Աստուած չ՚անտեսեր մարդկային մեր կարողութիւնները, բայց եթէ տեսնէ որ մեր կարողութիւններուն նկատմամբ մեր ունեցած վստահութիւնը մեզ յանձնապաստանութեան եւ ամբարհաւաճութեան կ՚առաջնորդէ, այդ պարագային, նկատի չ՚առներ ո՛չ մեզ եւ ո՛չ ալ մեր կարողութիւնները, այլ կը սկսի փնտռել համեստ կարողութիւններով օժտուած, եւ սակայն, պատրաստակամութեան ոգիով տոգորուած մարդիկ։ Թէեւ Աստուածաշունչը կը հաստատէ որ Մովսէս մարգարէն ճարտարախօս մէկը չէր, այլ ծանրախօս եւ ծանրալեզու մէկը (Ել 4.10), իսկ անոր եղբայրը՝ Ահարոն, ճարտարախօս մէկն էր (Ել 4.14), բայց եւ այնպէս, Աստուծոյ նախընտրութիւնը կեդրոնացաւ Մովսէսի վրայ, որովհետեւ Մովսէս ունէր բան մը որ Ահարոն չունէր։ Ի՞նչ էր այդ բանը։
Մովսէս բացարձակ սէր եւ վստահութիւն ունէր Աստուծոյ նկատմամբ։ Ան կ՚անդրադառնար որ խօսելու կարողութիւն տուողն Աստուած իր բերնին հետ պէտք էր ըլլար՝ որպէսզի կարենար խօսիլ Փարաւոնի ներկայութեան։ Ան խորապէս կը գիտակցէր որ ամենակարողն Աստուած ի՛նք պէտք էր ըլլար իրեն կարողութիւն շնորհողը՝ որպէսզի կարենար կարողապէս գործել փարաւոնին եւ անոր մոգերուն եւ կախարդներուն առջեւ։ Ահարոնի մօտ կը պակսէր այս գիտակցութիւնը։ Ահարոնի մօտ մենք աւելի ինքզինքին վստահելու միտում մը կը գտնենք։
Չենք կրնար ուրանալ որ պատրաստակամութեան ոգին հանդէս եկաւ ինչպէս Մովսէսին մօտ այնպէս ալ Ահարոնին մօտ։ Մովսէս սակայն, պատրաստակամ գտնուեցաւ Աստուծոյ կամքը կատարելու ա՛յն ձեւով որ Աստուած ի՛նք կը կամենար, մինչ Ահարոն իրեն յատուկ գործելակերպով մը կը ջանար Աստուծոյ կամքը կատարել։ Մովսէս հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին, իսկ Ահարոն, աւելի Աստուծոյ հրահանգին էր որ հնազանդեցաւ։ Աստուած չ՚ուզեր որ միայն իր հրահանգին հնազանդողներ ըլլանք, այլ նաեւ իր կամքին հնազանդողներ։ Աստուծոյ կամքին հնազանդողները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ կամքը Աստուծոյ կամեցածին պէս ի գործ կը դնեն։ Չենք կրնար մեր կամեցածին պէս կատարել Աստուծոյ կամեցածը։ Ահա՛ թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանար Մովսէսի եւ Ահարոնի հիմնական տարբերութիւնը։
Պատրաստակամութեան հոյակապ օրինակ մը կը գտնենք Եսայի մարգարէին կեանքին մէջ։ Աստուած ուզեց մէկու մը ճամբով Յուդայի բնակիչներուն ղրկել իր պատգամը։ Երբ Եսայի լսեց Աստուծոյ խօսքը. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», իսկոյն պատրաստակամութիւն յայտնեց ըսելով. «Ահաւասիկ ես. զիս՛ ղրկէ» (Ես 6.8): Աստուած իրեն համար վկայող պատրաստակամ անձեր կ՚որոնէ։ Աստուած ղրկուելու պատրաստ եղող մարդիկ կը փնտռէ։ Պէտք չէ վախնանք ղրկուելու երբ Աստուած է որ կը ղրկէ։
Սիրելի՛ ընթերցող եղբայր եւ քոյր, երբ լսես քեզի ուղղուած Աստուծոյ կոչը. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», կրնա՞ս կամ պատրա՞ստ ես Եսայի մարգարէին նման ըսելու «Ահաւասիկ ես. զիս՛ ղրկէ, ո՛վ Տէր։ Զի՛ս ղրկէ, որպէսզի դառնամ քու պատգամաւորդ փրկութեան պատգամը լսելու կարիքը ունեցող մարդոց կեանքին մէջ։
Զի՛ս ղրկէ, որպէսզի երթամ եւ մեղքի խաւարին մէջ խարխափող մարդոց յիշեցնեմ թէ դո՛ւն ես լոյսը աշխարհի եւ թէ մի՛այն քեզմով կարելի է դառնալ լոյս՝ երկրաւորներուն երկինքի ճամբան ցոյց տուող։
Զի՛ս ղրկէ, որպէսզի երթամ եւ լոկ այս կեանքին համար ապրող մարդկութեան յայտարարեմ թէ կեա՛նք կայ գերեզմանէն անդին, թէ մահուամբ կեանքը չ՚աւարտիր, այլ պարզապէս նո՛ր իմաստ ու ընթացք կը ստանայ։
Զի՛ս ղրկէ, որպէսզի երթամ եւ նիւթական հացին ետեւէն հեւ ի հեւ վազող մարդոց պատգամեմ թէ դո՛ւն ես կեանքի Հացը եւ թէ «մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (Մտ 4.4)։
Զի՛ս ղրկէ, որպէսզի երթամ եւ մոլորած ու երկինքի ճամբան կորսնցուցած, արդարութեան ու խաղաղութեան ճամբայէն շեղած մարդկութեան յայտնեմ թէ դուն օր մը յայտարարեցիր ըսելով. «Ե՛ս եմ ճամբան» (Յհ 14.6)։
Զի՛ս ղրկէ, որպէսզի երթամ եւ սէրդ մոռցած մարդոց պատմեմ սիրոյդ մասին, որպէսզի ողորմութիւնդ հռչակեմ ողորմութեան կարօտ ամէն մէկ մարդու։
Զի՛ս ղրկէ, որպէսզի երթամ եւ իրենք զիրենք մոռցուած, անտեսուած ու լքուած զգացող եղբայրներուն եւ քոյրերուն ծանուցեմ թէ Դուն մոռցուածը յիշող Աստուած ես, թէ դուն անտեսուածը տեսնող Աչք ես, եւ թէ դուն կողքին ես լքուածին եւ նեցուկ՝ ինկածին։
Ի վերջոյ, զի՛ս ղրկէ, որպէսզի երթամ աշխարհին ու յիշեցնեմ անոր թէ ան իր ընթացքը պէտք է փոխէ եւ թէ տակաւին շնորհքիդ եւ ողորմութեանդ դուռը բաց է իւրաքանչիւր անհատի առջեւ որ ապաշխարել եւ Քրիստոսի զաւակը դառնալ կ՚ուզէ։
«Ո՞վ ղրկեմ…»։ Եսայի մարգարէն չէր որ ինքզինք առաքելութեան կոչեց։ Աստուած ի՛նքն էր Եսայի մարգարէն ղրկողը։ Անհամար է թիւը այն Աստուած քարոզող անհատներուն որոնք Աստուծոյ կողմէ չեն ընտրուած ու չեն առաքուած։ Աստուծոյ զինուորը Աստուծոյ կողմէ պէտք է ընտրուի։ Ոեւէ մէկը չի կրնար Աստուծոյ բանակին մաս կազմել առանց Աստուծոյ արտօնութեան։
Որպէսզի կարենանք Աստուծոյ կամքին իսկական կատարիչներն ու յայտնիչները ըլլալ՝ պէտք է Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ըլլալ։ Աստուած ի՛նքն էր Եսայի մարգարէն ղրկողը։ Մեր առաքելութեան յաջողութիւնը պայմանաւորուած է Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ըլլալով։ Երբ Աստուած ի՛նքն է մեզ ղրկողը, այդ պարագային կ՚ընկերակցի մեզի, եւ կարողութիւն ու պատեհութիւն կը շնորհէ մեզի, որպէսզի կարենանք ի կատար ածել մեր առաքելութիւնը։
Երբ Աստուած գործ մը յանձնէ մեզի՝ կը գործակցի մեզի հետ։ Երբ տեղ մը ղրկէ՝ կ՚ընկերակցի մեզի։ Երբ մեզմէ պահանջէ դժուարին բան մը ընել՝ կը զօրակցի եւ նեցուկ կը կանգնի մեզի։ Ան նեցուկ կանգնեցաւ Յեսուին երբ գործի կոչեց զանիկա։ Ան Յեսուին ըսաւ. «Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես 1.9): Նոյնը ըսաւ Երեմեայ մարգարէին երբ զինք ղրկեց քարոզելու անհաւատ Հրեաներուն. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, որովհետեւ ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար» (Եր 1.8): Յեսու եւ Երեմիա ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեցին Աստուծոյ կամքը իրագործելու։ Խօսինք միայն Յեսուի օրինակին մասին.
Աստուած Յեսուին մէջ գնահատեց անոր պատրաստակամութեան ոգին։ Մովսէսի մահէն ետք Յեսու նշանակուեցաւ իբրեւ անոր յաջորդը։ Աստուած անոր պարտականութիւն տուաւ առաջնորդելու Իսրայէլի ժողովուրդը դէպի խոստացեալ Քանանու երկիրը։ Յեսու կ՚անդրադառնար թէ ինք դժուարին կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուէր, որովհետեւ իրեն հետ եղող ժողովուրդը մնայուն կերպով դժգոհող, տրտնջացող եւ պատերազմէ վախցող ժողովուրդ մըն էր։ Ան ո՛չ մխիթարիչներով եւ ո՛չ ալ մխիթարիչ երեւոյթներով շրջապատուած էր։ Ան գիտէր որ բազմաթիւ մղելիք պատերազմներ ունէր մինչեւ որ հասնէր Քանանու երկիրը։ Հակառակ այս բոլորին, ան չյուսահատեցաւ եւ չընկրկեցաւ, այլ վստահեցաւ Աստուծոյ առաջնորդութեան։
Սրտագէտն Աստուած կարդաց Յեսուին սիրտը եւ գիտցաւ թէ ան պէտք ունէր գօտեպնդումի, ահա թէ ինչո՛ւ ան երեք անգամ կոչ ուղղեց Յեսուին զօրանալու եւ քաջասիրտ ըլլալու, եւ վստահեցուց իրեն որ ինք իր կողքին պիտի ըլլար, եւ նոյնիսկ յայտարարեց ըսելով. «Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ ո՛չ մէկ մարդ պիտի կրնայ քեզի դէմ դնել» (Յես 1.1-9)։ Յեսուին զօրութիւնը կը կայանար Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած բացարձակ վստահութեան մէջ։ Աստուած իրեն վստահող մարդոց հոգիները կը համակէ արիութեան ոգիով։ Աստուած կը փնտռէ իրեն վստահող մարդիկ եւ ո՛չ թէ տեսակ-տեսակ կարողութիւններով օժտուած մարդիկ, որոնք սակայն չեն վստահիր իրեն։
Սիրելի՛ ընթերցող, Յեսուի նման դուն ալ կը վստահի՞ս Աստուծոյ առաջնորդութեան։ Կրնա՞ս վստահութիւնդ չկորսնցնել Աստուծոյ նկատմամբ երբ ամէն դուռ կը թուի փակ ըլլալ առջեւդ։ Քիչ չէ՛ թիւը այն մարդոց, որոնք երբ սկսին հալածանք կրել աստուածատուր իրենց կոչումին համար, կը սկսին կասկածիլ որ իրենք Աստուծոյ կամքն է որ կը կատարեն։ Իրական պատրաստակամ մարդը ան է՝ որ կը շարունակէ վստահիլ Աստուծոյ նոյնիսկ երբ լքուի, անտեսուի եւ հալածուի բոլորին կողմէ իրեն յանձնուած առաքելութեան համար։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից