«Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհունակ սիրտով Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են» (Փլպ 4.6-7)։
Պօղոս առաքեալ իր այս բառերով կոչ կ՚ուղղէ հաւատացեալներուն որեւէ բանի պատճառով չմտահոգուիլ։ Աշխարհի մարդուն նման Աստուծոյ մարդը ի՛նքն ալ կրնայ մտահոգուիլ որոշ բաներու համար։ Աշխարհի մարդուն մտահոգութիւնը Աստուծոյ հանդէպ անվստահութեան արդիւնք է, մինչդեռ Աստուծոյ մարդուն մտահոգութիւնը՝ մարդկային բնական տկարութեան մը հետեւանք է, որմէ սակայն պէտք է ձերբազատիլ։ Եթէ հաւատացեալ մարդը շարունակէ մտահոգութեան ճիրաններուն մէջ մնալ, այդ մտահոգութիւնը կրնայ շատ շուտով փոխուիլ անվստահութեան, իսկ անվստահութիւնը արդէն անհաւատութիւնն իսկ է։
Առաքեալը չ՚ըսեր. «Մի՛ մտահոգուիք եւ ուրախ եղէք», այլ կ՚ըսէ. «Մի՛ մտահոգուիք եւ աղօթեցէք»։ Երբ առաքեալը կը պատուիրէ չմտահոգուիլ, այլ՝ աղօթել, խորքին մէջ կոչ մը կ՚ուղղէ մեզի վստահելու եւ ապաւինելու Աստուծոյ։ Աղօթելը Աստուծոյ վստահիլ է, յուսալ ու կռթնիլ է։ Աղօթելը մեր մտահոգութիւնները Աստուծոյ առջեւ դնել է։
Կը պատահի որ երբեմն աղօթենք մեզ մտահոգող հարցի մը համար եւ դնենք հարցը Աստուծոյ ձեռքին մէջ, բայց քանի մը ժամ ետք կամ քանի մը օր ետք, յանկարծ կը սկսինք վերստին նոյն հարցին գծով մտահոգուիլ, եւ այդ ընելով, մենք զմեզ է որ հակասած կ՚ըլլանք, որովհետեւ, մէկ կողմէն մեզ մտահոգող հարցը աղօթքով կը դնենք Աստուծոյ ձեռքին մէջ, իսկ միւս կողմէն՝ կը շարունակենք զանիկա կրել մեր սիրտերուն ու միտքերուն մէջ, մեզ խռովեցնող փուշ իբրեւ։
Առաքեալը կ՚ըսէ որ եթէ գոհունակ սիրտով ու հաւատքով աղօթէք ձեզ մտահոգող հարցի մը համար, այն ատեն «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են»։ Եթէ իսկապէս կը հաւատանք որ Աստուած Տէրն ու տիրողն է աշխարհին, եւ եթէ կը հաւատանք որ ան կ՚իշխէ հաւատացեալ մարդուն կեանքին մէջ պատահող բոլոր երեւոյթներուն վրայ, մանաւանդ, եթէ կը հաւատանք որ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան բան մը չի պատահիր իր զաւակներուն կեանքին մէջ, այն ատեն բնա՛ւ չենք մտահոգուիր, որովհետեւ գիտենք որ Աստուած պիտի առնէ մեր կեանքին մէջ պատահող ժխտական երեւոյթները եւ զանոնք օգտագործէ մեր փրկութեան համար։
Իսկական հաւատացեալը այն մարդն է որ կը պահէ իր խաղաղութիւնը երբ մտահոգիչ ու խռովիչ երեւոյթներով կը շրջապատուի։ Փորձութիւնները հանդէս կը բերեն մեր իսկական ինքնութիւնը, մեր հաւատացեալ կամ անհաւատ ըլլալը, Աստուծոյ մեր վստահիլ կամ չվստահիլը։ Ոեւէ մէկը զուր տեղ թող չփորձէ իր խաղաղութիւնը պահել երբ ինքզինք դժուարին պահերով շրջապատուած տեսնէ եթէ երբեք Քրիստոսի խաղաղութիւնը չէ ընդունած իր կեանքին մէջ։ Քրիստոսի խաղաղութիւնը ընդունիլ, կը նշանակէ յանձնուիլ իր փրկարար շնորհքին եւ ստանալ մեղքերու թողութիւն եւ քաւութիւն։ Քրիստոսի արիւնով իր մեղքերուն համար քաւութիւն գտած մա՛րդը միայն կրնայ ներքին անբացատրելի խաղաղութիւն մը ապրիլ։ Չկա՛յ խաղաղութիւն առանց Աստուծոյ հետ հաշտութեան։
Չմտահոգուիլը անհոգ կամ անտարբեր ըլլալը չէ։ Անհոգութիւնը կամ անտարբերութիւնը ինքնին մտահոգիչ երեւոյթ է։ Մե՛ղք գործած կ՚ըլլանք եթէ երբեք մեզմէ մէկուն հարազատը հիւանդանայ, իսկ մենք փիլիսոփայենք եւ ըսենք. «Ես ինչո՞ւ մտահոգուիմ կամ զինք բժիշկի տանիմ, Աստուած զինք պիտի բժշկէ»։ Ասիկա ո՛չ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն տածել է, եւ ո՛չ ալ հաւատքի արդիւնք. ասիկա ուրիշին ցաւին հանդէպ անտարբեր ըլլալ է։ Հիւանդը հիւանդանոց տանիլը ո՛չ մեղք է եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան պակաս, ընդհակառակը, աստուածահաճոյ գործ է։ Մեր պարտականութիւնը հիւանդը հիւանդանոց տանիլն է, մի՛շտ սակայն ապաւինելով ու վստահելով Աստուծոյ բժշկարար զօրութեան ու կարողութեան։
Երբեմն մարդիկ կը կարծեն որ եթէ մտահոգ ու նեղուած ցոյց տան իրենք զիրենք եւ լան ու ողբան Աստուծոյ ներկայութեան, Աստուծոյ գութը պիտի շարժի եւ պիտի ողորմի իրենց ու կատարէ իրենց խնդրանքը։ Այսպէս ընելը Աստուծոյ վրայ «խնդալ է»։ Մենք զմեզ մտահոգ ձեւացնելով չենք կրնար զԱստուած մղել որ կատարէ մեր խնդրանքը։ Ընդհակառակը, մեր կողմէ ցուցաբերուած մտահոգութեամբ Աստուծոյ գործունէութիւնն է որ խափանած կ՚ըլլանք մեր կեանքին մէջ։
Մտահոգութեան կողմէ կլանուածներ չեն կրնար Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելել։ Ահա թէ ինչո՛ւ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Քու հոգդ Տիրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սղ 55.22)։ Այս համարը ցոյց կու տայ որ Աստուած մեր հոգերը ո՛չ թէ կը փարատէ, այլ անոնցմով մեզ «կը խնամէ», այսինքն՝ մեզ մտահոգող հարցերը առնելով, անոնցմով մեզ կը տաշէ, կը կոփէ եւ իր Որդիին հարազատ պատկերը կը դարձնէ։
Սիրելի՛ ընթերցող, քրիստոնեաներուս առիթն ու պարգեւը տրուած է ապրելու խաղաղութեամբ լեցուն կեանք մը։ Ցաւալի է որ քրիստոնեաներ չեն անդրադառնար աստուածատուր այս առիթին ու պարգեւին, եւ զուր տեղ կը մտահոգուին այնպիսի բաներու համար որ չի վայելեր Աստուծոյ զաւակներուն։ Օրինակ, կը վայելէ՞ Աստուծոյ զաւակներուն մտահոգուիլ իրենց ուտելիքով, խմելիքով եւ հագնելիքով (Մտ 6.25)։ Երբեմն կը մտահոգուինք պզտիկ բաներու համար, եւ ատիկա պատճառ կ՚ըլլայ որ Աստուծոյ մեծամեծ օրհնութիւնները չկարենանք ըմբոշխնել։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից