր ընծայելու պատեհութիւնն ու զօրութիւնը այդ պարտականութիւնը ի գործ դնելու։
«Քու անձիդ պէս» բառերը, մեզ կը հրաւիրեն մտածելու եւ գործելու ուրիշին համար այն ինչ որ կը մտածենք եւ կը գործենք մեր անձերուն համար։ Քրիստոս ո՛չ միայն մեզ սիրեց իր անձին պէս, այլեւ իր անձէն աւելի։ Եթէ Քրիստոս մեզ չսիրէր իր անձէն աւելի, ան իր կեանքը պիտի չտար մեզի համար։ Ան չմտածեց խաչէն ազատելու մասին, այլ մտածեց խաչով ազատելու մասին։ Որո՞նց ազատելու։ Քեզ եւ զիս։ Քրիստոս չթելադրեց մեր ընկերները սիրելու մեր անձերէն աւելի, ինչպէս ինք սիրեց մեզ իր անձէն աւելի, այլ պարզապէս յանձնարարեց, որ սիրենք մեր նմանները այնքան եւ այնպէս՝ որքան եւ ինչպէս մեր անձերը կը սիրենք։
Քրիստոսի սիրով եւ հոգիով, Քրիստոսի զօրութեամբ եւ գորովով, Քրիստոսի անձնուիրութեան եւ անձնուրացութեան ոգիով տոգորուած մա՛րդը միայն կրնայ իր ընկերը սիրել իր անձին պէս եւ նոյնիսկ իր անձէն աւելի։ Երբ Քրիստոս բնակի մեր ներսիդին՝ ընկերսիրութեան կրակը պիտի բոցավառի մեր սիրտերուն մէջ։ Երբ խաչով յայտնուած Աստուծոյ սէրը մուտք գործէ մեր հոգիներէն ներս՝ եղբայրսիրութեան հուրը պիտի բռնկի մեր կեանքերուն մէջ։ Երբ Քրիստոս սորվեցուց մեզի ըսել. «Հայր մեր…» եւ ո՛չ թէ «Հայր իմ», անով իսկ հաստատած եղաւ տիեզերական եղբայրսիրութեան սկզբունքը։
Երբ Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ նոր սիրտ եւ նոր հոգի, այն ատեն, եղբայրսիրութիւնը մեզի համար պիտի դառնայ փափաք եւ հաճոյք, կեանքի նպատակ եւ ճանապարհ։ Ոմանք այն համոզումը ունին, որ մարդ արարածը որպէսզի կարենայ իր նմանը սիրել իր անձին պէս, պէտք է գերբնական սիրտ մը ունենայ։ Աստուածաշունչը սակայն չի՛ խօսիր գերբնական սիրտի մասին։ Աստուածաշունչը կը խօսի քարեղէն սիրտի փոխարէն մարմնեղէն սիրտ ունենալու անհրաժեշտութեան մասին (Եզ 11.19), Աստուծմէ նոր սիրտ եւ նոր հոգի ստանալու մասին (Եզ 18.31)։ Հետեւաբար, կարենալ ընկերասէր ըլլալու համար, չսպասենք գերբնական սիրտ մը ունենալ, այլ ջանանք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ հասնիլ Աստուծոյ պարգեւին՝ մարմնեղէն սիրտին, այսինքն՝ նոր սիրտին։
«Քու անձիդ պէս»։ Նկատելի է որ Քրիստոս մեր անձերը ատելու կամ անտեսելու մասին չէ որ կը խօսի։ Անձնասիրութիւնը ընդհանրապէս ժխտականօրէն կը հասկցուի։ Կասկած չկայ, սակայն, որ անձնասիրութիւնը իր դրական երեսն ալ ունի։ Իսկապէս ինքնիր անձը սիրողը, պէտք է հետապնդէ իր անձին փրկութիւնը։ Ինքնիր անձին փրկութեան նկատմամբ անտարբեր գտնուողը երբեք ինքնիր անձը սիրող մը պէտք չէ նկատել։ Քրիստոսի «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» խօսքը, ուղղուած չէ անհաւատներուն, այլ՝ հաւատացեալներուն։ Անհաւատ մը չի՛ սիրեր եւ չի՛ կրնար սիրել ինքնիր անձը. եթէ իսկապէս սիրէ՝ հաւատքի կու գայ։ Անհաւատութիւնը ատելութիւն է մեր անձերուն նկատմամբ։
Անհամար թիւով մարդիկ, իրենց հոգիներուն հետ կը վերաբերին այնպէս ինչպէս պիտի վերաբերէին ոխերիմ թշնամիի մը հետ։ Ինքնիր փրկութեամբ չմտահոգուողը չի՛ կրնար ուրիշին փրկութեամբ մտահոգուիլ։ Ինքնիր հոգիին արժէքը չգիտցողը չի՛ կրնար ուրիշին հոգիին արժէքը գիտնալ։ Անգամ մը որ Քրիստոսի շնորհքին լոյսը ծագի մեր սիրտերուն մէջ, ա՛յն ատեն, միայն ա՛յն ատեն, մեր ընկերներուն փրկութիւնը մեզի համար պիտի դառնայ ամենօրեայ տագնապ։
Երբ Քրիստոս կը պատուիրէ մեր ընկերը սիրել մեր անձին պէս, շատ յստակ է, որ իր ըսել ուզածը այն է, որ պէտք է մեր ընկերներուն հետ վերաբերինք այնպէս ինչպէս կը վերաբերինք մեր անձերուն հետ։ Ինքզինք ատող մը չի՛ կրնար իր ընկերը սիրել, որովհետեւ պատուիրանը չ՚ը՛սեր. «Ատէ ընկերդ քու անձիդ պէս», այլ՝ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։
Քրիստոնեայ մարդուն սիրտին մէջ եղող սէրը իրեն չի պատկանիր, այլ՝ ուրիշին։ Այդ ուրիշը կրնայ մեզի համար «հաճելի» եւ «սիրելի» մէկը չըլլալ, կրնայ բարեկամ կամ ընկեր չըլլալ, կրնայ ազգական կամ հարազատ չըլլալ, կրնայ նոյնիսկ ազգակից կամ հաւատակից չըլլալ, բայց մեր կոչումը է՛ եւ կը մնայ սիրել զանիկա՝ սիրել ամբողջ սիրտով եւ ամբողջական սիրով։ Այդ կոչումը երկինքէն մեզի տրուած է։ Երկինքը խտրութիւն չի՛ դներ մարդոց միջեւ։ Երկինքի քաղաքացիները իրե՛նք ալ խտրութիւն պէտք չէ դնեն մարդոց միջեւ։
«Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Սիրէ՛ առանց հարցադրումներ կատարելու։ Սիրէ՛ առանց պատրուակներ ստեղծելու։ Սիրէ՛ առանց պատճառներ ու պատճառաբանութիւններ թուելու։ Սիրէ՛ առանց պայմանի ինչպէս Քրիստոս ի՛նք սիրեց առանց պայմանի։ Սիրէ՛ Քրիստոսի նման, Քրիստոսի հոգիով, Քրիստոսաբար։
Հասի՛ր տապալած ընկերոջդ օգնութեան ինչպէս պիտի հասնէիր մէկ հատիկ զաւակիդ որ խեղդամահ ըլլալու վտանգին առջեւ կը գտնուէր։ Ազատէ՛ նմանդ թշուառութեան ճիրաններէն ինչպէս պիտի ազատէիր սիրելիներէդ մին սուլող օձէ մը։ Ձե՛ռքդ պարզէ իրաւազրկուածին ինչպէս եթէ տղմոտ հորի մը մէջ ինկած ըլլայիր պիտի ուզէիր դէպի քեզ կարկառուած տեսնել ուժեղ ձեռքեր։ Եղիր ճշմարիտ ընկերասէր մը, որպէսզի անգին գոհարի կտորի մը նման փայլիս Աստուծոյ գիրկին մէջ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից