28 Հունվար, Դշ. Առաջավորաց Պահքի Գ օր
Աշխարհի մէջ չկա՛յ մարդ մը որ իրեն յատուկ նեղութիւն եւ ցաւ չունենայ։ Չկա՛յ մարդ մը որ մխիթարողի եւ մխիթարութեան կարիքը չզգայ։ Գրեթէ ամէն մարդ գթացող եւ կարեկցող կը փնտռէ։ Ամէն մարդ պէտք ունի իր շուրջ տեսնելու յուսադրիչ եւ գօտեպնդիչ անհատներ։
Որքան յաճախ կոշտ վերաբերմունքով մը կամ խօսքով մը կը խոցոտենք մեր նմանը որ արդէն իսկ խոցոտուած է, տրուած ըլլալով որ կ՚անցնի ծանր պարագաներէ եւ նեղութիւններէ։ Որքա՜ն զգոյշ պիտի ըլլայինք չվիրաւորելու մեր եղբայրն ու քոյրը եթէ գիտնայինք թէ անոնք ի՛նչ փորձութիւններէ եւ հոգեկան ի՛նչ խռովքներէ կ՚անցնին։
Երիտասարդ մը ճաշարան մը կ՚երթայ եւ սպասեակին կ՚ապսպրէ գաւաթ մը պաղ կաթ։ Սպասեակը հինգ վայրկեան ետք կը վերադառնայ հետը բերելով գաւաթ մը տաք կաթ։ Երիտասարդը կը բարկանայ եւ յանդիմանական շեշտով մը անոր կ՚ըսէ. «Պարո՛ն, ես քեզմէ գաւաթ մը պա՛ղ կաթ ուզեցի եւ ո՛չ թէ տա՛ք կաթ»։ Սպասեակը ներողութիւն կը խնդրէ եւ շուտով գաւաթ մը պաղ կաթ կը բերէ անոր։ Երբ երիտասարդը ճաշարանէն մեկնելու վրայ էր՝ ճաշարանապետը քաղցրութեամբ անոր ըսաւ. «Սիրելի՛ երիտասարդ, պէտք չէր այդպէս բարկանայիր սպասեակին եւ յանդիմանէիր զայն։ Ան այս օրերուս շատ մտազբաղ է, որովհետեւ մայրը հիւանդ է եւ մահամերձ վիճակի մէջ կը գտնուի»։ Երիտասարդը այս լսելով շատ խղճահարուեցաւ եւ անհանգստացաւ սպասեակին հանդէպ իր ցուցաբերած կոպիտ վերաբերմունքին համար։
Դաւիթ մարգարէն խօսելով Սաւուղին, կամ հաւանաբար Աքիտոփէլին մասին, կ՚ըսէ. «Անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց, հապա խեղճն ու աղքատը հալածեց, որպէսզի սիրտը կոտրածը սպաննէ» (Սղ 109.16)։ Դաւիթ սիրտը կոտրած մարդ մըն էր արդէն։ Սաւուղին հալածանքները եկան խորացնելու Դաւիթի սիրտին վէրքերը։ Աստուած սակայն լուռ չկեցաւ։ Ան վրիժառու գտնուեցաւ Սաւուղին նկատմամբ։
Նո՛յնն է Յոբին պարագան, որուն երեք բարեկամները անոր խոցուած սիրտը աւելի՛ խոցեցին։ Անոր ցաւին վրայ ցաւ եւ սուգին վրայ սուգ աւելցուցին։ Այսպէս ընողները Սատանային գործակիցները կը նկատուին, որովհետեւ Սատանային գործելակերպն է մարդուն վիշտին վրայ վիշտ եւ նեղութեան վրայ նեղութիւն աւելցնելով, մարդը առաջնորդել ամբողջական յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան։
Սիրելի՛ ընթերցող, մի՛շտ քաղցր եւ կարեկից եղիր մարդոց նկատմամբ, որովհետեւ չես գիտեր թէ անոնք հոգեկան ի՛նչ տառապանքներէ եւ կոտրուածութենէ կ՚անցնին։ Շատ մարդիկ կան որոնք յուսահատութեան անդունդին եզրին կանգնած են։ Մէ՛կ կծու խօսք բաւական է զանոնք յաւիտենապէս կործանելու։ Չըլլա՛նք այդ մէկ կծու խօսքը արտասանող մը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից