24 Մարտ, Բշ, Մեծ պահքի ԻԲ օր

«Ե՛ս եմ ճշմարիտ որթատունկը»

Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ․ 15.1)։ Քրիստոս կեանքով ու զօրութեամբ լեցուն յաւիտենական որթատունկ մըն է։ Եթէ մենք ճիւղերու նման միացած ըլլանք Քրիստոս-որթատունկին՝ մեր ներսիդին կը հոսի այն կեանքն ու զօրութիւնը, այն սէրն ու սրբութիւնը, այն հոգին ու ոգին, այն քաղցրութիւնն ու գեղեցկութիւնը որ ան ունի իր ներսիդին։ Ճիւղ մը իր մէջ կ՚ունենայ այն կեանքը որ որթատունկ մը ունի իր մէջ։ Սա կը նշանակէ որ մենք Քրիստոսի կեանքը ունինք մեր կեանքերուն մէջ, որովհետեւ որթատունկը Քրիստոս է, իսկ մենք՝ իր վրայ հաստատուած ճիւղերը (Յհ․ 15.5)։

«Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձին պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք» (Յհ․ 15.4)։ Երբ Քրիստոս մեզ կը նմանցնէ իր վրայ հաստատուած ճիւղերու, շատ յստակ է որ ըսել կ՚ուզէ, թէ մեր կեանքը իրմէ կախեալ է։ Ինչպէս ծառէն հեռացող ճիւղը՝ կը չորնայ, աղբիւրէն հեռացող գետը՝ կը ցամքի, աստղերէն պարպուող երկինքը՝ կը մթննայ ու կը տգեղնայ, այնպէս ալ Քրիստոս-որթատունկէն հեռացող մարդը՝ հոգեւորապէս կը տգեղնայ, կը մթննայ ու կը մեռնի։

«Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել» (Յհ․ 15.5)։ Քրիստոնեայ մարդուն կեանքին պտղաբերումը պայմանաւորուած է անոր Քրիստոսի միացած ըլլալով ու մնալով։ Հակառակ Քրիստոսի խօսքին, «առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել», շատեր կը փորձեն իրենց սեփական ճիգով ու միջոցներով յառաջ տանիլ իրենց առաքելութիւնը։

Շատ քրիստոնեաներ հիմնուելով իրենց ճարպիկութեան ու խօսքի ճարտարութեան վրայ՝ կը ջանան մարդիկը Քրիստոսի բերել։ Ան որ կը փորձէ իրեն յատուկ միջոցներով փրկութեան հրաւիրել մարդիկը՝ կը նշանակէ թէ ան կ՚ուրանայ Քրիստոսի փրկութեան միակ միջոցը ըլլալու հանգամանքը։ Երբ կը փորձենք առանց Քրիստոսի բան մը գործել կամ իրագործել՝ այդ ցոյց կու տայ որ մենք չենք հաւատար Քրիստոսի խօսքին, թէ՝ «առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել»։

Ո՛չ ոք կրնայ օգտակար դառնալ հոգեւորապէս ծարաւ մարդուն, եթէ ինք բաժնուած է կեանքի աղբիւրէն՝ Քրիստոսէ։ Նկատի պէտք է առնել որ ճիւղերը իրենց կարգին իրենց վրայ հաստատուած ճիւղեր ունին։ Եթէ մենք Քրիստոսի վրայ հաստատուած ճիւղեր ենք՝ միայն այն ատեն կրնանք օգտակար դառնալ մեր վրայ հաստատուած ճիւղերուն։ Բայց բնականօրէն երբ կը յաջողինք նոր ու նորոգուած կեանքի մը առաջնորդել մեզի դիմող անհատը՝ պէտք է ընդունիլ որ մենք չէ որ զայն առաջնորդեցինք նոր կեանքին, այլ նոյնինքն Քրիստոս ինք՝ տուիչը նոր կեանքին։

Մենք չենք կրնար պարծիլ եւ ըսել. «Մե՛նք է որ օգտակար դարձանք մեր վրայ հաստատուած ճիւղերուն», որովհետեւ, մենք ալ մեր կարգին, Քրիստոս-որթատունկին վրայ հաստատուած ճիւղեր ենք։ Մենք պարզապէս ճիւղեր ենք, այսինքն՝ միջոցներ, եւ ո՛չ թէ որթատունկեր։ Ինչպէս որ լուսինը որ իր լոյսը կ՚առնէ արեւէն չի կրնար հպարտանալ որ ինքն է բաշխիչն ու հեղինակը լոյսին, այնպէս ալ մենք որ մեր հոգեւոր սնունդը կ՚առնենք Քրիստոս-որթատունկէն, չենք կրնար յայտարարել որ մենք ենք տէրն ու տուիչը այդ սնունդին։

Ինչո՞ւ Քրիստոս ինքզինք կը նմացնէ որթատունկի եւ ո՛չ թէ ուրիշ ծառի մը։ Առաջին հերթին նկատի պէտք է առնել այն՝ որ որթատունկի մը ճիւղերը կը տարածուին չորս կողմ եւ կը մագլցին ուր որ կարելիութիւն գտնեն։ Ինչպէս որթատունկը կը տարածուի ամէն կողմ, այնպէս ալ Քրիստոսի փրկութիւնը կը տարածուի աշխարհի չորս կողմերը ու մուտք կը գործէ մարդոց սիրտերէն ներս եթէ ընդունելութիւն գտնէ։

Քրիստոս չի նմանիր այն որթատունկին որ որոշ ամիսներ միայն պտուղ կու տայ, ահա թէ ինչո՛ւ ինքզինք կը կոչէ «ճշմարիտ որթատունկը»։ Ճշմարիտ որթատունկ է, որովհետեւ տարին տասներկու ամիս պտուղ կու տայ (Հմմտ․ Յյտ․ 22.2)։ Ճշմարիտ որթատունկ է, որովհետեւ չի խաբեր ու յուսախաբ չ՚ըներ իրեն եկողները։ Մատթէոս մեզի կ՚ըսէ թէ Յիսուս անօթեցած ըլլալով մօտեցաւ տերեւախիտ թզենիի մը պտուղ ուտելու համար անկէ, «բայց տերեւէ զատ ոչինչ գտաւ» (Մտ․ 21.18-19)։

Յիսուս այնպիսի որթատունկ մը չէ որուն մօտենան հոգեւորապէս անօթի մարդիկ եւ յուսախաբ մեկնին։ Յիսուս-որթատունկը մէկն է որ քովը եկողին համար կ՚ըսէ. «Չեմ ուզեր զիրենք անօթի տուն ղրկել» (Մտ․ 15.32)։ Այո՛, Յիսուս իրեն դիմող մարդը անօթի տուն չի ղրկեր։ Ան ամբողջապէս կը կշտացնէ անոր սիրտն ու հոգին։

Քրիստոս է այն «ճշմարիտ որթատունկը», որ «իր պատմուճանը գինիով» լուաց եւ «իր հանդերձը խաղողի արիւնով» (Ծն․ 49.11)։ Պատմուճանը գինիով լուալն ու հանդերձը խաղողի արիւնով լուալը նախապատկերացումն էին այն արիւնլուայ վիճակին որուն Քրիստոս պիտի մատնուէր մեր փրկութեան համար։ Քրիստոս է «ճշմարիտ որթատունկը», որովհետեւ իրեն եկողները կը ստանան արիւնով լուացուած արդարութեան ու փրկութեան պատմուճանը։ Աստուած օր մը անոնց վերաբերեալ պիտի յայտարարէ. «Անոնք իրենց պարեգօտները լուացին եւ ճերմկցուցին Գառնուկին արիւնով» (Յյտ․ 7.14)։

Տակաւին, Քրիստոս է «ճշմարիտ որթատունկը», որուն տակ մարդիկ ապահովութեամբ կրնան նստիլ (Գ. Թգ․ 4.25)։ Թզենին եւ որթատունկը Եբրայական մտածողութեան մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան խորհրդանիշ իբրեւ կը ներկայանան։ Քրիստոս մարդոց ապահովութեան երաշխիքն է, խաղաղութեան իշխանն է (Ես․ 9.6)։ Հոգեպէս խռոված եւ անապահովութեան զգացումներով բռնուած մարդիկ կրնան դիմել Քրիստոս-որթատունկին եւ գտնել իրենց խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը։ Ուստի, եկո՛ւր եւ միացիր Քրիստոս-որթատունկին, որպէսզի անոր խաղաղութիւնը հոսի սրտիդ մէջ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

21.03.25

Տոնացույց 2025

ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւրբՇբթԿիր
     12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31      
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․