Քրիստոս աշխարհ եկաւ աշխարհապաշտ մարդիկը աստուածապաշտ դարձնելու նպատակով։ Եւ Սատանան այս մէկը շատ լաւ գիտէր։ Ան աշխատեցաւ համոզել Քրիստոսը որ մէկդի դնէ այն նպատակը որուն համար աշխարհ եկած էր։ Իսկութեան մէջ, Քրիստոսի ընդմէջէն Սատանան մարդկութիւնն էր որ փորձեց աստուածպաշտութենէն հեռացնել։ Ան պահանջեց Քրիստոսէ երկրպագութիւն եւ պաշտամունք, եւ անոր փոխարէն խոստացաւ տալ իրեն աշխարհի թագաւորութիւնները, բայց Քրիստոս անոր յիշեցուց, թէ Օրէնքը կը պատուիրէ որ մի՛այն Աստուծոյ պէտք է պաշտել եւ միայն անո՛ր պէտք է ծառայել (Մտ 4.8-10)։
Սատանան երբ Քրիստոսէ երկրպագութիւն եւ պաշտամունք պահանջեց, խորքին մէջ ինքնիր թագաւոր ըլլալն է որ ուզեց ծանուցել. պէտք չէ մոռնանք որ անցեալին թագաւորները կը պաշտուէին։ Ղուկասու Աւետարանին մէջ կը կարդանք որ Սատանան աշխարհի թագաւորութիւններուն վերաբերեալ կը հաստատէ թէ այդ բոլորը ի՛րն են (Ղկ 4.5-6)։ Ան կը խոստանայ աշխարհի թագաւորութիւնները Յիսուսի տալ, միայն թէ Յիսուս պէտք է զինք պաշտէր։ Սա ցոյց կու տայ թէ ով որ կը սիրէ աշխարհը՝ Սատանան իբրեւ թագաւոր պաշտող մըն է։
Ի՜նչ յանդգնութիւն։ Սատանան միակ Պաշտուողէն պաշտամունք պահանջեց։ Սերովբէներուն ու քերովբէներուն կողմէ Երկրպագուողէն երկրպագութիւն ուզեց։ Ան փորձեց Աստուծոյ Որդին իր «թագաւորութեան» միացնել։ Աստուծոյ Որդին սակայն, աշխարհ չէր եկած միանալու ասոր կամ անոր թագաւորութեան, այլ եկած էր հիմնելու ի՛ր թագաւորութիւնը, սիրոյ թագաւորութիւնը, աստուածպաշտութեան ու մարդասիրութեան թագաւորութիւնը։ Թագաւորութիւն մը, ուր պիտի իշխեն աստուածապաշտները։ Արդ, ի՞նչ կը նշանակէ աստուածապաշտ ըլլալ եւ ի՞նչպէս կարելի է աստուածապաշտ կեանք մը ապրիլ։
1.- Մեր սեփական ջանքով չենք կրնար աստուածապաշտ կեանք մը ապրիլ։ Արդէն հաստատեցինք թէ Քրիստոս մարդացաւ որպէսզի մեր առջեւ բանայ ճշմարիտ աստուածպաշտութեան ճամբան։ Եւ սակայն, Քրիստոս ո՛չ միայն մեր առջեւ աստուածպաշտութեան ճամբան բացաւ, այլեւ «իր աստուածային զօրութեամբ մեզի պարգեւեց ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է աստուածապաշտ կեանքի մը համար» (Բ.Պտ 1.3)։ Քրիստոս լոկ աստուածպաշտութիւն պահանջող մը կամ պատուիրող մը չեղաւ, այլեւ շնորհեց մեզի անհրաժեշտ եղած կարողութիւնն ու զօրութիւնը աստուածապաշտ ըլլալու։ Աստուածապաշտ ըլլալ պատուիրեց եւ Սուրբ Հոգին տուաւ որպէսզի կարենանք իր այս պատուէրը ի գործ դնել։ Քրիստոս չի նմանիր ուրիշներուն որոնք հրահանգներ կ՚արձակեն եւ օրէնքներ կը սահմանեն, եւ սակայն, իրենց հրահանգներն ու օրէնքները ի գործ դնելու համար ո՛չ մէկ կարելիութիւն եւ յարմարութիւն կ՚ընծայեն։
2.- Աստուածպաշտութեան մեր կեանքը կը խորանայ, կը զօրանայ եւ կը ծաղկի աղօթքով։ Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ. «Աստուածապաշտ ամէն մարդ աղօթքով պիտի դիմէ քեզի» (Սղ 32.6)։ Ինչպէս ցօղը կը թարմացնէ եւ կը կենսաւորէ կիզիչ արեւին տաքութենէն այրած բոյսերը, այնպէս ալ աղօթքը, կենսունակութեամբ եւ կայտառութեամբ կը լեցնէ աղօթող մարդուն սիրտը եւ զանիկա կը վերածէ աստուածապաշտ տաճարի։
3.- Աստուածպաշտութիւնը ամենօրեայ հոգեւոր մարզանք պէտք է ըլլայ մեզի համար։ Առաքեալը կը պատուիրէ ըսելով. «Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ. որովհետեւ եթէ մարմինի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են, աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, քանի կը խոստանայ կեանք տալ՝ թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ՛ հանդերձեալին մէջ» (Ա.Տմ 4.7-8)։ Աստուածպաշտութեան մարզանք ընել, չի նշանակեր միայն աղօթել, Սուրբ Գիրք կարդալ կամ եկեղեցի երթալ։ Այս բոլորը շատ կարեւոր են բայց բաւարար չեն մեզ իսկական աստուածապաշտ դարձնելու համար։ Յիսուսի փրկութեան մասին վկայելը աստուածպաշտութիւն է։ Մեղքի մէջ կորսուած մը Յիսուսի մօտեցնելը աստուածպաշտութիւն է։ Աղքատին ողորմիլը, սգաւորը մխիթարելը, անիրաւուածին տէր կանգնիլը աստուածպաշտութիւն է։
4.- Աստուածապաշտ մարդը եղբայրասէր մարդ պէտք է ըլլայ։ Պետրոս առաքեալ կը վկայէ, թէ աստուածպաշտութիւնը ծնունդ կ՚առնէ համբերութենէն եւ ծնունդ կու տայ եղբայրսիրութեան (Բ.Պտ 1.6-7)։ Նեղութեանց դիմաց մնայուն համբերատարութիւն ցուցաբերող մարդուն մէջ, ժամանակի ընթացքին կը կերտուի աստուածպաշտութեան տիպարը։ Տիպար մը, որուն համար հրճուանք է սիրել մարդը, մանաւանդ տկար ու ինկած մարդը, անտեսուած ու թշուառ մարդը։
5.- Աստուածապաշտ մարդը ճշմարտութիւնը սիրող եւ գիտցող մարդն է։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ իր կոչումն է «Աստուծոյ ընտրեալները բերելու հաւատքի եւ ճշմարտութեան ճանաչումին, այն ճշմարտութեան՝ որ աստուածպաշտութեամբ կը գտնուի, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենան» (Տիտ 1.1-2)։ Աստուծոյ պաշտամունքէն հեռու եղող մարդը հեռո՛ւ է ճշմարտութենէն։ Սո՛ւտ ու ստութի՛ւն է կեանքը անոր՝ որ զԱստուած չի պաշտեր, որովհետեւ իրական կեանքը աստուածպաշտութեան կեանքն է։ Կեանք մը, որ մեր էութիւնը կը համակէ յաւիտենական կեանքի յոյսով։
Աստուածապաշտ եղող մարդը երկինքի օրհնութիւնն է երկրի վրայ։ Թող լո՛ւռ կենան անոնք որոնք կը յայտարարեն թէ քրիստոնէութիւնը եւ աստուածպաշտութիւնը արգելք են որ մարդկութիւնը յառաջդիմէ։ Այո՛, քրիստոնէութիւնը կ՚ուսուցանէ այլ աշխարհի մը, այլ կեանքի մը գոյութիւնը, բայց երբե՛ք հակառակ չէ որ աշխարհ յառաջդիմէ։ Սակայն, քրիստոնէութիւնը աշխարհէն կը պահանջէ յառաջդիմել լաւ բաներու մէջ, յառաջդիմել աստուածպաշտութեան մէջ, խորացնել ու զարգացնել երկինք ու երկիր յարաբերութիւնը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից