20 Մայիս, Գշ, Հինանց ԼԱ օր
Թէպէտ Աստուծոյ ծրագիրն է գեղեցիկ ապագայ մը շնորհել մարդուն (Եր․ 29.11), փրկել եւ ազատել զայն (Եր․ 15.20), բարին գործել անոր համար (Եր․ 32.40), եւ սակայն, եթէ մարդը յամառի իր անզիղջ եւ անապաշխար ընթացքին մէջ մնալ, Աստուած իր բարի ծրագիրը ի գործ պիտի չդնէ անոր կեանքին մէջ։ Աստուածաշունչը բազմաթիւ կերպերով նո՛յն այս իրողութիւնը կը հաստատէ։
Աստուած Երեմիա մարգարէին բերնով կ՚ըսէ. «Եթէ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ, ու պիտի կորսնցնեմ, բայց եթէ այն ազգը, որուն մասին խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։ Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել» (Եր․ 18.7-10)։
Համաձայն այս խօսքին, Աստուած ո՛չ միայն կը փափաքի «տնկել» եւ «շինել» մարդ արարածը, այլեւ որոշում առած է զանիկա «տնկելու եւ շինելու»։ Մարդուն կը մնայ «տնկուելու եւ շինուելու» փափաք յայտնաբերել։ Չսպասենք որ Աստուած մեզ վերականգնէ երբ մենք վերականգնելու փափաք չունինք։ Չակնկալենք որ Աստուած մխիթարէ մեզ երբ մենք մեղքի կեանք մը ապրելով սուգի կը մատնենք մեր հոգիները։
Աստուած Երեմիա մարգարէին ճամբով կը յայտնէ որ իր նպատակը մեղքի մէջ ինկած մարդը վերականգնելն է, բայց եթէ մեղքի տիղմին մէջ թաւալող մարդը մերժէ Աստուծոյ գալ մաքրուելու համար մեղքի տիղմէն, Աստուած պիտի «պատժէ» զայն թոյլ տալով որ աւելի՛ մխրճուի մեղքի տիղմին մէջ։ Երբ Աստուած թոյլ տայ որ մարդը դառնայ ստրուկը մեղքին՝ ատիկա արդէն անոր համար պատիժ կը սեպուի։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել» (Հռ․ 1.28)։ Աստուած չի պարտադրեր մարդուն զինք ճանչնալ։
Դարձի եկող մարդը կ՚ազատի պատիժէն։ Ասոր լաւագոյն օրինակը կը տեսնենք Յովնանի մարգարէութեան մէջ։ Երբ Յովնան Աստուծոյ հրամանով գնաց եւ Նինուէցիներուն ըսաւ, որ Աստուած քառասուն օր ետք իրենց քաղաքը պիտի կործանէ, «Նինուէցիները հաւատացին Աստուծոյ եւ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան»։ Իսկ Նինուէի թագաւորը, ըսաւ. «Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ եւ թող դադրի անիրաւութիւն գործելէ. Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած դառնայ ու գթայ եւ իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ եւ չկորսուինք»։ Երբ Աստուած տեսաւ որ Նինուէցիները «իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց անոնց վրայ, եւ այն չարիքը որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ» (Յվն․ 3.1-10)։
Ինչպէս կը տեսնէք, եթէ հրաժարինք մեր չար գործերէն, Աստուած ալ պիտի հրաժարի իր բարկութիւնը մեր վրայ թափելու իր «ծրագիրէն»։ Աստուած «բարկութիւն եւ զայրոյթ պիտի վերապահէ անոնց՝ որոնք հակառակութենէ տարուած՝ չեն հաւանիր ճշմարտութեան, այլ անիրաւութեան մէջ կը մնան» (Հռ․ 2.8)։ Աստուած օրհնութիւն պիտի չվերապահէ անիծեալ կեանք մը ապրող մարդուն համար։
Աստուծոյ սպառնալիքները պայմանական են։ Աստուած կը ջնջէ մեր պարտամուրհակին վրայ արձանագրուած պատիժները եթէ երբեք ներումի համար իրեն դիմենք։ Լաւ է ապաւինիլ Աստուծոյ բարութեան. բայց եթէ երբեք ապաւինինք Աստուծոյ բարութեան եւ սկսինք չարիք գործել՝ Աստուած երբե՛ք ալ բարի որոշումներ պիտի չառնէ մեր նկատմամբ։ Աստուած բարի ու ներող է ըսելը մեզ չի փրկեր։ Աստուած մեզ կը փրկէ երբ իրեն դառնանք։ Նո՛յնը կը հաստատէ Սաղմոսագիրը. «Ո՛վ Տէր, դո՛ւն բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամէնուն նկատմամբ, որոնք քեզի կը կանչեն» (Սղ․ 86.5)։ Երբե՛ք արդարութիւն պիտի չըլլար ողորմութիւն ակնկալէինք Աստուծմէ երբ մենք անողորմ ենք մեր անձերուն նկատմամբ։
Վերեւ ըսուածներէն պէտք չէ հետեւցնենք այն, որ Աստուծոյ բարի ըլլալը պայմանաւորուած է մեր բարի ըլլալով։ Աստուած բարի է եւ բարի պիտի մնայ իրեն դառնանք կամ ոչ։ Յիշեցէք որ Աստուած Ադամին եւ Եւային փրկութեան խոստում մը տուաւ երբ Ադամ եւ Եւա զղջումի կամ ապաշխարութեան նուազագոյն տրամադրութիւն անգամ ցոյց չէին տուած (Ծն․ 3.15)։ Աստուածաշունչի գիրքերէն որեւէ մէկուն մէջ չենք կարդար որ Ադամ եւ Եւա զղջացին եւ ապաշխարեցին։
Աստուած փրկութիւն խոստացաւ երբ փրկութի՜ւն աղաղակող չկար։ Աստուած փնտռեց Ադամն ու Եւան երբ անոնք կը փորձէին փախչիլ իրմէ եւ պահուըտիլ «պարտէզին ծառերուն մէջ» (Ծն․ 3.8)։ Աստուած այսօր ալ կը շարունակէ փնտռել պատմութեան բոլոր Ադամներն ու Եւաները, իսկ անոնք իրենց յատուկ ծառեր շինած են, որոնց ետին կը փորձեն պահուըտիլ ամէնուրէք Աստուծմէ։
Սիրելի՛ բարեկամ, Աստուած պատուիրեց Երեմիա մարգարէին որ երթայ եւ Յուդայի բնակիչներուն խօսի իրենց չար ճամբաներէն հրաժարելու մասին, եւ ըսաւ. «Թերեւս մտիկ ընեն եւ ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, ես ալ զղջամ այն չարիքին համար որ անոնց չար գործերուն պատճառով իրենց վրայ բերել կը խորհիմ» (Եր․ 26.2-3)։ Երբ կը հեռանաս Աստուծմէ, գլխուդ եկած չարիքներուն պատճառն ու պատասխանատուն դո՛ւն կ՚ըլլաս եւ ո՛չ թէ Աստուած։ Նո՛յնը Երեմիա մարգարէն կ՚ըսէ. «Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր քու Տէր Աստուածդ ձգելով, երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ՚ընէր» (Եր․ 2.17)։ Աստուծմէ հեռանալը աղիտաբեր է։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից