Սուրբ Պատարագի արմատները Հին Կտակարանի մէջ (Մելքիսեդեկ եւ Քրիստոս)

Սուրբ Պատարագը երեք ձեւերով նախապատկերացուած է Հին Կտակարանին մէջ։ Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ անոնցմէ միայն մէկուն։ Միւս երկուքը կարդալ յաջորդ յօդուածներուն մէջ։

Երբ Աբրահամ պատերազմէ յաղթական կը վերադառնար, դիմաւորուեցաւ Բարձրեալ Աստուծոյ քահանային՝ Մելքիսեդեկի կողմէ, որ իրեն հաց եւ գինի տուաւ եւ օրհնեց զինք (Ծն․ 14.18-19)։ Ո՞վ էր Մելքիսեդեկ։ Նոր կտակարանը ցոյց կու տայ մեզի որ Մելքիսեդեկը Քրիստոսի նախատիպն էր յայտնուած Հին Կտակարանին մէջ։ Եբր․ 7.3-ին մէջ կը կարդանք. «Մելքիսեդեկի ո՛չ հայրը յայտնի է, ո՛չ մայրը եւ ո՛չ ալ ծագումը. իր կեանքին ո՛չ սկիզբը գիտենք եւ ո՛չ ալ վախճանը։ Նման է Աստուծոյ Որդիին. մշտնջենական քահանայ է» (Եբր․ 7.3)։

Մենք գիտենք որ քահանայական պաշտօնը իբրեւ պարգեւ տրուեցաւ Ղեւիի սերունդին (Թւ․ 18.6-7), հետեւաբար, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչո՛ւ Ղեւտացի քահանայ մը չեղաւ նախատիպը Քրիստոսի, եւ անոր փոխարէն Մելքիսեդեկ ի՛նք եղաւ անոր նախատիպը։ Մելքիսեդեկ Ղեւիի սերունդին չէր պատկաներ։ Քրիստոս ի՛նքն ալ Ղեւիի սերունդին չէր պատկաներ։ Թէ որո՞ւն սերունդին կը պատկանէր Քրիստոս, առաքեալը կը պատասխանէ ըսելով. «Քրիստոս, որուն մասին կը խօսուի, կը պատկանէր ուրիշ ցեղի մը, որուն անդամներէն ո՛չ մէկը քահանայութեան պաշտօնը ստանձնեց երբեւիցէ։ Արդ, յայտնի է՝ թէ մեր Տէրը Յուդայի ցեղէն էր, մինչդեռ այդ ցեղէն գալիք քահանայութեան մը մասին Մովսէս որեւէ բան չըսաւ» (Եբր․ 7.13-14)։

Արդ, դարձեալ հարց կու տանք, ինչո՞ւ Մելքիսեդեկ ի՛նք եղաւ Քրիստոսի քահանայութեան նախատիպը եւ ո՛չ թէ Ղեւտացի քահանայ մը։ Հիմնական երկու պատճառներով.-

  1. Ղեւտացիներուն քահանայութիւնը ունեցաւ սկիզբ եւ վախճան, մինչդեռ Մելքիսեդեկի քահանայութիւնը ո՛չ սկիզբ ունի եւ ո՛չ ալ վախճան (Եբր․ 7.3), ատո՛վ իսկ, ան կը դառնայ կատարեալ նախատիպը կամ նախօրինակը Քրիստոսի, որովհետեւ Քրիստոսի ալ քահանայութիւնը անվախճան է, համաձայն Պօղոսի խօսքին. «Որովհետեւ Յիսուս յաւիտեան կ՚ապրի, իր քահանայութիւնն ալ անվախճան է» (Եբր․ 7.24)։ Իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելքիսեդեկ քահանային պէս» (Եբր․ 5.6, 6.20, Սղ․ 110.4)։
  2. Երկրորդ պատճառը թէ ինչո՛ւ Ղեւտացի քահանայ մը չէր կրնար Քրիստոսի քահանայութեան նախատիպը ըլլալ, այն է, որ ո՛չ մէկ Ղեւտացի եղաւ քահանայ եւ թագաւոր միաժամանակ, ինչպէս էր պարագան Մելքիսեդեկի։ Մելքիսեդեկ թէ՛ թագաւոր էր եւ թէ՛ քահանայ, համաձայն Սուրբ Գիրքի խօսքին. «Եւ Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի հանեց ու անիկա Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր։ Եւ օրհնեց Աբրահամը…» (Ծն․ 14.18)։ Քրիստոս ո՛չ միայն Մելքիսեդեկ քահանային պէս յաւիտեան քահանայ է, այլ նաեւ Մելքիսեդեկ թագաւորին նման յաւիտեան թագաւոր է։

Անդրադառնանք տուեալ մէջբերումին վերջին երեք բառերուն. «Եւ օրհնեց Աբրահամը…»։ Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ օրհնելու արարողութիւնը։ Օրհնելու արարողութիւնը ցոյց կու տայ քահանայական պաշտօնը։ Քրիստոս օրհնեց հացն ու գինին որ իբրեւ իր մարմինն ու արիւնը պիտի տար իր աշակերտներուն (Մտ․ 26.26)։ Քրիստոս հացն ու գինին օրհնելով, խորքին մէջ իր քահանայապետական պաշտօնին մասին վկայութիւն մըն էր որ կու տար։

Քրիստոս միայն հացն ու գինին չէ որ օրհնեց, այլ նաեւ օրհնեց իր աշակերտները. «Ապա տարաւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա եւ ձեռքերը վեր բարձրացնելով՝ օրհնեց զանոնք» (Ղկ․ 24.50)։ Չմոռնանք որ Մելքիսեդեկ եւս օրհնեց Աբրահամը։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մելքիսեդեկ Ղեւիի սերունդէն չըլլալով հանդերձ՝ տասանորդ առաւ եւ օրհնեց Աբրահամը, որ Աստուծմէ խոստումները ստացած էր։ Եւ կասկած չկայ որ օրհնողը շատ աւելի բարձր է քան օրհնուողը» (Եբր․ 7.7)։

Ինչպէս Մելքիսեդեկ նախատիպն էր Քրիստոսի, այնպէս ալ Աբրահամ նախատիպն էր իւրաքանչիւր հաւատացեալի։ Եւ ինչպէս Աբրահամ օրհնուեցաւ Մելքիսեդեկի կողմէ, այնպէս ալ քրիստոնեայ հաւատացեալը կ՚օրհնուի Քրիստոսի կողմէ։ Այն օրհնութիւնը որ Մելքիսեդեկ տուաւ Աբրահամին, նախապատկերացումն էր այն ճշմարիտ օրհնութեան որ Քրիստոս ի՛նք պիտի տար բոլոր հաւատացողներուն։

Կէտ մը եւս որուն կ՚արժէ անդրադառնալ։ Ե՞րբ է որ Մելքիսեդեկ օրհնեց Աբրահամը։ Չորս թագաւորներ յարձակած էին Սոդոմի եւ Գոմորի վրայ եւ գերի տարած էին Աբրահամի եղբօրորդին՝ Ղովտը։ Աբրահամ իր մարդոց հետ միասին յարձակեցաւ անոնց վրայ եւ ազատեց Ղովտը։ Երբ պատերազմէն յաղթական կը վերադառնար, դիմաւորուեցաւ Մելքիսեդեկ քահանային կողմէ եւ օրհնուեցաւ անկէ։ Այսօր ալ, բոլոր անոնք որոնք յաղթական կը  վերադառնան մեղքի պատերազմէն, ճշմարիտ  Մելքիսեդեկը՝  Քրիստոս,  զիրենք  կը  դիմաւորէ  հացով  եւ գինիով, այսինքն՝ իր մարմինով եւ արիւնով, եւ կ՚օրհնէ զանոնք։

«Մելքիսեդեկ հաց եւ գինի հանեց…» (Ծն․ 14.18)։ Անցեալին սովորութիւն կար որ պատերազմէ յաղթական վերադարձող թագաւորներ հաց եւ գինի փոխանակէին իրարու հետ։ Ինչո՞ւ։ Իրարու հաց եւ գինի տալը պատկերացումն էր կամ խորհրդանիշն էր այն բարեկամութեան որ անոնք իրարու հետ կը կնքէին։ Խորքին մէջ, կնքուածը ուխտ մըն էր։ Ուխտ մը, ըստ որուն անոնք պէտք էր միասնաբար դիմագրաւէին բոլոր պատերազմները։ Նման ուխտ մըն է որ կը կնքուի մեր եւ Քրիստոսի միջեւ երբ յաղթական կը մերձենանք անոր սուրբ մարմինին եւ արիւնին։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

19.06.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․