«Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»

Մաս 2-րդ

Փրկութեան հրաւէրը ուղղուած է բոլորին

«Եթէ մէկը…»: «Մէկը» բառը ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր մարդ արժէք է Քրիստոսի համար։ Աստուած հետաքրքրուած է ամէն մէկ մարդու փրկութեամբ։ Քրիստոս ի՛նքն իսկ յայտարարեց որ եթէ իր հարիւր ոչխարներէն միայն մէկը կորսնցնէ, կը ձգէ իննսունինը ոչխարները արօտավայրին մէջ եւ կերթայ կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն (Ղկ․ 15.4)։ Քրիստոնեայ մարդը ո՛չ ոք պէտք է անտեսէ։ Քրիստոսի նման քրիստոնեայ մարդն ալ պէտք է պատրաստ ըլլայ ձգելու ամէն ինչ եւ երթալու իր կորսուած եղբօր եւ քրոջ ետեւէն՝ զայն վերադարձնելու համար Քրիստոսի հօտին։

«Եթէ մէկը…» ըսելով, Քրիստոս ըսել կուզէ «ոեւէ մէկը…»։ Հրաւէրը ուղղուած չէ Լաւոդիկիայի եկեղեցիին անդամներուն միայն, այլ համայն մարդկութեան։ Նախասահմանութեան վարդապետութեան հետեւորդները, կուսուցանեն որ Աստուած սկիզբէն սահմանած է թէ որո՛նք դժոխք պիտի նետուին եւ որո՛նք արքայութիւնը պիտի ժառանգեն։ Սուրբ Գիրքը սակայն տարբեր բան կուսուցանէ։ Հոն կը կարդանք. «Ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը, որ կուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին, թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Յիսուս Քրիստոս մարդը, որ ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար» (Ա.Տմ․ 2.3-6)։ «Բոլոր մարդիկը» եւ «բոլոր մարդոց համար» բացատրութիւնները ցոյց չե՞ն տար, որ Աստուած նախասահմանած չէ որ ոմանք դժոխք երթան։

Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ նախասահմանութեան ժխտական իմաստին հաւատացող մէկն ես, եւ անպայման կուզես ոմանք դժոխք ղրկել, մէ՛կ բան գիտցիր սակայն, որ Աստուած «չուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան» (Ա.Պտ․ 3.9 Հմմտ․ Եփ․ 3.6)։ Աստուծոյ կամեցածին հակառակ բան մի՛ կամենար։ Քրիստոս ինքզինքը իբրեւ փրկագին չտուաւ քեզի՛ եւ ինծի՛ համար միայն, այլ համայն մարդկութեան համար։  Քրիստոսի փրկարար արեան դէմ աններելի մեղք է որ կը գործեն անոնք՝ որոնք կը հաւատան որ ոմանք նախասահմանուած են դժոխք երթալու։

«Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ…»: Աստուած բոլոր մարդոց կարողութիւն տուած է իր  ձայնը  լսելու,  կը  բաւէ  որ  մարդիկ  օգտագործեն աստուածապարգեւ իրենց կարողութիւնը եւ դառնան Աստուծոյ։ Եթէ Տէր Յիսուսի ոչխարներն ենք, անպայման որ պիտի լսենք անոր ձայնը (Յհ․ 10.4): Իրաւ ոչխարը իր տիրոջ ձայնը այլ ձայներէ զանազանել գիտցող եւ կրցող ոչխարն է: Աշխարհէն բազմահարիւր ձայներ կը հասնին մեր ականջներուն, բազմաթիւ հրաւէրներ կուղղուին մեզի, աշխարհին փարելու բազմահազար առիթներ կընծայուին մեզի։ ԶԱստուած սիրող ու փնտռող մարդը, այդ բոլոր ձայներէն կրնայ եւ գիտէ զանազանել Տէր Յիսուսի սրինգին քաղցր ձայնը:

Դուռը բանալը՝ Տիրոջ տանտիրութիւնը ճանչնալ է

«Եւ դուռը բանայ…»։ Տիրոջ սրինգին քաղցր ձայնը լսողը չի կրնար անտարբեր մնալ եւ իր սիրտին դուռը չբանալ անոր առջեւ։ Ի՞նչ կը նշանակէ սիրտին դուռը բանալ։ Սիրտին դուռը բանալ կը նշանակէ առիթ տալ Քրիստոսի մեր կեանքերէն ներս մուտք գործելու։ Դուռը Տիրոջ բանալ, կը նշանակէ ճանչնալ Տիրոջ տիրութիւնն ու իշխանութիւնը։

Դուռը բանալը Աստուծոյ վստահիլ է, անոր կամքին առջեւ խոնարհիլ է, մեր կեանքի ղեկը անոր յանձնել է, անոր պաշտպանութեան յանձնուիլ է, անոր թեւերուն հովանաւորութեան տակ ապաւինիլ է, անոր մեր կեանքերուն մէջ ազատութիւն տալ է, անոր հետ հաշտուիլ եւ նոր ուխտ մը կնքել է։ Տակաւին ու մանաւանդ, Տիրոջ առջեւ դուռը բանալը զանիկա պատուել ու փառաւորել է։ Դուռը մէկու մը երեսին փակ պահելը զանիկա անպատուել է։ Դուռ մը միշտ երկու տեղեր կամ երկու անձեր իրարմէ բաժնող իրականութիւնն է։ Ուրեմն դուռը բանալ, կը նշանակէ քանդել այն պատը որ մեզ կը բաժնէ Քրիստոսէ։

Դուռը բանալը՝ որոշումի հարց է

«Եւ դուռը բանայ…»: Սիրելի՛ բարեկամ, մեր սիրտին դուռը բանալը որոշումի հարց է։ Եթէ իսկապէս կը փափաքիս եւ կաշխատիս սիրտդ բանալու Քրիստոսի առջեւ, գիտցի՛ր, որ ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ որ իրականացնես փափաքդ։ Այսօր որոշէ սիրտդ յանձնել Քրիստոսի։ Հաստատ մնա՛ որոշումիդ վրայ եւ շուտով Տէրը պիտի օրհնէ քեզ։ Սիրտդ Տիրոջ չյանձնելու պատճառներ եւ պատրուակներ մի՛ փնտռեր։ Խորքին մէջ, Տիրոջ չյանձնուելու որեւէ պատճառ չունիս, բայց ամէն պատճառ ունիս Տիրոջ յանձնուելու։

Սիրտիդ դուռը բաց աղօթքով

«Եւ դուռը բանայ…»: Եթէ երբեք Տիրոջ դառնալ եւ սիրտդ անոր առջեւ բանալ կուզես բայց բանալու կերպը չես գիտեր, քեզ կը հրաւիրեմ որ սիրտի անկեղծութեամբ հետեւեալ աղօթքը ինծի հետ միասին արտասանես. «Ո՛վ Տէր, դո՛ւն ըսիր, եթէ բանաք ձեր սիրտին դուռը ներս պիտի մտնեմ։ Տէր Յիսուս, սիրտիս դուռը բանալ կուզեմ, բայց բանալու կերպը չեմ գիտեր: Բանալ կը ջանամ եւ չեմ յաջողիր: Կաղաչեմ քեզի, ո՛վ Տէր, դո՛ւն բաց սիրտս, եւ կամ, օգնէ՛ ինծի որ կարենամ բանալ։ Ես կորսնցուցած եմ սիրտիս բանալին, եւ հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնամ բանալ դուռ մը՝ որուն բանալին չունիմ: Օգնէ՛ ինծի բանալին գտնելու եւ քեզի դառնալու: Տէ՛ր, դուն չէի՞ր որ իննսունինը ոչխարները ձգելով, փնտռելու գացիր կորսուած միակ ոչխարը, եւ զայն գտնելով՝ ուսերուդ վրայ դրիր, ուրախացար եւ հրաւիրեցիր որ ուրիշներն ալ քեզի հետ ուրախանան (Ղկ․ 15.6): Տէր Յիսուս, կաղաչեմ, զի՛ս ալ նկատէ կորսուած ոչխար մը եւ ճամբայ ելիր զիս փնտռելու վճռակամութեամբ»։

Շարունակէ՛ աղօթքդ ըսելով. «Տէ՛ր, միթէ քու անչափ սէրդ չէ՞ր որ դարձի բերաւ անառակ որդին: Միթէ քու սիրոյ մէկ նայուածքը չէ՞ր որ բացաւ Զակքէոսի սիրտը: Միթէ խաչին վրայ անհուն ներողամտութիւնդ տեսնելով չէ՞ր որ դարձի եկաւ քեզի խաչակից եղող աջակողմեան աւազակը: Կը խնդրեմ Տէ՛ր, զիս նկատէ այն կորսուած դրամը որ պէտք ունի փնտռուելու եւ գտնուելու քու կողմէդ։ Զիս նկատէ այն վիրաւոր մարդը որ գետին ինկած կը սպասէ բարեգութ Սամարացիիդ: Զիս նկատէ Զակքէոս մը որ ծառին վրայ բարձրացած քեզ տեսնել կուզէ: Օգնէ՛ ինծի որ ոչ միայն Զակքէոսի նման ծառ բաձրանամ, այլեւ՝ այս աշխարհին յատուկ բոլոր տեսակի մտահոգութիւններէն ու ցանկութիւններէն վեր բաձրանամ՝ կարենալ քեզ տեսնելու համար աւելի մօտէն եւ աւելի յստակ: Ո՜վ իմ երկնաւոր Հայրս, ինչպէս սգաւորը մխիթարողի պէտք ունի, այնպէս ալ ես, մեղքերուս իբրեւ հետեւանք սգաւոր դարձածս՝ քեզի՛ պէտք ունիմ, ամէն մարդէ եւ ամէն բանէ աւելի»։

Սիրելի՛ հայորդի, եթէ սիրտի անկեղծութեամբ արտասանեցիր այս աղօթքը, գիտցի՛ր որ դուն այլեւս դարձար Քրիստոսի սեփականութիւնը, իսկ Քրիստոս՝ սեփականատէրդ։ Վստահէ՛ Սեփականատիրոջդ եւ ամո՛ւր բռնած մնա՛ անոր ձեռքէն, որպէսզի երբ ան վերադառնայ՝ չմնաս երկրի վրայ, այլ՝ յարութիւն առնող հաւատացեալներուն հետ միասին ամպերու վրայ երկինք յափշտակուիս Տէրը դիմաւորելու համար, եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասին ըլլաս յաւիտեան (Ա.Թս․ 4.16-17)։

Երբ Քրիստոս մուտք գործէ մեր սիրտերէն՝ հոն ապահովութիւն կը տիրէ

«Ներս պիտի մտնեմ…»։ Դուն Քրիստոսի սեփական տունն ես (Եբր․ 3.6)։ Այս իմաստով, տունը դուն ես, իսկ տանտէրը՝ Քրիստոս։ Տանտէրը ներս գալ կուզէ: Կարելի՞ բան է Տանտէրը դուրս ձգել։ Թոյլ տուր որ Քրիստոս մուտք գործէ սիրտէդ ներս։ Երբ սիրտիդ մէջ ունենաս սիրտիդ տանտէրը՝ Քրիստոս, այն ատեն համակ էութիւնդ պիտի ողողուի ապահովութեան, վստահութեան եւ խաղաղութեան զգացումներով։ Հո՛ն ուր խաղաղութեան Իշխանը ներկայ չէ, հոն խռովութիւնը կիշխէ։ Հո՛ն ուր Տանտէրը բացակայ է, հոն անապահովութիւնն ու անորոշութիւնն են որ կը տիրեն։ «Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (Սղ․ 127.1)։ Սիրելի՛ ընթերցող, զո՛ւր են ինքնապահպանումի եւ ինքնապաշտպանութեան բոլոր ջանքերդ  եթէ երբեք Աստուծոյ պաշտպանութեան չես ապաւինած։

Քրիստոսի մուտք գործելը՝մեզ կառաջնորդէ նորոգութեան

«Ներս պիտի մտնեմ…»։ Քրիստոս կուզէ մեր սիրտերէն ներս մուտք գործել, որպէսզի իր ներկայութեամբ սրբէ ու սրբացնէ զանոնք։ Երբ Քրիստոս մուտք գործէ մեր կեանքերէն ներս, մեր հոգիները պիտի հրճուին, մեր սիրտերը պիտի նորոգուին, մեր միտքերը յստակատես պիտի դառնան, մեր աշխատանքները պիտի օրհնուին, մեր ուշադրութեան առարկան պիտի դառնայ երկինքն ու երկնայինը, եւ Եսայի մարգարէին բառերով, մեր ոյժը պիտի նորոգուի, արծիւներու նման բարձրերը պիտի ելլենք, պիտի վազենք ու չթուլնանք, պիտի քալենք ու չյոգնինք (Ես․ 40.31)։

Քրիստոսի մուտք գործելը՝ արմատական փոփոխութիւն կը յառաջացնէ

Այո՛ սիրելի ընթերցող, երբ Քրիստոս մուտք գործէ սիրտէդ ներս, յեղափոխութիւն մը, տարբերութիւն մը, փոփոխութիւն մը հանդէս պիտի գայ կեանքիդ մէջ։ Մի՛ վախնար այն փոփոխութենէն որ կրնայ յառաջ գալ սիրտիդ ու կեանքիդ մէջ Քրիստոսի մուտքով։ Շատեր վախցած են այդ փոփոխութենէն եւ ատոր համար ալ մերժած են իրենց սիրտերը յանձնել Քրիստոսի։ Մարդ արարածը ընդհանրապէս կը սիրէ իր գիտցածին կառչած մնալ։ Ան չի՛ սիրեր հրաժարիլ իր գիտցածէն։ Դուն սակայն, այդպիսին մի՛ ըլլար եւ այդպէս մի՛ ըներ։ Համարձակութիւնը ունեցիր այո՛ ըսելու Քրիստոսով իրականացող փոփոխութեան։ Վախնալիքը չփոխուիլն է եւ ո՛չ թէ փոխուիլը։ Մի՛ նայիր աշխարհին ու աշխարհիկ կեանքը սիրող մարդոց «որովհետեւ չեն փոխուիր անոնք ու Աստուծմէ չեն վախնար» (Սղ 55.19), այլ նայիր այն մեղաւորներուն՝ որոնք անսացին Քրիստոսի ձայնին եւ դարձի եկան եւ նոր սիրտ ու նոր հոգի ստացան (Եզ․ 36.26)։

Քրիստոսի մուտքը կը դղրդացնէ մեր համակ էութիւնը

«Ներս պիտի մտնեմ…»։ Խնդրեմ պարզ խօսք մը մի՛ նկատեր այս խօսքը, որովհետեւ պարզ անձ մը չէ մտնողը, այլ փառքի ու զօրութեան թագաւորը՝ Քրիստոս։ «Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ» (Մտ․ 21.10)։ Այո՛ սիրելիներ, Քրիստոս կը դղրդացնէ հոն ուր կը մտնէ։ Ինչպէս երբ Քրիստոս Երուսաղէմ մտաւ ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ, այնպէս ալ երբ մուտք գործէ մեր սիրտերէն ներս, մեր ողջ էութիւնը պիտի դղրդայ, մեր հոգիները պիտի խայտան, մեր խորհուրդները պիտի մաքրուին եւ մեր սիրտերը պիտի օրհներգեն Տէրը։

Մե՛նք ենք Քրիստոսի իրական տաճարները

Ինչպէս երբ լոյսը ծագի խաւարը կը փարատի, այնպէս ալ երբ Քրիստոս մտնէ մեր սիրտերէն ներս, հոն գտնուող ամէն բան որ աստուածահաճոյ չէ, դուրս պիտի փախչի մեր սիրտերէն։ Յիշեցէք որ երբ Քրիստոս Երուսաղէմի տաճարը մտաւ, դուրս շպրտեց արջառ եւ ոչխար ծախողներն ու լումայնափոխները (Յհ․ 2.13-14)։ Մենք ալ չե՞նք ուզեր որ ան մուտք գործէ մեր սիրտերէն ներս, որպէսզի հոնկէ դուրս շպրտէ ամէն տեսակի մեղք որ ոչխարի եւ աղաւնիի անմեղութեամբ ներս սպրդած է։

Եթէ երբեք Քրիստոս նիւթական տաճարին նկատմամբ այնքան բծախնդրութիւն  ցուցաբերեց, հապա որքա՜ն  աւելի  բծախնդիր  է աննիւթական տաճարներուն նկատմամբ, որ մենք ենք (Ա.Կր․ 6.19)։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին սիրտը Աստուծոյ Հոգիին տաճարն է։ Ահաւոր մեղք է փակել Աստուծոյ տաճարին դուռը Աստուծոյ դիմաց։ Տաճարը չի՛ կրնար իր դռները փակած պահել իր Բնակիչին առջեւ (Ա.Կր․ 3.16-17)։ Մեզմէ ամէն մէկը իբրեւ տաճար, կը կորսնցնէ իր արժէքն ու զօրութիւնը, իր գեղեցկութիւնն ու հմայքը երբ Աստուած չէ անոր բնակիչը։

Դառնալ սեղանակից Քրիստոսի

«Անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ ինծի հետ»։ Սիրելի՛ ընթերցող, մեծարուած ու յարգուած պիտի չզգայի՞ր եթէ երբեք առիթը ընծայուէր քեզի երկրաւոր թագաւորի մը կամ իշխանի մը սեղանակիցը ըլլալու:

Անշուշտ: Ահաւասիկ Քրիստոս, Տէրը երկինքի ու երկրի, կը խոստանայ քեզ սեղանակից դարձնել իրեն, եթէ երբեք բանաս սիրտիդ դուռը անոր առջեւ: Երբ Քրիստոս մուտք գործէ կեանքէդ ներս, ուրախութեան սեղան մը պիտի սփռէ առջեւդ եւ ինք անձամբ քեզի պիտի սպասարկէ (Ղկ․ 12.37)։ Նաեւ ըսեմ, որ սպասարկողն ու սպասարկուածը նոյնինքն Քրիստոս պիտի ըլլայ։ Քրիստոս ի՛նք պիտի ըլլայ սեղան սփռողը եւ Քրիստոս ի՛նք պիտի ըլլայ սեղանին վրայ սփռուածը։ Քրիստոս իր մարմինն ու արիւնը պիտի տայ քեզի, եւ դուն անոնց ճաշակումով, հաշտուած պիտի ըլլաս երկնաւոր Հօրդ հետ։ Այդ հաշտութեան հասնելու համար երկու բան «պայման» է. առաջին.- լսել Քրիստոսի ձայնը, եւ երկրորդ.- բանալ մեր սիրտին դուռը։

Ընթրիքը՝ խորհրդանիշ հարազատութեան, ընկերակցութեան, եւ ուրախութեան

«Անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ ինծի հետ»։ Այստեղ ընթրիքը պատկերացումն   է   երեք   իրականութեանց.   առաջին.-   ընթրիքը ակնարկութիւն է այն մտերմութեան եւ հարազատութեան, որ գոյութիւն ունի Փրկիչին եւ փրկութիւնը ընդունող հաւատացեալին միջեւ։ Երկրորդ.- միասնաբար ընթրելը խորհրդանիշ է այն մնայուն հաղորդակցութեան սերտ յարաբերութեան եւ ընկերակցութեան, որ իրականութիւն կը դառնայ երբ մարդ արարածը հաշտուի իր արարիչին հետ։ Երրորդ.- ընթրիքը պատկերացումն է այն մեծ ուրախութեան եւ անհուն երջանկութեան զգացումին որ կողողէ հաւատացեալին սիրտը երբ ան իր սիրտին դուռը կը բանայ խաչէն ճառագայթող շնորհքի լոյսին առջեւ։ Իսկապէս ալ, ուրախութիւնը կը պատէ մեր հոգիները երբ ընդունինք զՔրիստոս մեր կեանքերուն մէջ։ Սամարիայի համար կըսուի. «Ուրախութիւնը մեծ էր այդ քաղաքին մէջ» քանի որ ընդուներ էին զՔրիստոս իբրեւ Փրկիչ (Գրծ․ 8.8)։ Զակքէոս ի՛նք նաեւ «ուրախութեամբ ընդունեց Յիսուսը» (Ղկ․ 19.6)։ Յոբի գիրքին մէջ կը կարդանք, որ ով որ Ամենակարողը դարձնէ իր ոսկին եւ թանկագին արծաթը, այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ստանայ (Յոբ 22.25-26)։

Գահընկէց Քրիստոսը վերստին գահ բարձրացնենք

Սիրելի՛ ընթերցող բարեկամ, Աստուած ի՛նքն էր գահակալը մեր նախահօր եւ նախամօր սիրտերուն։ Անոնք զԱստուած գահընկէց հռչակեցին երբ մեղանչեցին։ Աստուած մարդեղացաւ իր թագաւորական գահը իր սեփական արիւնով վերստին ձեռք ձգելու վճռակամութեամբ։

Ապստամբութի՛ւն է եթէ երբեք մերժենք մեր սիրտին դուռը բանալ մեր սիրտին գահակալին՝ Քրիստոս-թագաւորին առջեւ։ Ինչպէս երկրաւոր թագաւորներ   կը   բանտարկեն   եւ   կը   պատժեն   իրենց   դէմ ապստամբողները, այնպէս ալ մեր երկնաւոր Տէրը պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն զինք իբրեւ թագաւոր (Մտ․ 19.27)։ Ո՞վ է այն ծառան որ թագաւորական պալատին դարպասը կը փակէ թագաւորին առջեւ եւ անպատիժ կը մնայ։

Մեր սիրտին դուռը բանալը՝ արքայութեան դուռը բանալ է

Եթէ կուզենք որ Քրիստոս իր փառաւոր գալստեան օրը, բանայ մեր առջեւ արքայութեան դուռը, պէտք է որ նախ մե՛նք բանանք անոր առջեւ մեր սիրտին դուռը: Ինքնիր սիրտին դուռը բացողը, արքայութեան դուռն է որ բացած կըլլայ ինքնիր առջեւ։ Մտաբերեցէք որ փեսան (Քրիստոս) չբացաւ արքայութեան դուռը հինգ յիմար կոյսերուն առջեւ (Մտ․ 25.11- 12): Անոնք կոչուեցան յիմար, որովհետեւ ո՛չ հաւատք ունէին եւ ո՛չ ալ հաւատքի արտայայտութիւնը եղող գործեր։ Արքայութիւնը յիմար մարդոց տեղը չէ, անհաւատ եւ անգործ մարդոց տեղը չէ։ Հետեւաբար, մեզմէ պահանջուածը իմաստուն կեցուածքն է, մեր աչքերը մեր հաւատքի հիմնադիրին ու կատարելագործողին յառելն է (Եբր․ 12.2), մեր հաւատքը կեանքի վերածելն է (Ա.Թս․ 1.3)։ Իրական իմաստուն մարդը ան է, որ ուշադրութիւն կը դարձնէ Քրիստոսի ձայնին եւ իր սիրտին դուռը կը բանայ անոր առջեւ։ Քրիստոս արժանի է մեր ուշադրութեան։ Ան արժանի է մեր կողմէ լսուելու եւ մեր սիրտերէն ներս առնուելու։

«Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ եւ դուռը բանայ…»։ Սիրելի՛ ընթերցող, որոշէ այսօր դուն այդ «մէկը» ըլլալ։ Բա՛ց սիրտդ՝ սիրտիդ սիրահարին՝ Քրիստոսի առջեւ, եւ շուտով երկինքի երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը պիտի ողողէ համակ էութիւնդ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

01.08.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․