17 Հուլիս, Եշ
Քրիստոսի խաչելութիւնը տեղի ունեցաւ ճիշդ ա՛յն պահուն՝ երբ Հրեաներ պատրաստութիւն կը տեսնէին իրենց զատկական գառնուկները մորթելու (30 թուականի Ապրիլ 1-ին)։ Արդ, կարեւոր է գիտնալ թէ անոնք ե՞րբ կը մորթէին իրենց զատկական գառնուկները։ Անոնք կը սկսէին մորթել երեկոյեան ժամը 3-ին տաճարի շրջափակին մէջ։ Գառնուկին զենումը պէտք էր որ աւարտէր երեկոյեան ժամը 6-էն առաջ։ Այս իմաստով, գառնուկին զենումը տեղի կ՚ունենար երեկոյեան 3-6-ի միջեւ։
Խորքին մէջ, ասիկա աստուածային հրահանգ մըն էր որ Հին Կտակարանէն կու գար. «Իսրայէլի ժողովին բոլոր ժողովուրդը մորթեն զանիկա երկու իրիկուններուն մէջտեղ» (Ել․ 12.6)։ Ի՞նչ կը նշանակէ «երկու իրիկուններուն մէջտեղ» բացատրութիւնը։ Այստեղ «իրիկուն» բառը կը թագմանուի նաեւ «երեկոյ»։ Եբրայեցիներուն համար երեկոն կը սկսէր կէսօրէ ետք ժամը 3-ին եւ կ՚աւարտէր ժամը 6-ին։ Այս ժամանակամիջոցին էր որ գառնուկներուն զենումը պէտք էր սկսէր եւ աւարտէր։ Կարեւոր է այս մանրամասնութիւնը մեր միտքին մէջ ունենալ, որովհետեւ մենք գիտենք որ Քրիստոս իբրեւ ամբողջ մարդկութեան զատիկին Գառնուկը՝ երեկոյեան մօտաւորապէս ժամը 3-ին իր հոգին պիտի աւանդէր եւ ժամը 6-էն առաջ արդէն թաղուած պիտի ըլլար։
Այս խօսքը կը հաստատուի աւետարանական վկայութիւններով նաեւ։ Երբ կը կարդանք հին թարգմանութիւնը, մեզի կ՚ըսուի որ Յիսուս ժամը 9-ին իր հոգին աւանդեց (Մտ․ 27.45.50, Մր․ 15.34-37, Ղկ․ 23.44-46)։ Հրեաներուն ժամը հաշուելու կերպը տարբեր է մերինէն։ Անոնց ժամը 9-ըն մեր ժամով կ ՚ըլլայ յետմիջօրէի ժամը 3-ը։ Նոր թարգմանութիւնը արդէն 9-ի փոխարէն արձանագրած է ժամը 3-ը։ Պարզ է հետեւաբար, որ Յիսուս իր հոգին աւանդեց շուրջ ժամը 3-ին (այն միջոցին երբ Հրեաներ իրենց գառնուկները կը մորթէին), եւ թաղուեցաւ ժամը 6-էն առաջ (երբ Հրեաներ գառնուկը արդէն ճաշակած պէտք է ըլլային)։
Քրիստոսի թաղումը չէր կրնար ժամը 6-էն ետք տեղի ունենալ, որովհետեւ 6-էն ետք Հրեաներուն համար յաջորդ օրը սկսած կը սեպուէր, եւ նկատի ունենալով որ յաջորդ օրը Շաբաթ էր, «Հրեայ ղեկավարները չուզեցին որ մարմինները խաչերուն վրայ մնան Շաբաթ օրով» (Յհ․ 19.31)։ Երկու հոգիներ, Յովսէփ՝ որ Արիմաթիա քաղաքէն էր եւ Նիկոդեմոս՝ որ նախապէս գիշերով Յիսուսի մօտ գացած էր, առին Յիսուսի մարմինը եւ կտաւներով փաթթեցին՝ շուրջ երեսուն քիլօ հալուէով խառն զմուռսի հետ, ինչպէս Հրեաներուն սովորութիւնն էր պատանքել, եւ ապա զանիկա դրին ժայռափոր նոր գերեզմանի մը մէջ, ուր երբեք մէկը չէր թաղուած (Յհ․ 19.38-42)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից