Սուրբ Հաղորդութեամբ իրագործուած մէկութիւնը

Մենք բոլորս մէկ հաց, մէկ մարմին ենք, որովհետեւ նոյն եւ միակ հացէն կը ճաշակենք» (Ա.Կր․ 10.17)։ Տիրոջ մարմինն ու արիւնը ո՛չ միայն մեզ հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն եւ մէ՛կ կը դարձնեն Աստուծոյ հետ, այլ նաեւ հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն եւ մէ՛կ կը դարձնեն եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն հետ։ Արդարեւ, Քրիստոսի մարմինէն եւ արիւնէն զատ ուրիչ ո՛չ մէկ բան կրնայ վերամիացնել եւ հաշտեցնել իրարու հետ Աստուած եւ մարդ, եւ մարդ ու մարդ։

Ինչո՞ւ արդեօք Հին կտակարանին մէջ յիշուած զատկական գառնուկին վերաբերեալ, Աստուած պատուիրեց ուտել զանիկա առանց անոր ոսկորներէն որեւէ մէկը փշրելու կամ կոտրելու (Ել․ 12.46, Թւ 9.12)։ Աստուած չուզեց որ զատկական գառնուկին ոսկորներէն որեւէ մէկը կոտրուէր, որովհետեւ ատիկա Քրիստոս-Գառնուկին կատարեալ նախապատկերացումը պիտի ըլլար։ Ինչպէս Հին Կտակարանի գառնուկին ոսկորներէն որեւէ մէկը չկոտրեցաւ, այնպէս ալ Նոր Կտակարանի Գառնուկին ոսկորներէն որեւէ մէկը չկոտրեցաւ։

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Զինուորները… երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները…։ Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածը.- Անոր որեւէ մէկ ոսկորը պիտի չփշրուի» (Յհ․ 19.33, 36, Ել․ 12.46, Թւ․ 9.12, Սղ․ 34.20)։

Աստուած գիտէր որ հետագային եկեղեցին պիտի կազմէր Քրիստոսի մարմինը (Ա.Կր․ 12.27-28, Կղ․ 1.18, Եփ․ 5.23, 29), ահա թէ ինչո՛ւ ան թոյլ չտուաւ որ իր Որդիին մարմինին ոսկորներէն որեւէ մէկը փշրուի կամ կոտրուի։ Այլ խօսքով, Աստուած չուզեց որ իր Որդիին մարմինը ըլլալու կանչուած եկեղեցին, իր մէջ ունենայ փշրուած ոսկորներ, այսինքն՝ պառակտումներ եւ բաժանումներ։

Դերենիկ Եպս. Փօլատեան խօսելով Սուրբ Հաղորդութեան ճամբով բոլոր եկեղեցիներուն միջեւ ստեղծուող միութեան մասին, կ՚ըսէ. «Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի մատուցմամբ տեսանելի եւ անտեսանելի, զինուորեալ եւ յաղթական եկեղեցիներ, մէկ կը հանդիսանան. հրեշտակներ եւ սուրբեր, ննջեցեալներ եւ ապրողներ, ու տաճարին մէջ ու բոլոր տաճարներուն մէջ հաւաքուած մարդիկը, նոյն Սուրբ Հոգւոյն հաղորդակից՝ իրարու հետ տիեզերական միութեան մը մէջ կը մտնեն»։

Թող որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը մեզ սերտօրէն միացնեն իրեն եւ իրարու, որպէսզի կարենանք ապրիլ եւ գործել իրարու հետ իբրեւ մէ՛կ եկեղեցի, մէ՛կ մարմին, սպասելով մեր միակ Գլուխին՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին, որուն համար ամէն մէկ հաւատացեալ բերանը թող բանայ եւ ըսէ. «Ամէն։ Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս» (Յյտ․ 22.20)։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

08.07.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․