9 Ապրիլ, Դշ, Մեծ պահքի ԼԸ օր

«Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը»

Աշխարհ լի է կեղծիքներով ու կեղծաւորներով, սուտերով եւ ստախօսներով, այս բոլորը տեսնելով՝ ճշմարտութիւնը սիրող ու փնտռող հաւատացեալ մարդուն հոգին կը տոչորի, եւ աւելի ուժգնօրէն կը փարի ոտքերուն անոր որ յայտարարեց. «Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը» (Յհ․ 14.6)։

Այո՛, Քրիստոս ի՛նքն է ճշմարտութիւնը։ Առանց Քրիստոսի եւ Քրիստոսէ հեռու՝ ամէն բան սուտ ու դատարկ է, ամէն բան փուճ ու կեղծ է։ Քրիստոսէ հեռու եղող մարդը՝ ճշմարտութենէն է որ հեռու կ՚ըլլայ։ Եթէ սիրենք ճշմարտութիւնը՝ զՔրիստոս է որ սիրած կ՚ըլլանք։ Եթէ հալածենք ճշմարտութիւնը՝ Քրիստոսի սիրտն է որ արիւնած կ՚ըլլանք։ Եթէ քարոզենք ճշմարտութիւնը՝ զՔրիստոս է որ փառաւորած կ՚ըլլանք։

Ան որ կը հաւատայ Աստուծոյ գոյութեան կամ ան որ կը հաւատայ թէ Աստուած ճշմարիտ է՝ պատուած ու մեծարած չ՚ըլլար զԱստուած։ Ի՞նչ օգուտ երբ կը հաւատանք թէ Աստուած ճշմարիտ է ու ճշմարտութիւն, բայց մեր կեանքն ու գործը անհունօրէն հեռո՛ւ են ճշմարիտէն ու ճշմարտութենէն։ ԶԱստուած փառաւորած կ՚ըլլանք միայն ա՛յն ատեն՝ երբ փորձենք իր Որդիին ճշմարիտ սիրոյ կեա՛նքը ապրիլ երկրի վրայ։ Այո՛, ճշմարի՛տ էր ու է Յիսուսի սէրը, ճշմարի՛տ է անոր տագնապը, ճշմարի՛տ է անոր զօրութիւնն ու զոհողութիւնը, ճշմարի՛տ է անոր խաչն ու խաչելութիւնը, ճշմարի՛տ էին Գեթսեմանիին պարտէզին մէջ անոր թափած քրտինքներն ու արցունքները, ճշմարի՛տ է աշխարհ բերած իր փրկութիւնը մեզի համար, ճշմարի՛տ է անոր սէ՛րը մեզի հանդէպ, անոր մա՛հը մեր սիրոյն ու մեր փոխարէն, անոր յարութի՛ւնը մեր կեանքին մէջ։ Ո՞ւր է Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը մեղքի աշխարհէն յարութիւն առած քրիստոնեաներուս կեանքին մէջ։ Ո՞ւր է Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Աստուծոյ ճշմարտութեան հաւատացողներուս կեանքին մէջ։ Ո՞ւր է մեր կեանքերուն մէջ Աստուծոյ ճշմարտութեան Հոգին. այն Հոգին՝ որ մեր յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն հետ կը դարձնէ ճշմարիտ, իրական, խորունկ ու ջերմ։

Աստուծոյ Հոգիին ճշմարտութեամբ տոգորուած ու համակուած հաւատացեալը՝ պէտք է Յիսուսի ճշմարի՛տ սիրոյ ճշմարի՛տ ճառագայթումը դառնայ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս արեւին լոյսով լեցուած լուսինը՝ լոյս կը սփռէ իր չորս դին։

Եթէ Քրիստոս ի՛նքն է ճշմարտութիւնը, ապա ճշմարտութեան վկան՝ քրիստոնեայ մարդը ի՛նք պէտք է դառնայ։ Ա՛յս է հրահանգը Քրիստոսի. «Իմ վկաներս պիտի ըլլաք» (Գրծ․ 1.8)։ Ի՜նչ աւելի գեղեցիկ ու գերիվեր բան կայ քան ըլլալ վկա՛ն ճշմարտութեան, վկա՛ն Փրկիչ Էմմանուէլին, վկա՛ն Քրիստոսի զօրութեան ու յաղթանակին։

Բայց վա՛յ մեզի եթէ երբեք ճշմարտութեան համար վկայելու կանչուածներս սո՛ւտ խօսինք, ստութեան կեա՛նք ապրինք, անօրէնին կողքին եւ անօրէնութեան կողմնակից ըլլանք։ Աստուած կը յայտարարէ որ «ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր» (Առ․ 14.5)։ Ինչպէս կրակէն կարելի չէ ջուր դուրս բերել, այնպէս ալ Սուրբ Հոգիին «մաքուր ջուրով» (Եզ․ 36.25) մաքրուած քրիստոնեայէն ստութիւն պէտք չէ դուրս գայ։

Քանի որ քրիստոնեայ մարդը վկա՛ն է Քրիստոսի ճշմարտութեան, ստութեամբ լի այս աշխարհին մէջ, բնական երեւոյթ է որ ան կրնայ հալածանքի ենթարկուիլ։ Անբնականը եւ անընդունելին սակայն այն է՝ որ քրիստոնեայ հաւատացեալը իր հաւատակից եղբօր կամ քրոջ կողքին չի կենար երբ կը տեսնէ անոր հալածուիլը ի խնդիր ճշմարտութեան։

Ան որ իսկապէս ճշմարտութեան վկան է, ան մնայուն կերպով պատրաստ պէտք է ըլլայ եւ ակնկալէ բաղխում ունենալ այս աշխարհին հետ։ Ընդհարում ու անհամաձայնութիւն ունենալը աշխարհին հետ՝ անխուսափելի է։ Մեզի կը մնայ քաջութիւնը ունենալ ոտքի՛ կանգնելու ի խնդիր ճշմարտութեան, որպէսզի մարգարէին ըսած խօսքը մեզի համար նաեւ ըսուած չըլլայ. «Ճշմարտութեան համար երկրի վրայ քաջութիւն չունին» (Եր․ 9.3)։

Որպէսզի կարենանք ճշմարտութեան համար քաջութեամբ ոտքի կանգնիլ, բացարձակ պայման է նորոգուած ըլլալ Քրիստոսի խաչով։ Քրիստոս ի՛նքն է որ մեր մէջ ապրելով, զօրութիւն կու տայ մեզի բարձրաղաղակ յայտարարելու ճշմարտութիւնը։ Ո՛չ ոք կրնայ Քրիստոսի պարգեւած ազատութեան վկա՛ն ըլլալ երբ ինք ստրուկ մըն է մեղքին։

Քրիստոսով ազատագրուող մա՛րդը միայն կրնայ հսկայ վկան դառնալ հոգեւոր ազատագրութեան։ Իսկ Քրիստոսով ազատագրուելու համար պէտք է ճանչնալ ճշմարտութիւնը, համաձայն նոյնինքն Ազատարարին խօսքին. «Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յհ 8.32)։

Ի՞նչն է ազատաբեր այն ճշմարտութիւնը որ մարդը պէտք է ճանչնայ։ Մարդը պէտք է գիտնայ որ առանց Քրիստոսի ինք առ յաւէտ կորսուած մըն է։ Պէտք է զՔրիստոս ճանչնայ ու յայտարարէ իբրեւ մէկ ու միակ ճամբան փրկութեան (Գրծ 4.12)։

Սիրելի՛ ընթերցող եղբայր եւ քոյր, «Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը» յայտարարող աստուածորդին սուտ չի խօսիր։ Ի՛նքն իսկ կը վկայէ ըսելով. «Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ» (Ես․ 45.19)։ Ան ինչ որ կը յայտնէ եւ ինչ որ կ՚ըսէ՝ ճշմարիտ են։ Ճշմարիտ են ապագային վերաբերեալ իր բոլոր ըսածները։ Ճշմարիտ են յաւիտենական կեանքին ու դժոխքին կապակցաբար իր բոլոր հաստատումները։ Ճշմարիտ են իր համբերատարութեան, իր սիրոյն եւ իր քաղցրութեան մասին իր խօսածները։

Հաւատա՛ իր խօսքերուն եւ կանչէ զինք։ «Տէրը մօտ է այն ամենուն… որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն» (Սղ․ 145.18)։  Ուստի, ճշմարտութեամբ կանչէ Տիրոջ, այսինքն՝ ամբողջ սիրտովդ եւ հոգիովդ փափաքիր Աստուծոյ Որդիին յանձնուիլ եւ իր փառքին համար աշխատիլ։

«Ինծի եկէ՛ք…» (Մտ․ 11.28)։ Այս հրաւէրը քեզի՛ եւ ինծի՛ ուղղուած է։ Եթէ կողմնակից ենք ճշմարտութեան՝ պիտի ընդառաջենք իր հրաւէրին, քանի ի՛նք ըսաւ. «Ով որ կողմնակից է ճշմարտութեան՝ անիկա իմ խօսքս կը լսէ» (Յհ․ 18.37)։ Չվախնանք կողմնակից ըլլալու ճշմարտութեան։ Չվախնանք աշխարհին ըսելու թէ մենք կը սիրենք Յիսուսը։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

20.02.25

Տոնացույց 2025

ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւրբՇբթԿիր
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930    
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․