Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը» (Յհ․ 10.7)։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին հարիւրաւոր կրօնքներ, որոնք երկինք առաջնորդող հարիւրաւոր ճամբաներ ու դռներ ցոյց կու տան մեզի։ Փրկութեան հասնելու համար հազարաւոր միջոցներ կը ներկայացուին, ինչպէս օրինակ, անդամ ըլլալ այսինչ կամ այնինչ եկեղեցիին, յաճախել այսինչ կամ այնինչ հոգեւոր ժողովարանը, թղթիկի մը վրայ գրել թէ մենք որոշած ենք մեր կեանքը Յիսուսի տալ, «պարտադրուիլ» Սուրբ Հոգիին լեզուներով խօսիլ, մնայուն կերպով եկեղեցի յաճախել ամէն Կիրակի, այս եւ նման շատ մը բաներ կը ներկայացուին իբրեւ փրկութեան պայման կամ միջոց։
Այս բոլորը մարդոց կողմէ հաստատուած բաներ են։ Սակայն Աստուածաշունչը տարբեր բան կը հաստատէ։ Աստուածաշունչը բնա՛ւ չ՚ըսեր թէ որոշ եկեղեցիի մը անդամ պէտք է ըլլալ որպէսզի փրկուինք, ո՛չ ալ Սուրբ Հոգիին լեզուներով խօսիլը փրկութեան ապացոյց կը նկատէ։ Աստուածաշունչը երբե՛ք չ՚ըսեր թէ թղթիկի մը վրայ պէտք է արձանագրել թէ մենք կը փափաքինք մեր կեանքերը Քրիստոսի յանձնել։ Ես չեմ ըսեր թէ այս բոլորը ընելը սխալ է. բայց սխալ կը դառնայ երբ մարդոց խօսինք եկեղեցի գալուն մասին բայց չխօսինք Քրիստոսի գալուն մասին։ Սխալ կը դառնայ երբ մեր անունները թղթիկի վրայ գրելով՝ կարծենք որ Կենաց Գիրքին մէջ գրուեցան անոնք։ Շեշտը Քրիստոսի անձին վրայ պէտք է դնել։ «Ինծի՛ եկէք…» ըսաւ Քրիստոս (Մտ․ 11.28)։
Աստուածաշունչի համաձայն միայն մէ՛կ Ճամբայ, մէ՛կ Դուռ, մէ՛կ Անուն կայ որով կրնանք փրկուիլ։ Պետրոս կը հաստատէ. «Միայն անո՛վ կրնաք փրկուիլ։ Աշխարհի մէջ միակն է անիկա, որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի անոր անունով կարենանք փրկուիլ» (Գրծ․ 4.12)։ Փրկուիլ ի՞նչ բանէ։ Առաջին հերթին փրկուիլ մեղքի ծառայութենէն։ «Ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառայ է մեղքին» (Յհ․ 8.34)։ Քրիստոսէ զատ ուրիշ ո՛չ ոք կրնայ մեզ ազատել մեղքի ծառայութենէն, համաձայն իր իսկ խօսքին. «Եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յհ․ 8.36)։ Քրիստոս ի՛նքն է դուռը այդ ազատութեան, յաւիտենական ու աստուածապարգեւ ազատութեան։
«Իր արիւնով մեր մեղքերուն շղթաները փշրեց» (Յյտ․ 1.5)։ Մեր մեղքերուն շղթաները փշրելու ուրիշ միջոց կամ ուրիշ անձ չկա՛յ։ Մեղքի ստրկութենէն ձերբազատիլը պայման է որպէսզի կարենանք երկինք մտնել։ Եթէ առանց մեր մեղքերէն ձերբազատելու չենք կրնար մուտք գործել երկինք, եւ եթէ Քրիստոսէ զատ ուրիշ մէկը չի կրնար սրբել մեր մեղքերը, ուրեմն, այս իմաստով, Քրիստոս կը դառնայ մէկ եւ միակ դուռը երկրաւորները դէպի երկինք առաջնորդող։
Զգո՛յշ ըլլանք փրկութեան տարբեր միջոցներ քարոզելէն կամ քարոզողներէն։ Երբեմն մեզի հարց կը տրուի թէ քրիստոնէութենէն զատ միւս բոլոր կրօնքները սխա՞լ են արդեօք։ Այո՛, սխա՛լ են եւ հազար անգամ սխալ։ Որեւէ կրօնք որ չ՚ուսուցաներ թէ Քրիստոս ի՛նքն է միակ դուռը փրկութեան, միակ դուռը Աստուծոյ տանող, այդ կրօնքը սխա՛լ է, եւ հազար անգամ սխալ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ով որ մեր քարոզածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ։ Ահա ըսի եւ կը կրկնեմ. ով որ ձեզի աւանդուածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ՝ անիծեալ ըլլայ» (Գղ․ 1.8-9)։ Հարց կու տամ ձեզի սիրելի՛ ընթերցողներ, միւս կրօնքները Պօղոս առաքեալին քարոզած աւետարանէն տարբեր աւետարան չե՞ն քարոզեր։
Առաքեալը անէծքի արժանի կը տեսնէ բոլոր այն կրօնքները, անձերը, հաստատութիւնները, որոնք Քրիստոսով իրագործուած փրկութեան վրայ չեն դներ շեշտը։ Այո՛, անէծքի ենթակայ են, որովհետեւ կը փակեն դո՛ւռը օրհնութեան, դո՛ւռը սրբութեան, դո՛ւռը փրկութեան, եւ կը բանան տարբեր դռներ, անյուսութեան դռներ, յուսախաբութեան դռներ, դէպի կորուստ ու դժոխք տանող դռներ։
«Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը»։ Այս խօսքը ո՛չ միայն ցոյց կու տայ թէ Քրիստոս է մէկ եւ միակ դուռը փրկութեան, այլեւ ցոյց կու տայ, թէ ինքն է մեր միակ միջնորդն ու բարեխօսը մեր երկնաւոր Հօր առջեւ։ «Դուռը» հետեւաբար, մատնացոյց կ ՚ընէ Քրիստոսի բարեխօսի եւ միջնորդի հանգամանքը։ Պէտք է Քրիստոս-դուռէն անցնիլ հասնելու համար Աստուծոյ։ Պօղոս կը վկայէ թէ Աստուծոյ փափաքն է որ բոլոր մարդիկ գիտնան «թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Յիսուս Քրիստոս մարդը, որ ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար» (Ա. Տմ․ 2.3-6 Հմմտ․ Ա. Յհ․ 2.1)։ Թէ ինչո՛ւ «Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդը» Քրիստոս է, տուեալ համարը պատասխանը կու տայ։ Քանի որ Քրիստոս «ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար»։ Քրիստոսէ զատ ուրիշ ո՛չ ոք կրնայ մեր միջնորդը ըլլալ Աստուծոյ առջեւ՝ որովհետեւ Քրիստոսէ զատ ուրիշ ո՛չ ոք իր արիւնը թափեց մեր փրկութեան համար։ Ճիշդ է որ սուրբերը իրենք եւս միջնորդ ու բարեխօս են մեզի համար, բայց անոնք տարբեր հանգամանքով կը ներկայանան։ Նիւթէս դուրս է խօսիլ սուրբերու բարեխօսութեան մասին, բայց կ՚ուզեմ մէկ բան հաստատել, այն՝ թէ Քրիստոս Աստուծոյ առջեւ կենալով անկէ կը պահանջէ մեր փրկութիւնը, իսկ սուրբերը՝ չեն պահանջեր, այլ՝ կը խնդրեն։
Դուռը նաեւ Յիսուսի պարգեւած պաշտպանութեան նշան է։ Ինչպէս մեր տան դուռը մեզ հեռու կը պահէ արտաքին փորձանքներէն, այնպէս ալ Յիսուս իբրեւ մեր դուռը, մեզ հեռու կը պահէ կործանիչ պատահարներէն։ Յիսուս-դուռը մեզ չարիքէն բաժնող իրականութիւնն է։ Ոչխարներուն փարախը ունի իր դուռը, եւ դուռը Քրիստո՛ս է։ Ան որ «փարախը (երկինք) դռնէն (Քրիստոսի միջոցաւ) չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ» (Յհ․ 10.1)։ «Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի…» (Յհ․ 10.9)։ Ուրիշի մը մէջէն անցնելով ո՛չ միայն չենք փրկուիր, այլ թշնամի կ՚ըլլանք Փրկիչին։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից