21 Հունիս, Շբ
Ղուկաս 8.22-25ին մէջ կը կարդանք փոթորիկի մը խաղաղեցման մասին Յիսուսի ձեռքով։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ նաւակ մը բարձրանալէ ետք անոնց ըսաւ. «Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք» (Ղկ․ 8.22)։ Լիճը որուն մասին կը խօսի բնագիրը նոյնինքն «Գալիլեայի լիճն է, իսկ միւս կողմը Դեկապոլիս կոչուած նահանգն էր, գլխաւորաբար խառն եւ հեթանոս ազգերով բնակուած» կ՚ըսէ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։
«Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք»։ Չվախնանք կեանքի լիճերն ու ծովերը ճեղքելով անցնիլ անոնց միւս կողմը՝ ուր աստուածային օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի։ Իւրաքանչիւր փորձութիւն որուն վրայ յաղթանակ կը տանինք՝ նոր օրհնութեան մը դուռն է որ կը բանայ մեր առջեւ։ Կեանքի փոթորիկներուն դիմաց մենք առանձին չենք։ Այդ բոլորին վրայ իշխանութիւն ունեցող Աստուածորդին մեզի հետ է՝ մեզ յաղթող դարձնելու համար այդ բոլորին դէմ։ Քրիստոս իր զաւակները առանձին չի ղրկեր փորձութեանց գիրկը։ Ան կը միանայ անոնց։ Ան իր աշակերտները առանձին չղրկեց «լիճին միւս կողմը»։ Բնագիրը կ՚ըսէ որ «Յիսուս նաւակ ելաւ իր աշակերտներուն հետ»։ Յիսուս այսօր ալ մեր կեանքի նաւակներուն մէջ է։ Ան մեզի հետ է եւ մեզի զօրավիգ։
Այս իրողութիւնը ամէն բանէ աւելի եկեղեցին ի՛նք պէտք է յիշէ։ Եկեղեցին որ կը ծփայ կեանքի կատաղի ալիքներուն վրայ՝ կարիքը ունի Քրիստոսի առաջնորդութեան։ Դժբախտութիւն է տեսնել եկեղեցիներ որոնք երբեք չեն տեսներ եւ չեն փնտռեր Քրիստոսի ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ։ Առանց Քրիստոսի շնորհած պաշտպանութեան՝ եկեղեցին ենթակայ է ընկղմելու մեղքի ու անհաւատութեան տիղմին մէջ։ Եկեղեցին վտանգի մէջ կ՚ըլլայ երբ եկեղեցւոյ Գլուխին՝ Քրիստոսի չյանձնուի եկեղեցւոյ ղեկը։ Նոյնը չեղա՞ւ աշակերտներուն պարագան։ Աշակերտները իրենք է որ կը ղեկավարէին նաւը, բայց երբ փորձութիւնը վրայ հասաւ՝ անոնք դիմեցին Քրիստոսի եւ խնդրեցին իր միջամտութիւնը։ Սա կը պարզէ, որ երբ կը փորձենք մեր անձնական ճիգերով եւ մեզի ճիշդ թուացող կերպերով եւ ճամբաներով ղեկավարել մեր կեանքի նաւը՝ կորսնցուցած կ՚ըլլանք մեր ապահովութիւնը։
«Մինչ աշակերտները կը նաւարկէին, Յիսուս քնացաւ»։ Երբ փորձութիւններով շրջապատուած ըլլանք, երբեմն այն տպաւորութիւնը կ՚ունենանք որ Քրիստոս «քնացած» է, այսինքն՝ կը կարծենք որ Աստուած անտարբեր է մեզի հանդէպ եւ բնաւ չի տագնապիր երբ մեզ տագնապի մէջ կը տեսնէ։ Սուրբ Գիրքը սակայն կը հաստատէ որ Աստուած նեղութեան մէջ կ՚իյնայ երբ մեզ նեղութեան մէջ ինկած կը տեսնէ (Ես․ 63.9)։
Աստուած կը փափաքի որ մենք նեղութիւններէ զերծ կեանք մը ապրինք, բայց միւս կողմէն, ան գիտէ որ առանց նեղութեանց բովին մենք չենք կրնար իր Որդիին պատկերը դառնալ։ Յաճախ մեզի պատահող չարիքներն են որ մեր ներսիդին կը կերտեն բարութեան հոգին։ Ինչպէս մուրճի հարուածներուն տակ անձեւ երկաթը ձեւի կը բերուի, այնպէս ալ փորձութեանց հարուածներուն տակ, մեղքով տձեւ դարձած մարդուն հոգին կը սկսի ճառագայթել փառքը Քրիստոսի պատկերին։
Հետաքրքրական է նկատի առնել որ լիճը խաղաղ էր այնքան ատեն երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները նաւակ չէին բարձրացած նաւարկելու համար։ Փոթորիկը չսկսաւ երբ անոնք նաւակ բարձրացան։ Փոթորիկը սկսաւ անոնց նաւարկութենէն որոշ ժամանակ ետք միայն։ Հոգեւոր դասը որ այստեղէն կը քաղենք այն է, որ երբ փորձենք յառաջանալ մեր հաւատքի նաւարկութեան մէջ՝ ա՛յն ատեն է որ դժուարին պահեր կը սկսին գլուխ ցցել մեր դիմաց։ Սատանան չի յարձակիր մէկու մը վրայ որ երբեք ճիգ չի թափեր եւ փափաք ալ չունի Քրիստոսի գալու։ Կեանքի ծովը կը փոթորկի երբ հաւատքի նաւարկութեան ձեռնարկենք։
Ան որ կը ձեռնարկէ հաւատքի նաւարկութեան իր հայեացքները կեդրոնացած ունենալով Քրիստոսի անձին վրայ՝ անոր համար չկա՛յ կորսուելու վախ։ Չեմ ըսեր թէ չկա՛յ վտանգ ու պատահար, դժնդակ ու դժուարին պահեր։ Կա՛ն այդ բոլորը, բայց մանաւանդ կայ այդ բոլորին յաղթելու յո՛յսն ու միջոցը։ Այդ յոյսն ու միջոցը Քրիստոս ի՛նքն է։ Մենք Քրիստոսի՛ միջոցաւ միայն կրնանք յաղթող ըլլալ կեանքի պատերազմին մէջ։
Երբ Քրիստոս բացակա՛յ է մեր կեանքէն՝ զօրեղ փորձութեանց դիմաց մնայուն կերպով կորսուելու երկիւղը կը շրջապատէ մեզ, եւ ստիպուած կ՚ըլլանք աղաղակելու. «Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ, ահա կը կորսուինք»։ Եւ ասիկա կարծէք կո՛չ մը կ՚ըլլայ Քրիստոսի՝ շարժելու եւ բան մը ընելու. բայց դժբախտաբար բնաւ չենք անդրադառնար որ շարժելու եւ բան մը ընելու կարիքը մե՛նք է որ պէտք ունինք եւ ո՛չ թէ Քրիստոս։ Ա՛յս է որ ցոյց կու տայ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իր առաքեալներուն. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»։ Այո՛, ո՞ւր է մեր հաւատքը երբ փորձութեանց ժայռերուն կը բաղխինք։ Ա՛յն հաւատքը՝ որ մեզ անդրդուելի ու անյողդողդ կը պահէ ծանրակշիռ փորձանքներու առջեւ։
Փորձանքներն են որ կ՚ապացուցանեն եթէ երբեք մենք հաւատք ունինք թէ ոչ։ Երբ փորձանքներու իբրեւ հետեւանք՝ վա՛խ յառաջ գայ մեր սիրտերուն մէջ՝ հաւատքը կ՚անհետանայ։ Վախը Աստուծոյ կարողութեան եւ ամենահասութեան նկատմամբ հաւատքի ու վստահութեան պակաս կ՚ենթադրէ։ Աշակերտները վախցան, բայց թէպէտ Քրիստոս զիրենք երեսի վրայ չձգեց, սակայն յանդիմանած եղաւ զիրենք երբ անոնց ըսաւ. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»։ Քրիստոս հաւա՛տք է որ կ՚ուզէ տեսնել մեր մէջ երբ աղէտի հանդիպինք։
Ծովերու ու լիճերու, հովերու ու որոտումներու Տէրն ու ստեղծիչը՝ Քրիստոս, ոտքի կանգնեցաւ ու սաստեց այդ բոլորը։ Աշակերտները հիացած բացականչեցին. «Ո՞վ է արդեօք այս մարդը…»։ Այս Մարդը պատուհասն է Չարին։ Այս Մարդը լոկ հրաշագործ մը չէ, այլ՝ Հրաշքն իսկ, մե՛ծ Հրաշք, մե՛ծ Սէր։ Այս Մարդը պաշտպանն է մարդկային ցեղին։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից