Ճշդել թէ որո՛ւն հետեւորդներն ենք

Իւրաքանչիւր մարդ որ կ՚ապրի աշխարհի մէջ դէմ յանդիման կը գտնուի երկու որոշումներու. կա՛մ որոշել Աստուծոյ հետեւորդ մը ըլլալ, եւ կա՛մ որոշել Չարին հետեւորդ մը ըլլալ։ Մէկը չի կրնար մտածել թէ ինք ո՛չ Աստուծոյ կը պատկանի եւ ո՛չ ալ Չարին։ Մահէն ետք մարդուն սպասողը կա՛մ դրախտն է եւ կա՛մ դժոխային վիճակը, կա՛մ հրեշտակներն են եւ կա՛մ՝ չար ու պիղծ ոգիները։ Աստուածաշունչը բնա՛ւ չի խօսիր մահէն ետք երրորդ տեղի մը մասին, ո՛չ քաւարանի եւ ո՛չ ալ քաւչարար միջնորդութեան մը մասին։ Այս նկատի առնելով, սիրելի՛ ընթերցող, ա՛յսօր պէտք է վերջնական որոշումդ առնես։ Որո՞ւ կ՚ուզես հետեւիլ, Աստուծո՞յ, թէ՝ Սատանային։

Եղիա մարգարէն ճիշդ այսպիսի երկընտրանքի մը առջեւ դրաւ Իսրայէլացիները երբ անոնց ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք» (Գ.Թգ 18.21)։

Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը զինք նախորդող թագաւորներէն աւելի՛ չար ու աւելի՛ անաստուած մէկը եղաւ (Գ.Թգ 16.33)։ Եղիա մարգարէն անոր ըսաւ, թէ ալ երկրի վրայ ո՛չ անձրեւ պիտի տեղայ եւ ո՛չ ալ ցօղ պիտի իջնէ, մինչեւ որ ինք (մարգարէն) հրաման տայ (Գ.Թգ 17.1)։ Երեք ու կէս տարուայ երաշտէն ետք, Աստուած Եղիա մարգարէին ըսաւ որ երթայ եւ հանդիպի Աքաաբ թագաւորին, եւ ինք (Աստուած) անձրեւ պիտի տեղացնէ (Գ.Թգ 18.1-2)։ Մարգարէն գնաց եւ հանդիպեցաւ Աքաաբ թագաւորին եւ հրամայեց անոր որ հաւաքել տայ Իսրայէլի ժողովուրդը, ներառեալ «Բահաղի չորս հարիւր յիսուն մարգարէներն ու Յեզաբէլին սեղանէն ուտող Աստարովթի չորս հարիւր մարգարէները Կարմեղոս լերան վրայ» (Գ.Թգ 18.19-20)։

Անձրեւի մասին որեւէ խօսք ըսելէ առաջ, մարգարէն ժողովուրդին դարձաւ եւ ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Մարգարէն չէր կրնար անձրեւի համար աղօթք բարձրացնել Աստուծոյ երբ անաստուած ու անհաւատ ժողովուրդի մը առջեւ կանգնած էր։ Անձրեւի համար աղօթելէ առաջ, ան նախ ուզեց որ հաւա՛տք արթննայ ժողովուրդին մէջ, ուզեց որ ժողովուրդը ճշդէ թէ որո՞ւն կ՚ուզէ հետեւիլ ու պաշտել, Աստուծո՞յ, թէ՝ Բահաղին։

Հոսկէ կը սորվինք այն՝ որ Աստուած իր օրհնութիւնը կը թափէ մեր վրայ երկինքէն միայն ա՛յն ատեն՝ երբ հաւատքի գանք եւ զինք դաւանինք իբրեւ մէկ ու միակ ճշմարիտ Աստուած։ Կարելի չէր անձրեւ սպասել երկինքէն, երբ անդին կ՚ուրացուէր երկինքի գահին վրայ բազմող ամենակալ Աստուածը։ Եղիա մարգարէն պատուիրեց Բահաղի մարգարէներուն պատրաստել զուարակ (մատղաշ հորթ) մը ու զանիկա կտոր կտոր ընել ու փայտերու վրայ դնել. նոյնը ըրաւ ինք նաեւ։ Ապա անոնց ըսաւ. «Դուք ձեր Աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովային անունը կանչեմ։ Այն Աստուածը որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է (ճշմարիտ) Աստուածը» (Գ.Թգ 18.24)։ Մարգարէն իր այս ըրածով պատերազմ մըն էր որ յայտարարած եղաւ Աստուծոյ եւ Բահաղին միջեւ։ Աստուած չէր կրնար պարտուած դուրս գալ այդ պատերազմէն։ Այդ պատերազմը խորքին մէջ, պատերազմ մըն էր ճշմարիտ աստուածապաշտներուն եւ սուտ աստուածներ պաշտողներուն միջեւ։ Յայտնի չէր թէ որո՛նք Եհովա Աստուածը կը պաշտէին եւ որո՛նք Բահաղը։ Յայտնի չէր ըսի, որովհետեւ նոյն մարդիկը կը պաշտէին թէ՛ Եհովա Աստուածը եւ թէ՛ Բահաղը։ Անոնք կը պաշտէին Եհովա Աստուածը որպէսզի հաճեցնէին Աստուծոյ մարգարէները, եւ կը պաշտէին Բահաղը, հաճեցնելու համար Աքաաբ թագաւորն ու Յեզաբէլ թագուհին։ Անոնք երկդիմի եւ երկերեսանց մարդիկ էին. ա՛յս է ինչ որ ցոյց կու տայ Եղիա մարգարէին խօսքը իրենց ուղղուած. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք…»։

Անոնց ուղղուած հարցումը ուղղուած է նաեւ մեզի. «Մենք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղանք»։ Յստակ որոշում պէտք է առնենք։ Մէ՛կ թագաւոր պէտք է ճանչնանք, կա՛մ Աստուած եւ կա՛մ Սատանան։ Մէ՛կ տուն պէտք է ճանչնանք, կա՛մ երկինքը եւ կա՛մ երկիրը։ Մէ՛կ ձայնի պէտք է հետեւինք, կա՛մ Քրիստոսի ձայնին եւ կա՛մ աշխարհի ձայնին։ «Մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել» կը յայտարարէ Քրիստոս (Մտ 6.24)։ Եթէ Աստուա՛ծ է մեր Տէրը, փաստենք իր կամքը կատարելով։ Նախընտրելի է բացայայտօրէն ուրանալ Աստուծոյ տիրութիւնը, քան կեղծաւորաբար դաւանիլ զանիկա, եւ հնազանդ չըլլալ անոր։

Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ ո՞վ Աստուծոյ զաւակ է եւ ո՞վ՝ Սատանային։ Յովհաննէս առաքեալ կը պատասխանէ այս հարցումին ըսելով. «Ահա այսպէ՛ս կը զանազանուին Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները.- Ով որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծոյ որդի չէ. ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ նոյնպէս Աստուծոյ որդի չէ» (Ա.Յհ 3.10)։ Զգո՛յշ ըլլանք, եթէ կայ մէկը որուն չենք սիրեր, կամ եթէ կայ մէկը որուն կ՚ատենք, ատիկա կրնայ իբրեւ ապացոյց ծառայել որ մենք Աստուծոյ զաւակները չենք։

«Ով որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծոյ որդի չէ»։ Ի՞նչ է այն արդարութիւնը զոր մարդ արարածը պէտք է գործէ։ Գործուելիք արդարութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աստուածսիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը։ Աստուածասէր եւ մարդասէր չեղող մարդը՝ արդարատեաց մարդ կը սեպուի։ Սիրելի՛ բարեկամ, եկո՛ւր եւ այսօր ճշդէ թէ ի՛նչ կ՚ուզես ըլլալ. աստուածասէր ու մարդասէ՞ր մը, թէ՝ մարդատեաց ու աստուածատեաց մը։ Եթէ արդարութիւն գործող մէկը չես, կը նշանակէ թէ թշնամի մըն ես Քրիստոսի արիւնով արդարացած մարդոց։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

26.12.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․