9 Մարտ, Բշ, Մեծ պահքի ԻԲ օր

Վստահինք Աստուծոյ առաջնորդութեան

Դժուարին պահերու դիմաց Աստուծոյ վստահիլը դժուար բան է։ Դժուարին պահերը կու գան բացայայտելու մեր իրակա՛ն կամ անիրական հաւատացեալ ըլլալը։ Հաւատացեալ չեղող մարդուն համար դժուար է Աստուծոյ վստահիլ եւ ապաւինիլ նեղ կացութեանց առջեւ։ Հաւատացեալ չեղող մարդը երբ դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու հանդիպի, կը փորձէ իր սեփական ոյժով եւ ջանքով լուծել զանոնք ու ազատագրուիլ անոնցմէ։

Իսկ հաւատացեալ եւ Աստուծոյ վստահող մարդը, երբ տանջալից փորձութիւններու հանդիպի՝ գիտէ որ իր կողքին կանգնած   է անսխալական Առաջնորդը, նեղութեան ժամանակ ապաւէն Եղողը (Սղ 37.39)։ Ամէն ժամանակէ աւելի նեղութեանց ընթացքին է որ մենք կարիքը ունինք Աստուծոյ առաջնորդութեան, որովհետեւ նեղ պահերը յաճախ կ՚առաջնորդեն մեզ որոշում առնելու հարցի մը գծով։ Ճիշդ որոշումներ առնելու համար պէտք է Ճշմարտութեան Հոգին ըլլայ մեզ առաջնորդողը։ Ո՜վ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդիկ, եկէք զԱստուած հրաւիրենք մեր կեանքերուն մէջ եւ զայն Առաջնորդ նշանակենք մեր կեանքերուն։ Զինք հրաւիրողնե՛րը միայն արքայութիւնը ժառանգելու հրաւէր պիտի ստանան։ Ինչպէս ճարտար նաւավարը անվտանգ կ՚առաջնորդէ նաւը, այնպէս ալ Աստուծոյ առաջնորդութեան ապաւինողները անվտանգ կ՚առաջնորդուին դէպի իր թագաւորութիւնը։ Աստուած  դէպի  ազատութիւն  կ՚առաջնորդէ  երբ  ազատօրէն առաջնորդէ։ Հետեւաբար, առիթ տանք որ Աստուած ըլլայ ազատ ղեկավարը մեր կեանքերուն։ Ոչինչ կը վրիպի Աստուծոյ ուշադրութենէն։ Ան կը ճանչնայ մեր խեղճութիւնն ու ապիկարութիւնը։ Ան կը տեսնէ մեր աշխատանքներն ու յոգնութիւնները, մեր թափած քրտինքներն ու արցունքները։ Աստուած մեր անձերուն համար իր ընելիքը գիտէ։ Մեր պարտականութիւնը պարզապէս իրեն յանձնուիլն ու վստահիլն է։

Մեծ նաւ մը երբ երկրէ մը դէպի ուրիշ երկիր կը նաւարկէր, յանկարծ ծովը կը փոթորկի եւ նաւը ընկղմելու վտանգի մէջ կ՚ըլլայ։ Նաւին մէջ եղող ամէն մարդ իրար կ՚անցնի եւ կը սկսի պոռալ։ Փոքրիկ աղջիկ մը որ նաւին մէկ անկիւնը նստած իր խաղալիքին հետ կը խաղար, ի տես փոթորիկին կատաղութեան՝ երբեք իրար չանցաւ եւ իր խաղաղութիւնը չկորսնցուց։ Երբ փոթորիկը դադրեցաւ, նաւին մէջ եղող մարդիկը մօտեցան փոքրիկ աղջկան եւ հարցուցին. «Ի՞նչպէս պատահեցաւ որ չվախցար երբ փոթորիկ ելաւ»։ Աղջիկը պատասխանեց. «Ինչո՞ւ վախնայի երբ հայրս է նաւավարը։ Ես գիտեմ որ հայրս խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ պիտի հասցնէ զիս նաւահանգիստ»։

Սիրելի՛ բարեկամ, ինչպէս փոքրիկ աղջիկը իր հօրը կը վստահէր, դուն ալ կրնա՞ս վստահիլ երկնաւոր Հօրդ եւ խաղաղութիւնդ չկորսնցնել երբ փորձութեանց ալիքները սկսին կեանքիդ նաւը հարուածել։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

10.03.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․