21 Հունիս, Շբ
Ամէն ժողովուրդ կամ ազգ, ամէն անհատ կամ հաւաքականութիւն, ամէն կառոյց կամ հաստատութիւն իր կեանքին մէջ կ՚ունենայ սովորութիւններու շարք մը, որ կը ջլատէ զօրութիւնը ու կը վտանգէ յաջողութիւնը տուեալ ժողովուրդին, ազգին, անհատին, հաւաքականութեան, կառոյցին եւ հաստատութեան։
Այս իրողութիւնը իրականութիւն է նաեւ Քրիստոսի մարմինին՝ եկեղեցիին մէջ։ Սա մեր օրերուն պատկանող ճշմարտութիւն մը չէ միայն, այլ մի՛շտ այդպէս եղած է, եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ դժբախտաբար ամէն տեղ, ամէն եկեղեցիի մէջ։ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները քննադատական մօտեցումով մը Քրիստոսի ուշադրութեան յանձնեցին թէ իր աշակերտները «ճաշելէ առաջ չեն լուար իրենց ձեռքերը» (Մտ․ 15.2)։ Ահաւասիկ սովորութիւն մը որ այնքա՛ն զօրեղ տիրապետութիւն հաստատած էր Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն կեանքին մէջ, որ զայն կը նկատէին նուիրական եւ անխախտելի աւանդութիւն մը։ Նման սովորութիւններ մոռցնել կու տան հիմնականն ու կենսականը։
Օրինակ, Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները մոռցած էին որ կենսականը եւ Աստուծոյ պահանջածը ձեռքերու լուացումը չէր, այլ սիրտի լուացումը։ Աստուած նորահաւատ մարդուն կը խօսի նո՛ր սիրտ եւ նո՛ր հոգի ունենալու անհրաժեշտութեան մասին, մինչդեռ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները նորահաւատ մարդուն կը խօսին իրենց հայրերու աւանդութեանց եւ սովորութեանց իւրացման մասին։
Երկրորդ օրինակ մը, անոնք ամէն միջոցի կը դիմէին «մէկը նորահաւատ ընելու համար» (Մտ․ 23.15). իսկ իրենց հասկացողութեամբ նորահաւատ ըլլալ, կը նշանակէ Փարիսեցիներուն աղանդին համակիր ըլլալ։ Այս ձեւով, իրենց համար աւելի կարեւոր էր մարդիկը անդամ դարձնել իրենց աղանդին քան Աստուծոյ ընտանիքին։ Փարիսեցիի մը համար աւելի կարեւոր էր մարդիկը Փարիսեցի դարձնել քան Աստուծոյ զաւակ։ Անոնք նորահաւատներէն օրինապահութիւն կը պահանջէին փոխանակ հաւատք, հայրերու աւանդութեանց պահպանում կը պահանջէին փոխանակ Աստուծոյ խօսքին պահպանում։
Գալով մեր այսօրուայ իրականութեան, կը տեսնենք որ Փարիսեցիական սովորամոլ ոգին կատարեալ տիրութիւն հաստատած է եկեղեցիներուն մէջ։ Եկեղեցի յաճախելը շատերու համար սովորութեան մը արդիւնքն է եւ ո՛չ թէ հաւատքի։ Մարդոց մեծ մասը եկեղեցի կը յաճախէ առանց ակնկալութեան։ Եկեղեցի յաճախող մը Աստուծոյ հրեշտակներուն փառաբանակից դառնալու եւ Սուրբ Հոգիով լեցուելու ակնկալութեամբ պէտք չէ՞ յաճախէ։
Նոյնիսկ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ճաշակելն ալ սովորութիւն դարձած է շատերուն համար։ Սուրբ Հողորդութեան մօտեցողը պէտք չէ մոռնայ որ հաղորդութեամբ կը ստանայ մեղքերու քաւութիւն, կը դառնայ բնակարան Քրիստոսի, անդամ անոր մարմինին եւ զաւակ Աստուծոյ։ Կը զարմանանք երբ կը տեսնենք թէ Աստուծոյ հետ երբեք հաղորդութիւն չունեցող մարդիկ Սուրբ Հաղորդութեան կը մերձենան համարձակութեամբ։
Հաւատքով ստացուած Հաղորդութիւն մը հոգեւոր այլակերպում յառաջ կը բերէ ստացողին սիրտին մէջ։ Հոգեւոր այլակերպումի մը բացակայութիւնը հաղորդուողներուն կեանքին մէջ, ցոյց կու տայ այն՝ որ անոնք Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալը վերածած են հոգիէ պարպուած սովորութեան։
Մոմավառութիւնը նաեւ սովորութիւն չէ՞ դարձած եկեղեցիներուն մէջ։ Ոմանք նոյնիսկ մեծ ամօթ կը նկատեն մոմավառութեան սովորութիւնը չյարգելը։ Ուրիշներ իրաւունք չեն սեպեր մոմին մօտենալու եթէ իրենց գրպանները պարապ են։ Մոմ վառելը մեր հաւատքի կրակին արծարծումին պատկերացումը չէ՞։ Ի՞նչը աւելի կարեւոր է, եկեղեցի երթալ եւ մո՞մ վառել, թէ եկեղեցի երթալ մեր հաւատքի կրակը առաւել եւս արծարծելու համար։
Դժբախտութիւն է որ կարգ մը մարդիկ իրենց սիրտը Քրիստոսի հաւատքով լեցնելու փոխարէն կը ջանան իրենց վառած մոմերուն թիւը շատցնել, մնայուն կերպով Հաղորդութիւն ստանալ, բոլորին կողմէ երեւելու համար առաջին կարգին վրայ նստիլ, ձեռքերնին դէպի երկինք բարձրացնել եւ իրենց շուրջինները անհագստացնելու աստիճան բարձրաձայն պատարագը երգել, եւ այս բոլորը կ՚ընեն համոզելու համար ուրիշները որ իրենք հաւատքի տէր մարդիկ են։ Այդպիսիներն են որոնք կը խրտչեցնեն Աստուծոյ Հոգին։
Ոմանք եկեղեցի յաճախելը, եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցիլը կամ զանոնք կատարելը բարոյական պարտականութիւն կը սեպեն, ասոնք կը մոռնան սակայն, որ մեր պարտականութիւնները ընելով մենք չենք կրնար զԱստուած պարտաւոր դարձնել մեր նկատմամբ։ Եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցիլը կամ զանոնք կատարելը պէտք չէ պարտականութիւն կամ պարտաւորութիւն նկատենք, այլ կոչում եւ առաքելութիւն։ Եկեղեցի երթալով մենք Աստուծոյ բարիք կամ ծառայութիւն ըրած չենք ըլլար։
Աղքատի մը օգնելով մենք չենք կրնար զԱստուած մեզ վարձատրելու ստիպողութեան տակ դնել։ Փարիսեցիներուն հիմնական սխալը այն էր, որ անոնք կը կարծէին թէ իրենց բարի գործերը զիրենք բարի մարդոց կը վերածէ։ Մարդկային կամ աշխարհի չափանիշով բարին ան է՝ որ բարերարութիւններ կ՚ընէ եւ այլոց կարիքին կը հասնի, իսկ Աստուծոյ հայեացքով բարին ան է՝ որ իր Որդիին կը վստահի, կ՚ապաւինի եւ զայն կ՚ընդունի իբրեւ Տէր ու Փրկիչ։ Բարերարութիւն ընելու կարեւորութիւնը չէ որ կ՚ուրանանք հարկաւ, բայց Աստուծոյ բարերար Որդիին գալու բացարձակ անհրաժեշտութիւնն է որ կը շեշտենք։
Սիրելինե՛ր, զգուշանանք սովորամոլութենէ եւ աւանդամոլութենէ. ատոնք մեզ կը դարձնեն ներկայացուցիչները Փարիսեցիական ոգիին, ատոնք կրօնքը կը վերածեն ծիսակատարութեան ուր չկա՛յ Սուրբ Հոգի։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից