21 Հունիս, Շբ
Աստուած կրնայ իր հաւատացեալ զաւակներուն յայտնութիւններ եւ տեսիլքներ ցոյց տալ, որոնք կրնան հպարտութեան առաջնորդել հաւատացեալը։ Նման պարագայի, Աստուած սէրէ մղուած թոյլ կու տայ որ նեղութեան հանդիպի ենթական՝ որպէսզի զինք պահէ խոնարութեան մէջ։ Պօղոս առաքեալ ունեցաւ այս փորձառութիւնը։ Ան կ՚ըսէ. «Որպէսզի չըլլայ որ ունեցած բացառիկ յայտնութիւններովս հպարտանամ, Աստուած փուշի պէս ծակող ցաւ մը տուաւ մարմինիս, կարծես Սատանային ներկայացուցիչը ըլլար մարմինիս մէջ, որպէսզի անով զիս զգաստացնէ եւ չհպարտանամ» (Բ.Կր․ 12.7)։
Համաձայն առաքեալին այս խօսքին, Աստուծոյ կողմէ թոյլատրուած նեղութիւնը հաւատացեալը կը հրաւիրէ զգաստութեան եւ հեռո՛ւ կը պահէ հպարտութենէն։ Մեղքեր կան որ եթէ գործենք՝ Աստուած կը ներէ, բայց հպարտութեան մեղքը ան ո՛չ միայն չի ներեր, այլեւ կը հակառակի հպարտ ու ամբարտաւան մարդուն. «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յկ․ 4.6)։
Երբ հպարտութենէ մղուած կը պատմենք մեր ունեցած տեսիլքներուն եւ յայտնութիւններուն մասին, կամ երբ Աստուծմէ պարգեւ կը ստանանք եւ ատիկա մեզ հպարտութեան կ՚առաջնորդէ՝ Աստուած կը տրտմի, որովհետեւ կը տեսնէ որ իր զաւակները փոխանակ զինք փառաւորելու իր բաշխած պարգեւներուն համար, ընդհակառակը, իրենք զիրենք է որ կը փառաւորեն իրենց ստացած պարգեւներուն մասին պատմելով ասոր անոր։
Աստուած չ՚ուզեր իրեն համար յատկացուելիք փառքը իւրացուած տեսնել իր զաւակներուն կողմէ։ Ան կ՚ըսէ. «Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» (Ես․ 42.8)։ Հպարտ ու ամբարտաւան մարդն է որ փառք կը փնտռէ։ Երբեմն հաւատացեալ մարդը անգամ կրնայ բռնուիլ այդ ախտէն։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Պիտի պարծենամ, ձեզի պատմելով այն տեսիլքներուն եւ յայտնութիւններուն մասին, որ Տէրը ինծի տուաւ» (Բ.Կր․ 12.1)։ Այս պարծենկոտութիւնը առաքեալին մօտ կրնար փոխուիլ հպարտութեան եւ նոյնիսկ ամբարտաւանութեան եթէ երբեք Աստուած «փուշի պէս ծակող ցաւ»ով մը չմիջամտէր անոր կեանքէն ներս։
Ո՛վ գիտէ, թերեւս Պետրոս առաքեալ երբ տեսաւ որ ջուրերուն վրայէն քալելով Քրիստոսի կ՚երթար՝ սկսաւ հպարտանալ միւս աշակերտներուն դիմաց։ Եթէ ան յաջողէր ջուրերուն վրայէն քալելով Յիսուսի հասնիլ՝ փառքը իրե՛ն պիտի երթար եւ ո՛չ թէ Յիսուսի։ Յիսուս չէր որ զինք ջրամոյն ըրաւ, բայց կարծէք ինքն էր որ միջամտեց եւ թոյլ տուաւ որ ջրամոյն ըլլար առաքեալը, նախ որպէսզի զինք հեռո՛ւ պահէր հաւանական հպարտութենէն, եւ երկրորդ, որպէսզի սորվէր մի՛այն իրեն վստահիլ։ Պետրոս ջրամոյն եղած ատեն Յիսուսէ զատ չունէր ուրիշ մէկը որուն դիմէր ու աղաղակէր։
Այո՛, կեանքի նեղութիւնները երբեմն կը ստիպեն մեզ գալու այն եզրակացութեան՝ թէ Աստուծմէ զատ չկայ ուրիշ մէկը որ կրնայ մեր օգնութեան հասնիլ։ Պետրոս առաքեալ բոլոր աշակերտներէն աւելի ճարտար ձկնորս ու միաժամանակ վարպետ լողորդ էր։ Ան ջրամոյն եղած ժամանակ լողալ անգամ չկրցաւ։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ո՛չ ոք գիտէ այս «ինչո՞ւ»ին պատասխանը։ Արդեօք աստուածայի՞ն միջամտութիւն էր։ Արդեօք վախի՞ հետեւանք էր։ Արդեօք իրարանցումի՞ արդիւնք էր։
Կրնանք գիտնալ թէ ինչո՞ւ սկսաւ ընկղմիլ, բայց դժուար է գիտնալ թէ ինչո՞ւ չկրցաւ լողալով Քրիստոսի հասնիլ։ Մէկ բան գիտենք սակայն, որ Աստուած կրնայ խլել մեր ձեռքէն մեր այն բոլոր կարողութիւնները որոնց մենք կը վստահինք՝ որպէսզի սորվեցնէ մեզի իրե՛ն, միայն իրե՛ն վստահիլ։ Այս իմաստով, կրնայ ըլլալ որ աստուածային միջամտութեամբ մըն էր որ այդ վայրկեանին Պետրոս չկրցաւ լողալ՝ որպէսզի ան անդրադառնար որ այդ պահուն Քրիստոսէ զատ ուրիշ ապաւէն չունէր։
Աստուած չ՚ուզեր որեւէ տեսակի կուռք ունենանք մեր կեանքերուն մէջ։ Վստահ եմ մեզմէ որեւէ մէկը հեթանոսական հասկացողութեամբ քարաշէն, փայտաշէն կամ պղնձաշէն արձան մը առնելով իբրեւ կուռք չէ կանգնեցուցած իր տան մէջ, բայց կուռքերը միայն ասոնք չեն։ Ինչ բան որ կը սիրենք Աստուծմէ աւելի կամ ինչ բանի որ կը վստահինք Աստուծմէ աւելի՝ զայն մեր կեանքին կուռքը դարձուցած կ՚ըլլանք։
Օրինակ, եթէ դիզած դրամ ունինք եւ մեր դիզած դրամին հանդէպ վստահութիւն ունինք՝ այդ դրամը արդէն կը դառնայ կուռք. կուռք մը՝ որ մեզ հպարտութեան կ՚առաջնորդէ եւ թոյլ չի տար ամբողջական խոնարհութեամբ վստահութիւն տածելու Աստուծոյ նկատմամբ։ Նման պարագայի, Աստուած կրնայ խլել այդ կուռքը, այսինքն՝ դրամը մեր ձեռքերէն, որպէսզի մեզ առաջնորդէ խոնարհելու իր ձեռքին տակ։
Ոմանց կուռքը կրնայ դրամը ըլլալ, իսկ ուրիշներուն կուռքը՝ իրենց Ֆիզիքական առողջութիւնը։ Տակաւին, կուռքի կրնան վերածուիլ մեր ձեռք ձգած յաջողութիւնները, յաղթանակները, մեր զաւակները, բարեկամ մը, գործ մը, նախասիրութիւն մը, աշխատանք մը, որեւէ բան կամ ոեւէ անձ։ Աստուած կրնայ հարուածել որեւէ բան կամ ոեւէ անձ որ կուռքի կը վերածենք, կրնայ խլել մեր ձեռքէն մեր զօրութեան աղբիւրները՝ նախ որպէսզի ցոյց տայ մեզի աշխարհի ոչնչութիւնը, եւ երկրորդ, որպէսզի մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ իր վրայ։
Աստուած կ՚ուզէ մեր հաւատքին եւ վստահութեան միակ առարկան դառնալ։ Ան չ՚ուզեր ուրիշ բանի մը կամ ուրիշ անձի մը նկատմամբ հաւատք ունենանք եւ մեր յոյսը անոր կապենք։ Հաւատքն ու յոյսը միայն Աստուծոյ նկատմամբ պէտք է ցուցաբերուին։
Ան չ՚ուզեր մեր կեանքին մէջ իրեն մրցակից բան մը տեսնել։ Ուստի, ան երբ տեսնէ թէ կը յոխորտանք եւ կը հպարտանանք մեր ունեցածով՝ փորձութեամբ մը կու գայ միջամտելու մեր կեանքէն ներս, ո՛չ թէ որպէսզի մե՛զ տկարացնէ, այլ որպէսզի տկարացնէ եւ ոչնչացնէ բոլոր այն բաները՝ որոնց կը վստահինք եւ որոնցմով կը հպարտանանք, ատով, մեզ իրե՛ն դարձնելու համար։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից