17 Հուլիս, Եշ
Չորս բաներ հիմնական են Սուրբ Խորհուրդին մօտենալէ առաջ.- ինքնաքննութիւն, ծոմապահութիւն, խոստովանութիւն եւ աղօթք։ Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ առաջին երկուքին։ Միւս երկուքին մասին կարդալ յաջորդ յօդուածին մէջ։
1. Ինքնաքննութիւն։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ» (Ա.Կր․ 11.28)։ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ առաջ պէտք է մենք զմեզ ինքնաքննութենէ անցընենք։ Ինքնաքննութեան գործողութիւնը Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ պէտք է ըլլայ։ Սուրբ Հոգին ի՛նքն է որ իր լոյսը կը ճառագայթէ հաւատացեալ մարդուն սիրտին մէջ եւ հանդէս կը բերէ անոր գործած մեղքերը որոնք կրնան իր յիշողութենէն վրիպած ըլլալ։
Քննե՛նք մենք զմեզ։ Իրապէս կը հաւատա՞նք որ սրբագործեալ հացն ու գինին Քրիստոսի մարմինն ու արիւնն են։ Յովհաննէս Մանդակունի կ՚ըսէ. «Հացին եւ գինիին լոկ որպէս հաց եւ գինի պիտի չնայիս, որովհետեւ սուրբ խորհուրդին ահաւորութիւնը տեսանելի չէ, այլ՝ իմանալի է անոր զօրութիւնը…։ Մենք Քրիստոսը ճշմարիտ հաւատքով կ՚իմանանք սեղանին վրայ. իրեն կը մօտենանք, զինք կը տեսնենք, զայն կը շօշափենք, կը համբուրենք, մեր ներսիդին կ՚ընդունինք, իրեն կ՚ըլլանք մարմին ու անդամներ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ որդիներ»։
Քննե՛նք մենք զմեզ։ Իսկապէս կը հաւատա՞նք Քրիստոսի փրկագործութեան։ Կը հաւատա՞նք որ մեր սիրոյն համար էր որ անոր սիրտը սրախողխող եղաւ։ Կը հաւատա՞նք որ մեղքի մէջ կորսուածներուս համար էր որ ան ցաւի փուշերուն մէջ կորսուեցաւ։ Քննե՛նք մենք զմեզ, տեսնելու համար եթէ երբեք քէնն ու ոխը բոյն դրած են մեր ներսիդին, դառնութիւնն ու ատելութիւնը կը կրծեն մեր ոսկորները, անապաշխար եւ անզիղջ ոգին կը կարծրացնէ մեր սիրտերը։
Քննե՛նք մենք զմեզ, տեսնելու համար թէ ի՞նչ բանէ մղուած կը մօտենանք Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին։ Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին մօտենալը արդեօք հաւատքի մը կամ հոգեւոր ծարաւի մը արտայայտութի՞ւնն է, թէ՝ չոր ու ցամաք սովորութեան մը։ Անհամար է թիւը այն հաւատացեալներուն, որոնք հաղորդուիլը սովորութեան վերածած են, որոնք չեն գիտեր թէ ինչո՛ւ կամ ինչո՛վ է որ կը հաղորդուին։
Վա՛յ մեզի եթէ կը համարձակինք «Ես եմ ճշմարտութիւնը» յայտարարող աստուածորդիին մարմինը առնելու մեր բերաններուն մէջ, իսկ անդին՝ կ՚ապրինք ստութեան կեանք մը։ Վա՛յ մեզի եթէ մէկ կողմէն կենսատու Հացէն կը ճաշակենք, իսկ միւս կողմէն կը շարունակենք ապրիլ մահաբեր եւ մահաբոյր կեանք մը։ Վա՛յ մեզի եթէ Քրիստոսի փառաւորիչ մարմինին կը մերձենանք, իսկ զինք փառաւորելը հաճոյք չէ մեզի համար։ Վա՛յ մեզի եթէ ներում շնորհող Հացին ու Գինիին կը մօտենանք, իսկ մենք՝ աններողամիտ ենք իրարու հանդէպ։ Չյանդգնի՛նք մօտենալու Տիրոջ մարմինին եւ արիւնին, եթէ երբեք կը մերժենք ներողամտութեամբ մօտենալ իրարու։ Երբ մեր սիրտերուն մէջ սէր ու ներում կայ, գութ եւ կարեկցութիւն կայ, ա՛յն ատեն միայն սրբագործեալ հացն ու գինին կրնան մեզ սրբագործել եւ դարձնել Քրիստոսի տունը (Եբր․ 3.6)։
2. Ծոմապահութիւն։ Ծոմապահութիւնը որոշ ուտելիքներէ հեռու կենալը չէ միայն, այլեւ աշխարհային ամէն տեսակի ցանկութիւններէ հեռու մնալն է։ Ի՞նչ օգուտ երբ կենդանիներու միս չենք ուտեր բայց «իրարու միս կ՚ուտենք»։ Ի՞նչ օգուտ երբ երկրայինէն կը պարպուինք բայց երկնայինով չենք լեցուիր։ Ի՞նչ օգուտ երբ Ֆիզիքապէս անօթի կը մերձենանք Սուրբ Հաղորդութեան, իսկ հոգեպէս՝ բնաւ երբե՛ք անօթի չենք զգար։ Հոգեւոր ծարաւ չունեցող մարդուն համար Սուրբ Հաղորդութիւնը որեւէ ձեւով օգտակար չ՚ըլլար։ Հոգեպէս անօթի մարդն է որ Քրիստոս-զոհին արժէքը գիտէ եւ ո՛չ թէ աշխարհով կշտացած մարդը։ Ծոմապահութեան նպատակը եկեղեցական հայրերուն այս կամ այդ կանոնը պահելը պէտք չէ ըլլայ։ Փարիսեցիները շատ հպարտ էին ծոմապահութեան օրէնքին գործադրութեամբ։ Ղուկաս կը յիշէ որ աղօթող Փարիսեցին շատ հպարտ էր որ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահէր (Ղկ․ 18.12)։ Ծոմապահութիւնը սակայն խոնարհելու առիթ մը պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ հպարտութեամբ ուռելու։ Ծոմապահութիւնը կը խոնարհեցնէ մեզ, որովհետեւ անոր ընթացքին է որ մեր Ֆիզիքական աշխարհին ամբողջ տկարութիւնները կը յայտնաբերուին։ Սուրբ Հաղորդութեան ճամբով, Աստուած կը խոնարհի եւ կը բնակի այնպիսի մարդոց մէջ՝ որոնք կը խոնարհին դառնալու համար բնակարան Աստուծոյ։
Զգո՛յշ պէտք է ըլլանք որ միայն ստամոքսով հեռու չկենանք որոշ ուտելիքներէ, այլեւ՝ սիրտով։ Ոչինչով կ՚օգտուինք եթէ երբեք ստամոքսով հեռու ենք մսեղէններու տեսակներէն, եւ սակայն, սիրտով ո՛չ միայն կը ցանկանք զանոնք, այլ նաեւ մեծապէս կը տանջուինք անոնց համար։ Ծոմապահութիւնը պէտք է օգնէ մեզի աշխարհային բեռէ մը ազատելու, բայց ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի ազատելու աշխարհային բեռէ մը, երբ ծոմապահութիւնը ի՛նք բեռ ըլլայ մեզի համար։ Սուրբ Հողորդութիւնը թեթեւութիւն չի բերեր այն հոգիին որ նման բեռի մը տակ ճնշուած է։
Զգո՛յշ ըլլանք անոնցմէ որոնք կ՚ըսեն. «Կարեւոր չէ ծոմ պահել Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ առաջ։ Կարեւորը սիրտը մաքուր պահելն է։ Աստուած գիտէ մեր սիրտերը»։ Այս խօսքը, Սուրբ Հոգիին շնորհքով ինքնիր սիրտը մաքուր պահած հաւատացեալ մարդու խօսք չէ։ Այս խօսքը Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին նկատմամբ սաստիկ ծարաւ ունեցող մարդու խօսք չէ։ Բոլորս ալ գիտենք, որ աշխարհային վատ մտածումներ դիւրութեամբ չեն կրնար մուտք գործել աղօթող սիրտ եւ անօթի ստամոքս ունեցող մարդոց սիրտերէն ներս։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից