6 Ապրիլ, Քառասնորդական պահքի Զ կիրակի
Հեղի քահանան թէեւ աստուածատուր իր քահանայական կոչումը բծախնդրութեամբ կ՚ընէր, բայց իր սխալը կը կայանար անոր մէջ, որ ան չէր յանդիմաներ իր երկու որդիները՝ Ոփնի եւ Փենէհէս քահանաները իրենց ապրած անօրէն կեանքին համար (Ա. Թգ․ 3.13)։
Հեղի քահանան սկսած էր տարիքը առնել եւ իր աչքերուն ալ տեսողութիւնը սկսած էր տկարանալ։ Աստուած ուզեց ընտրել մէկը որ կարենար իր պատգամախօսը դառնալ։ Ան չէր կրնար ընտրել Ոփնին կամ Փենէհէսը, որովհետեւ անոնք անօրէն մարդիկ էին։ Ուստի, Աստուծոյ ընտրութիւնը կեդրոնացաւ Սամուէլին վրայ։
Եւ գիշերով մը երբ Սամուէլ «տաճարին մէջ կը քնանար, ուր Աստուծոյ տապանակը կար» (Ա. Թգ․ 3.3), Աստուած կանչեց զայն երեք անգամ եւ երեք անգամներուն ալ Սամուէլ կարծելով որ Հեղին էր զինք կանչողը՝ քովը գնաց եւ հարցուց թէ ի՞նչ կ՚ուզէր։ Հեղի գիտցաւ որ Տէրն էր Սամուէլը կանչողը, ուստի անոր պատուիրեց որ եթէ Տէրը անգամ մը եւս զինք կանչէր, թող անոր ըսէր. «Ո՛վ Տէր, խօսէ՛, քանզի քու ծառադ մտիկ կ՚ընէ» (Ա. Թգ․ 3.9)։
Ուշագրաւ երեւոյթը այս բոլորին մէջ այն է, որ փոխանակ Հեղի քահանան խօսելու Սամուէլին, Սամուէլը ի՛նք խօսեցաւ Հեղի քահանային։ Եւ խօսեցաւ, որովհետեւ Աստուած ինք Սամուէլին էր որ խօսեցաւ եւ ո՛չ թէ Հեղիին։ Եւ վստահաբար, բաւական ժամանակէ ի վեր Աստուած չէր խօսած Հեղիին (Ա. Թգ․ 3.1-2)։
Այստեղ հանդէս կու գայ Հեղիի նկարագրային գիծերէն մէկը որ որոշ չափով մը կը պարզէ անոր վեհանձնութիւնը։ Աստուած դադրած էր Հեղիին խօսելէ։ Հակառակ ասոր, երբ Հեղի լսեց որ Աստուած սկսաւ խօսիլ Սամուէլին, ո՛չ միայն չնախանձեցաւ եւ ո՛չ միայն չփորձեց Սամուէլը տաճարէն հեռացնել, այլ հակառակը, փորձեց օգնել իրեն Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան մէջ։ Հեղի ի՛նքն էր որ սորվեցուց Սամուէլին ինչպէ՛ս լսել Աստուծոյ ձայնն ու խօսքը։ Ան պատուիրեց Սամուէլին որ եթէ Աստուած անգամ մըն ալ խօսի, ըսել իրեն. «Ո՛վ Տէր, խօսէ՛, քանզի քու ծառադ մտիկ կ՚ընէ»։
Պահ մը կապենք այս ճշմարտութիւնը մեր այսօրուան կեանքին։ Այսօր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կան Սամուէլներ, բայց Հեղիներ չկա՛ն կամ գրեթէ չկան։ Եթէ կան՝ պատի՛ւ անոնց։ Այո՛, կա՛ն Սամուէլներ, որոնց կը խօսի Աստուած, որոնք կը լսեն Աստուծոյ ձայնը եւ կ՚առնեն երկնային պատգամներ, բայց ո՞ւր են Հեղիները։ Ո՞ւր են այն մեծերը՝ որոնք նեցուկ պէտք է կանգնին ներկայ ժամանակի Սամուէլներուն։ Ո՞ւր են անոնք՝ որոնք երբ տեսնեն անհատ մը կը փորձէ հաւատարմութեամբ Քրիստոսի հետեւիլ, քաջալերեն եւ զօրավիգ կանգնին անոր։
Հեղի քահանան չյոխորտաց ու չըսաւ թէ ինք աւագ քահանայ մըն է եւ թէ իր իրաւունքն է ստանալ աստուածային պատգամները։ Աստուած իր պատգամը կու տայ որո՛ւ որ ուզէ։ Աստուծոյ պատգամը ստանալը կախում չունի մեր ունեցած կարգէն, տարիքէն, հանգամանքէն կամ փորձառութենէն, այլ կախում ունի Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմութենէն, մեր հաւատքէն, Յիսուսի հանդէպ մեր ունեցած սէրէն ու կապուածութենէն։
Դիւրին չէ Հեղի մը ըլլալը։ Հեղի կը տեսնէր որ Սամուէլ շուտով զինք պիտի գերազանցէր։ Ան չփորձեց Սամուէլը հեռացնել ճշմարտութենէն, չփորձեց խափանել անոր դիմաց Աստուծոյ ձայնը լսելու ճամբան։ Եթէ այսօրուան Հեղիները, այսինքն՝ դիրքով, հանգամանքով կամ տարիքով մեծ եղողները, տեսնեն որ կարգ մը անձեր յառաջ կ՚երթան իրենց հաւատքի գնացքին մէջ, յառաջ կ՚երթան ուսումնական գետնի վրայ, կրնա՞ն չնախանձիլ անոնց, կրնա՞ն իրենց խաղաղութիւնը եւ հանգիստը չկորսնցնել անոնց պատճառով, եւ մանաւանդ, կրնա՞ն զօրակցութիւն յայտնել անոնց։
Նայեցէ՛ք Հեղիին։ Դիտեցէ՛ք անոր վերաբերմունքը։ Ան եթէ ուզէր խաբել Սամուէլին՝ կրնար խաբել։ Եթէ ուզէր արգելքներ դնել անոր դիմաց՝ կրնար դնել։ Բայց ան լաւ գիտէր որ եթէ նման քայլ մը առնէր՝ յաջողութիւն պիտի չգտնէր։ Այսօրուան Հեղիները կ՚անդրադառնա՞ն արդեօք որ զուր է Աստուծոյ զաւակներուն դիմաց արգելքներ շարելու ամէն ջանք։ Աստուած արգելքները խափանող Աստուած է։ Երանի՛ թէ ներկայ դարուս Հեղիները իրենք եւս ընդօրինակէին Հեղի քահանային վերաբերմունքը եւ չաշխատէին ծուղակներ լարել Աստուծոյ զաւակներուն ոտքերուն առջեւ։
Առաւօտուն Հեղի կանչել տուաւ Սամուէլը եւ հարցուց անոր թէ Աստուած ի՛նչ ըսաւ իրեն։ Ան ուզեց գիտնալ ճշմարտութիւնը պատանի Սամուէլին բերնէն, եւ գիտցաւ։ Ան նուաստութիւն չհամարեց ճշմարտութիւնը լսել իրմէ աւելի փոքրին բերնէն։ Ո՞ւր են այսօրուան Հեղիները, որոնք խոնարհութիւնն ու վեհանձնութիւնը ունենան ներկայ Սամուէլներուն հարցնելու ճշմարտութեան վերաբերեալ։ Ո՞ւր են անոնք՝ որոնք նուաստութիւն ու անարգանք չեն համարեր ճշմարտութիւնը լսել Սամուէլներուն, այսինքն՝ իրենցմէ աւելի փոքրերուն, նուազ փորձառուներուն եւ համեստ կարգի պատկանողներուն բերնէն։ Ճշմարտութիւնը լսելը քաջութի՛ւն կ՚ուզէ։ Հեղի գիտէր որ Աստուած բարկացած էր իրմէ իր որդիներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած անփոյթ եւ թոյլատու վերաբերմունքին պատճառով։ Ան գիտէր որ Աստուած սպառնացած էր զինք պատժել (Ա. Թգ․ 2.29-34), հակառակ ասոր, ան չվախցաւ Սամուէլին հարցնելու թէ Աստուած ի՛նչ ըսաւ իրեն։ Երբ Սամուէլ Հեղիին պատմեց Աստուծոյ կողմէ իր վրայ գալիք հարուածին մասին՝ Հեղի չբարկացաւ Սամուէլին, այլ ըսաւ՝ «Անիկա Տէրն է։ Իր աչքերուն հաճոյ երեւցածը թող ընէ» (Ա. Թգ 3.17-18)։
Ներկայ ժամանակի Հեղիները իրենք եւս կրնա՞ն խոնարհիլ փոքրիկ Սամուէլներուն միջոցաւ յայտնուած ճշմարտութիւններուն դիմաց։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից