10 Ապրիլ, Եշ, Մեծ պահքի ԼԹ օր

«Ե՛ս եմ կեանքը»

Ե՛ս եմ կեանքը» (Յհ․ 11.25, 14.6)։ Եթէ Քրիստոս է կեանքը եւ եթէ Քրիստոս է կեանքի արարիչն ու տուիչը, այդ կը նշանակէ որ զՔրիստոս ունեցող մարդը՝ կեա՛նք ունի, Աստուծոյ շո՛ւնչը ունի, Աստուծոյ Հոգի՛ն ունի, Աստուծոյ գթութիւնը ունի։

Աստուած իր Որդիին միջոցաւ կեա՛նք շնորհեց մեղքով մեռած մարդկութեան, նո՛ր կեանք, յաւիտենակա՛ն կեանք, յաղթո՛ղ կեանք։ Հոն ուր չկա՛յ Քրիստոս՝ հոն չկա՛յ կեանք ու կենսունակութիւն, հոն չկա՛յ յաղթութիւն եւ անմահութիւն։

Առանց Որդիին ո՛չ ոք կեանք ունեցաւ կամ պիտի ունենայ։ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուած յաւիտենական կեանք տուաւ մեզի, եւ այդ կեանքին աղբիւրը Որդին ինքն է։ Հետեւաբար, ով որ Աստուծոյ Որդին իր մէջ ընդունած է՝ այդ կեանքը ունի. իսկ որ չունի Որդին՝ յաւիտենական կեանք ալ չունի» (Ա. Յհ․ 5.11)։

Քրիստոս ո՛չ միայն աղբիւրն է կեանքին, այլեւ կեանքն իսկ է։ Ի՛նքն է կեանք աղբերացնողը եւ ի՛նքն է աղբերացուող կեանքը։ Ի՛նքն է կեանք տուողը եւ ի՛նքն է տրուած կեանքը։ Այս իմաստով, ժառանգել յաւիտենական կեանքը, կը նշանակէ ժառանգել Քրիստոսի անձը, եւ այդ Անձին մէջ թաքնուած ամբողջ սէրն ու սրբութիւնը, ամբողջ փառքն ու գեղեցկութիւնը, ամբողջ զօրութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Յաւիտենական կեանքը նոյնինքն Աստուծոյ կեանքն է։ Ուստի յաւիտենական կեանքը ժառանգելը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ կեանքին մասնակցիլ մը։ William Barclay կ՚ըսէ. «Աստուծոյ մէջ խաղաղութիւն կայ, ուստի "յաւիտենական կեանք" կը նշանակէ հանդարտութիւն եւ ազատագրութիւն ամէն տեսակ վախերէ։ Աստուծոյ մէջ զօրութիւն կայ, ուստի "յաւիտենական կեանք" կը նշանակէ յաղթութիւն մեր տկարութեանց եւ պարագաներուն վրայ։ Աստուծոյ մէջ սրբութիւն կայ, եւ հետեւաբար, "յաւիտենական կեանք" կը նշանակէ յաղթանակ ընդդէմ մեղքին եւ ընդդէմ աշխարհի պղծող ազդեցութեանց։ Աստուծոյ մէջ սէր կայ, ուստի "յաւիտենական կեանք" կը նշանակէ վախճան դառնութեան եւ ատելութեան։ Աստուծոյ մէջ կեանք կայ, ուստի "յաւիտենական կեանք" կը նշանակէ պարտութիւն մահուան»։

Ան որ ունի Յիսուս-կեանքը իր սրտին մէջ՝ իր սիրտը կը դառնայ կեանքով բաբախուն, զօրութեամբ լեցուն, յոյսով եռուն, եռանդով զեղուն։ Սիրտ մը որուն մէջ Յիսուս-կեանքը կը բնակի՝ կը վերածուի խնկաբոյր տաճարի, նո՛ր Բեթլեհէմի, սիրոյ աբղիւրի, սրբութեան սեղանի։ Սիրտ մը որ իր դռները կը բանայ Յիսուսի կենսագործող ներկայութեան դիմաց՝ կը դառնայ երկինքէն աւելի մաքուր, աստղի նման անհպելի, ձիւնէն աւելի սպիտակ, կրակէն աւելի ջերմ։

Մէկը որ սիրտը կը բանայ Յիսուսի սիրտէն հոսող սիրոյն դիմաց՝ այդ սիրով կ՚աճի, կը մեծնայ, կը բիւրեղանայ, կը կայտառանայ, կը թարմանայ ու կը զուարթանայ։ Յիսուսի սիրտէն հոսող սիրոյն դիմաց՝ մարդուն սիրտը կը վերածուի երգի՛ ու երգարանի, քաղցրալից սկիհի, փառաբանութեան խորանի, լուսաճաճանչ արեգակի։

Քրիստոս է կեանքը որովհետեւ Քրիստոս յաղթեց մեղքին ու մահուան։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ իսկական մահը մարմնաւոր մահը չէ, այլ հոգեւոր մահը։ Մեղքի կեանքը ապրող ու սիրող մարդը՝ հոգեւորապէս մեռա՛ծ մարդ է։ Անառակ որդին հոգեւորապէս մեռած մըն էր այնքան ատեն երբ հեռու կը մնար իր հօրմէն, բայց երբ իր հօրը վերադարձաւ, հայրը ըսաւ. «Իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ…» (Ղկ․ 15.24)։

Իգնատիոս Վարդապետ կը հաստատէ թէ պարարտ հորթին զենումը կրտսեր զաւկին վերադարձին առիթով նախապատկերացումն էր Քրիստոսի զոհագործական մահուան։ Այս իմաստով, կրտսեր զաւակը (հասարակ խաւին պատկանող Հրեաներն ու հեթանոս աշխարհը), կենդանացաւ եւ Աստուծոյ հետ հաշտուեցաւ Քրիստոսի մահուամբ։

Յիշենք Ադամին օրինակը եւս։ Աստուած անոր պատուիրեց. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, որովհետեւ այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն․ 2.16-17)։ Հո՛ս նաեւ խօսքը հոգեւոր մահուան մասին է, փաստօրէն այն օրը որ արգիլեալ ծառին պտուղէն կերան՝ մարմնապէս չմեռան։

Ադամ պատուիրանազանց գտնուելէ ետք, Աստուած զինք փնտռեց եւ ըսաւ. «Ո՞ւր ես»։ Եւ անիկա պատասխանեց. «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, որովհետեւ մերկ էի ու պահուըտեցայ» (Ծն․ 3.10)։ Այստեղ խօսքը հոգեւոր մերկութեան մասին է։

Ադամ Աստուծոյ դէմ մեղանչելէ ետք, մերկացաւ ու զրկուեցաւ այն սիրալիր կեանքէն որ ունէր ու կը վայելէր Աստուծոյ հետ, մերկացաւ Աստուծոյ պաշտպանարար եւ առաջնորդող ներկայութենէն, մերկացաւ անմահութեան եւ սրբութեան պատմուճանէն։ Ադամ իր մեղանչումէն ետք, սկսաւ փախիլ ու խուսափիլ Աստուծոյ ներկայութենէն, եւ ասիկա փաստ մըն է, որ ան կորսնցուցած էր իր հոգեւոր կենսունակութիւնը։ Աստուծոյ ներկայութիւնը կենսաւորող ու կենսագործող ներկայութիւն է։ Աստուծոյ ներկայութենէն խուսափիլը ապացոյց մըն է որ մենք Քրիստոսով չենք ծածկած մեր մերկութիւնը եւ չենք հաշտուած իր հետ։

Լսեցէ՛ք Աստուծոյ խօսքը. «Զիս գտնողը կեանք կը գտնէ ու Տիրոջմէ շնորհք կը ստանայ: Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ՚ընէ: Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն» (Առ․ 8.35- 36): Այս բառերը եւս ցոյց կու տան որ մեղք գործելը՝ մեր հոգիները անիրաւել է եւ կեանքի փոխարէն մահը սիրել է։ «Զիս գտնողը կեանք կը գտնէ»։ Սիրելի՛ բարեկամ, գտա՞ծ ես Քրիստոս՝ կեանքդ։

Առանց Քրիստոսի մա՛հ է բաժինդ։ Առանց Քրիստոսի խաւա՛ր է կեանքդ ու յաւիտենականութիւնդ։ Քու եւ  յաւիտենականութեան  միջեւ քայլ մը միայն կայ։ Այդ քայլը մարմնաւոր մահն է։ Զգոյշ եղիր որ չըլլայ թէ պարտադրուի քեզի այդ քայլը առնելու, եւ դուն յաւիտենականութեան անցնիս առանց Քրիստոսի։ Գերեզմանէն անդին Քրիստոսէ զատ ուրիշ պաշտպան չունիս։ Գերեզմանէն անդին զՔրիստոս ունենալու համար իբրեւ պաշտպան ու պահապան, պէտք է այսօր իսկ յանձնուիս իրեն։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

22.02.25

Տոնացույց 2025

ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւրբՇբթԿիր
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930    
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․