«Հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է» (Ա.Թգ 15.22)։ Աստուած Սամուէլին ըսաւ որ երթայ եւ Սաւուղին պատուիրէ, որ յարձակի Ամաղեկացիներուն վրայ եւ «այր մարդէն մինչեւ կին մարդը եւ տղայէն մինչեւ կաթնկերը, արջառէն մինչեւ ոչխարը եւ ուղտէն մինչեւ էշը» բնաջնջէ (Ա.Թգ 15.3)։
Սաւուղ եւ իր մարդիկը թէպէտ հնազանդեցան Աստուծոյ հրահանգին եւ յարձակեցան Ամաղեկացիներուն վրայ եւ կոտորեցին մարդ թէ անասուն «բայց… ոչխարներուն ու արջառներուն աղէկներն ու գէրերը եւ գառներն ու ամէն պատուական բաները խնայեցին եւ չուզեցին զանոնք ջարդել…» (Ա.Թգ 15.9)։ Երբ Սամուէլ հարցուց Սաւուղին թէ ինչո՛ւ որոշ ոչխարներ ողջ թողուց, ան պատասխանեց. «Որպէսզի զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ զոհ» մատուցանենք (Ա.Թգ 15.15)։ Ասոր վրայ, Սամուէլ ըսաւ. «Հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է» (Ա.Թգ 15.22)։
Սաւուղ կը կարծէր որ Աստուծոյ զոհ մատուցանելը աւելի՛ն կ՚արժէր քան Աստուծոյ հնազանդիլը։ Ան տակաւին յստակ գաղափար չունէր Աստուծոյ ինչպիսի՛ Աստուած մը ըլլալուն մասին։ Ան վստահաբար լսած էր զոհ պահանջող բազում չաստուածներու մասին, եւ գուցէ կը խորհէր որ Եհովա Աստուածն ալ իր կարգին զոհ պահանջող Աստուած էր։
Բնագիրը ցոյց կու տայ որ Սաւուղ անձնապէս չէր ճանչնար զԱստուած։ Սաւուղին եւ Աստուծոյ միջեւ մտերմութիւն եւ բարեկամութիւն գոյութիւն չունէր ինչպէս գոյութիւն ունէր Աստուծոյ եւ Սամուէլին միջեւ, փաստօրէն, կը տեսնենք որ Սամուէլ ի՛նքն էր Աստուծոյ խօսքերն ու հրահանգները Սաւուղին փոխանցողը։
Վերստին յիշենք Սաւուղին տուած պատասխանը Սամուէլին. «Որպէսզի զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ զոհ» մատուցանենք։ Ի՞նչ ցոյց կու տայ այդ «քու»ն։ Ուշագրաւ է որ Սաւուղ զԱստուած իր Աստուածը չի՛ կոչեր, այլ զայն կը կոչէ Սամուէլին Աստուածը։ Հետեւաբար, այդ «քու»ն կ՚ապացուցանէ որ Սաւուղ չէր ճանչցած զԱստուած իբրեւ իր Աստուածը, Տէրն ու Փրկիչը։
Ուրիշ իրողութիւն մը եւս կայ որուն մասին պէտք է խօսիլ։ Աստուած մեզմէ չի՛ պահանջեր կիսկատար հնազանդութիւն, այլ ամբողջական հնազանդութիւն։ Երբ Սամուէլ Սաւուղին մեղքը մատնանշեց, Սաւուղ անոր ըսաւ. «Ահա ես Տիրոջը ձայնին հնազանդութիւն ըրի… ու Ամաղէկը նզովուածի պէս բնաջնջեցի» (Ա.Թգ 15.20)։ Ինչպէս տեսանք, Սաւուղ ամէն ինչ չէր բնաջնջած, այլ միայն անպէտ բաները։ Սաւուղի հնազանդութիւնը Աստուծոյ հրահանգին անկատար էր։ Աստուած սակայն, մերժեց եւ կը մերժէ անկատար հնազանդութիւնը։ Անհաշիւ թիւով մարդիկ, Սաւուղի նման Աստուծոյ խօսքին մէ՛կ մասին միայն կը հնազանդին, եւ իրենք զիրենք հնազանդ իբրեւ կը հռչակեն։
Սաւուղի փորձառութենէն մենք կը սորվինք որ պէտք է հնազանդիլ Աստուծոյ ո՛չ միայն երբ մեզմէ կը պահանջէ զոհել անպէտ բաները մեր կեանքին, այլեւ երբ կը պահանջէ զոհել մեզի համար լաւ եւ օգտակար թուացող բաները։ Դիւրին է հնազանդիլ Աստուծոյ այնքան ատեն երբ անոր հնազանդիլը մեզի համար շահաբեր եւ պատուաբեր է։ Մեր իրական հնազանդ ըլլալը հանդէս կու գայ ա՛յն ատեն՝ երբ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք ընելու բան մը, որով Աստուած կը փառաւորուի եւ ո՛չ թէ մենք, որով Աստուծոյ կամքը կը կատարուի եւ ո՛չ թէ մեր։
Պէտք է հնազանդիլ Աստուծոյ նոյնիսկ եթէ երեւութապէս կը թուի որ ան մեզմէ կը պահանջէ կատարել մեզի չարիք հասցնող բան մը։ Երեմիայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Տէրը մեր մէջ ճշմարիտ եւ հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն բոլոր բաները, որոնց համար Տէր Աստուած քեզի պիտի յայտնէ, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին պիտի հնազանդինք, որուն քեզ կը ղրկենք, որպէսզի մեր Տէր Աստուծոյ ձայնին հնազանդելով՝ մեզի աղէկ ըլլայ» (Եր 42.5-6)։
Ասիկա Յուդայի մնացորդներուն խօսքն է ուղղուած Երեմիայի եւ անոր ընդմէջէն Աստուծոյ։ Անոնք կը խոստանան ամէն պարագայի տակ հնազանդիլ Աստուծոյ։ Ճշմարիտ աստուածասէր մարդուն հնազանդութիւնը չի փոխուիր անհնազանդութեան երբ անոր հեզասահ կեանքը կը փոխուի խոչընդոտաբեր կեանքի։ Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ որ փորձութիւններն ու դժուարին պահերը իրե՛նք են որ կը ճշդեն եթէ երբեք մենք իսկապէս Աստուծոյ հնազանդ զաւակներ ենք թէ ոչ։
Երբեմն դժուարին կը թուի Աստուծոյ հնազանդիլը, բայց պէտք է ընդունիլ որ մենք չենք կրնար կարդալ եւ տեսնել Աստուծոյ յետին նպատակն ու ծրագիրը։ Յիշեցէք Իսահակի զոհագործման պարագան։ Երբ Աստուած պահանջեց Աբրահամէն որ իր Իսահակ որդին զոհէ, Աբրահամ որքանո՞վ հասկցաւ Աստուծոյ նպատակն ու ծրագիրը։
Աբրահամ անդրադարձա՞ւ արդեօք որ Աստուած իրմէ պահանջեց զոհել իր որդին եւ ապա հրամայեց ձեռք չդպցնել անոր, որպէսզի անով սորվեցնէր Աբրահամին որ ինք մարդկային զոհ պահանջող Աստուած մը չէր եւ չէ։ Ան անդրադարձա՞ւ որ իր որդին Իսահակ «մեռելներու յարութեան օրինակ» մըն էր (Եբր 11.19)։
Աստուած մեզմէ չի՛ պահանջեր ընել բան մը որ զուտ վնաս ըլլայ մեզի եւ անոր ետին կանգնած չըլլայ մեր փրկութեան համար իր նպաստը բերող բարին։ Նկատի առէք վերոյիշեալ մէջբերումին վերջին տողը որ կ՚ըսէ. «… որպէսզի մեր Տէր Աստուծոյ ձայնին հնազանդելով՝ մեզի աղէկ ըլլայ»։ Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ դիւրին թէ դժուարին պարագաներու տակ Աստուծոյ հնազանդիլը՝ մի՛շտ մեր օգուտին համար է։ Չմոռնանք որ Աստուած իր օգուտին համար չէ որ մեզմէ հնազանդութիւն կը պահանջէ, այլ մեր օգուտին համար։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից