Մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի» (Մտ․ 25.36)։ Ո՞վ է մերկ մարդը։ Մերկը Աստուծոյ արդարութենէն եւ սրբութենէն մերկացած մարդն է։ Մերկը աստուածապարգեւ անմահութիւնը կորսնցուցած անհատն է։ Մերկը Աստուծոյ ներկայութեան կանգնելու փափաքէն եւ հաճոյքէն դատարկուած էակն է։ Մերկը Աստուծոյ հետ ամէն տեսակի կապ, հաղորդակցութիւն եւ յարաբերութիւն դադրեցուցած արարածն է։
Մերկ կը նկատուին բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց անհաւատութեան եւ անհնազանդութեան պատճառով չեն վայելեր Աստուծոյ ընկերակցութիւնն ու պաշտպանութիւնը։ Մերկը ուրեմն, անպաշտպան, անպահապան, անընկեր եւ երեսի վրայ ձգուած անհատն է։ Մեղաւոր մարդը մերկ մարդ մըն է, իսկ մերկ մարդը՝ ենթակայ է չար ու պիղծ ոգիներուն ձաղկումին եւ ծաղրանքին առարկան դառնալու։
Ան որ Քրիստոսով շնորհուած արդարութեան պատմուճանով չի ծածկեր իր հոգեւոր մերկութիւնը՝ ան մնայուն թիրախը կը դառնայ Սատանային կողմէ արձակուած մեղքի նետերուն։ Հետեւաբար, մերկը հագցնել, կը նշանակէ առաջնորդել զայն Քրիստոսի, որպէսզի անկէ ստանայ լաւագոյն պատմուճանը (Ղկ․ 15.22)։
Մարդկութիւնը հոգեւոր մերկութիւնը ժառանգեց Ադամէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այդ մերկութիւնը յաճախ կոչուած է «Ադամական մերկութիւն»։ Աստուած չստեղծեց Ադամը հոգեւորապէս մերկ։ Ադամ այդ հոգեւոր մերկութեան մէջ ինկաւ Սատանային եւ անոր պիղծ ու չար ոգիներուն ձեռքով։ Ասոր փաստը կը գտնենք բարի Սամարացիին առակին մէջ։ Հոն կը կարդանք. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր։ Ճամբան աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք…» (Ղկ․ 10.30)։ Որո՞նք են այստեղ յիշուած աւազակները որոնք կը յարձակին մարդուն վրայ եւ կը մերկացնեն զինք։ Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Իգնատիոս Վարդապետ, Ստեփանոս Սիւնեցի եւ ուրիշներ, կը հաստատեն որ աւազակները կը ներկայացնեն Սատանան եւ անոր չար գունդերը։
Աստուածորդին գթաց մարդուն վրայ եւ աշխարհ գալով մերկացաւ մարդուն ձեռքով եւ մարդուն համար (Մտ․ 27.28), որպէսզի ազատագրէ մարդը Ադամական մերկութենէն։ Քրիստոս Լաւոդիկիայի եկեղեցիին կ՚ըսէ. «Դուն ողորմելի մըն ես, խեղճ ու աղքատ, մերկ եւ կոյր։ Ուստի քեզի հետեւեալ խորհուրդը կու տամ.- Կրակէն անցած զուտ ոսկի գնէ ինձմէ, որպէսզի հարստանաս, եւ ճերմակ հագուստներ առ՝ հագնելու համար, որպէսզի մերկութեանդ ամօթը ծածկես» (Յյտ․ 3.17-18)։
Ճերմակ հագուստը պատկերացումն է Քրիստոսապարգեւ արդարութեան, սրբութեան եւ անմեղութեան։ Այդ հագուստը լուացուած եւ ճերմկցուած է Գառնուկին արիւնով (Յյտ․ 7.14)։ Մերկը հագցնելը ուրեմն, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ուղղել մեր նմանին քայլերը խաչին վրայ մեռած Գառնուկին, որպէսզի Աստուած այդ Գառնուկին բուրդով ծածկէ անոր մերկութիւնը եւ Գառնուկին շունչով ջերմացնէ անոր սիրտն ու հոգին։
Ինչպէս Ֆիզիքապէս մերկ մարդը չ՚ուզեր իր նմաններուն ներկայութեան կանգնիլ, այնպէս ալ հոգեւորապէս մերկ եղող մարդը բնա՛ւ չ՚ուզեր Աստուծոյ ներկայութեան բերուիլ։ Դարձի չեկած մարդը չ՚ուզեր լսել Քրիստոսի աշխարհ վերադառնալուն մասին։ Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին շնորհքի անիմանալի լոյսով չլուսաւորուած մէկը պիտի չկրնայ կանգնիլ լոյս Աստուծոյ առջեւ։ Քրիստոսով չարդարացած մարդը կը սարսափի երբ լսէ Աստուծոյ արդար դատաստանին մասին։ Մեղքը մարդը կը դարձնէ վախկոտ եւ անհամարձակ։
Քրիստոսի կողմէ մեզի շնորհուած «ճերմակ պարեգօտները» կը փարատեն մեր ներսիդէն վախկոտութիւնը եւ համարձակութիւն կու տան մեզի կանգնելու մեր երկնաւոր Հօր առջեւ։ Փրկութեան պատմուճանը մեզ համարձակ կը դարձնէ մեղքին դէմ մղած մեր պայքարին մէջ։ Մեղքի կեանքը սիրող մարդը անհամարձակ կ՚ըլլայ։ Իսահակ Ասորի կ՚ըսէ. «Անկարելի է որ մարմնաւորին կապուած մարդը աղօթքի ժամանակ կարենայ համարձակութիւն ձեռք ձգել»։
Սիրելի՛ ընթերցող, մինչեւ այսօր քանի՞ հոգիներ կրցած ես հագցնել։ Քանի՞ մարդ առաջնորդած ես Քրիստոսի խաչին։ Քանի՞ անհատներ յաջողած ես հաւաքել Քրիստոսի պաշտպանարար թեւերուն տակ։ Չըլլայ որ այլոց փրկութեան պատճառ ըլլալու փոխարէն կորստեան պատճառ ըլլաս։ Չըլլայ որ դուն ալ պատկանիս անոնց շարքին՝ որոնք փոխանակ ծածկելու իրենց նմաններուն մերկութիւնը (մեղքերը), ընդհակառակը կը հրապարակեն զանոնք։
Լաւ բան է մեղքերը հրապարակելը եթէ երբեք ատոնք քու մեղքերդ են։ Ուրիշին մեղքերը հրապարակելու իրաւունք չունիս։ Ուրիշին մեղքերուն մասին կրնաս խօսիլ մի՛այն եւ մի՛այն մեղքերու Քաւիչին՝ Քրիստոսի։
Որպէսզի կարենաս հոգեւորապէս մերկ եղողները առաջնորդել Քրիստոսի արդարութեան պատմուճանին, նախ դուն ի՛նքդ պէտք է արդարացած ըլլաս Քրիստոսի արիւնով։ ԶՔրիստոս իբրեւ Փրկիչ ընդունելուդ պէս ճամբայ մի՛ իյնար ուրիշներուն փրկութեան աւետիս տալու։ Նախ թոյլ տուր որ Սուրբ Հոգին թրծէ ու եփէ քեզ հոգեւոր կեանքին մէջ, եւ ուշադիր եղիր չկորսնցնելու փրկութեանդ հագուստը։ Այդ հագուստը կորսնցնելու կարելիութիւնը միշտ ի զօրու է։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ահա ես գողի պէս կու գամ։ Երանի՜ անոնց՝ որոնք արթուն կը մնան եւ իրենց հագուստները կը պահեն, որպէսզի մերկ չշրջին եւ իրենց ամօթոյքը չերեւի» (Յյտ․ 16.15)։
Աստուած արդար եւ փրկութեան արժանի կը նկատէ մերկը հագցնող մարդը (Եզ․ 18.5-9)։ Մերկը հագցնելը անոր մարմինին համար հագուստ տալը չէ միայն, այլ նաեւ Տիրոջ խօսքով անոր հոգին ջերմացնելն է։ Ջերմացուր սիրտդ Սուրբ Հոգիին կրակով, որպէսզի դուն քու կարգիդ դառնաս ջերմութիւն մեղքով ցրտահար դարձած այս աշխրհին մէջ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից