Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր» (Մտ․ 5.39)։ Այս համարը Աստուածաշունչի ամէնէն պարզիմաստ համարներէն մէկն է, բայց զարմանալիօրէն յաճախ ատիկա սխալ բացատրուած եւ մեկնաբանուած է մարդոց կողմէ։ «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր». այս խօսքին իմաստն ու նշանակութիւնը պարզ կը դառնայ եթէ երբեք աչքի առջեւ ունենանք զինք նախորդող խօսքը. «Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին»։
Հիմնական դասը որ Քրիստոս կ՚ուզէ այստեղ մեզի սորվեցնել այն է, որ մարդ արարածը պէտք չէ փորձէ վրէժխնդիր ըլլալ անձնապէս։ Ո՛չ Հին Կտակարանը եւ ո՛չ ալ Նոր Կտակարանը կը խօսին անձնական վրէժխնդրութեան սկզբունքին մասին։ Ընդհակառակը, անոնք բազմիցս կը շեշտեն որ վրէժխնդրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի (Բ.Օր․ 32.35, Ես․ 34.8, Հռ․ 12.19)։
«Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ» (Մտ․ 5.38)։ Քրիստոսէ առաջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի ժամանակակից Հրեաներ այս բառերուն ետին անձնական վրէժխնդրութեան սկզբունքի մը հաստատումն էր որ կը տեսնէին։ Ճշմարտութիւնը սակայն տարբեր էր։ Աստուծոյ պահանջածը իր ժողովուրդէն չարիքը չարիքով չհակադարձելն էր։ Աստուած կ՚ուզէ մեզի սորվեցնել որ մեր աչքը հանողին աչքը հանելով ո՛չ յաղթանակ է որ ձեռք ձգած կ՚ըլլանք եւ ո՛չ ալ արդարութիւնն որ տիրած կ՚ըլլայ։
Նման խի՛ստ օրէնքի մը տըւչութեամբ, Աստուած հիմնական մէ՛կ նպատակ կը հետապնդէր՝ հեռո՛ւ պահել մարդը չարիք գործելու իր տրամադրութենէն։ Արդարեւ, չենք կրնար ուրանալ որ նման օրէնք մը կը սանձէ եւ կը զսպէ չարագործ մարդուն չարաբոյր ախորժակը։ Չարագործ մարդը եթէ ուզէ դիմացինին աչքը հանել, նախ բնականօրէն պիտի մտածէ որ ի՛ր ալ աչքը պիտի հանեն, եւ այս մտածումը, պատճառ կ՚ըլլայ որ հրաժարի դիմացինին աչքը հանելու իր չար մտադրութենէն։ Մեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր իր նմանին ակռան փշրել եթէ երբեք գիտնար որ իր ալ ակռան պիտի փշրուի։
Բայց Քրիստոսի մեզի սորվեցուցածը այն չէ, որ չարիքէ հեռու կենանք որպէսզի չարիքի չհանդիպինք։ Քրիստոս երկու քայլ առջեւ գնաց իր ուսուցումին մէջ։ Առաջին քայլը կը տեսնենք Մտ․ 5.39-ին առաջին բաժինին մէջ. «Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին»։ Քրիստոս անոխակալութեան սկզբունք մըն է որ կը հաստատէ այստեղ։ Մէկու մը աչքը հանելը չարիք մըն է։ Նման արարքի մը կատարումը որեւէ ձեւով չ՚արդարացուիր։
Մեզի հակառակողին հակառակիլը՝ անոր մակարդակին իջնել է։ Բամբասողին բամբասելը՝ բամբասող դառնալ է։ Չարիք ընողին չարիք ընելը՝ չարագործութիւն է։ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան խօսելով վերոյիշեալ համարին մասին կ՚ըսէ. «Երբ մէկը չարիք կ՚ընէ, յստակ կը դառնայ որ ան բարիին գիտութիւնը եւ ծանօթութիւնը չունի, բարիին զօրութիւնը չի գիտեր։ Մեզի չարիք գործողին դէմ չարիք որդեգրել եւ նոյն ձեւի պատասխան տալ, կը նշանակէ ուրանալ այդ բարիքը»։
Երկրորդ քայլը կը տեսնենք տուեալ համարին երկրորդ կէսին մէջ. «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր»։ Քրիստոս չի գոհանար չարիք գործողին չհակառակիլ թելադրելով, այլ քայլ մը եւս առջեւ կ՚երթայ եւ կը պատուիրէ ի պահանջել հարկին զիջում կատարել. «Միւս երեսդ ալ դարձուր անոր»։ Այս խօսքը բառացիօրէն պէտք չէ հասկնալ։ Քրիստոս ի՛նքն իսկ իր այս խօսքը բառացիօրէն չհասկցաւ։ Յիշեցէք որ երբ Յիսուս Հաննա քահանայապետին առջեւ կանգնած էր եւ համարձակութեամբ կը խօսէր, քահանայապետին «սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած էր, ապտակ մը զարկաւ Յիսուսի»։ Յիսուս իր միւս երեսը չդարձուց եւ ո՛չ ալ լուռ կեցաւ, ընդհակառակը, ձեւով մը արդարութիւն է որ պահանջած եղաւ երբ ըսաւ. «Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես ինծի» (Յհ․ 18.23)։
Մտաբերեցէք նաեւ Պօղոս առաքեալին օրինակը։ Երբ ան Ատեանին առջեւ կանգնելով իր անձին վերաբերեալ վկայութիւն մը տուաւ, «Անանիա քահանայապետը սպասաւորներուն հրամայեց որ անոր բերանին զարնեն» (Գրծ․ 23.2)։ Պօղոս լուռ չկեցաւ եւ ո՛չ ալ ապտակող սպասաւորին ըսաւ. «Հաճիս անգամ մը եւս զիս ապտակէ», այլ իր աչքերը յառելով Անանիա քահանայապետին, ըսաւ. «Թող Աստուած քեզի զարնէ, ճերմկցուա՛ծ պատ. նստեր ես՝ Օրէնքով զիս դատելու համար, եւ ապօրէն հրաման կու տաս որ զարնե՞ն ինծի» (Գրծ․ 23.3)։
Առաքեալին ընդվզումը հարկաւ միայն իր ապտակուելուն համար չէր, այլ նաեւ Օրէնքի խախտումին եւ անարգումին համար էր։ Եթէ երբեք ո՛չ քրիստոնէութեան հիմնադիրը՝ Քրիստոս, եւ ո՛չ ալ քրիստոնէութեան մեծագոյն տարածիչը՝ Պօղոս, ապտակուելով լուռ կեցան կամ խնդրեցին որ անգամ մը եւս ապտակուին, մե՛նք նաեւ, միշտ չէ որ լուռ պէտք է կենանք երբ մեր իրաւունքը կը խլեն, երբ ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրեն եւ երբ աղքատը կ՚ոտնակոխեն։
Քրիստոնեայ մարդը կոչուած է ըլլալու ձայնը արդարութեան, շեփորահարը ճշմարտութեան։ Պատահեցաւ որ Քրիստոս ապտակուի եւ լռէ եւ պատահեցաւ որ ապտակուի եւ արդարութիւն պահանջէ։ Պօղոս առաքեալ նաեւ, երբեմն լռեց, երբեմն բարկացաւ եւ յանդիմանեց, երբեմն թելադրեց եւ սաստեց։ Այս իրողութիւնը կը պարզէ, որ քրիստոնեայ մարդը պէտք է գիտնայ թէ ե՛րբ պէտք է լռէ եւ ե՛րբ պէտք է խօսի, ե՛րբ պէտք է խաղաղ մնայ եւ ե՛րբ պէտք է տագնապի։
Հետեւաբար, «միւս երեսդ ալ դարձուր» խօսքով, Քրիստոս լռութեան եւ անտարբերութեան կոչ մը չէ որ կ՚ուղղէ մեզի, ո՛չ ալ տկարանալու եւ վախնալու հրաւէր մըն է որ կը կարդայ, այլ պարզապէս, չարին չընդդիմանալու, զիջում ընելու, ներողամիտ կեցուածք ունենալու, եւ չարին բարիով յաղթելու թելադրանք մըն է որ կ՚ընէ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից