Մեր կեանքին նպատակը սիրելն է

Մեր Քրիստոնէական կեանքին նպատակը սիրելն է եւ ո՛չ թէ սիրուիլը: Չենք կրնար մարդոց ստիպել որ մեզ սիրեն: Սէրը ստիպողութիւն չի ճանչնար: Սիրուելու համար պէտք է սիրել: Ուրիշներուն կողմէ սիրուիլը՝ արդիւնքն է ուրիշները մեր սիրելուն: Սիրելը մեր պարտականութիւնն է, իսկ սիրուիլը՝ մեր իրաւունքը։ Իր պարտականութիւնը չկատարող մարդը իրաւունք չունի իր իրաւունքը պահանջելու ուրիշներէն։

Սիրելը մեր պարտականութիւնն է ուրիշին հանդէպ, մինչ սիրուիլը՝ ուրիշին պարտականութիւնն է մեզի հանդէպ: Մենք պէտք չէ հետաքրքրուինք թէ ուրիշը իր սիրելու պարտականութիւնը կընէ՞ մեզի հանդէպ, թէ՝ ոչ: Մենք միայն մե՛ր պարտականութեամբ պէտք է հետաքրքրուինք, եւ նայինք որ իսկապէս կը սիրե՞նք մեր նմանները: Ուրիշին պարտականութիւնը ուրիշին ձգենք, իսկ մենք, մեր պարտականութիւնը լաւագոյնս ընելու մասին մտածենք: Եթէ իւրաքանչիւրս միայն իր պարտականութեան ուշադրութիւն դարձնէ, աշխարհի մէջ պարտական ու պարտապան մարդ չի մնար:

Քրիստոսի պատուէրն է որ զԱստուած սիրողը պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ (Ա.Յհ 4.21): Քրիստոնէութիւնը աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան կրօնք է: «ԶԱստուած եւ ընկերը սիրելը միեւնոյն են. երկու ակ են որ կը բղխին միեւնոյն աղբիւրէն. երկու ծաղիկ են որ կը փթթին միեւնոյն ցօղունի վրայ» ըսած է գրիչ մը: Կարելի չէ՛ սիրել զԱստուած եւ չսիրել Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ որդիները ըլլալու համար ստեղծուած մարդիկը: Կարելի չէ՛ պաշտել խաչեալ Փրկիչը եւ չսիրել մարդը՝ որուն սիրոյն համար ան խաչուեցաւ: Կարելի չէ՛ ընդունիլ զՔրիստոս եւ մերժել մարդը՝ որուն ընդունելու համար է որ ան աշխարհ եկաւ: Ի վերջոյ, կարելի չէ՛ պատուել զՔրիստոս եւ անպատուել մարդը՝ որուն աստուածային պատիւ շնորհելու համար, Քրիստոս, հրաժարեցաւ իր աստուածային փառքէն ու պատիւէն:

Ինչպէս ծառան անարգողը անոր տէրը անարգած կըլլայ, նմանապէս ալ մարդը անարգողը զԱստուած է որ անարգած կըլլայ, որովհետեւ մարդը Աստուծոյ ծառան է: Յիշեցէ՛ք չար մշակներուն առակը. մշակները ծառաները ծեծելով, անարգած չեղա՞ն անոնց տէրը, որ նոյնինքն Աստուած էր: Իսկ Աստուած, իր գալստեան օրը պիտի չպատժէ՞ զանոնք (Մտ 21.33-41): Մեզմէ ո՞վ պիտի յանդգնէր իշխանի մը սիրած ծառան ծեծել եւ զինք ետ իշխանին քով ղրկել: Ո՛չ միայն անոր ծառային պիտի չհամարձակէինք վնաս մը հասցնել, այլ նոյնիսկ անոր ունեցած մէկ անասունին։ Եթէ զգուշութեամբ պիտի վերաբերէինք իշխանի մը անասունին հետ հետ, հապա որքա՜ն աւելի զգուշութեամբ պէտք է վերաբերինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։

Աստուած սիրելը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ սիրոյն համար մարդը սիրելը: Չի՞ պատահիր որ երբեմն սիրենք այս կամ այն մարդը՝ մեր այս կամ այն բարեկամին սիրոյն համար։ Վստահաբար։ Եւ պէտք չէ՞ սիրենք մեր նմանները, մեր մեծ Բարեկամին՝ Քրիստոսի սիրոյն համար: Քրիստոս մարդիկը իր բարեկամները կոչեց (Յհ 15.14-15): Քրիստոսի բարեկամներուն թշնամութիւն ընողը Քրիստոսի է որ թշնամութիւն ըրած կըլլայ: Ո՛չ ոք կրնայ բարեկամ մնալ Քրիստոսի հետ, եթէ թշնամի դառնայ Քրիստոսի բարեկամներուն՝ մարդոց։

Պահ մը ենթադրէ որ սեփական զաւակիդ արիւնով քու բարեկամներէդ մէկուն կեանքը փրկեցիր, պիտի չվշտանայի՞ր եթէ ուրիշ մը քու զաւակիդ արիւնով փրկուած բարեկամդ խոցոտէր։ Վստահաբար։ Եւ ինչո՞ւ. որովհետեւ անոր կեանքը քու զաւակիդ մահը արժեց: Նոյնն է պարագան Աստուծոյ եւ մեր: Աստուած ալ կը վշտանայ երբ կոշտ կերպով վարուինք մեր նմաններուն հանդէպ, որովհետեւ ան իր Որդին զոհեց անոնց համար: Ինչպէս պտուղը անարգողը անարգած կըլլայ ծառը, այնպէս ալ մարդը անարգողը անարգած կըլլայ զԱստուած, որովհետեւ մարդը Աստուծոյ սիրոյն պտուղն է:

Եթէ երբեք Աստուծոյ հետ սիրալիր յարաբերութեան մէջ ենք, անխուսափելիօրէն մեր նմաններուն հետ ալ սիրալիր յարաբերութեան մէջ կըլլանք: Սիրող սիրտ մը կը բացուի դէպի Աննմանը եւ դէպի իր նմանը: Աստուծոյ հետ մեր ունեցած սիրոյ ջերմ յարաբերութեան յաջողութիւնը, պայմանաւորուած է ուրիշներուն հետ մեր ունեցած սիրոյ ջերմ յարաբերութեան յաջողութեամբ: Այլ խօսքով, իր նմանին հանդէպ անկեղծ սէր չունեցողը, Աստուծոյ հանդէպ ալ անկեղծ սէր չի կրնար ունենալ: Աստուծոյ կողմէ մեր ներսիդին դրուած սէրը, Աստուծոյ սէրը փնտռող եւ Աստուծոյ սիրոյն կարօտ մարդոց կը պատկանի: Տա՛նք մարդոց  այնինչ  որ  մարդոց  կը  պատկանի:  Տա՛նք  առանց  խտրութիւն դնելու անոնց միջեւ։

Նմանինք ամպին որ իր անձրեւը կը թափէ ե՛ւ բարեգործ ե՛ւ չարագործ մարդոց վրայ։ Նմանինք ծառին որ իր պտուղը կու տայ զինք փափայողին եւ զինք քարկոծողին հաւասարապէս։ Մեզ սիրողներուն սիրելը մեր պարտականութիւնն է, իսկ մեզ չսիրողներուն սիրելը՝ մեր կոչումն է: Բարեկամները սիրելը մարդկային է, իսկ օտարները սիրելը՝ աստուածային եւ աստուածայնացնող: Մենք Աստուծոյ որդիները ըլլալով աստուածայինն է որ ցոյց պէտք է տանք: Պէտք է մնայուն կերպով յիշենք որ մեր չսիրած մարդիկը Աստուծոյ համար սիրելի են։ Աստուած կրնայ հաւնիլ մեր չհաւնածներուն: Կրնայ տեսութեան գալ մեր կողմէն անտեսուածներուն։

Մարդիկ մեզի համար կրնան սիրելի չըլլալ, բայց Աստուծոյ համար երբեք ալ այդպէս չեն: Սէրը կը պահանջէ որ ակնածանքով մօտենանք բոլորին, որովհետեւ անոնք Յիսուսի արեան գինն են: Մարդիկ դժբախտաբար շատ աւելի զգուշութեամբ կը վերաբերին իրենց ունեցած թանկագին առարկաներուն հետ, քան իրենց նմաններուն հետ, որոնք նմաններն են Աստուծոյ: Մեզմէ ո՞վ պիտի համարձակէր անարգանքով վերաբերիլ թագաւորի մը զաւակին հետ։ Ո՛չ միայն պիտի չհամարձակէինք անարգանքով վերաբերիլ թագաւորի մը զաւակին հետ, այլ նոյնիսկ անոր ծառային կամ ստրուկին հետ։ Ինչո՞ւ յարգալից կերպով կը վերաբերինք երկրաւոր թագաւորի մը ծառային հետ, իսկ Աստուծոյ զաւակներուն հետ յաճախ անյարգալից կերպով կը վերաբերինք։ Մեզմէ ո՞վ իր ծառան կը սիրէ եւ կը պատուէ իր որդիէն աւելի։ Ինչպէս մեր զաւակները մեր ծառաներէն աւելի կը սիրենք, այնպէս ալ աւելի ակնածանք պէտք է ունենանք Աստուծոյ զաւակներուն նկատմամբ քան երկրաւոր թագաւորի մը ծառաներուն նկատմամբ։

Ինչպէ՞ս կրնանք չսիրել մեր նմանը՝ որուն սիրոյն համար Աննմանը մեզի նման դարձաւ: Ամէն մարդ կուզէ որ բոլորը զինք սիրեն: Հետեւաբար, սիրենք բոլորը եթէ կուզենք որ բոլորը մեզ սիրեն: Սիրուիլը մարդոց իրաւունքն է եւ մենք իրաւունք չունինք մարդոց իրաւունքը չտալու մարդոց: Ո՞ւր է մարդասիրութեան մեր կրակը Աստուծոյ սէրը ընդունածներուս կեանքին մէջ: Եթէ կը դժուարանանք մեր նմանները սիրել, ատիկա ապացոյց մըն է, որ Քրիստոսի սէրը չունինք մեր սիրտերուն մէջ։ Նման պարագայի պէտք է սէր խնդրենք Աստուծմէ։

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կըսէ. «Սէր ուզեցէք Աստուծմէ, ո՛վ մարդիկ. որովհետեւ սէրն է միայն որ կեանքի մէջ կը զգացնէ թէ դուք լեցուն էք, լեցուն այնքան՝ որ չէք կրնար չպարպուիլ, չէք կրնար ձեր զեղուն բաժակէն չհրամցնել ու չխմցնել նաեւ ուրիշներուն»։

Եթէ սէր ունինք Քրիստոսէ եւ Քրիստոսով, չենք կրնար չսիրել Քրիստոսաբար։ «Ահա այսպէ՛ս կը զանազանուին Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները.- Ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ Աստուծոյ որդի չէ» (Ա.Յհ 3.10): Ինչպէս երբ մէկը չսիրէ իր եղբայրը, հայրը զինք հարազատ որդի չի նկատեր, նոյնպէս ալ երբ մենք չսիերնք մեր եղբայրը, չենք կրնար Աստուծոյ սիրելի՛ եւ հարազա՛տ զաւակները ըլլալ: Եթէ երբեք «Աստուած սէր է» (Ա.Յհ 4.8), այս կը նշանակէ որ սէր ունեցող մարդը զԱստուած է որ ունի իր սիրտին մէջ։

Սիրելի՛ ու սիրո՛ղ Աստուծոյ մը զաւակ եղողը՝ սիրելի՛ ու սիրո՛ղ զաւակ մը պէտք է ըլլայ: Ինչպէս վարդը վարդ է իր բոյրով ու տեսքով, այնպէս ալ քրիստոնեան քրիստոնեայ է իր սիրով։  Սէրը սիրտի անուշահոտութիւնն է: Չսիրող սիրտ մը կը գարշահոտի: Սիրող սիրտը, իր անուշահոտութեամբ կառինքնէ մարդոց հոգիները:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք թող ըմբռնէ իբրեւ դեսպանը Տէր Յիսուսի սիրոյն: Քաղցր ըլլանք մեր նմաններուն հետ, որպէսզի առիթ մը տուած ըլլանք անոնց ճանչնալու Աստուծոյ քաղցրութիւնը: Սիրենք բոլորը մեր բոլոր սիրտով, որպէսզի բոլորը գիտնան, որ այն Աստուածը որուն կը պաշտենք եւ կը սիրենք՝ սիրոյ Աստուած է, սիրող Աստուած է, սիրտի Աստուած է:

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

05.09.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․