Աւանդութեան համաձայն, Քրիստոսի համբարձումէն ետք, Աստուածամայրը ապրեցաւ շուրջ 15 տարի Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալներուն հետ, անոնց հետ միասին մասնակցելով տաճարական պաշտամունքներուն եւ աղօթական հաւաքոյթներուն։ 15 տարիներու աւարտին ան խաղաղութեամբ ննջեց։ Բոլոր առաքեալները մէկտեղուեցան եւ ամենայն երկիւղածութեամբ, աղօթքներով, օրհներգութիւններով, սաղմոսներով, Սուրբ Կոյսին մարմինը զետեղեցին Երուսաղէմի մէջ՝ ժայռափոր գերեզմանի մը ներսիդին։ Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ երեք օրեր անդադար գերեզմանէն երկնային լոյսեր ու շողեր կը ճառագայթէին եւ հրեշտակային փառաբանութիւններ կը լսուէին։
Թաղման արարողութեան բացակայ էր Բարթողոմէոս առաքեալ։ Երբ ան լսեց Սուրբ Կոյսին ննջումին մասին, վերադարձաւ Երուսաղէմ եւ շատ փափաքեցաւ վերջին անգամ ըլլալով տեսնել Սուրբ Կոյսին մարմինը։ Երբ բոլոր աշակերտները միասին գացին գերեզման եւ գլորեցին գերեզմանին քարը, տեսան որ Սուրբ Կոյսին մարմինը հոն չէր եւ յիշեցին Քրիստոսի խոստումը, թէ՝ իր մօր ննջման երրորդ օրը պիտի գար իր մայրը իր մօտ առնելու։ Գոհունակութեամբ եւ անպատմելի ուրախութեամբ լեցուն սիրտերով, իւրաքանչիւրը վերադարձաւ իր առաքելութեան։
Աստուածամօր վերափոխման տօնակատարութեան առիթով հիմնական վեց կէտեր մեր խորհրդածութեան առանցքը կը դարձնենք.-
1.- Աստուածամօր վերափոխումը ապացոյց մըն է յաւիտենական կեանքի գոյութեան։ Եթէ երբեք Աստուածամայրը ֆիզիքապէս փոխադրուեցաւ այս երկրէն դէպի տարբեր աշխարհ մը, դէպի տարբեր կեանք մը, սա ինքնին կենդանի վկայութիւն մըն է, որ այն կեանքը ուր Սուրբ Կոյսը փոխադրուեցաւ իրակա՛ն կեանք է, ճշմարի՛տ կեանք է, յաւիտենակա՛ն կեանք է, Աստուծոյ շուքին եւ շունչին ներքեւ ապրուա՛ծ կեանք է։
Աստուծոյ շունչով օծուն այդ կեանքը չդարձաւ բաժինը միայն Աստուածամօր, այլ դարձաւ եւ կը շարունակէ մնալ պարգեւը բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց հայեացքը կ՚ուղղեն իրենց հաւատքի հիմնադիրին՝ Քրիստոսի եւ կ՚ապրին հաւատքի կեանք մը, ապա կը ննջեն երթալու եւ մաս կազմելու յաղթական եկեղեցիին, ուր Քրիստոսի իշխանութիւնը կատարեալ եւ ամբողջական պատկերով մը կը ներկայանայ։
Գերեզմանէն անդին գտնուող յաւիտենական կեանքը շարունակութիւնն է գերեզմանէն ասդին գտնուող ժամանակաւոր կեանքին։ Այս սակայն չի նշանակեր որ յաւիտենական կեանքի ժառանգութիւնը մահէն ետք միայն կը սկսի։ Հաւատացեալ մարդը յաւիտենական կեանքը կը ժառանգէ երկրի վրայ, երբ կը հանդիպի Քրիստոսի եւ անոր հետ հաշտութեան դաշինք կը կնքէ։
2.- Աստուածամօր վերափոխումը կոչ մըն է, բայց միաժամանակ մարտահրաւէր մը՝ քրիստոսասէր մարդոց, ապրելու վերափոխեալ կեանք մը, վերածնեալ կեանք մը, կեանք մը՝ որ խարսխուած ըլլայ նոյնինքն կեանքի խարիսխին՝ Քրիստոսի հաւատքին վրայ։ Եւ այդ վերածնեալ կեանքը ապրիլ կրնանք միայն այն ատեն՝ երբ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին՝ որ այլակերպութեան Հոգին է, փոխակերպումի Հոգին է, վերափոխումի Հոգին է, հրաւիրենք մեր սրտերէն ներս։ Աստուծոյ Հոգին ի՛նքն է որ կարելի կը դարձնէ մեզի համար ապրիլ այլակերպեալ ու վերափոխեալ կեանքը, Յիսուսի կեանքը, սիրոյ կեանքը, երկնքի կեանքը։
Այլակերպութեան Հոգին՝ Սուրբ Հոգին ստանալու համար, պէտք է Քրիստոսի գալ։ Ինչպէս ծառէ մը կտրուած ճիւղը երբ պատուաստուի ուրիշ ծառի մը վրայ վերստին կեանք կ՚ունենայ, այնպէս ալ անուանապէս քրիստոնեայ եղող մարդը՝ երբ ճիւղի մը նման կտրէ ինքզինք այս աշխարհէն, խզէ իր կապը աշխարհէն եկող եւ զինք աշխարհայնացնող հոսանքներուն հետ եւ պատուաստուի Քրիստոս-որթատունկին վրայ՝ ձեռք կը ձգէ Սուրբ Հոգիին պարգեւած կեանքը, այսինքն՝ նոր կեանքը, առաւել կեանքը, Քրիստոսի կեանքը։
Այո՛, Քրիստոսի կեանքը, որովհետեւ ինչպէս ծառ մը իր բունին մէջ պահած հարուստ աւիշը կը փոխանցէ իր վրայ հաստատուած ճիւղերուն, այնպէս ալ Քրիստոսի անձին վրայ հաստատուած, այլ խօսքով, Քրիստոսի վստահած, ապաւինած, յառած ու յենած հաւատացեալները, իրենց մէջ կ՚առնեն այն կեանքը, այն զօրութիւնը, այն հոգին, այն ոգին, այն նկարագիրն ու անհատականութիւնը որ Քրիստոս ունի իր անձին մէջ։ Քրիստոսի զօրութեամբ չբնակուած հաւատացեալը կը նմանի տկար ճիւղի մը որ կը կտրուի երբ հանդիպի զօրաւոր հովի։ Զօրաւոր հաւատացեալներ անսասան կը մնան զօրաւոր փորձութիւններու դիմաց։
3.- Աստուածամօր մարմնաւոր վերափոխումը ապացոյց մըն է մեր ալ մարմնաւոր վերափոխումին Քրիստոսի երկրորդ գալուստին ժամանակ։ Ինչպէս Քրիստոս երկինքէն երկիր իջաւ որպէսզի իր մօր մարմինը երկրէն երկինք փոխադրէ, նոյնպէս ալ, իր երկրորդ գալստեան ժամանակ, ան դարձեալ երկինքէն երկիր պիտի իջնէ (հետը բերելով մեր հոգիները), որպէսզի զանոնք միացնէ մեր մարմիններուն եւ մեզ փոխադրէ երկինք, շնորհելով մեզի երկինքը եւ երկինք դարձած երկիրը։ Մեր հոգիներուն պէս մեր մարմինները եւս Աստուծոյ պարգեւն են։
Մեր մարմինները չեն ստեղծուած որպէսզի օր մը առ յաւէտ բնաջնջուին։ Պօղոս առաքեալ խօսելէ ետք ստեղծագործութեան փրկութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Մենք եւս ներքնապէս կը հեծենք՝ ակնդէտ սպասելով որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմինին փրկութեան» (Հռ 8.23)։ Այո՛, մեր հոգիներուն կողքին, մեր մարմինները իրե՛նք եւս պիտի փրկուին յաւիտենական կորուստէն։
4.- Աստուածամայրը մարմնապէս երկինք փոխադրելը ապացոյց մըն է Քրիստոսի իշխանութեան եւ իրաւասութեան՝ մեռելոց աշխարհը վերստին կեանքի կոչելու։ Եթէ երբեք Քրիստոս ինքնիր համար ըսաւ թէ պիտի մեռնի եւ երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէ (Մր 10.34), եւ առաւ, մենք որեւէ պատճառ չունինք չհաւատալու մեր մարմնաւոր յարութեան վերաբերեալ կատարած իր խոստումին (Յհ 5.28)։ Մամբրէ Վերծանող կ՚ըսէ. «Ով որ կարող է մէկ մեռեալի յարութիւն տալ՝ կարող է նաեւ բոլոր մեռեալներուն յարութիւն տալ եւ ով որ հալածեց ուրիշներուն մահը՝ ձեր ալ մահը կրնայ հալածել»։ Ո՞վ է այն մարդը որ մեռելներու յարութիւն տալով հալածած եղաւ մահը։ Այդ մարդը մարդեղացեալ աստուածորդին՝ Քրիստոս ի՛նքն էր։
Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին յարութիւն տուաւ բազմաթիւ անձերու։ Նոր Կտակարանը յատուկ կերպով կը կատարէ յիշատակումը անոնցմէ երեքին. 1.- Քրիստոս յարութիւն տուաւ Յայրոս կոչուած Հրեայ իշխանաւորի մը աղջկան։ 2.- Նային կոչուած քաղաքի մը մէջ, ան յարութիւն տուաւ այրի կնոջ մը որդիին։ 3.- Ան յարուցանեց Մարիամի եւ Մարթայի եղբայրը՝ Ղազարոսը։ Այս երեքին յարութիւնը, ինչպէս նաեւ Ենովքին, Եղիային եւ Աստուածամօր մարմնաւոր փոխադրութիւնը դէպի երկինք անհերքելի ապացոյց մըն է որ հաւատացեալ մարդը յարութիւն պիտի առնէ մարմինով։
5.- Աստուածամօր մարմնաւոր վերափոխումը առիթ մըն է կառչելու Քրիստոսի խոստումներուն։ Քրիստոս խոստացաւ իր մօր թէ երբ ան ննջէր, իր ննջումէն երեք օր ետք պիտի գար եւ իր մարմինը երկինք փոխադրէր։ Քրիստոս կարող է բերնով իր խոստացածը՝ իր ձեռքով կատարելու (Բ.Մն 6.15)։ Ան խոստացաւ մեզի հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհի վախճանը, խոստացաւ մեզ չմերժել եթէ իրեն դիմենք, խոստացաւ վերադառնալ այս աշխարհ եւ մեզ իր մօտ առնել։ Հաւատացեալ մարդը պէտք է ամուր կառչի աստուածային այս խոստումներուն։
6.- Աստուածամօր վերափոխեալ մարմինը նախապատկերացումն է մեր յարուցեալ մարմիններուն։ Քրիստոսի յարութիւնը, Աստուածամօր ֆիզիքապէս դէպի երկինք փոխադրուիլը, Ենովքին ֆիզիքապէս յափշտակուիլը եւ Եղիա մարգարէին ֆիզիքապէս երկինք վերցուիլը, այս բոլորը նախապատկերացումն են մեր յարութեան եւ յարուցեալ մարմիններուն։
Ինչպիսի՞ մարմին մը պիտի ունենայ հաւատացեալ մարդը իր յարութենէն ետք։ Հաւատացեալ մարդը պիտի ունենայ այնպիսի մարմին մը ինչպիսին էր Աստուածամօր մարմինը իր վերափոխումէն ետք, այնպիսի մարմին մը ինչպիսին էր Քրիստոսի մարմինը այլակերպութեան ժամանակ կամ յարութիւն առած ատեն։
Թող որ վերափոխման տօնին առիթով, մեր Տէրը՝ Քրիստոս, իր մօրը հոգիէն ու ոգիէն, սէրէն ու սրբութենէն, մաքրութենէն ու հաւատքէն թափէ մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ, որպէսզի դառնանք Աստուծոյ Հոգիով լեցուն սկիհներ, սկիհներ՝ որոնց մէջ կը բնակի Աստուծոյ Որդին։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից