Մի ծախէք ձեր անդրանկութիւնը պնակ մը ապուրի համար

Երբ Եսաւ դաշտէն կու գար, տեսաւ իր եղբայրը՝ Յակոբը, որ ապուր կ՚եփէր։ Անօթեցած ըլլալով՝ խնդրեց իր եղբայրէն որ ապուր տայ իրեն որպէսզի ուտէ։ Յակոբ համաձայն գտնուեցաւ տալու, պայմանաւ որ Եսաւ իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախէր իրեն։ Եսաւ ծախեց իր անդրանկութեան իրաւունքը եւ անոր փոխարէն առաւ պնակ մը ապուր (Ծն 25.29-34)։

Շատեր գայթակղած են Յակոբին իր եղբօր նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերմունքէն։ Անոնք զարմանք կը յայտնեն թէ ի՞նչպէս Յակոբ անգութ վերաբերմունք ցուցաբերեց իր եղբօր՝ Եսաւին նկատմամբ, եւ անոր անօթութենէն օգտուելով՝ անոր ձեռքէն խլեց անդրանկութիւնը։

Յակոբին ըրածը ո՛չ Աստուածաշունչը եւ ո՛չ ալ մենք կ՚արդարացնենք։ Բայց Եսաւին ըրածն ալ երբեք չ՚արդարանար։ Եբրայական մտածողութեան մէջ անդրանկութիւնը աստուածային պարգեւ մըն էր։ Եսաւ այդ պարգեւին արժէքը ո՛չ միայն չգիտցաւ, այլեւ ոտնակոխեց զանիկա։ Պնակ մը ապուրի համար անդրանկութեան իրաւունքը ծախելը՝ այդ պարգեւը անարգել չէ՞ր նշանակեր։

Յակոբ անդրանկութեան արժէքը շատ աւելի լաւ գիտէր քան Եսաւը։ Այս իմաստով, Յակոբ կրնար աւելի՛ արդար նկատուիլ քան Եսաւը։ Եւ արդարեւ, Յակոբ աւելի՛ արդար էր, որովհետեւ երբ կը կարդանք Աստուածաշունչը, կը տեսնենք որ Յակոբ հետագային փոխեց իր կեանքի ընթացքը եւ կրցաւ ինքզինք արդարացնել Աստուծոյ դիմաց։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ փոխուեցաւ Յակոբին նկարագիրը, մտածելակերպը, գործելակերպը, բնաւորութիւնն ու կենցաղակերպը, բայց Եսաւ ո՛չ միայն նոյնը մնաց, այլեւ աւելի՛ ինկաւ, իր նկարագիրը աւելի՛ վատթարացաւ։

Եբրայեցիներուն կեանքին մէջ, անդրանիկ զաւակը կը դառնար ժառանգորդը իր հօրը ամբողջ ունեցուածքին, իսկ քրիստոնէական հասկացողութեամբ, անդրանիկ կը կոչուին բոլոր անոնք՝ որոնք Աստուծոյ զաւակներն են, եւ որոնք պիտի ժառանգեն երկինքի արքայութիւնը։ Անդրանիկ զաւակը միաժամանակ կը վայելէր իր հօրը ամբողջական օրհնութիւնը։ Ինչպէս Եբրայեցի հայրեր օրհնութիւն կը խոստանային իրենց անդրանիկ զաւակներուն, այնպէս ալ Աստուած, խոստացած է երկինքի ամբողջ օրհնութեամբ օրհնել բոլոր այն մարդիկը՝ որոնք Քրիստոսի ճամբով իր զաւակները կը դառնան։

Ոմանք կրնան խորհիլ թէ Յակոբի եւ Եսաւի պատմութենէն մենք բարոյական դաս չենք կրնար քաղել, կամ սորվեցնել մեր զաւակներուն, եւ սակայն, ընդհակառակը, դիտելով Եսաւին անպատասխանատու վերաբերմունքը եւ նկատի առնելով Յակոբին խաբող աշխատելաձեւը, կրնանք անոնցմէ շատ բան սորվիլ եւ սորվեցնել մեր զաւակներուն։

Առաջին հերթին, կրնանք սորվեցնել մեր զաւակներուն որ չիյնան այն ծուղակին մէջ որուն մէջ ինկան Յակոբն ու Եսաւը։ Ո՛չ Յակոբի նման պէտք է շահագործել մեր նմանը երբ ան օգնութեան կարիքը ունի, եւ ո՛չ ալ Եսաւի նման՝ պէտք է զոհել մեր ունեցած արժէքները՝ անպէտք ու անկարեւոր բաներու համար։

Յակոբի եւ Եսաւի այս պատմութիւնը տակաւին իր աւարտին չէ հասած ու պիտի չհասնի մինչեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։ Աշխարհ այսօր մեր դիմաց դրած է տեսակ-տեսակ ապուրներ եւ մեզմէ կը պահանջէ որ զոհենք երկինքի արքայութիւնը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը, որպէսզի կարենանք ձեռք ձգել իր հրամցուցած այլազան ապուրները։ Քրիստոնեաները միշտ ալ իրենք զիրենք գտած են ու կը գտնեն երկընտրանքի մը դիմաց, ընտրել զԱստուա՞ծ, թէ՝ կայսրը, ընտրել երկրայի՞նը, թէ՝ երկնայինը։

Ո՞ր մէկը աւելի նախընտրելի է։ Ընտրել Աստուծոյ ճամբա՞ն, թէ՝ Սատանային ճամբան։ Ընտրել Աստուծոյ կողմէ պարգեւուած օրհնութիւննե՞րը, թէ՝ աշխարհի կողմէ հրամցուած այլատեսակ ապուրները։ Եսաւ նախընտրեց պնակ մը ապուրը քան իր հօրը օրհնութիւնը, աշխարհի տուածը քան Աստուծոյ պարգեւածը։

Յակոբին ըրածը մեղադրելի էր, բայց Եսաւին ըրածը՝ աւելի մեղադրելի էր։ Յակոբը չէր որ Եսաւին առաջարկեց ապուր տալ իրեն, այլ Եսաւ ի՛նքն էր որ Յակոբէն խնդրեց պնակ մը ապուր։ Եթէ Եսաւ ինք յօժար էր ինքզինք այդքան խոնարհեցնելու եւ արժէզրկելու, մենք ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ կը մեղադրենք Յակոբը։

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան խօսելով այս երեւոյթին մասին, կ՚ըսէ.

«Եթէ աշխարհը կը փորձէ մեզ խաբել, մեր ձեռքէն առնելու համար մեր անդրանկութիւնը, աշխարհը մեղադրելով լուծում բերած չենք ըլլար հարցին, ինչպէս երբ Եսաւ մեղադրեց Յակոբը իր հօրը ներկայութեան՝ կացութենէն ոչինչ կրցաւ փոխել. աշխարհը մեղադրելի է այո՛, այդ մէկը կասկածէ դուրս է, որովհետեւ ով որ կը փորձէ ուրիշը մոլորեցնել՝ մոլորութեան յանցանքին համար դատապարտելի է Աստուծոյ կողմէ, բայց ինքզինքը այդ մոլորութեան ենթարկողը շատ աւելի դատապարտելի է, որովհետեւ չի գիտեր այդ պարգեւին մեծութիւնը որ տրուած է իրեն, եւ եթէ երբեք այդ պարգեւին տէր ըլլալ կամ այդ պարգեւին պատասխանատու ըլլալ չի գիտեր՝ կը նշանակէ թէ արժանի չէ Աստուծոյ որդի ըլլալու կամ անդրանիկ զաւակ կոչուելու»։

Թո՛ղ Յակոբի եւ Եսաւի այս դրուագը մեզի դաս մը ըլլայ։ Ո՛չ Յակոբի նման փորձենք անարդար միջոցներով մեր շուրջ գտնուող Եսաւներուն ունեցածին տէրը դառնալ, եւ ո՛չ ալ Եսաւի նման աշխատինք թէ՛ ապուրին եւ թէ՛ հօրենական օրհնութեան տէրը դառնալ։ Շատեր կան որոնք Եսաւի նման կը ջանան թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ կայսրին ծառաները ըլլալ։ Քրիստոս սակայն սորվեցուց որ «մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել» (Մտ 6.24)։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

11.02.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․