12 Ապրիլ, Շբ
Ե՛ս եմ յարութիւնը» (Յհ․ 11.25)։ Քրիստոսի յարութիւնը մեծագոյն ապացոյցն է յաւիտենական կեանքի գոյութեան։ Իր յարութեամբ մահը դարձուց ճամբայ՝ յաղթական կեանքի առաջնորդող։ Իր յարութեամբ երկինքը երկրի վրայ հաստատեց։ Իր յարութեամբ մեզ արդար Աստուծոյ արդար զաւակները դարձուց (Հռ․ 4.25)։
Իր յարութեամբ խնդացուց երկինքն ու երկնքին նայիլ սիրողները, եւ ահի մատնեց Չարն ու չարագործները։ Իր յարութեամբ մեղքով անապատացած մարդուն հոգին Աստուծոյ շնորհքներով լի ծաղկաստանի վերածեց։ Իր յարութեամբ ցնծացուց ննջեցեալներու աշխարհը։
Իր յարութեամբ սորվեցուց մարդուն յարութիւն առնել մեղքի գերեզմանէն ու յաղթանակ տանիլ չար Վիշապին վրայ։ Իր յարութեամբ դարձաւ զօրացնողը սարսափահար առաքեալներուն եւ զօրագլուխը հաւատացեալներուն։ Իր յարութեամբ վիմափոր գերեզմանէն՝ դարձաւ Վէմ գերեզմանէն վախցող մարդկութեան։
Իր յարութեամբ փաստեց թէ ինքն է Տէրն ու տուիչը կեանքին։ Իր յարութեամբ գօտեպնդեց հաւատքը անոնց՝ որոնք հաւատքի ջահակիրներ պիտի դառնային ամէնուրէք։ Իր յարութեամբ փաստեց թէ Աստուած ի՛նքն է որ կ՚իշխէ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ եւ ո՛չ թէ Չարին զօրութիւնը։ Իր յարութեամբ Քրիստոս մեզի համար պատրաստած եղաւ յաւիտենապէս անեղծ ժառանգութիւն մը։ Եթէ Քրիստոսի մարմինը եղծանելի ըլլար եւ փտութիւն տեսնէր՝ մեզի խոստանալիք իր ժառանգութեան անեղծութեան վերաբերեալ մենք կասկածամտութեամբ պիտի մօտենայինք։ Ճիշդ է որ Քրիստոս իր յարութեամբ վերջ չդրաւ փորձութիւններուն եւ Փորձիչին գործունէութեան, բայց ան ամրապնդեց ու յոյսով զօրացուց իր հետեւորդները ընդդէմ Սատանային։
Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառնէր, ո՞վ պիտի կրնար ամբողջ հոգիով ու սիրտով պայքարիլ Սատանային ու անոր չար արբանեակներուն դէմ։ Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառնէր, ո՞վ պիտի կրնար իր վստահութիւնն ու հաւատքը ամբողջութեամբ հաստատել իր վրայ։ Ան իր յարութեամբ դարձաւ վստահութեան աղբիւրը իր հաւատացեալներուն։ Իր յարութեամբ դարձաւ ապաւէնն ու պաշտպանը բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց հայեացքը սեւեռած դէպի երկինք, կը սպասէին աստուածային միջամտութեամբ մը ազատագրուիլ անյուսութեան անդունդէն։
Քրիստոսի յարութիւնը երաշխիքն է մեր յարութեան։ Եզնիկ Կողբացի կ՚ըսէ. «Քրիստոս իր յարութիւնը մեր յարութեան ճշմարիտ օրինակը դարձուց»։ Եթէ Քրիստոս ըսաւ թէ ինք պիտի մեռնէր ու դարձեալ յարութիւն պիտի առնէր (Մտ․ 20.19), եւ իր ըսածը կատարուեցաւ, մենք պատճառ մը չունինք չհաւատալու իր խոստումին, թէ՝ մենք ալ յարութիւն պիտի առնենք (Մտ․ 22.30, Յհ․ 5.28-29)։ Իր յարութիւնը պատճառ մըն է որ մենք հաւատանք արտասանած իր բոլոր միւս խօսքերուն։
Երբ կը խօսինք մեռելներու յարութեան մասին, բնականաբար անոնց մարմիններուն յարութեան մասին է որ խօսած կ՚ըլլանք եւ ո՛չ թէ հոգիներուն յարութեան մասին։ Մարդուն հոգին յարութիւն առնելու պէտք չունի քանի որ անիկա ըլլա՛յ փրկուած, ըլլա՛յ կորսուած, երբեք չի մեռնիր։ Եթէ Քրիստոսի նմանողութեամբ է որ յարութիւն պիտի առնենք, ուրեմն յստակ է որ յարութիւնը մարմնաւոր յարութիւն է, քանի որ Քրիստոս մարմինով յարութիւն առաւ։ Անոր հոգին կենդանի մնաց իր մարմինին մահէն ետք եւ «հոգիով ալ ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն» (Ա. Պտ․ 1.19)։
Ոմանք կը դժուարանան հաւատալ եւ հարց կու տան թէ ինչպէ՞ս Աստուած պիտի կարենայ յարութիւն տալ մեռելներուն որոնք ամբողջովին փոշիացած ու մոխրացած են։ Այդպէս մտածողներուն կը յիշեցնենք թէ «ամէն ինչ կարելի է Աստուծոյ համար» (Մր․ 10.27)։ Եթէ Աստուծոյ համար կարելի եղաւ ոչինչէն ստեղծել աշխարհը, կամ գետնին հողէն ստեղծել մարդը (Ծն․ 2.7), հապա ինչո՞ւ անկարելի պիտի ըլլայ իրեն համար հող ու փոշի դարձած մարդկութեան յարութիւն տալ։ Եթէ մարդուն համար կարելի է ամբողջովին փլատակուած շէնք մը վերակառուցել, Աստուծոյ համար ինչո՞ւ անկարելի պիտի ըլլայ ամբողջովին մոխրացած մարդկութեան յարութիւն պարգեւել։
Բնութիւնը անգամ կ՚ապացուցանէ յարութեան իրական ըլլալը։ Այո՛, յարութեան խոստումին մասին մենք միայն Աստուածաշունչին կամ այլ գիրքերու մէջ չէ որ կը կարդանք, այլ նաեւ բնութեան մէջ։ Եթէ անշունչ ծառեր որոնք ձմռան լիովին կը չորնան եւ կենդանութեան շունչն իսկ չի մնար անոնց մօտ՝ կրնան գարնան ու ամռան վերստին ծաղկիլ ու կանաչիլ, հապա որքա՛ն աւելի Աստուած, կարողութիւնը ունի ննջածները վերստին կեանքի կոչելու։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ ընդունինք թէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ըսած կ՚ըլլանք նաեւ՝ թէ Աստուած Քրիստոսը չյարուցանեց» (Ա.Կր․ 15.15)։
Կ՚աւարտեմ Կիւրեղ Երուսաղէմացիին խորիմաստ խօսքով. «Եթէ արմատէն կտրուած ծառը կրնայ վերստին աճիլ եւ ծաղկիլ՝ արդեօ՞ք մարդը վերստին պիտի չծաղկի։ Եթէ սերմանուած սերմերը վերստին աճելով եւ հնձուելով կը պատրաստուին կալի, մարդ արարածը ինքն ալ վերստին կալի չի՞ պատրաստուիր։ Եթէ այգիներէն կամ ծառերէն կտրուած ոստերը ուրիշ տեղ տնկուած ըլլալով վերստին կ՚աճին, մարդը ինքն ալ հողի մէջ դրուելէ ետք, վերստին պիտի չկենդանանա՞յ։
Դուն դատէ ու տես թէ ո՞ր մէկը աւելի մեծ է. նոր ստեղծել ամենեւին չստեղծուա՞ծը, թէ՝ ինկածն ու կործանուածը վերստին ձուլել եւ ստեղծել անկէ նոր պատկեր։ Արդ, եթէ Աստուած իր շունչով ստեղծած է մեզ, միթէ կարող չէ՞ ստեղծուածին եւ ինկածին յարութիւն պարգեւել։ Աստուած գիտէ քու թերահաւատութիւնդ, ահա թէ ինչո՛ւ ան այնպէ՛ս ըրաւ, որ դուն տեսնելով անշունչ եւ անմռունչ բնութեան վերյառնումը՝ հաւատաս շնչաւոր եւ բանական էակներու յարութեան»։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից